Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ի Հիմնադրութեան 100-ամեակի Նշում Միւնիխի Մէջ

Յուլիս 29, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

19 մայիս 2019-ը եզակի օր մըն էր Միւնիխի հայկական համայնքին համար: ՀՄԸՄ-ի եղբայրութեան ամուր շղթային 5 տարի առաջ միացած ՀՄԸՄ-ի Միւնիխի մատղաշ մասնաճիւղը հպարտութիւնը եւ պատիւը ունեցաւ տօնելու ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակը եւ յաղթանակով լեցուն պատմութիւնը: Տօնակատարութեան ներկայ գտնուեցան` ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանը, Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ալեք Խաչատրեանը եւ հայկական միութիւններու ներկայացուցիչներ:

Հանդիսութիւնը սկսաւ ժամը 17:00-ին` տողանցող սկաուտներուն սրահ մուտքով, ապա հնչեցին Գերմանիոյ եւ Հայաստանի քայլերգները: Օրուան հանդիսավարները` Մեղրիկ Սարգիսեան- Թամարեանը եւ Անիթա Գրիգորեան-Լասախան հայերէնով եւ գերմաներէնով կարդացին Հայաստանի դեսպան Աշոտ Սմբատեանին յղած շնորհաւորական նամակը: Դեսպանը նշած է, որ ինք մեծապէս կարեւոր կը նկատէ եւ բարձր կը գնահատէ ՀՄԸՄ-ի գործունէութիւնը սփիւռքի մէջ, նաեւ Միւնիխի ՀՄԸՄ¬ի գործունէութիւնը Գերմանիոյ մէջ` հայապահպանութեան, երիտասարդ սերունդի հայեցի դաստիարակութեան եւ հայկական պատմամշակութային արժէքներու տարածման եւ պահպանման վերաբերեալ: ՀՄԸՄ-ի Միւնիխի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Նորայր Մկրտիչեանը հայերէնով արտասանեց բացման խօսքը, որուն յաջորդեց Անիթա Գրիգորեան-Լասախային գերմաներէնով խօսքը:

Ապա Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան «Վարանդեան» կոմիտէին պատգամը յղեց Գէորգ Յակոբճեանը:

Սթելլա Պետրոսեանը արտասանեց « Ձօն» ոտանաւորը: Իրենց գեղեցիկ ձայներով եւ Սայաթ Նովայի « Շարան» եւ «Գետաշէն» երգերու գեղեցիկ մենաբանութեամբ Ժաննա Յովհաննիսեանը եւ  Մարինա Յակոբեանը ոգեւորեցին ներկաները:

ՀՄԸՄ-ի երդիքին տակ տարուած է բազմաբնոյթ գործունէութիւն, մարզականին ու սկաուտականին կողքին, պահպանուած են նաեւ պատմամշակութային արժէքներ: ՀՄԸՄ-ի ադամանդեայ յոբելեանին առիթով, Միւնիխի մասնաճիւղին հովանաւորութեամբ, առաջին անգամն ըլլալով ելոյթ ունեցաւ «Կռունկ» պարախումբը` պարուսոյց Քրիսթինա Գասպարեանի ղեկավարութեամբ: Պարախումբը հանդէս եկաւ «Մախմուր աղջիկ», «Տաւիղ» եւ «Զարթօնք» պարերով եւ արժանացաւ հանդիսատեսին բարձր գնահատանքին: Օրուան բանախօսն էր Գառնիկ Մկրտիչեանը, որ իր խօսքին մէջ յիշեց, թէ ինչպէ՛ս ՀՄԸՄ ծնունդ առաւ Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքի օրերուն, ոչ սովորական պայմաններու տակ, հաւաքեց սովահար, գաղթական ու որբացած սերունդներ, անոնցմէ կերտեց միտքով ու մարմինով առողջ, ազգային իրենց ինքնութեամբ հպարտ ու արժանապատիւ սերունդներ: Ան խօսեցաւ մերօրեայ դժուարութիւններուն մասին` շեշտելով, որ ՀՄԸՄ իր բազմաճիւղ աշխատանքով, աշխարհասփիւռ մասնաճիւղերով կը փորձէ յաղթահարել ամէն տեսակի խոչընդոտ եւ ընթանալ յառաջ:

Գ. Մկրտիչեանը շեշտեց, որ միութիւնը լաւատեսութեամբ կը թեւակոխէ նոր 100-ամեակ: «Մեր լաւատեսութիւնը բարի ցանկութիւններէ չի բխիր միայն, այլ` մեր աշխատանքէն, կամքէն եւ համոզումէն, միշտ երիտասարդութեան ի սպաս գործելու մեր տրամադրութենէն, հայութեան եւ Հայաստանին անմնացորդ ծառայելու մեր երդումէն: Չմոռնանք, որ մեր ժողովուրդը ՀՄԸՄ-ին տուած է «Կամաւոր բանակ»-ի կոչում եւ պարտականութիւն: Այդ կոչումն ու պարտականութիւնը կը թելադրեն այսուհետեւ ըլլալ աւելի զգօն ու պատրաստ` դիմագրաւելու մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին սպառնացող բոլոր տեսակի մարտահրաւէրները: Ի վերջոյ, մեր կեանքը, հայրենիք թէ սփիւռք, հայապահպանութեան համար մղուող մէկ մեծ պատերազմ է: ՀՄԸՄ-ը կամաւոր այն բանակն է, որ այդ մեծ պատերազմը փոքր-փոքր կռիւներով, մասնաճիւղ առ մասնաճիւղ կը մղէ երկրէ երկիր, շրջանէ շրջան: Ի՜նչ փոյթ, թէ ան տեղ-տեղ կռիւը կը կորսնցնէ: Կարեւորը մեծ պատերազմը չկորսնցնելն է: Կարեւորը հայապահպանութեան զրահները գետինը չդնելն է: Այլապէս, ՀՄԸՄ-ը յաղթանակներու միութիւնն է», շեշտեց ան:

Խօսքի աւարտին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը ուրախութեամբ եւ ցնծութեամբ յայտնեց, որ Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ արդէն իսկ կը հիմնադրուի ՀՄԸՄ-ի 111-րդ մասնաճիւղը:

Անկէ ետք ցուցադրուեցաւ ՀՄԸՄ-ի 100 տարիներու գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ Միւնիխի մասնաճիւղի 4 տարիներու աշխատանքը ներկայացնող տեսերիզ: Յայտագիրը շարունակուեցաւ Սիմոն Սիմոնեանի «Տուն իմ հայրենի», Սամուէլ եւ Արմէն Անսրլեան եղբայրներու «Հայ քաջեր» երգերը` դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Նարինէ Խաչատրեանի, գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկաւ «Շողեր» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ  Արմինէ Պապայեանի: Հայուհիներէ բաղկացած «Շողեր» երգչախումբը հանրութեան ներկայացուց փունջ մը ժողովրդական երգեր: Գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ Աննա Ղազարեանի սքանչելի ձայնով կատարուած «Բարի արագիլ» երգով:

Գեղարուեստական յայտագիրին յաջորդեց յուշանուէրներու տուչութիւնը: ՀՄԸՄ-ի ադամանդեայ յոբելեանին առիթով Միւնիխի վարչութիւնը իրենց տարիներու վաստակին եւ գործունէութեան համար յուշանուէրներ յանձնեց` Գառնիկ Մկրտիչեանին, Ալեք Խաչատրեանին եւ Այգիկ քհնյ. Յովհաննիսեանին, ինչպէս նաեւ` բոլոր անոնց, որոնք Միւնիխի մասնաճիւղի հիմնադրութենէն ի վեր նեցուկ կանգնեցան միութեան ծաղկման:

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ ժամը 21:00-ին, «Յառա՛ջ, նահատա՛կ» քայլերգով:

Նախորդը

Ճաշարանին Մէջ

Յաջորդը

Կոմիտասի Ծննդեան 150-ամեակի Առիթով. Կոմիտասն Ու Ֆրանսացի Իր Ժամանակակիցները

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?