Յօդուածներ

Կեդրոնականցի Արմենակ Սրահին Մէջ Յօրանջելով Քնացեր Է

ՄԱԿԱՐ ի Գաղիա Կեդրոնականցին հայու ներկայութեան եւ հայերէն խօսքի անյագ ծարաւ ունի: Ամէն տեղ է: Կը դժգոհի, բայց չի բացակայիր: Կիրակի, Խաղողի տօնին, եկեղեցիին բակը, հակառակ ողկոյզ մը ունենալու համար եղած հրմշտուքին, Արմենակ եւ ես տեղ գտած էինք միակ նստարանին վրայ: - Տե՛ս, լսէ՛,- ըսաւ Արմենակ,- այս մարդիկ այլեւս չեն ըսեր` Աստուածածնայ տօն, կ’ըսեն Խաղողի տօն: Երջանիկ են, երբ մէկի...

Գաղութէ – Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Առաջնորդ Սրբազան Հօր Անդրանիկ Այցելութիւնը Հայ Ծերանոց Շաբաթ, 3 օգոստոս 2019-ին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանը իր անդրանիկ այցելութիւնը տուաւ հայ երեք համայնքապետներուն հոգատարութիւնը վայելող Հայ ծերանոցին: Առաջնորդ սրբազան հայրը դիմաւորուեցաւ Հայ ծերանոցի խնամակալութեան, տնօրէնին եւ պաշտօնէութեան կողմէ: Այցելութեան ընթացքին խնամակալութեան անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց խնամակալութեան փոխատենապետ պատուելի Սիմոն Տէր Սահակեանը: Այնուհետեւ Հայ...

Նամականի

Անդրադարձ Հայաստանի Ձիերը, Ձիաւոր Հերոսները, Հեծելազօրը Եւ Յաղթանակները – Գ.

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ «Տրդատ Ա. 65 թուականին իր ընտանիքով, շքախումբով, բազմութեամբ եւ ծառաներով ու 3000 հայոց եւ պարսից սպառազէն ձիաւորներով ուղղուեցաւ դէպի Հռոմ` ցամաքի ճամբով... որ կը տեւէ 9 ամիս»: Իրականութեան մէջ այս զինուոր ձիաւորներուն թիւին պէտք է աւելցնել նուազագոյնը շուրջ 200 (ոմանք` 500) ձիաւորներ` պալատականներուն շքախումբը, ծառաները եւ ձիաքարշ գումակները, կառքերը` մարդոց եւ ձիերուն սնունդ-մթերքը, վրաններ ու այլ անհրաժեշտ գոյքեր...

Պօղոսը Պիտի Շարունակէ Ճամբորդել Իբրեւ Յուշ

Պօղոսը Պիտի Շարունակէ Ճամբորդել Իբրեւ Յուշ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Ինչպէս որ համեստօրէն ու շրջապատին բաշխուած բարի ժպիտով ապրեր էր կեանքը` Պօղոս Շահմելիքեանի վերջին հրաժեշտն ալ եղաւ առանց աղմուկի, իր նկարագիրին համապատասխան, համեստ արտայայտութիւններով, սակայն հաւանաբար սգակիրները` հարազատներ, ընկերներ ու բարեկամներ, արարողութեան հետեւելէ աւելի, իրենց յիշատակներով  ետ-ետ գացին դէպի անցեալը` մտածելով, որ իր առաջին հատորին` «Յիշատակներ, անցած օրեր» գիրքին խորհուրդը հիմա կը մարմնաւորէր ի՛նք` Պօղոսը, դառնալու համար աղուոր...

Հուրիկ Թուխանեանի Յիշատակին

Բարի Յիշատակ

ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ԻՍԿԷՆՏԷՐԵԱՆ Հինգշաբթի, 8 օգոստոսի առաւօտ կանուխ կը կարդամ «Ազդակ» օրաթերթի տարածած գոյժը` Պօղոս Շահմելիքեանի մահուան մասին... Չեմ ուզեր հաւատալ կարդացածիս. առտու կանուխ ցնցուած եմ արդէն: Գրող Պօղոս Շահմելիքեանին նոր ծանօթացած էի, «Ազդակ»-ի երդիքին տակ, հազիւ երկու ամիսներ առաջ: Համազգայինի «Գիր եւ գրականութիւն» մասնաճիւղով, համագործակցաբար «Ազդակ»-ի, կազմակերպած էինք անոր «Ճամբորդութիւն յիշողութեան մէջ» գիրքին շնորհահանդէսը, եւ այդ օրն էր, որ զինք...

Վերափոխեալ  Ս. Աստուածածնի Տօնակատարութիւնները Այնճարի Մէջ

Վերափոխեալ Ս. Աստուածածնի Տօնակատարութիւնները Այնճարի Մէջ

Հովանաւորութեամբ Մուսա Լեռ-Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակի մարմինին եւ կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Ս. Վարդարանի Տիրամօր եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան, շաբաթ, 17 եւ կիրակի, 18 օգոստոս 2019-ին տեղի ունեցան վերափոխեալ Ս. Աստուածածինի տօնակատարութիւնները: Բացումը կատարուեցաւ շաբաթ, 17 օգոստոսին,  աւանդական տօնավաճառով: Եկեղեցւոյ բակին մէջ կը վաճառուէին զանազան տեսակի աւանդական համեղ ուտելիքներ, իսկ անդին երիտասարդներ զբաղած էին հերիսայի պատրաստութեամբ: Կիրակի, 18 օգոստոսի առաւօտեան մատուցուեցաւ սուրբ եւ անմահ...

Անդրադարձ.  Թափանցիկ Շղարշով Պատուած Որոշում Մը

Անդրադարձ. Թափանցիկ Շղարշով Պատուած Որոշում Մը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Փարակուէյի արտաքին գործոց նախարար Խուան Էռնեսթօ Վիլլամայոր յայտնեց, որ իր երկիրը Հըզպալլան, Համաս շարժումը, Քայիտան եւ ՏԱՀԵՇ-ը ներառած է ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցուցակին վրայ: Վերջին երկուքին պարագային ակներեւ է, որ քայլը շատ ուշացած է: Հարաւային ամերիկեան երկիրը պէտք էր Քայիտան արդէն 11 սեպտեմբեր 2001-էն ետք ճանչցած ըլլար իբրեւ ահաբեկչական կազմակերպութիւն, եւ ոչ թէ այդ ցնցիչ ու մեծ դէպքէն 18...

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն

Միացեալ Նահանգներու Վերաքննիչ Դատարանը Սխալ Որոշում Կայացուցած Է Հայկական Պահանջներու Վերաբերեալ

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Միացեալ Նահանգներու իններորդ շրջանի վերաքննիչ դատարանը 8 օգոստոս 2019-ին որոշած է մերժել քանի մը ամերիկահայերու կողմէ ներկայացուած երկու դատական հայցերու դէմ բողոքները. անոնք փոխհատուցում կը պահանջէին Թուրքիայէն եւ անոր երկու դրամատուներէն` Հայոց ցեղասպանութենէն կարճ ժամանակ անց իրենց ունեցուածքը բռնագրաւած ըլլալուն համար: Առաջին դատական հայցը դեկտեմբեր 2010-ին ներկայացուցած են Ալեքս Պաքալեանը, Անայիս Յարութիւնեանը...

Եթէ Չունես Նաւթ Կամ Կազ, Գործարկիր Մշակոյթի Արժէքներդ

Եթէ Չունես Նաւթ Կամ Կազ, Գործարկիր Մշակոյթի Արժէքներդ

ԱՐՄԱՆ ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆ Արտակարգ եւ լիազօր դեսպան, քաղաքական գիտութիւնների թեկնածու, դոցենտ 21-րդ դարում տեղի է ունենում պետութեան  արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան սերտաճում եւ միահիւսում, որի արդիւնքում դիւանագիտութիւնն ստանում է նոր որակ ու տեսակ: Գոյանում է առանձնայատուկ մի միասնութիւն, որն  անուանւում է խթանող դիւանագիտութիւն: Սա նոր, այլ որակի դիւանագիտութիւն է, որի կիրառումը մեծապէս բարձրացնում է արտաքին քաղաքականութեան օգտակար գործողութեան գործակիցը: (Իտէալական կը...

Շուշիի Համահայկական 8-րդ Փառատօնին Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» Վարժարանի Յաղթանակը

Շուշիի Համահայկական 8-րդ Փառատօնին Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» Վարժարանի Յաղթանակը

29 յուլիսէն 2 օգոստոս տեղի ունեցած Հայ կրթական հիմնարկութեան հովանաւորութիւնը վայելող Շուշիի համահայկական 8-րդ փառատօնին Այնճարի Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարանի 11-րդ կարգի աշակերտներէն Պարոյր Սթանպուլեանը 6 երկիրներէ 127 մասնակիցներու մէջ ասմունքի մրցանքին տիրացաւ 2-րդ մրցանակին եւ պարգեւատրուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի ներկայութեամբ կայացած յատուկ հանդիսութեան ընթացքին` Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Նարինէ Աղաբալեանի կողմէ:  

Շէյքսփիրի Անուան Հայկական  Ընկերակցութեան Գ. Համագումարը Տեղի Ունեցաւ Վենետիկի Մէջ

Շէյքսփիրի Անուան Հայկական Ընկերակցութեան Գ. Համագումարը Տեղի Ունեցաւ Վենետիկի Մէջ

Շէյքսփիրի անուան հայկական ընկերակցութեան երրորդ համագումարը տեղի ունեցաւ Վենետիկի Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանին մէջ` Մխիթարեան միաբանութեան համար պապական պատուիրակ Լեւոն արք. Զէքիեանի հովանաւորութեամբ: Հանդիպման, որ տեղի ունեցաւ 15 յուլիսին, մասնակցեցան ընկերակցութեան պատուոյ նախագահ, հայրենի բանաստեղծ եւ բանասէր Հենրիկ Էդոյեան եւ հիմնադիր Յասմիկ Սայմըր, ինչպէս նաեւ` Միացեալ Նահանգներէն, Միացեալ Թագաւորութենէն, Ֆրանսայէն, Յունաստանէն, Լեհաստանէն, Արժանթինէն եւ ուրիշ երկիրներէ եկած մասնագէտներ, որոնք իրենց զեկուցումները կարդացին...

Իրենց Ստեղծագործական Ուղին Ճշդած Երկու Գեղանկարչուհիներ

Յաջորդական Նուաճումները Նոր Յանձնառութիւններու Կը Մղեն Եուրոզը

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ Եուրոզ իր ստեղծագործութեան հետ Տնանկի կարգավիճակէն հազիւ ձերբազատած եւ շնորհիւ իր արտակարգ տաղանդին, յանկարծ, առանց մասնաւոր ճիգի, Եուրոզի տարիներու երազանքը իրականութիւն կը դառնար, ու երփնագրելու յարմարաւէտ բացառիկ պայմաններ կը ստեղծուէին իրեն համար: Այդ օրէն ի վեր առհաւականօրէն իր մէջ կուտակուած լիցքաթափուելու ներքին մղումները հանգիստ չեն տար անոր: Եթէ հետեւինք իր կեանքի կշռոյթին, պիտի նշմարենք, որ ան ոչ միայն...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Ուրուկուէյի Մէջ 20 Հազար Հայ Կ՛ապրի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը ընդունեց Ուրուկուէյի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Ռոտոլֆօ Նին Նովոան: Զարեհ Սինանեանը նախ ներկայացուց սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի գործունէութիւնը եւ, Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն առումով, տարուող աշխատանքները: «Սփիւռքը լուրջ դերակատարութիւն ունի հայրենիքի կեանքի մէջ, եւ պետութիւնն ալ իր հերթին մեծ կարեւորութիւն կու տայ հայկական սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու...

Պատմական Մեծ Դէմքեր.  Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

Պատմական Մեծ Դէմքեր. Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

Հայրիկ Աքսորական Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Մայրավանքին Մէջ Սուրբ Յակոբայ տաճարը ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Երուսաղէմ ուխտի երթալու անուան տակ սուլթան Համիտի կողմէ աքսորի դատապարտուած Խրիմեան Հայրիկ 1890-ի դեկտեմբերի վերջաւորութեան ճամբայ ելաւ: Պոլիսէն, Բարնաթեան խանէն ճամբայ ելլելու վերջին առաւօտն էր: Ղեւոնդ վարդապետ Փիրղալէմեան եւ Վրթանէս Ախիկեան, որոնք Հայրիկի հետ Երուսաղէմ պիտի մեկնէին, անոր սենեակը մտան ճամբու պատրաստութիւններ տեսնելու համար: Խորէն պատրիարքն ալ, ի...

Անդրադարձ.  Վերջալոյսը Յետաձգելու Փորձեր

Անդրադարձ. Վերջալոյսը Յետաձգելու Փորձեր

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ապպաս Մուսաւի 18 օգոստոսին բուռն կերպով քննադատեց «ամերիկացի պաշտօնատարներու Սուրիոյ մէջ անվտանգութեան գօտի ստեղծելու հարցին շուրջ յայտարարութիւններն ու համաձայնութիւնները», զանոնք նկատեց «սադրիչ եւ մտահոգիչ» եւ աւելցուց, որ այդ գօտիին ստեղծումը «պիտի քայքայէ շրջանին մէջ անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը եւ կը նկատուի Սուրիոյ ներքին հարցերուն միջամտութիւն»: «Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքին մէջ ամերիկացիներուն վարմունքը Սուրիոյ գերիշխանութեան եւ հողերու...

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ձեռագիրներու Վերանորոգութիւն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքի ձեռագիրներու վերանորոգման աշխատանքները սկսած են մայրավանքին մէջ: Այս յոյժ կարեւոր ծրագիրը կը վայելէ Գերմանիոյ կառավարութեան հովանաւորութիւնը` «Աշխարհի մշակութային ժառանգութեան պահպանումը» ծրագիրին ծիրէն ներս եւ կը կրէ «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Սիսի կաթողիկոսարանէն փրկուած գանձերու պահպանում. հնատիպերու պահպանում եւ վերանորոգութիւն» վերնագիրը: Ծրագիրը նախաձեռնուած է` համագործակցութեամբ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, Գերմանիոյ մէջ...

Արժէքաւոր Վաւերագիրք.  Հայոց Պետականութեան Վերածննդի 100 Էջերը

Արժէքաւոր Վաւերագիրք. Հայոց Պետականութեան Վերածննդի 100 Էջերը

ՊԵՏՐՈՍ ՍԱՐՈՒԽԱՆԵԱՆ Ընթերցողի սեղանին է դրուել «Հայոց պետականութեան վերածննդի 100 էջերը» ալպոմ-վաւերագիրը` նուիրուած 1918 թ. մայիսեան հերոսամարտերի եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակման, այն է` հայոց պետականութեան վերականգնման 100-ամեայ տարեդարձին: Գրքի շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ երէկ, ԵՊՀ-ում: Խորհրդանշական է ալպոմի էջերի թիւը` ճիշդ 100 էջ, որոնք ամփոփ ներկայացնում են Ա. Հանրապետութեան գոյութեան ընթացքում տեղի ունեցած պատմական իրադարձութիւնները` այն կարեւոր աշխատանքները, որոնք անհրաժեշտ...

Թիֆլիսեան Յուշեր

Թիֆլիսեան Յուշեր

Ն. ԱՒԱԳԵԱՆ Այս ամառ դէպի Հայաստան մեր այցելութեան ընթացքին առիթ ունեցանք այցելելու նաեւ Վրաստան: «Զուարթնոց» օդակայանէն ուղղուեցանք Լոռիի մարզ` վայելելու բնութիւնն ու ծանօթանալու մեծանուն գրագէտ Յովհաննէս Թումանեանի տուն թանգարանին: Ապա, ըստ մեր ծրագրաւորումին, անցանք Վրաստան: Հետաքրքրական էր ինքնաշարժով երկրէ երկիր անցնիլը, մանաւանդ` մեր երեխաներուն համար: Լոռիի մարզէն գրեթէ մինչեւ վրացական սահման, ճամբուն ամբողջ երկարութեան, լեռնանցքներուն մէջէն մեզի կ՛ընկերակցէր Դեբետ գետը,...

101-ամեայ ՀՄԸՄ-ի Համար Արցախի Մասնաճիւղն Ամենամեծ Նուէրն Է

101-ամեայ ՀՄԸՄ-ի Համար Արցախի Մասնաճիւղն Ամենամեծ Նուէրն Է

Համահայկական 7-րդ ամառային խաղերի բացման արարողութեանը մասնակցելու եւ Արցախի իշխանութեան ներկայացուցիչների հետ հանդիպելու առիթով այս օրերին Արցախում էր Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան Կենտրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտչեանը: «Ապառաժ»-ի հետ հարցազրոյցում Գառնիկ Մկրտչեանը նշել է, որ տարիների երազ էր Արցախում ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղ ունենալը: «Արցախի անկախացումից յետոյ սկզբնական շրջանում սկսել էինք աշխատել Արցախում, բայց դրանից յետոյ ՀՄԸՄ-ի գործունէութիւնը դադարեց, որից յետոյ զանազան...

Կատակը Մէկդի.  Ապաւինեցէ՛ք Հանճարներուն…

Նոր Գիրքերու Հետ. Հայաստանը Թռչող Ոսպնեակով Նկարող Երիտասարդ Մը

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ (Սեւակ Մեհթերեանի «Armenia Through My Lens» ալպոմը) Վաղեմի բարեկամներէս մէկը կը զատորոշուի իր կաղանդպապուկեան յատկութեամբ. երբ իրեն այցելեմ, ընդհանրապէս դարակի մը մէջէն դուրս կը բերէ նորատիպ հատոր մը եւ կը պարտադրէ, որ զայն ընդունիմ իբրեւ նուէր: Միակը չեմ, որ կ՛արժանանամ նման հոգածութեան, որովհետեւ բարեկամս մէկ երդուեալ անդամն է հետզհետէ նօսրացող գրասէրներու այն փաղանգին, որ ո՛չ միայն գիրք կը...

Page 553 of 1112 1 … 552 553 554 … 1,112

Արխիւներ