Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Ուրուկուէյի Մէջ 20 Հազար Հայ Կ՛ապրի
Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը ընդունեց Ուրուկուէյի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Ռոտոլֆօ Նին Նովոան:
Զարեհ Սինանեանը նախ ներկայացուց սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի գործունէութիւնը եւ, Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն առումով, տարուող աշխատանքները: «Սփիւռքը լուրջ դերակատարութիւն ունի հայրենիքի կեանքի մէջ, եւ պետութիւնն ալ իր հերթին մեծ կարեւորութիւն կու տայ հայկական սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու ամրապնդման: Ուրուկուէյի մէջ եւս կ՛ապրին մեծաթիւ հայեր, եւ մեր պետութիւններուն միջեւ առկայ են բարեկամական կապեր: Ուրուկուէյը մնայուն կերպով Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի կողքին է, որուն համար շնորհակալ եմ», նշեց Սինանեանը:
Նախարար Ռոտոլֆօ Նին Նովոան ընդգծեց հայերուն դերակատարութիւնը Ուրուկուէյի մէջ եւ նշեց, որ, իրենց տուեալներով, այժմ 20 հազար հայ կ՛ապրի հոն: «Հայութիւնը Ուրուկուէյի մէջ կը նպաստէ հասարակութեան զարգացման, կը պահպանէ իր ինքնութիւնը, ատոր վառ վկայութիւնն է հայկական դպրոցներու ու եկեղեցիներու առկայութիւնը: Հետաքրքրական համակեցութիւն է` ըլլալ Ուրուկուէյի քաղաքացի եւ մնալ հայ, պահպանել ինքնութիւնը», ըսաւ ան` յիշելով անունները այն նշանաւոր հայերուն, որոնք իրենց ներդրումը ունեցած են Ուրուկուէյի մէջ:
Ուրուկուէյը համեմատաբար փոքրաթիւ սփիւռք ունի` մօտ կէս միլիոն: Նախարարը յատկապէս հետաքրքրուեցաւ Հայաստանի փորձառութեամբ` սփիւռքի հետ աշխատելու առումով, ինչ որ կրնայ մեծապէս օգտակար ըլլալ Ուրուկուէյին: Ռոտոլֆօ Նին Նովոա դիտել տուաւ, որ այս ոլորտին մէջ համագործակցութեան խորացման պիտի նպաստէ նաեւ Հայաստանի մէջ Ուրուկուէյի հիւպատոսութեան բացումը:
Զարեհ Սինանեանը շեշտեց, որ սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարին գրասենեակը բաց է սերտ համագործակցութեան եւ փորձառութեան փոխանակման համար:
Այնուհետեւ կողմերը անդրադարձան հայկական սփիւռքի աշխարհագրական տարածուածութեան եւ բազմազանութեան, հայրենադարձութեան կարելիութիւններուն, Հայաստան-Ուրուկուէյ տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման մէջ հայ համայնքին ներգրաւման:
Շողիկ Թորոսեանին Մենահամերգը Շուշիի Մէջ
Օգոստոս 13-ին Շուշիի Կերպարուեստի պետական թանգարանին մէջ տեղի ունեցած է լիբանանահայ երգչուհի Շողիկ Թորոսեանին մենահամերգը (գեղ. ղեկ. Զաքար Քէշիշեան)` դաշնակահար Նելլի Սարգսեանի նուագակցութեամբ եւ Շուշիի «Վարանդա» երիտասարդական երգչախումբի մասնակցութեամբ:
Համերգին ներկայ էին` Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեանը, մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեանը, քաղաքապետ Արծուիկ Սարգսեանը, մտաւորականներ, բարձրաստիճան զինուորականներ, հիւրեր:
Համերգին ընթացքին հնչած է հայկական դասական երաժշտութիւն: Հանդիսատեսը մեծ բաւականութեամբ վայելած է կոմիտասեան երգեր:
«Վարանդա» երգչախումբին մասնակցութեամբ հնչած է «Թալիշի դիրքերում» երգը, որուն խօսքի հեղինակն է Միքայէլ Հաջեանը: Երգը նուիրուած է ապրիլեան պատերազմի հերոսներուն:
Լեռնիկ Յովհաննիսեանը նշած է, որ հանդիսատեսը բուռն ծափողջոյններով իր հիացմունքը յայտնած է երգչուհիին:
«Ասիկա մեր համագործակցութեան սկիզբը կարելի է համարել: Ես համոզուած եմ, որ երգչուհիին յաջորդ համերգը արցախեան երաժշտասէր հասարակութեան մեծ լսարան ունենալու է», աւելցուցած է նախարարը:
Շողիկ Թորոսեանի խօսքով, իրականացած է Արցախի մէջ մենահամերգով հանդէս գալու իր նուիրական երազանքը:
«Մեծ ուրախութիւն է երգել հերոսական Արցախի մէջ եւ վայելել արցախեան հանդիսատեսին ջերմ ընդունելութիւնը: Ես զգացած եմ մեզ` Արցախն ու սփիւռքը կամրջող ամուր կապը», եզրափակած է ան:
Կայացաւ Գարմեն Աճեմեանին Մենահամերգը Գիւմրիի Մէջ
Օգոստոս 9-ին Գիւմրիի Յովհաննէս Շիրազի յուշատուն-թանգարանի բակին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդական եւ աշուղական երգերու լիբանանահայ կատարող Գարմեն Աճեմեանի «ՔԵԶ ԵՄ ԵՐԳՈՒՄ, ԻՄ ԳԻՒՄՐԻ» խորագիրով մենահամերգը:
Գարմեն Աճեմեանը առաջին անգամ հանդէս եկաւ Գիւմրիի մէջ: Ձեռնարկը երգչուհիին նուէրն էր իր կողմէ շատ սիրելի Գիւմրի քաղաքին: Հնչեցին Շերամի, Հաւասիի, Յովհաննէս Շիրազի, Աւետիք Իսահակեանի ստեղծագործութիւններէն:
Ձեռնարկին Գարմեն Աճեմեանին հետ միասին մասնակցեցան նաեւ Գիւմրիի Շերամի անուան թիւ 5 երաժշտական դպրոցին սաները:
Յովհաննէս Շիրազի յուշատուն-թանգարանի տնօրէն Արա Պապանեանը շնորհաւորեց երգչուհիին շքեղ ելոյթի եւ ծննդեան օրուան առիթով` յոյս յայտնելով, որ Գարմեն Աճեմեանը այսուհետեւ ամէն տարի անգամ մը ելոյթ կ՛ունենայ արհեստներու ու արուեստներու քաղաք Գիւմրիի մէջ:
Համերգային երեկոյին ներկայ էր նաեւ Գիւմրիի քաղաքապետի խորհրդական, մշակոյթի գործիչ Յասմիկ Կիրակոսեանը, որ Գիւմրիի քաղաքապետարանի անունով ողջունեց Գարմեն Աճեմեանը` փաստելով, որ Գարմեն Աճեմեանը արժանանալով Գիւմրիի խստապահանջ հանդիսատեսի բարձր գնահատականին` այսուհետեւ վստահաբար համարձակօրէն կարող է ելոյթ ունենալ Հայաստանի որեւէ քաղաքի մէջ:
Երգչուհին ալ, իր հերթին, շնորհակալութիւն յայտնեց գիւմրեցիներուն ընդունելութեան ու գնահատանքի համար` խոստանալով պարբերաբար համերգներով ներկայանալ Հայաստանի գեղեցկագոյն քաղաք Գիւմրիի մէջ:
Մեծամօրի Մէջ Յուշարձան` Ապրիլեան Պատերազմին Զոհուածներուն Յիշատակին
Արմաւիր մարզի Մեծամօր քաղաքին մէջ 12 օգոստոսին բացումը կատարուեցաւ ապրիլեան պատերազմին զոհուած Սաշա Գալստեանին եւ միւս զինուորներուն նուիրուած յուշարձան` Սաշա Գալստեանի ծննդեան օրը, երբ ան պիտի դառնար 23 տարեկան:
Ներկայ էին` զոհուած զինուորներուն հարազատները, Հայաստանի պաշտպանութեան փոխնախարար Գաբրիէլ Բալայեանը, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին կինը` Աննա Յակոբեանը:
Յուշարձանի հեղինակ Արթուր Բաղդասարեանը լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ յուշարձանը նախագծած է` նկատի ունենալով յաւիտենութեան խորհուրդը, հայրենասիրութեան գաղափարը:
«Սաշայի ծնողներուն ու մեր կողմէ նախաձեռնուեցաւ ստեղծել յուշարձան մը, որ պիտի միաւորէ մեր ժողովուրդն ու մեր հերոսները: Ասիկա միասնականութեան նպատակ կը հետապնդէ, որպէսզի այս յիշողութիւնը կենդանի մնայ ու երիտասարդներուն կեանքը հետագայ սերունդներուն համար օրինակ դառնայ», յայտնեց Բաղդասարեանը` նշելով, որ միայն քանի մը ամսուան ընթացքին նախագծած է յուշարձանը:
Անոր համաձայն, յուշարձանին հիմքը հայրենիքն է, իսկ երկու սիւներն ալ կը խորհրդանշեն ժողովուրդը, որ երկու ձեռքերով խաչ մը կը բռնէ` իբրեւ յաւերժութեան նշան: Ապրիլեան պատերազմին զոհուած բոլոր զինուորներուն անունները գրուած են յուշարձանի յենասիւներուն վրայ:
Սաշա Գալստեանին հայրը` Վաչագան Գալստեանը, որուն մտայղացումն էր նման յուշարձան կանգնեցնելը, նշեց, թէ ճիշդ է, որ յուշարձանը իրենց տան առջեւ կանգնած է, սակայն անիկա ապրիլեան քառօրեային զոհուածներուն յիշատակը կը յաւերժացնէ: «Սաշայի ֆիզիքապէս կենդանութեան օրօք ես մէկ տղայ ունէի, իսկ անոր ու տղոց զոհուելէն ետք բոլորն ալ իմս են: Սաշան առանձինն չէ կատարած իր գործը, եւ ես չէի կրնար ընել բան մը, ուր իր եղբայրներուն անունները չըլլային: Միակ բանը, որ պէտք է ընեմ միայն իրեն համար, իր շիրմաքարն է: Այսօր Սաշան իմ տղաս չէ, ազգին տղան է, ու նոյն ձեւով, մնացած տղաները իմս են», ըսաւ Վաչագան Սարգսեանը` աւելցնելով, որ ինք մէկ որդի տուաւ ազգին` փոխարէնը ունենալով 106 տղաներ:
Զոհուած Նորայր Գալստեանին մայրը` Նունէ Աթաջանեանը, լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշեց, որ շնորհակալ է Սաշա Գալստեանի ընտանիքին, որ յուշարձանի միջոցով, Սաշայի գլխաւորութեամբ, կը յաւերժացնէ 107 տղոց յիշատակը:
Սաշային մայրը ըսաւ, որ երկու տարիէ տխրութեամբ կը նշէին իր որդիին տարեդարձը, սակայն ասկէ ետք տարբեր պիտի ըլլայ. «Ես Սաշին խօսք տուած եմ, որ այսուհետեւ իր ծնունդները ուրախութեամբ պիտի դիմաւորեմ, որովհետեւ ինք մեզի հետ է», յայտնեց ան:
Յուշարձանը կեանքի կոչուած Է Սաշային հօր, անոր ընկերներուն ու Գալստեաններու ընտանիքի բարեկամ Խորէն Քոթանջեանին աջակցութեամբ:
Համօ Սահեանի Գիւղը Լուսաւորելու Աշխատանք Կը Տարուի
Սիւնիքի մարզի Լոր գիւղը, որ Համօ Սահեանի ծննդավայրն է, կ՛ակնկալէ, որ իր տեղը ունենայ զբօսաշրջային քարտէսին վրայ, մանաւանդ որ անիկա ունի մշակութային հարուստ պատմութիւն: Բայց եւ այնպէս գիւղը ունի նաեւ զանազան հարցեր, որոնց կարգին է գիւղի արտաքին լուսաւորութեան խնդիրը, որուն լուծման կ՛օժանդակեն «Վիվասել-Էմ. Թի. Սի.» ընկերութիւնն ու Վայրի բնութեան ու մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամը (FPWC):
Լուսաւորութեան սիւներու տեղադրման աշխատանքները արդէն սկսած են, կը նախատեսուի տնտեսական ու բնապահպանական արդիւնաւէտութիւն ապահովող «Լետ» համակարգով լուսաւորել գիւղին մէկ հատուածը եւ տեղադրել 32 լուսարձակ: Աշխատանքային քարտէսին վրայ ընդգրկուած է նաեւ անուանի բանաստեղծին տուն-թանգարանի տարածքը:
Գիւղի վարչական ղեկավար Դաւիթ Առուստամեանը շատ կարեւոր նկատեց այս նախաձեռնութիւնը` համագիւղացիներու անվտանգութեան, զբօսաշրջութեան խրախուսման եւ յատկապէս բնակիչներուն ապրուստի բնական պայմաններ ստեղծելու առումով: Անոր համաձայն, գիւղին մէջ լուսաւորման բացակայութիւնը բազմաթիւ վտանգաւոր հարցերու պատճառ կը դառնայ:
«Լորի արտաքին լուսաւորութիւնը բնակավայրի կարեւորագոյն խնդիրներէն է: Գիւղին մէջ եղած են գայլերու յարձակման դէպքեր` գիշերային ժամերուն: Խնդիրի լուծումը կարեւոր է թէ՛ մարդոց անվտանգութեան, թէ՛ կենսոլորտային զարգացման տեսանկիւնէ: Հոս կը գտնուի Համօ Սահեանին տուն-թանգարանը: Վստահ եմ, որ լուսաւորութիւնը պիտի նպաստէ նաեւ զբօսաշրջութեան զարգացման», շեշտեց Դաւիթ Առուստամեանը:
Հայաստան Ռազմավարական Դիրք Կը Զբաղցնէ Մեր Օրերու Համաշխարհային Քարտէսին Վրայ. Kcw Today-ի Անդրադարձը
Պատմական գեղեցկութիւն եւ կարեւորութիւն ու հնագոյն մշակոյթ ունեցող Հայաստանը մեր օրերու համաշխարհային քարտէսին վրայ կը գրաւէ ռազմավարական դիրք:
Այս մասին, ըստ «Արմէնփրես»-ին, կը գրէ բրիտանական յայտնի «Kensington, Chelsea & Westminster Today» ամսագիրը, որուն օգոստոսի թիւը լոյս տեսաւ հայոց թռչնագիր այբուբենի նկարը պատկերող շապիկով: Ամսագիրը մեծածաւալ յօդուածներ նուիրած է Հայաստանին` անդրադառնալով մեր երկրի պատմութեան, հաւատքին, զբօսաշրջութեան ու մշակոյթին:
Յօդուածներուն հեղինակները այս տարուան յունիսին այցելած էին Հայաստան` մասնակցելու առաջին անգամ մեր երկրին մէջ կազմակերպուած «Մտքերու հայկական գագաթնաժողով»-ին, որ կազմակերպուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հովանիին տակ:
«Ծառայել Հայաստանին` կը նշանակէ ծառայել մեր քաղաքակրթութեան». 1895-ին, Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու դէմ իրականացուող բռնութիւններուն դէմ հանդէս եկած Բրիտանիոյ վարչապետ Ուիլիըմ Կլետսթոնի այս խօսքերով ալ հեղինակները կը սկսին Հայաստանին նուիրուած յօդուածաշարը` նշելով, որ մէջբերուած խօսքերը այսօր ալ կը շարունակեն մեծ իմաստ ունենալ, որովհետեւ Հայաստան կը շարունակէ իր նշանակալի նպաստը բերել զանազան ոլորտներու մէջ, ինչպէս` համաշխարհային գիտութիւն, դասական երաժշտութիւն, ճատրակ եւ այլն: «Հայ ժողովուրդը յայտնի է իր տեսակով, որ միշտ գրկաբաց կ՛ընդունի այցելուները եւ դրացիները», կը նշեն հեղինակները:
Անդրադառնալով հայոց պատմութեան` KCW Today-ը կը նշէ, որ Հայաստան առաջինն էր, որ 301 թուականին ընդունեց քրիստոնէութիւնը` իբրեւ պետական կրօն: «Ունենալով նման հարուստ կրօնական եւ մշակութային պատմութիւն` պատահական չէ, որ ամբողջ աշխարհի հայերը այսօր ալ կը շարունակեն քրիստոնէական աւանդոյթները եւ ամուր կը պահեն իրենց հաւատքը», կը նշէ ամսագիրը:
Հեղինակները յատկապէս կ՛անդրադառնան Հայոց ցեղասպանութեան` նշելով, որ 1915-1922 թուականներուն շուրջ 1,5 միլիոն հայեր Օսմանեան կայսրութեան մէջ կոտորածի ենթարկուեցան իշխանութիւններուն կողմէ: «Այդուհանդերձ, քաղաքական ճնշումներու պատճառով, այս սարսափելի ոճրագործութիւնը երբեք արդար ճանաչում չէ գտած միջազգային հանրութեան կողմէ: Թրքական կառավարութիւնը միշտ հրաժարած է պատասխանատուութիւն ստանձնելէ կատարուածին համար, Միացեալ Նահանգները եւ Մեծն Բրիտանիան եւս դեռ պաշտօնապէս չեն ընդունած կատարուածը` վախնալով դիւանագիտական հարց ունենալէ Թուրքիոյ հետ», կը նշեն հեղինակները` պատմելով նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի դերին մասին, որ կը կատարէ Ցեղասպանութեան մասին իրազեկման մակարդակի բարձրացման ուղղութեամբ:
«Դիմանալով ժամանակի փորձութեան` Հայաստան այսօր կը ծաղկի նոր թափ հաւաքող զբօսաշրջութեան եւ ծառայութիւններու ոլորտներուն մէջ: Ամէն տարի միլիոնաւոր մարդիկ կ՛այցելեն Հայաստան, որ յայտնի է իր գեղեցիկ բնապատկերներով եւ դաշտերով», կը շարունակեն հեղինակները` պատմելով մեր երկրի գեղատեսիլ վայրերուն մասին: Անոնք յատկապէս ուշադրութիւն կը հրաւիրեն այն փաստին վրայ, որ Հայաստան յայտնի է իբրեւ ձմեռնային մարզաձեւերու սիրահարներու վայր: Հեղինակները կը յայտնեն, որ մեր երկրին մէջ այցելուներուն կը սպասեն իւրայատուկ հայկական ուտելիքները, ինչպէս` խորովածը եւ տոլման:
KCW Today-ի օգոստոսի թիւին մէջ յատուկ անդրադարձ կայ Մատենադարանին` հայոց ձեռագիրներու ստեղծման պատմութենէն մինչեւ հնագոյն ձեռագիրներու ստեղծումը եւ մեր օրերուն անոնց պահպանումը: Հեղինակները կը գրեն, որ հնագոյն ձեռագիրներու ուսումնարանը ոչ միայն հայկական ձեռագիրներու ամենամեծ հաւաքածոն ունի, այլ նաեւ այնտեղ կը պահպանուին օտար լեզուով հնագոյն ձեռագիրներ, ինչպէս նաեւ` արժէքաւոր շատ մը նիւթեր, որոնց բնօրինակները, դժբախտաբար, շատոնց ոչնչացած են, եւ այսօր կը պահպանուին միայն անոնց հայերէն թարգմանութիւնները:
Արտասահմանցի Բնակիչներու Կողմէ Հայաստանեան Դրամատուներուն Մէջ Ներդրուած Աւանդը 51 Տոկոսով Աւելցած Է
Հայաստանի մէջ վարկերու եւ աւանդներու ծաւալները 2019-ի յունիսի վերջին, նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատելով` էականօրէն աւելցած են:
Հայաստանի Կեդրոնական դրամատունը հրապարակեց 2019 թուականի յունիսի դրութեամբ հայաստանեան առեւտրային դրամատուներուն կողմէ տրամադրուած վարկերու եւ դրամատուներուն մէջ ներդրուած աւանդներուն ցուցանիշները:
Ըստ պաշտօնական տուեալներուն, ընթացիկ տարուան յունիսին, նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատելով, վարկերու եւ աւանդներու քանակը աւելցած է: Առեւտրական դրամատուներուն կողմէ քաղաքացիներուն տրամադրուած վարկերուն ծաւալը կազմած է 2 թրիլիոն 934 միլիառ դրամ, որ նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատելով` աւելցած է 13 տոկոսով, իսկ աւանդներու ծաւալը աւելցած է 18 տոկոսով` կազմելով 3 թրիլիոն 90 միլիառ դրամ:
Ընթացիկ տարուան յունիսին Հայաստան բնակող արտասահմանցիներու կողմէ դրամատուներուն մէջ ներդրուած աւանդներուն քանակը աւելցած է 51 տոկոսով` կազմելով 813 միլիառ դրամ, իսկ բնակիչներուն կողմէ ներդրուած աւանդներուն գումարը աւելցած է 9 տոկոսով կամ 1 թրիլիոն 9 միլիառ դրամով` կազմելով 2 թրիլիոն 277 միլիառ դրամ:
Յուլիս 2019-ին Նախորդ Տարուան Յուլիսէն 16,7 Տոկոսով Աւելի Մարդ Եկած Է Հայաստան
Ընթացիկ տարուան յուլիսին Հայաստանի օդակայաններուն մէջ ընդհանուր ուղեւորահոսքը կազմեց 371.883 մարդ` 2018 թուականի նոյն ամսուան ցուցանիշը գերազանցելով 16,7 տոկոսով:
«Արմենիա» միջազգային օդակայանէն յայտնեցին, որ 2019-ի յուլիսին, 2018-ի նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատելով, «Զուարթնոց»-ի մէջ, ուղեւորահոսքը աւելցաւ 18,7 տոկոսով: Եթէ 2018-ի յուլիսին օդակայանի ծառայութիւններէն օգտուած էր 300.674 ուղեւոր, ապա 2019-ի յուլիսին` 356.934 ճամբորդ:
2019 թուականի յուլիսին Գիւմրիի «Շիրակ» օդակայանին մէջ ուղեւորահոսքը կազմեց 14.949 մարդ: 2018 թուականին նոյն ամսուան 17.898 ուղեւորահոսքին համեմատ նուազումը հանդիսացաւ 16,5 տոկոս:
Տարեսկիզբէն Հայաստանի Հանրապետութեան երկու օդակայաններու ուղեւորահոսքը կազմեց 1.692.494 մարդ, որ 11 տոկոսով աւելի է նախորդ տարուան 6 ամիսներէն:
«Զուարթնոց» եւ «Շիրակ» օդակայաններուն մէջ 2019 թուականի յունուար-յուլիս ամիսներուն, նախորդ տարուան նոյն ամիսներուն հետ համեմատած, 7,7 տոկոսով աւելցան թռիչքներն ու վայրէջքները:
6 Ամսուան Ընթացքին Ոգելից Ըմպելիներու Եւ Ջուրի Արտադրութիւնը Երկակի Աւելցած Է
2019 թուականի յունուար-յունիս ամիսներուն, 2018 թուականի նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատելով, երկակի աւելցած է ոգելից ըմպելիներու արտադրութիւնը:
Հայաստանի Ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներուն համաձայն, քոնեաքի արտադրութիւնը, հաշուետու ժամանակաշրջանին, աւելցած է 44 տոկոսով, ուիսքիինը` 15 տոկոսով, օղիինը` 37 տոկոսով, գինիինը` 43 տոկոսով, գարեջուրինը` 19,6 տոկոսով:
Ընթացիկ տարուան առաջին կիսամեակին աւելցած է նաեւ հանքային եւ կազային ջուրերու արտադրութիւնը` 23 տոկոսով: