Հայրիկ Աքսորական Երուսաղէմի
Սրբոց Յակոբեանց Մայրավանքին Մէջ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Երուսաղէմ ուխտի երթալու անուան տակ սուլթան Համիտի կողմէ աքսորի դատապարտուած Խրիմեան Հայրիկ 1890-ի դեկտեմբերի վերջաւորութեան ճամբայ ելաւ:
Պոլիսէն, Բարնաթեան խանէն ճամբայ ելլելու վերջին առաւօտն էր: Ղեւոնդ վարդապետ Փիրղալէմեան եւ Վրթանէս Ախիկեան, որոնք Հայրիկի հետ Երուսաղէմ պիտի մեկնէին, անոր սենեակը մտան ճամբու պատրաստութիւններ տեսնելու համար: Խորէն պատրիարքն ալ, ի պատիւ Հայրիկի, բարապան մը ղրկեց անոր ծառայելու:
Ամբողջ օրը պոլսեցիներ եւ գաւառացիներ այցելեցին Հայրիկի, բարի ճանապարհ մաղթեցին, աջը համբուրեցին ու հեռացան:
Յետմիջօրէին այցելեց Գարեգին եպիսկոպոս Սրուանձտեանց: Իր սիրեցեալ ու հաւատարիմ աշակերտը տեսնելով Հայրիկ փղձկեցաւ: Ուսուցիչ ու աշակերտ ողջագուրուեցան եւ քանի մը վայրկեան հեծկլտացին:
Քիչ ետք ներս մտաւ Մատթէոս եպիսկոպոս Իզմիրլեան: Հայրիկ անկէ խնդրեց որ միասին պատրիարքարան երթան հրաժեշտ առնելու, բայց Մատթէոս եպիսկոպոս ըսաւ.
– «Ես պատրիարքարան չեմ ուզեր երթալ, բայց հոս երկար կը սպասեմ ձեզի: Շատո՞նց ի վեր է որ հրաման ստացաք Երուսաղէմ ուխտի երթալու:
Հայրիկ պատասխանեց.
– Երկու ամիսէ ի վեր է. ես նոյեմբերին պիտի մեկնէի, բայց երկու կրակի եւ անելի մէջ իյնալով ուշացայ: Մէկ կողմէն սուլթանը կը ստիպէ որ հեռանամ, պատրիարքարանն ու իւրայինները կը համոզեն, կը խնդրեն որ անպայման երթամ, առարկելով որ եթէ չերթամ ազգին իրաւունքները պիտի խլեն: Միւս կողմէ յեղափոխականները կը պնդեն ու կը պահանջեն որ չերթամ, մնամ, ընդդիմանամ եւ գաղտնի երթամ Եւրոպա: Բայց ես շատ լաւ գիտեմ որ եթէ չերթամ, քաղաքական ինչ դէպք եւ բնական ինչ աղէտ` երաշտ, սով, հեղեղ, երկրաշարժ, որ տեղի ունենան, պիտի պոռան, կանչեն թէ` Խրիմեանի չերթալու պատճառով այսքան չարիք ու պատուհաս տեսանք: Անցեալ շաբթու Ունճեան էֆէնտին Ղալաթիոյ կամուրջին վրայ ճամբաս կտրեց եւ ինձ տարաւ Էսայեանց գրասենեակը, ուր հաւաքուած ազգայինները յայտնեցին թէ մեծ եպարքոսը կը ցանկայ տեսակցութիւն մ՛ունենալ ինձ հետ: Ելանք գացինք եպարքոսի մօտ. սիրով ընդունեց եւ ըսաւ, որ սուլթանն ինձ շատ կը յարգէ եղեր իբրեւ նախկին պատրիարքի եւ չ՛ուզեր որեւէ անախորժութիւն պատճառել ինձ եւ կը ցանկայ որ ես իմ կամքով Երուսաղէմ ուխտի երթամ, ծախսերս ալ պալատը կը հոգայ: Շա՛տ լաւ, պատասխանեցի. Վանէն զիս հոս աքսորի քաշքշեցիք. ի՛նչ էր մեղքս, ի՞նչ յանցանք գործեր էի, հիմա ալ կ՛ուզէք, որ Երուսաղէմ երթամ. այսինքն աքսորս կրկնակի կը դարձնէք: Եպարքոսը շատ խնդրեց, պնդեց որ չմերժեմ, ես ալ ըսի շատ լաւ կ՛երթամ, միայն կը խնդրեմ, որ խոստանաք արտօնութիւն տալ ինձ, քանի մը տարի յետոյ Վան վերադառնալ եւ վերջին օրերս Վարագայ վանքին մէջ անցունել: Եպարքոսը խոստացաւ եւ ըսաւ, որ պիտի կատարէ փափաքս: Գիտեմ, որ չպիտի կատարուի փափաքս, բայց, է՜հ, բան մըն էր ըսի: Ա՜խ սրբազայն եղբայր, վիշտս շա՜տ մեծ է. վանեցիք չթողին, որ Զատիկը հայրենիքիս մէջ տօնէի. այժմ ալ պոլսեցիք չթողին, որ Նոր տարին եւ Սուրբ Ծննդեան տօները Պոլսոյ մէջ տօնեմ:
Քիչ ետք Աբիկ Ունճեան սեղանաւոր Գրիգոր Թերլեմէզեանի միջոցով Հայրիկի ուղարկեց սուլթան Համիտի շնորհած 60 ոսկին:
Հայրիկ կապոցները եւ պայուսակները ուղարկեց նաւահանգիստի մաքսատունը, իսկ ինք գնաց պատրիարքարան եւ հրաժեշտ առաւ Խորէն պատրիարքէն:
Պատրիարքարանէն վերադառնալէն ետք Հայրիկ Սրուանձտեանց եւ Իզմիրլեան սրբազաններուն հետ կառք նստաւ եւ ճամբայ ելաւ դէպի ծովափ: Իր ընկերակիցներ Ղեւոնդ վարդապետ եւ Վրթանէս Ախիկեան, ինչպէս նաեւ բարեկամներ ու հայրենակիցներ կառքերով Հայրիկի կառքին հետեւեցան: Ետեւէն կու գային լրտեսներու կառքերը:
Մաքսատան մօտ կառքերէն իջան: Հայրիկ եւ ընկերակիցները նաւակ նստելով ուղղուեցան դէպի աւստրիական Լոյտ ընկերութեան շոգենաւը, որուն մօտ ոստիկանական սպայ մը նաւակը կանգնեցուց եւ ստուգեց մեկնողներուն անցագիրները: Հայրիկ եւ Ղեւոնդ վարդապետ տեղաւորուեցան առաջին կարգի կուպէներու մէջ: Լոյտի նաւապետը ի պատիւ հայոց նախկին պատրիարքին, պարզել տուաւ նաւուն դրօշակը: Ոստիկանական սպան իր հետեւորդներով հեռացաւ, պալատին եւ Բարձրագոյն դրան հաղորդելու, որ Խրիմեան իրօք շոգենաւ մտաւ Երուսաղէմ երթալու համար:
Քիչ ետք, Հայրիկի բարի ճանապարհ մաղթելու համար հասան պատրիարքի ներկայացուցիչը, Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու, ինչպէս նաեւ ազգային հիմնարկութեանց ներկայացուցիչներ եւ հոծ բազմութիւն մը:
Ներկաներէն Ենովք Տէր Արիստակէսեան կը գրէ. «Եկողները բոլորն ալ Հայրիկի աջը համբուրեցին, բարի երթի խօսքեր ըսին եւ երբ շոգենաւը մեկնումի վերջին ազդանշանը սուլեց, մենք վար իջանք: Բոլորս ալ կու լայինք. Հայրիկն ալ կու լար. անոր վեհափառ ու գեղեցիկ դէմքը ծածկուած էր խոր վիշտով եւ թախիծով: Երեկոյ էր. դեկտեմբերի դժգոյն արեգակի շողերն ընկած էին Վոսփորի ծփան ու կապուտակ ջուրերուն վրայ, որոնց կուրծքը պատռելով կը սուրար Լոյտի շոգենաւը, դէպի Երուսաղէմ տանելով մեծ աքսորական հայոց Հայրիկը»:
***

Երուսաղէմ հասնելէն ետք Հայրիկ իջեւանեցաւ հայոց Սուրբ Յակոբայ մայրավանքը: Յարութիւն պատրիարք Վեհապետեան եւ միաբանութիւնը սառն ընդունելութիւն ցոյց տուին մեծ աքսորականին եւ իբր բնակատեղի Աբեղաթաղի գետնայարկ, նեղլիկ, ցած ու խոնաւ խուցերէն մէկը յատկացուցին:
Բարձրագոյն դուռը խիստ հրահանգ տուաւ Յարութիւն պատրիարքին եւ վանքի միաբանութեան, որպէսզի Խրիմեան Երուսաղէմէն չհեռանայ: Պատրիարքը անձնապէս ու պաշտօնապէս կ՛երաշխաւորէր եւ պետութեան մօտ պատասխանատու կը դառնար, որ Խրիմեան Երուսաղէմէն պիտի չհեռանայ:
Սուրբ Յակոբայ մայրավանքը կը գտնուի Երուսաղէմի հարաւ-արեւմտեան կողմը, Սիոն լերան բարձունքին: Հին Երուսաղէմի չորս թաղերէն մէկն է Հայոց թաղը: Երուսաղէմի մէջ հայկական վանքեր ու եկեղեցիներ հիմնուած են Դ. դարէն:
***
Հայրիկ իրեն յատկացուած խուցին մէջ մենաւորի եւ կամաւոր բանտարկեալի կեանք կը վարէր: Անոր կը ծառայէին վանեցի երկու երիտասարդներ` Վահան սարկաւագ Սահակեան (հետագային` Կորիւն եպիսկոպոս) եւ Վահան սարկաւագ Լազարեան (հետագային` Խորէն վարդապետ): Առտու եւ երեկոյ տաճար կ՛իջնէր եւ անկիւն մը կծկուելով լուռ ու մունջ կ՛աղօթէր: Օրուան մեծ մասը կարդալ-գրելով եւ այցելութիւններ ընդունելով կ՛անցընէր:
Սեդրաք Տեւկանց 1891-ի գարնան Երուսաղէմ գնաց Հայրիկը տեսնելու եւ վարդապետ ձեռնադրուելու նպատակով (սակայն չձեռնադրուեցաւ, որովհետեւ Յարութիւն պատրիարք առաջարկեց որ վանքին միաբան դառնայ եւ Երուսաղէմէն չհեռանայ): Ան կը գրէ.

«Սուրբ Յակոբայ եկեղեցւոյ բակին մէջ, դէպի աջ կողմը, միաբանութեան խուցերն տանող ճամբուն մուտքը, առաջին յարկին վրայ դռնակ մը կայ փոքրիկ ու նեղլիկ: Եթէ քիչ մը հասակդ բարձր է երկու կտոր լինելու ես. եթէ քիչ մը հաստկեկ, քովընտի ներս մտնելու ես այդ բանտի դռնէն: Նախասենեակը խոնաւ եւ մութ խցիկ մը, երկաթապատ փոքրիկ լուսամուտ մը ունի: Այդ անտանելի խուցէն մի ուրիշ խուց կը մտնեմ որ հազիւ մէկ մեթր լայնութիւն եւ երեք մեթր երկայնութիւն ունի: Պատուհանին կից կոտրած սեռիկ մը եւ ժանգոտած պղնձէ աման մը` Հայրիկի լուացուելու տեղն են. իսկ մնացեալ մասը անկողիններու յատկացեալ է: Այս նեղ խուցի վարի կողմը դռնակ մը կայ. անկից ահա Հայրիկի սրահ մտնելու բարեբաղդութիւնը պիտի ունենամ»:
Տեւկանց կը շարունակէ ըսելով. «Ուրախ եմ ըսել թէ այդ մեծ մարդու (Հայրիկի) կորովի կազմուածքը կրցեր է մինչեւ ցարդ դիմանալ արկածներով լի եօթանասուն տարիներու ծանրութեան – միայն շատ թեթեւ քիչ մը շնչարգելութիւն եւ մերթ մասնակի յօդացաւ կը նեղեն զինքն. եթէ ոչ ընդհանրապէս քաջառողջ է եւ ազգն բաղդաւորութիւն պիտի ունենայ տակաւին ընդ երկար տարիներ հայութեան պարծանք եւ մխիթարանք Խրիմեան Հայրիկն վայելելու, եթէ փութով այդ սոսկալի զնտան խուցէն, այդ վտանգաւոր կլիմայէն դուրս ելնէ: Այո՛, Հայրիկի բնակարանը սենեակ չէ այլ իրօք զնտան: Գետնայարկ խուց մը, որոյ եւ տանիքի քարուկիր հաստութիւնն մէկ կանգունէն աւելի է, ճիշդ գետնափոր գերեզմանի ձեւ ունի, երկնունիկ ու նեղ. երկու մեթր լայնութիւն եւ երեք մեթր երկայնութիւն ունեցող այս նեղ խուցին մէջ երեւակայեցէք պարթեւահասակ Խրիմեանը համարձակ չէ կարող կանգնիլ զի գլուխ առիքին կը զարնէ:… Այս տարօրինակ սենեակը պատուհան մը միայն ունի անլոյս, որ պատրիարքարանի մարմարիոնէ մուտքին վրայ կը նայի. աջ ու ձախ կողմերն երկու փոքրիկ խալիներով եւ բարձերով բազմոցներ կան. միոյն վրայ ինքն բազմած է, միւսին վրայ հիւրեր կ՛ընդունի փոփոխակի. փոքրիկ սեղան մըն ալ կայ կանաչ կերպասով ծածկուած եւ պարզ աթոռակ, ուր կ՛աշխատի Հայրիկ: Հայրիկին մօտ պաղտաշի (ծալապատիկ) նստած է հայր Ղեւոնդ Փիրղալէմեան, որ թէպէտ տկար, բայց իւր զուարթ բնաւորութեամբ անոր անձկութիւն եւ վիշտերն կը մեղմացնէ: Յաճախ Հայրիկի հետ կը ճաշէինք. եւ գիտէ՞ք ինչ է իւր կերած. պահոց օրեր քանի մը դգալ ծաւրէ վռոշի պէս բան մը որ վանեցի վարդապետ մը կը պատրաստէ սիրով, ցամաք ոսպ կամ բակլայ, իսկ ուտիք օրեր, միաբանաց սովորական կերակուրը որ չէր կարող ուտել. քանի մը պատառ խաշած միս եւ հաւկիթ էին իւր սիրած կերակուր, իւր սակաւապէտ սնունդը:
«Իսկ ննջարան եւ կամ անկողին իւր նեղ բազմոցն էր, որոյ քով սարկաւագը (Վահան Սահակեան) երկար տախտակ մ՛ալ կը յաւելուր երկու աթոռներու վրայ հաստատեալ. անդ կը ննջէր հայոց Հայրիկը:… Երբեք դժգոհութիւն, բնա՛ւ տրտունջ մը չլսեցի իրմէ: Միայն օր մը ըսաւ – Արծիւն ճնճղկան վանդակի մէջ սեղմած են. այս ալ կ՛անցնի: Արդեօք Երուսաղէմի այդ ընդարձակ եւ հարուստ վանքին մէջ Խրիմեանին արժանի եւ յարմար տեղ եւ կեանք պատրաստել կարելի չէ՞ր»:

Սեդրաք Տեւկանց տասնվեց օր անցուց Հայրիկի հետ. ան կը շարունակէ յուշագրելով. «Օր մ՛ալ Սուրբ Յովհաննու ծնունդ գացինք. խե՜ղճ Հայրիկ, որչա՜փ կարօտ մնացեր է լեռներու օդին, ծառերու շուքին, զղզղուն աղբերաց. այդ իւղ եւ մեղր բղխող Աւետեաց երկիրը, Դաւթի քաղաքը, Սողոմոնի տաճարը չոր ու ցամաք ծալ-ծալ քարեղէն լեռներէ կը բաղկանայ. ի զուր առուակ մը, աղբերակ մը կը փնտռեն աչերդ. տօթակէզ արեւին տակ, սպիտակ ժայռերու ծալքերու վրայ, անջրդիկ կը հալիս ու կը պապակիս: Վերջապէս մեր ուխտատեղին կը հասնինք ուսկից ձորակի մը մէջէն կը բարձրանանք ռուսաց վանք որ ովասիս մ՛է իւր պարտէզներով: Հովանաւոր ծառի մը տակ կը հանգչի Հայրիկ. որչա՜փ գոհ է. ծառոց տերեւներու սօսափիւն եւ բարձունքի հանդէպ ձորի տեսարանը հայրենի յիշատակներ կը զարթեցունեն յինքն. ամէն վայրկեանին հրատոչոր ա՜խ մը կը թռի սրտէն. Վարագայ լեռներ, Վարագայ ծառեր, Վարագայ հովեր, հազարաւոր սառիկ ու չռիկ աղբիւրներ. Կոռ քարի տակ աղբիւրը կը յիշէ անոր հովն ու հոտ ու պէս պէս ծաղկունքն անհամար: Ի՜նչ անուշ հով կը փչէ, կ՛ըսէ Հայրիկը եւ կը տարածուի հողին վրայ բացօթեայ. վերարկուս վրան կը ծածկեմ…: Հո՛վ դու, կամացո՛ւկ շարժէ տերեւներն որ չի զարթեցնեն մեծ տարագիրն: Թողէք հայրենի յիշատակաց երազներու մէջ շրջի հանգչի պահ մը: Իսկ ես անշարժ կը հսկեմ, կը տեսնեմ անոր մրափած սիրուն դէմքը եւ կ՛ըսեմ ինքնին – եթէ հայ ազգն իւր խոր քունէն չարթննայ եւ չտեսնէ Հայրիկն եւ զայն կաթողիկոս ընտրելով այդ բանտէն չհանէ, օր մ՛ալ հայոց Հայրիկը այդ կլիմային, այդ զնտանին մէջ աչեր պիտի փակէ եւ այլեւս չպիտի բանայ ի դատապարտութիւն մեզ»:
Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանի աշակերտներէն Մուրատ Մուրատեան, Ռշտունիքի Նոր Գեղէն, կը յիշէ. «Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանի աշակերտներէն ըլլալով յաճախ առիթ կ՛ունենայի Հայրիկի հետ տեսնուելու եւ անոր քաղցր ու հաճելի զրոյցները լսելու: Օրն ի բուն իւր խոնաւ ու նեղ խուցին մէջ ամփոփուած կը կարդար, կը գրէր եւ երբեմն ալ ցած ձայնով կ՛երգէր: Յարութիւն պատրիարքը յատկապէս այդ գետնայարկ ու խոնաւ խուցը յատկացուց Խրիմեանին, որպէսզի պետութիւնը չկասկածէր թէ աքսորական Հայրիկը վանքին մէջ մասնաւոր գուրգուրանքի առարկայ դարձած է: Անոր անձի եւ անուան շուրջ Երուսաղէմի բնիկ հայոց, ուխտաւորներու եւ միաբաններու մէջ այնքան խոր յարգանք եւ համակրանք ստեղծուած էր, որ երբ նա երբեմն վանքի շրջապատէն դուրս գալով հեռուները պտոյտի կ՛երթար, հետաքրքիր բազմութիւն մը` հայեր, հրեաներ եւ արաբներ, կը հետեւէին իրեն: Նա կ՛առանձնանար պարտէզի մը մէջ, կը նստէր կամ կը պառկէր վարդի թուփերուն տակ եւ դանակը ձեռքին` վարդենիի փայտերէն բազմաթիւ ծխամորճներ կը պատրաստէր, կը կարդար կամ շարական ու ժողովրդական երգեր կ՛երգէր: Երեկոները յաճախ իր մօտ կ՛երթային իւր հայրենակից եւ Վարագայ վանքի միաբան Ղեւոնդ վարդապետ Փիրղալէմեան եւ Մեսրոպ վարդապետ Մոկացեան, որոնք իրենց հաճելի զրոյցներով եւ հին յուշերով Հայրիկին ուրախութիւն կը պատճառէին: Ղեւոնդ վարդապետ չունգուռի վրայ կը նուագէր ու կ՛երգէր աշուղական երգեր: Կը յիշեմ թէ ինչպէս շատերը կը ցանկային Հայրիկի խուցը մտնել եւ այդ ուրախ ժամանցին մասնակից ըլլալ, բայց տեղ չկար, շատ նեղ էր»:
Օր մըն ալ Հայրիկ իր մօտ կանչեց Մուրատ Մուրատեանը եւ ըսաւ անոր.
– Տղաս, բաւական բան սորվեցար, ալ ինչո՞ւ կը մնաս հոս. գնա՛ հայրենիք, վասնզի հոն քեզ նման երիտասարդները գեղջուկ ժողովուրդին մէջ շատ մեծ գործ կրնան կատարել մանաւանդ հիմա, երբ ազատութեան գաղափարը եւ յեղափոխութեան ձգտումը օրըստօրէ կը տարածուի ազգին մէջ:
Հայրիկի խորհուրդով ան Երկիր վերադարձաւ եւ նուիրուեցաւ գիւղացիութեան ազգային եւ յեղափոխական գործերուն:
Անգամ մըն ալ Յարութիւն պատրիարք Հայրիկը ճաշի հրաւիրեց: Ճաշին ներկայ էին նաեւ ուխտաւորներ: Պատրիարքը Հայրիկէն խնդրեց ազգասիրական ճառ մը խօսիլ:
Հայրիկ ոտքի ելլելով ըսաւ.
– Սրբազան եղբայր. Վանայ մէջ ազգասիրական ճառեր եւ քարոզներ խօսեցայ, զիս Պոլիս աքսորեցին: Պոլսոյ մէջ ազգասիրական ճառեր ըսի` զիս Երուսաղէմ աքսորել տուին: Հոս ալ եթէ ազգասիրական ճառ մը խօսիմ ո՞ւր պիտի աքսորուիմ. ի վերին Երուսաղէ՞մ արդեօք: Բայց եթէ հոն գացի ձեզ ալ հետս կը տանիմ, ասիկա աղէկ գիտցէք հա՜…: