Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծարանքի Զարտուղիներ

Օգոստոս 23, 2019
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

«Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը չորս  ելոյթներով ներկայացուց  Նիլ  Սայմընի  «Տը կուտ տաքթըր» պատկերաշարը` Յակոբ Տէր Ղուկասեանի բեմադրութեամբ: Ի գիտութիւն անգիտաց` Չեխով (1860-1904) գործող վկայեալ բժիշկ մըն էր:

Սայմըն Չեխովի կարճ պատմուածքներէն ինն վերածած է բեմական պատկերներու: Պատկերները զաւեշտական են, որովհետեւ այդտեղ առկայ է ցաւը: Ելոյթին մէջ զանց առնուած էին երկու պատկերներ, որոնցմէ մէկը` «Too late for happiness» (Երջանկութեան համար շատ ուշ է), ուղղակի առնչուած է Սայմընի հոգեվիճակին, երբ կը գրէր ներկայ աշխատութիւնը: Սայմըն այրիացած եւ տագնապահար էր, վերածուած էր ալքոլամոլի մը: Մուսաները լքած էին զինք: Այդ կարելի է նկատել կողքի դիմանկարին մէջ:

Վ. Խտըշեան տակաւին 1990-ին ներկայացուցած էր չեխովեան «Ծիծաղի երեկոյ»  մը, որուն 5 պատկերներէն երեքը առնուած էին «The Good Doctor»-էն: Աւելցուած էին «Արջը» եւ «Ամուսնութեան առաջարկը»:

Կոճատ զուգահեռներ.- Առաջին զուգահեռը այն է, որ, հակառակ իրենց  հակոտնեայ  նկարագիրներուն` ցաւի առկայութիւնը յատկանշական է երկու թատերագիրներու գործերուն մէջ: Այս նմանութեան պատճառներէն մէկը թերեւս այն է, որ երկուքն ալ զաւակներն են դաժան պայմաններու տակ ապրած ընտանիքներու: Կան կենսագրական այլ նմանութիւններ, որոնք չեն առնչուիր ներկայ գործի բնոյթին: Սայմընի կենսագրութեան եւ մօտեցումին նախապէս անդրադարձած եմ (1): Չեխով եւ Սայմըն մարդկային թուլութիւնները կը ներկայացնեն… ներողամտաբար:

Չեխովի հանճարով հմայուած են բազմաթիւ գրողներ` սկսած Պեռնար Շոյէն (1856-1950), որ իր «Սրտաբեկ տունը» (The Heartbreak House 1920)  թատրերգութեան տուած է «Ռուսական ոճի  ցնորանուագ` (Fantasia) անգլիական բներերգներով» (2) ենթավերնագիրը, թէեւ հազիւ որեւէ նմանութիւն կարելի ըլլայ տեսնել բրիտանական  եւ ցարական Ռուսիոյ աւատատէր դասակարգերու միջեւ (3):  Հեմինկուէյի «Սպիտակ փիղերու նման բլուրներ» պատմուածքը  (Hills like White Elephants, 1927) յստակօրէն ազդուած է  Չեխովի «Շնիկով կինը» պատմուածքէն: Երկրպագուներու շարքը կը հասնի մինչեւ մերօրեայ Ճափոն: Այս նիւթին շուրջ կան ակադեմական ուսումնասիրութիւններ(4):

Չեխովը օրինակողներ հազիւ թէ կարենան կրկնել անոր նուրբ ու ցաւոտ հումորը: «Երեք քոյրեր»-ուն մէջ, օրինակ, որմէ դերասանուհին պիտի արտասանէր երեք հատուածներ (քոյրերու աւարտական մենախօսութիւնները), անիմաստ վէճ մը պատրուակ կը դառնայ մահաբեր մենամարտի (5):

Ցաւոտ պատկերներ.- «Բարի բժիշկը» կարելի չէ դասական առումով թատրերգութիւն համարել: Իրարմէ անկախ պատկերներու հասարակ յայտարարը հարկ է որ ըլլար թատերագրի մօտեցումը ցաւին, որ այս կամ այն ձեւով առկայ է բոլոր պատկերներուն մէջ:

Առաջին ցաւը ցարական Ռուսիոյ պետական ստորադաս գրագիրի մը (չինովնիկ) տուայտանքն է, որ կը տանի դէպի հոգեկան մահ: Այստեղ զօրավարը ոչ թէ բնապահպանութեան, այլ հանրային պարտէզներու նախարար է: Ոչ պատկառելի հանգամանք մը: Երկու չինովնիկներ եկած են դիտելու «Մօրուսաւոր կոմսուհին» վերնագրով ոչ պատկառելի թատրերգութիւն մը: Զօրավարի եւ տիկնոջ լրջութիւնը ինքնին ծիծաղելի է: Չեխովի վերնագիրն է` «Չինովնիկի մահը» (1883): Սայմըն այդ վերանուանած է պարզապէս «Փռնգտոցը» եւ առաջարկած` այլընտրանքային բարեզարդ աւարտ: Չինովնիկը յանկարծ կը ժառանգէ 5 միլիոն ռուբլի, որ համազօր էր մերօրեայ 80 միլիոն տոլարին: Սայմընի աւարտը անհեթեթ է եւ խոտոր` չեխովեան մթնոլորտին:

Երկրորդ պատկերը տանտիրուհիին ձախող փորձն է վարժուհիի ընկերային գիտակցութիւնը արթնցնելու: Բայց  մէկ տիրուհիի բարի մտայնութիւնը բաւարար չէ վերացնելու դարերու ընթացքին արմատացած ստրկամտութիւնը: Փորձի աւարտին բարեմիտ տիրուհին կը հարցնէ. «Կարելի՞ է այսքան անողնայար ըլլալ»: Վարժուհին տխուր կը պատասխանէ. «Այո՛, տիկի՛ն, կարելի է»: Չեխով յեղափոխական մը չէր, բայց իր բազմաթիւ գործերուն մէջ նրբօրէն արտայայտած է ցարական ընկերութեան հոգեվարքի մէջ գտնուելու հանգամանքը: 1905-ի յեղափոխութիւնը եկաւ իր մահէն տարի մը ետք… Բարեբախտաբար Սայմըն այստեղ չէ առաջարկած որեւէ բարեզարդ աւարտ:

Երրորդ ցաւը ֆիզիքական է, սովորական ատամնացաւ: Այս պատկերին մէջ Չեխով բացակայ էր: Փոխարէնը` մեծ էր բեմադրիչին միջամտութիւնը: Լուսարարը վերածուած էր կրօնաւորի, հասարակ աղօթքները` (Hail Mary) ծնրադիր աղիողորմ «Տէ՛ր, ողորմեա»-ի: Ատամնաբուժին օգնականը ոչ միայն ապիկար, այլեւ շատակեր եւ աղտոտ է: Յաւելուած էին նաեւ վազվզուք եւ քաշկռտուք, որոնք ուռճացուած էին hետագայ ելոյթներու մէջ: Այդ հակոտնեայ է ե՛ւ Չեխովի, ե՛ւ նոյնիսկ Սայմընի մօտեցումներուն: Նպատակը ի հարկէ արտառոց շարժուձեւերով ծիծաղ կորզել էր, որովհետեւ կարելի չէր եղած Սայմընը յատկանշող արագ սրախօսութիւնները  թարգմանել: Ատամնաբուժի սարսափը մնայուն եւ դիւրին բներգ է զաւեշտներու մէջ: Այս պահուս հայրենի Մալեան թատրոնի բեմին վրայ է «Արեւելեան ատամնաբուժը»: Բայց ինչո՞ւ ծիծաղի առարկայ պիտի դարձուէր օծեալ կրօնական մը: Բնագիրը հակակղեր ասք չի պարունակեր: Ինչպէ՞ս հասկնալ: Բացի այդ, միթէ KFC-ի զամբիւղը «որդածա՞կ» (wormhole) մըն է, որոնց միջոցով 19-րդ դարու միջադէպը կը շպրտուի դէպի 21-րդ դար:

Չորրորդ ցաւը կնոջ անտեսումն է ամուսինին կողմէ: Այս նոյնպէս մնայուն բներգ է: Հեղինակի կերպարը կը յիշէ Թուրկենեւ (Ivan Turgenev 1818-83), որ սեռային գայթակղութիւններ պատկերած է, յատկապէս` «Գարնան հեղեղներ» (1872) վէպին մէջ: Ի դէպ, բնագրի վերնագիրն է` “The Seduction” (գայթակղեցումը), որ բարոյական երանգ ունի:  Բներգը առկայ էր նաեւ «Արի՛ երազենք» հիւրախաղին մէջ: Ամուսինին անմիտ եւ անտարբեր վարմունքը յարիր էր «բարքերու կատակերգութեան» աւանդին, մենք կը տեսնենք, որ կինը առանձին կը քնանայ: Բնագրին մէջ կնահալած կերպարը կը կոչուի Փեոթր Սիմիոնիչ, որ հասարակ շառլաթան մըն է: Այստեղ տիտղոսաւորուած է որպէս «Քազանովա»:  Վերջինը վենետիկցի հանրային մշակուած անձնաւորութիւն մըն է, որուն մօտաւորապէս 1200 էջանոց (գրաքննուած) յուշերը հրատարակուած են յետմահու: Բեմի վրայ տեսանք դաջուածապատ գլուխ գովող «ակա» մը: Բնագրին մէջ Փեոթր միջին տարիքի հմուտ նշանառու մենամարտիկ մըն է: Այդ ձիրքը անհրաժեշտ էր իր ասպարէզին մէջ: Վերջին տեսարանին մէջ, հոգեփոխութենէ ետք ակնոցը կը վերադարձնէ իր աչքերուն եւ կը ստանայ իր տարիքին աւելի վայել կերպարանք: Այդ խորհրդանշական ժեսթը զեղչուած էր ելոյթին մէջ:

Խեղդուող մարդու պատկերին մէջ կը տեսնենք դատարկաշրջիկի (tramp) նիւթական թշուառութիւնը: Վաթսուն կոպեկի (շուրջ 10 տոլար) վաստկելու համար նախ կը կորսնցնէ իր արժանապատուութիւնը, ապա` կեանքը: Թերեւս աւելի խոր ցաւը զինք դիտող մարդոց անտարբերութիւնն է:

Բնագիրին մէջ նաւամատոյցի մէջ շրջողը նոյնինքն գրագէտն է: Նաւու ազդափողը կը յայտարարէ մշուշ, ուրեմն տեսանելիութիւնը վատ է: Ուրեմն լողալ չկարողացող դատարկաշրջիկը կրկնակիօրէն ինքզինք վտանգի կ՛ենթարկէ: Կարելի չէ հասկնալ, թէ ինչո՛ւ այդ զեղչուած էր ելոյթին մէջ: Դատարկաշրջիկի օգնականի տարօրինակ անունն է  Փոփնիչեւսքի: Եթէ երկրորդ դատարկաշրջիկին անունը, այսինքն Բաբելոնի մեծագոյն արքայի հետեւութեամբ` «Նաբուգոդոնոսոր» ըլլար, ապա ոչ միայն գրագէտը, այլեւ դպրոցական մանուկ մը անգամ դիւրաւ պիտի յիշէր: Կ՛ենթադրեմ, որ «Նաբուգոդոնոսոր» անունը ընտրուած է, որովհետեւ կրնայ ոմանց համար ծիծաղելի հնչել:

“The Audition”-ի մէջ (Ունկնդրութիւնը) ցաւը սկսնակ (եւ ոչ միայն) դերասաններու անմխիթար կացութիւնն է,  երբ կը բացակայի պետական հովանաւորութիւնը: Այս պատկերը թերեւս միակն է, որ իսկապէս այժմէական է ե՛ւ հայրենիքի, ե՛ւ արտասահմանի մէջ: Ի հեճուկս 39,5 ջերմին,  դերասանուհին հեռաւոր Օտեսայէն Մոսկուա եկած է, որովհետեւ հարկ էր 6 ամիս սպասել նման առիթի մը: Դերասանուհին կ՛արտասանէ Չեխովի «Երեք քոյրեր» թատրերգութեան (որ բախտ ունեցած եմ ռուսերէն բնագրով կարդալ) աւարտական մենախօսութիւնները: Մաշա կը մէջբերէ հեռացող զօրամասի հրամանատար Վերշինինը. «Պիտի գայ ժամանակ, երբ մարդիկ հասկնան, թէ ի՛նչ կը նշանակէ այս բոլորը… մինչ այդ հարկ է ապրիլ… հարկ է ապրիլ…»: Տարեց մայր-քոյր Օլկա կը շարունակէ. «Մենք պիտի մոռցուինք, բայց մեր տառապանքը տուն պիտի տայ երջանկութեան… եթէ միայն կարենայինք գիտնալ… եթէ միայն կարենայինք գիտնալ…»: Քոյրերու երազանքը յստակօրէն ընկերային է: Կ՛երազեն ապրիլ ընկերութեան մը մէջ, ուր, ինչպէս նախորդ պատկերին մէջ, մարդիկ 60 կոպեկի սիրոյն խեղկատակ մահու յանդիման չեն երթար: Այդ փոխարինուած էր «Հին աստուածներ»-ու իշխանուհիի մելոտրամաթիք զեղումով` արգիլուած սիրոյ մասին: Բոլորովին անյարիր եւ անտեղի: Որո՞ւ է հարկաւոր նման տեղայնացում: Անյարիր էր նաեւ վայրի տեղայնացումը: Թրիփոլի կը գտնուի Պէյրութէն շուրջ 80 քմ,  այսինքն 1 կամ 2 ժամ հեռաւորութեան վրայ, մինչդեռ Օտեսա կը գտնուի Մոսկուայէն աւելի քան 1300 քմ հեռաւորութեան վրայ: 19-րդ դարուն այդ ճանապարհորդութիւնը տանջալի էր նոյնիսկ առողջ մարդոց համար:

Կ՛ենթադրեմ, որ 7-րդ պատկերին մէջ ցաւը ներկայացուած է շրջուած ձեւով: Բեմի վրայ կը տեսնենք ոչ թէ իրականը, այլ` փափաքելին: Որդին պիտի փափաքէր, որ իր հայրը օգնէր իր սեռային հարցերուն լուծում գտնելու, իսկ հայրը պիտի փափաքէր, որ ինք կարենար այդ կատարել: 19-րդ դարուն, սակայն, այդ աներեւակայելի էր: Որդիին ցաւը այն է, որ անօգնական է, իսկ հօր ցաւը` այն, որ կը տեսնէ իր զաւակին տագնապը, բայց անկարող է օգնել: Վերջին պահուն «կինը» հովանոցով մը փոխարինելու իմաստը այն է, որ հայր ու որդի կ՛ուզեն հեռացնել դառն բաժակը:

Լեզուական.- Կը յուսամ, որ պիտի գայ օր, երբ պարտադրուած չեմ ըլլար տարրական նշումներ կատարել: Հարցերը, ինչպէս յաճախ, կը սկսին կերպարներու անուններէն: Առաջին տեսարանին մէջ աննշան պաշտօնեային անունը` Չերտեաքով, կը նշանակէ վերնատունեան: Չերտեաք լիբանանեան «թաթխիթէ»-ն է, աւելորդ իրերու շտեմարան: Վերածուած է «Շաւարշ»-ի, որ կը յիշեցնէ հասարակական եւ գրական կերպարներու հոյլ մը, ներառեալ` Չարենցի «Երկիր Նայիրի»-ի խմբապետը: Անհեթեթի խցո՞ւմ:

Ատամնաբուժի տեսարանին մէջ Sexton կը նշանակէ լուսարար, որ կղերական հանգամանք չունի: Տիպարը ունի նաեւ ազգանուն` Վոնմիկլասով, որ կը նշանակէ ցնցուող կամ դողդոջող: Ի դէպ, ատամնաբուժին օգնականը կ՛ըսէ. «I told you not to twitch!»: Այստեղ twitch (ցնցուիլ) բառը ակնարկ է տիպարի անունին: Վերածուած է անանուն սքեմաւոր սաղմոսասաց կղերականի մը: Անհեթեթի խցո՞ւմ:

Ապա կու գայ անախորժ թրքախօսութիւնը: Թրքերէն լեզուի մէջ «մէ» մասնիկը կը գործածուի ե՛ւ որպէս ժխտական (մի՛), ե՛ւ որպէս աներեւոյթ բայ կազմելու ածանց: Թրքախօս հայեր կը շփոթեն երկու գործածութիւնները: Ատամնաբուժի օգնականը ըսաւ. «Հոսկէ չես ելլեր ակռան չքաշած»: Թրքերէնով` «չեքմետեն»: Իսկ Իրինա ըսաւ. «Ոչ մէկ խօսք` սրտիս խօսքը չլսած»:  Կարելի էր ըստ նախասիրութեան գործածել «նախքան», «մինչեւ» կամ «առաջ» մակբայները:  Ի դէպ, նոյնն է պարագան թրքերէն «նէ» ժխտական մասնիկին, որ նաեւ կը նշանակէ «ինչ»: Թրքախօսներ կ՛ըսեն, օրինակ, «Ինչ գացի, ինչ եկայ»: Թրքախօսութիւն էր նաեւ «ատեններ» անախորժ մակբայը, որ կրկնուեցաւ առնուազն երկու անգամ: Կարելի էր փոխարինել, օրինակ, «երբեմն»-ով: Թրքախօսութիւնը տեղ գտած էր նաեւ ելոյթի գրքոյկին մէջ: Ոչ թէ «աւելորդ մեկնաբանութիւն», այլ «յաւելեալ մեկնաբանութիւն»: Այս կը ծագի թրքերէն «ֆազլա» բառի անգրագէտ թարգմանութենէն:

Ի դէպ, ռուբլիի տուեալ ժամանակաշրջանի գնողական արժէքը եւս (շուրջ մերօրեայ 16 տոլար) միանշանակ չէր «թարգմանուած»: Դատարկաշրջիկը, օրինակ, ջուր կը նետուի փոխան ոչ թէ մէկ, այլ 10 տոլարի (60 կոպեկ):

Կը նկատուէր նաեւ արաբախօսութիւն, ինչպէս` «պաշտօնի վրայ վախնալ» եւ ընթացիկ սխալներ, ինչպէս` «զատել», փոխանակ` «ընտրել»-ու, կամ` դրամանիշները «հաշուել», փոխանակ` «համրելու»:  «Իրագործած գործ» գրագէտ հայերէն չէ, թատրոնը «ժամանակ անցընելու» վայր չէ… տխուր օրինակները պիտի բազմապատկուէին, եթէ տրամադրութեանս տակ ունենայի ելոյթին բնագիրը: Բայց այդ հազիւ թէ չափաւորէ յոխորտանքը: Բեմադրիչին հետ տեսակցութեան ընթացքին զրուցավարուհին այս մտահոգութիւնները համարեց… «գանգատ» եւ «տռտռոց»:

Բեմայարդարում եւ այլն.- Գրողի խեղճուկ սեղանը կը գտնուէր Հրայր Գալեմքերեանի սեփականաշնորհուած անկիւնին մէջ, որ այս անգամ նկատելիօրէն ընդարձակուած էր ի հաշիւ սրահի: Սեղանին վրայ կը տեսնուէր բաժակ մը ուիսքի: Այդ ալքոլամոլութեան խորհրդանիշն է: Բարի՛: Խախուտ տանիքը նոյնպէս խորհրդանշական է: Տունը պաշտպանուած չէ: Գրագէտը կ՛ըսէ, որ իր գրասեղանով կը ծածկէ բացուածք մը: Իմա` գրելով կը փորձէ լեցնել (հոգեկան) պարապ մը:

Բեմայարդարումը նուազապաշտական էր (minimalist), այդ կը ծառայէ պատկերներուն անժամանակ (in-temporal) ուրեմն եւ մերօրեայ բնոյթ տալու: Բարի՛, թէեւ համաձայն չեմ, որ բնագիրն ու մեկնաբանութիւնը անժամանակ էին:  Վեց մեծ փարաւան-պաստառներ կը ծառայէին ե՛ւ ծածկելու այլ տեսարաններու մէջ գործածուած իրերը, ե՛ւ որպէս սեւ կամ  սպիտակ խորապատկեր: Երկու ոչ գոյներն ալ կը ստեղծեն վայրի անորոշութիւն: Կրնայ Մոսկուա ըլլալ կամ Պէյրութ: Շա՛տ բարի, թէեւ համաձայն չեմ, որ բնագիրն ու… Դատարկ խորապատկերը եւ լուսաւորումի յարիր ընտրութիւնը կրնան ցցել կամ պահել կերպարներու ուրուագիծները: Բարի՛:

Որմազդը կրնար շատ աւելի արտայայտիչ ըլլալ: Հետզհետէ խոշորացող բառերը կը յայտնեն, որ ելոյթի թուականը կը մօտենայ: Բարի՛, բայց ինչո՞ւ շեշտել «Doctor»-ի հանգամանքը: Այդ բնորոշ չէր ելոյթին:

Բացման տեսարանին ընդառաջ կը լսուէր կանուխ` 18-րդ դարու պատկանող մեղմ սենեկային երաժշտութիւն: Խաղի սկիզբը ազդարարուեցաւ ոչ թէ ելեկտրական զանգով, այլ գաւազանի դասական հարուածներով: Ելոյթի ընթացքին լսուեցաւ նաեւ պալալայքայի երաժշտութիւն: Այդ երեք տարրերը թերեւս կը նշանակէին, որ պատկերները կու գան ռուսական անցեալէն: Ելոյթին մէջ, սակայն, կարելի չէր նկատել ռուսական որեւէ տարր: Մեծաւ մասամբ զեղչուած կամ փոխարինուած էին ռուսական անունները: Ինչպէս նշեցի, փոխարինուած էր «Երեք քոյրերու» մենախօսութիւնը:  Երաժշտութիւնը եւ ձայնը այլապէս կարեւոր դեր չունէին: Ինչպէս նշեցի, զեղչուած էր նաեւ մշուշի ազդարար փողը:

Հանդերձաւորումը չունէր միատարր սկզբունք: Կղերականն ու ոստիկանը (Զաւէն Պաաքլինի) տարազներ կը կրէին, բայց կարելի չէր բնորոշել կրօնականի յարանուանութիւնը կամ ոստիկանի ճշգրիտ պատկանելիութիւնը: Այդ ի հարկէ յարիր է չտեղայնացնելու նպատակին: Շա՛տ բարի: Հանդիսատեսին համար յստա՞կ էր, թէ ինչո՞ւ հայր ու որդի կը կրէին միանման պատանեկան տարազ, երբ պիտի կատարէին դէպի տղամարդ անցումի անկիւնադարձային ծէս (rite of passage), կամ թէ` ինչո՞ւ պետական պաշտօնեան կը կրէր Մարքս եղբայրներէն Կրուչոյի դիմակ: Պարզապէս աժան ծիծաղ կորզելո՞ւ համար: Չէ՞ որ կ՛իմանանք, թէ այդ խոտոր է թատերախումբի նկարագիրին:

Մեկնաբանա-կատարողական.- Պարզ էր, որ բոլոր դերակատարները մեծ ջանք գործադրած էին իրենց դերերը պատրաստելու համար: Պարզ էր նաեւ, որ բոլորը հաճոյքով եւ նուիրուածութեամբ մօտեցած էին աշխատանքին: Բարի՛: Հարկ է նշել  սակայն, որ բոլոր կերպարները մէկ տարածաչափային էին, այդտեղ չկային հոգեբանական բարդ պահեր եւ  նկատելի զարգացում: Քազանովայի «հոգեփոխութիւնը», օրինակ, սկսաւ բեմին վրայ, ան  տատամսեցաւ,  բայց ենթադրեալ զարգացումը իմացանք միայն հեղինակի պատումին ընդմէջէն, ոչ բեմին վրայ:

Հրայր Քալեմքերեան (գրողը) արտաբերեց կրկին այն, ինչ որ դիտած էինք իր նախորդ ելոյթներուն մէջ: Հիմնուելով բեմադրիչի խօսքին վրայ` հարկ է ենթադրել, որ բեմի վրայ կրկին Իփէկեանի մակնիշ դարձած «անկիւնի պատմող մարդն» էր: Կերպարին մէջ ի հարկէ բացակայ էին Չեխովն ու Սայմընը:

Պատմողին ոչ բոլոր շարժուձեւերը հասկնալի էին: Ինչո՞ւ, օրինակ, իր յատկանշական ձեւով զարմացած, ցնցուեցաւ, երբ լսեց գաւազանի հարուածները: Չէ՞ որ բոլոր պատկերները ի՛ր իսկ երեւակայութեան մէջ տեղի կ՛ունենային: Ինչո՞ւ «խեղդուող մարդու» տեսարանէն առաջ ոտքերը դրաւ սեղանին վրայ` ներբանները դէպի սրահ: Որպէսզի հանդիսատեսը ժխտակա՞ն տրամադրուի դատարկաշրջիկի հանդէպ: Ո՞ւր է տրամաբանութիւնը:

«Փռնգտոցի» տեսարանը ուռճացուած էր, յատկապէս` հետագայ ելոյթներուն մէջ: Բազմապատկուած էին
նաեւ թաշկինակները: Այստեղ հարկ էր ցոյց տալ, որ զօրավար-նախարարը ոչ թէ իսկապէս կարեւոր եւ յարգելի պետական անձ է, այլ պարզապէս` Չերտեաքով մեծաւորը: Թատրոն եկած էր դիտելու ոչ թէ Օսթրովսքի կամ Շէյքսփիր, այլ` «Մօրուսաւոր կոմսուհին»: Այդ սեւ հումորը մենք չտեսանք խաղարկութեան մէջ: Ի դէպ, հարկ է, որ Ազնաւուրեան ջանայ աւելի բեմական ձայն արտաբերել: Շաւարշի կերպարանքն ու շարժուձեւը ծաղրանկարային էին, բարի՛: Հարկ էր սակայն, որ ծանակը ուղղուէր ոչ թէ խեղճ գրագիրին, այլ` այն հասարակակարգին, որ կը ստորնացնէ անհատը: Հարկ էր, որ տեսնէինք Չեխովի պատկերած «մեռնող գրագիրի» տուայտանքը: Յամենայն դէպս Պեքերեճեան քայլ մը եւս առաջ գացած էր: Շա՛տ բարի:

«Վարժուհի» երկարաձիգ  պատկերին մէջ անարդարութիւնը յարաճուն (crescendo) կը սաստկանայ, բայց ելոյթին մէջ ե՛ւ տիրուհին (Սիլվա Ատուրեան), ե՛ւ յատկապէս Ժուլիա` տնային դաստիարակչուհին (Դալար), խաղացին նոյն լարումով: Այս պատկերին ցաւը այն է, որ Ժուլիա սովոր էր անարդարութեան, բայց մի՞թէ սովոր էր նաեւ, որ իր տիրուհիները կարիք զգային երկարապատում պատճառաբանութիւններ յօրինելու: Վարժուհին աւելի քան ամիս մը ունեցած է ուսումնասիրելու իր տիրուհիի վերաբերմունքը: Ինչո՞ւ չնկատեց, որ տիրուհին խաղ կազմակերպած է: Դալար Տէր Սարգիսեան ունի հաճելի արտաքին եւ ձայն: Յուզիչ կերպով կատարեց այն, ինչ որ թելադրուած էր: Սիլվա Ատուրեան կենսունակ է, ունի ձայնային եւ մարմնական արտայայտիչ խաղարկութիւն: Վստահ եմ, որ զինք պիտի տեսնենք աւելի ընդարձակ դերերու մէջ:

Վիրաբուժութեան պատկերը ամբողջութեամբ խեղկատակութիւն էր, slapstick: Անձնապէս հաճոյ չեմ գտներ, որ այդ նպատակին համար լուսարարը հագցնէր քահանայական սքեմ եւ  շահագործուէր «Տէ՛ր, ողորմեա»-ն: Զաւէն Պաաքլինի դափնեկիր է, անոր խաղարկութեան շուրջ խօսելու կարիք չկայ: Նժդեհ Մկրտչեան երկար ճամբայ անցած է «Աստուածային կատակերգութիւն»-էն ի վեր: Շա՛տ բարի: Այսուհանդերձ, պէտք է փորձէ իր անձը ըստ կարելւոյն դուրս բերել ներկայացուած կերպարէն:

«Հրապուրանքը» միակ պատկերն էր, ուր կար զարգացում` յանձինս սառն ամուսնու կնոջ գայթակղութեան (Ժան Պեքերեճեան եւ Գոհարիկ Քերոբեան): Ամուսինի հագուկապը տժգոյն է (բարի՛), ան ննջարանի մէջ իսկ (կրկնե՞մ) անթացուպով … ներողութիւն, ձեռնափայտով կը քալէ:  Կինը առանձին կը քնանայ, բայց խնամք կը տանի իր արտաքինին: Քազանովայի (Յարութ Սամոյեան) կերպարը յարիր չէր: Անհաւատալի է, որ մշակուած տիկին մը հմայուի փողոցային ակայով մը: Քերոբեանի խաղարկութիւնը համոզիչ էր մինչեւ այն պահը, երբ ֆիզիքապէս հանդիպեցաւ Քազանովայի: Թուեցաւ, թէ կը պակսէր «քիմիան»: Ինծի թուեցաւ, թէ Սամոյեան կը խաղար ինքզինք, այլ ոչ` Սայմընի կերպարը: Կային անհասկնալի շարժումներ: Ինչո՞ւ, օրինակ, Քազանովա ծխիկ խնդրեց գրողէն եւ անմիջապէս մարեց Սայմընի խմիչքի բաժակին մէջ: (Վայրկեան մը, Չեխով կամ Սայմըն ծխողնե՞ր էին… ինչ որ է): Ինչո՞ւ հանէր ու հագուէր բաճկոնը  եւ այլն: Լուսանկարներէն դատած` Հայաստանի մէջ Արման Նաւասարդեան այլ կերպ մօտեցած է դերին:

Ինչպէս նշած էի, Սայմընի «Խեղդուող մարդու» պատկերին մէջ անտարբեր անցորդի կերպարը կը խաղայ գրողը: Գրողը անվրդով կը դիտէր, մատն իսկ չէր շարժեր փրկելու համար թշուառ դատարկաշրջիկը: Դժգոհ է թերեւս ինքն իրմէ, որովհետեւ չի կրնար յիշել գաղտնաբառը: Այդ սեւ հումոր է, ձեւով մը` ինքնաքննադատութիւն: Սայմըն հեռու մնացած է ընկերային հարցերէ: Ներկայ ելոյթին մէջ գրողը ստանձնած էր ոչ թէ դիտորդի, այլ դատարկաշրջիկի կերպարը: Այդ կարելի չէ հասկնալ գաղափարական իմաստով: Կը թուի, թէ կը բխի դերակատարներու անհատական նախասիրութիւններէն: Ո՛չ բարի: Իսկ պատահական դիտորդի (Վարդան Ազնաւուրեան) խաղարկութիւնը անհասկնալի էր: Կարելի չէր իրարմէ զանազանել մերժումի եւ քրէական մեղսակցութեան կեցուածքները: Մինչդեռ զաւեշտական այդ պատկերին մէջ դիտորդն է տմարդի ամբաստանեալը: Ինչի՞ կը ծառայէին խեղդուող զոհ-դատարկաշրջիկի խեղկատակ շարժումները: Bugs Bunny-ի եւ կամ այլ  «մուլտի» կերպարներու նման` լամպի բարակ ձողի ետին պահուիլ եւ կամ յետսամասը խաղացնել: Ելոյթի պատկերին մէջ ո՞ւր էր ճմլուած, սովահար մարդու ցաւը: Ո՞ւր էր գործի տրամաբանութիւնը:

«Փորձ»-ի մէջ Հերմինէ Նիւրբէթլեան բացառիկ լաւ արտայայտեց սկսնակ անգործ դերասանուհիի ցաւը եւ մոսկովեան «մեծ բեմ» բարձրանալու երազը: Նիւրբէթլեան տաղանդաւոր դերակատար է: Շա՛տ բարի: Սայմընի բնագիրին մէջ դերասանուհիին արտասանած հատուածներու կերպարները եւս կը բնակին ձանձրացուցիչ հեռակայ գաւառի մը մէջ եւ կ՛երազեն փոխադրուիլ Մոսկուա: Չեխովի դերասանուհին ձեւով մը կ՛արտասանէ ի՛ր երազանքը: Ափսոս, որ այդ անտեսուած էր: Իր փորձ-կատարումին մէջ, սակայն, «Հին աստուածներ»-ու տարեց իշխանուհի Մարիամի պահուածքն եւ ձայնականութիւնը չունէր: Հեռուէն դիտած` կ՛ենթադրեմ, որ շատ աւելի յաջող պիտի ըլլար որպէս Մաշա կամ նոյնիսկ Օլկա:

Ինչպէս նշած էի, «Առաջին անգամը» (բնագիրի մէջ` «Կարգադրութիւնը») էապէս անիրապաշտ եւ անլուրջ է: Հօր եւ զաւկի միացեալ անկարելի երազ-ցանկութիւնն է: Այս իմաստով կարելի է հասկնալ երկուքին միանման հագուկապը, թէեւ խաղարկութիւնը այդ չէր թելադրեր: Էթիէն Սէօքիւնեան սահմանափակ, բայց զուարճալի ելոյթ ցոյց տուաւ: Նաեւ ճշգրիտ` հոգեբանականօրէն: Նկարին մէջ կը տեսնենք «թթենիի տերեւ» կեցուածք: Որդին վտանգուած շրջանը կը ծածկէ ոչ միայն ձեռքերով, այլեւ` գլխարկով: Հօր կեցուածքը այդպիսի մտահոգութիւն ցոյց չի տար: Բարի՛: Սարին Պագալեանի խաղարկութիւնը «իրականանման» էր, այսինքն` նման այն «տնօրէնուհիներու», որ դիտած ենք շարժապատկերի միջոցով: Անփորձ պատանին ի՞նչ կարող էր երազել, եթէ ոչ` կարծրատիպեր:

Հուսկ բանք.- «The Good Doctor»  այս թատերաշրջանի ամէնէն ընդունելի ելոյթն էր: Պէտք չէ մոռնալ սակայն, որ թատերախումբը ունի համեմատաբար մեծ կարելիութիւններ: Անոր ետին կանգնած է մեծ կազմակերպութիւն: Արդար չէ բաղդատել անհատական ճիգերով իրականացուած ներկայացումներու հետ, որոնք յաճախ բեմադրիչը կը ձգեն նիւթական (եւ ոչ միայն) ծանր պարտաւորութիւններու տակ:

Բացի «Երեք քոյրեր»-ու դաժան արտաքսումէն` բեմադրիչին հիմնական ներդրումը եղած էր քանի մը անունի արհեստական փոխարինումը: Ասոր կ՛աւելնային ռուբլիի սխալ տոլարայնացումը, Կրուչo Մարքսի դիմակը, կոտծիլլա չափի KFC դոյլ մը, Քոքա Քոլա եւ նման բաներ: Ի սէր Պուտտայի, ի՞նչ տրամաբանութեամբ կարելի է տափակ Թուրկենեւը (1818-1883) փոխարինել Պարոնեանով: Եթէ զանց առնենք թարգմանական բացթողումները, երկխօսութիւնը մնացած էր անփոփոխ:

Սայմըն, ինչպէս բոլորս, Չեխովի երկրպագու է: Իր մեծարանքը, սակայն, խոտոր կը համեմատի մեծ վարպետի մօտեցումին: Այս նիւթին շուրջ լոյս տեսած են բազմաթիւ ակնարկներ (6,7): Սայմընի թատրերգութիւնները գեղարուեստական առումով թոյլ են, պարզապէս պատրուակներ են միատեղելու համար իր «մէկ տողնոց սրախօսութիւնները» (one liners): Ներկայ ելոյթին մէջ այս անհամերաշխ զօդումին աւելցուած էր բեմադրիչին անյարիր «տեղայնացումը»: Արդիւնքը նման էր պաստառի մը, որ նկարուած է երեք զարտուղի ոճերով:  Հարկ է, որ արուեստի գործ մը ունենայ մէկ ոճ, մէկ կուռ տրամաբանութիւն: Այդ կարելի է դրական գնահատել առանց բաժնելու տուեալ արուեստագէտի աշխարհահայեացքը: Եւ, այո՛, գիտեմ, որ յետարդիականներ կրնան առարկել:

Սայմընի «Բժիշկը» բեմադրիչին «սրտին խօսած» էր թերեւս նաեւ այն պատճառով, որ այդտեղ անհեթեթը այս կամ այն աստիճանի առկայ է բոլոր ցաւոտ պատկերներուն մէջ` սկսած չինովնիկի փռնգտոցներէն հրամանատարի ծոծրակն ի վեր, անցնելով «Տէ՛ր, ողորմեա»-էն, մառախուղի մէջ խեղդուող դատարկաշրջիկէն եւ հասնելով հօր մը, որ իր որդին կ՛առաջնորդէ դէպի այնպիսի հանրատուն, ուր կարելի է սակարկել:

Հարց կու տամ թատերախումբի վարչութեան, մի՞թէ մեր հասարակութեան մէջ ընթացիկ երեւոյթ են նման հայրեր եւ կամ ամուսիններ, որոնք կամովին կամակատարները կը դառնան իրենց կիներու տարփածուներուն: Ե՞րբ պիտի հրաժարինք բոլոր ելոյթներուն «առնուած է մեր առօրեայէն» ջատագովական պիտակը կպցնելէ: Հարց կու տամ նաեւ, թէ ե՞րբ տրուած է որոշումը բեմադրելու գործեր, որոնք կը ծառայեն «անջատուելու աշխարհէն» եւ «հեռանալու առօրեայէն» (8): Այդ վայե՞լ է յանձնառու թատրոնին:

Ունիմ նաեւ գործնապաշտ հարցում. Կարելի չէ՞ր որեւէ դեր վստահիլ «Արեգ» թատերախումբի շրջանաւարտներուն: Կ՛ենթադրեմ, թէ «Նինա»-ի նման այդ երիտասարդները եւս տրամադիր են Թրիփոլիէն մինչեւ Պէյրութ քալելու:

Բարի՛ երթ եւ ցտեսութիւն:

20 յունիս 2019

———————————-

1.- «Յարազօդ կոճատ զոյգը» Ա. «Ազդակ», 6 փետ. 2017:

2.- Fantasia.- Յանկարծաբանական ոճի երաժշտական յօրինում:

3.- Miles P.,  «Chekhov on the British Stage» 1993:

4.- Clayton, J. D. «Adapting Chekhov: The Text and Its Mutations» 2013:

5.- Carnicke, Sh. M. “Checking Out Chekhov: A Guide to the Plays for Actors, Directors, and Readers”  2013:

6.- Kerr W, “Chekhov Meets Neil Simon, Both Lose”, New York Times, DEC. 9, 1973:

7.- Gates, A., “Simon in Chekhov’s Orchard”,  New York Times, Feb. 11, 1998:

  1. – Ակնարկ, «Գասպար Իփէկեան, Տը Կուտ Տաքթըր», «Ազդակ», 1 յունիս 2019:

 

Նախորդը

Թուրքիան Վերջնականապէս Կը Ծախէ «Սուրիական Յեղափոխութիւնը»

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Գահակալութեան 25-ամեակը

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Երեւանի Կատարողական Շողշողուն Փառատօնը

Հոկտեմբեր 21, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Նախնիներու Անմոռաց Ստուերներ #

Հոկտեմբեր 3, 2025
Արտոյի Երկրի Փշոտ Արահետներով
Արուեստ - Մշակոյթ

Արտոյի Երկրի Փշոտ Արահետներով

Սեպտեմբեր 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?