Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երազ Ծովափին (Նուիրուած` Այնճարի 80-ամեակին)

Օգոստոս 24, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽԱԺԱԿ

Լիբանանեան այս տաք օրերուն մարդ չի գիտեր` ինչպէ՛ս դիմանայ… Դուրսը անտանելի տաք մը կայ, հանգիստ շունչ քաշելու համար զով տեղ մը չկայ… Ծով կ՛երթաս` աղբի հոտ կայ, լեռ կ՛ելլես այրած  «զիպիլներ»-ուն ծուխը կայ… Տուն կը մտնես, «էյսի»-ն կ՛աշխատցնես, կնիկդ կու գայ ու կը տրտնջայ.

– Սա «էյսի»-ն մարէ, հոս Ափրիկէ չէ:

– Բայց, կնի՛կ, օդը շատ  տաք է:

– Ի՞նչ ընեմ, քիչ մը համբերէ, Այնճարի օդը այսպէս է, ցերեկը տաք է, գիշերը զով է… Քիչ ետք, երբ  դուրսը նստիս ու լաւ մը  մսիս,  փառք պիտի  տաս, որ Այնճար կ՛ապրիս:

– Կնի՛կ, դուն ալ զարմանալի բաներ կը խօսիս… Հիմա Այնճարին ալ Լիբանանին ալ  պիտի հայհոյեցնես զիս…

Ու զայրացած` դուռը կը բանաս ու դուրս կը նետուիս, սիկարեթ մը կը վառես ու Քաջ Նազարին պէս  մէկ անկիւնը կը կծկուիս… Այս տաքուն միայն մէկ ճար ունիս` Քաջ Նազարի երեւակայութիւն պիտի ունենաս, որ դիմանաս… Ծովուն եզերքը տուն մը պիտի ունենաս, մէկ ձեռքդ սիկար մը, միւս ձեռքդ ալ պաղ գարեջուր  մը բռնած պիտի ըլլաս  ու գեղեցկուհիներով շրջապատուած պիտի ըլլաս… Այսպէս հարուստ երազներով ծովուն եզերքը քուն պիտի մտնես ու ծառաներուդ ձայնէն պիտի արթննաս.

– Նազա՛ր պէյ, Նազա՛ր պէյ… Ե՛լ, արթնցի՛ր ու հարսանիքիդ պատրաստուէ…

– Ի՞նչ Նազար, ի՞նչ պէյ, ի՞նչ հարսանիք…

Աչքերդ կը բանաս ու զարմացած շուրջդ կը նայիս … Իսկապէս ծովուն եզերքը տուն մը ունիս, բայց ո՛չ սիկար, ո՛չ ալ գարեջուր ունիս… Հագիդ եգիպտական ճերմակ «շալուար» մը  ունիս,  շուրջդ ալ վերէն վար սեւ հագած ու միայն աչքերը բացած  չորս կնիկ ունիս…

Եգիպտոսի Փոր Սայիտ քաղաքին մէջ կ՛ապրիս … 1915 թուականէն ի վեր Փոր Սայիտ մնացած մուսալեռցիներուն վերջին մնացորդը կը համարուիս, իսլամացած ես  ու այսօր հինգերորդ  կնիկդ առնելու կը պատրաստուիս…

Վախէդ  բարձրաձայն «Ալլահի»-ն կը գանգատիս ու սեւ հագած  կնիկներդ կը ցնդին … Սակայն ծովը կը մնայ ու երազներդ կը շարունակուին… Այս անգամ  շուրջդ վերէն վար ճերմակ հագած , երկար մօրուքով ու առանց պեխի վեց եղբայրներդ կը յայտնուին …

– Նազա՛ր Էֆենտի,  քանի՞ հատ ականջ կ՛ուզես, որ երթանք կտրենք ու բերենք քեզի:

Դարձեալ  ծագումով մուսալեռցի ես ու 1939 թուականէն ի վեր սուրիական ծովափնեայ Պասիթ քաղաքին մէջ  մնացած ընտանիքի մը զաւակն ես ու ի զարմանս քեզ` Իսլամական պետութեան առաջնորդներէն մէկն  ես ու աշխարհին դէմ քաջնազարութիւն կ՛ընես…

Այս փորձանքին մէջէն ինչպէ՞ս դուրս պիտի ելլես… Կտրուկ որոշում մը կու տաս ու ինքզինքդ ծովը կը նետես … Եւրոպա կը հասնիս,  մարդու  իրաւունքներու խղճին կը յանձնուիս ու վերջապէս մուրազիդ կը հասնիս… Ծովուն եզերքը տուն մը կ՛ունենաս, մէկ ձեռքդ սիկար մը, միւս ձեռքդ ալ պաղ գարեջուր մը բռնած կ՛ըլլաս… Յանկարծ  ծովուն մէջէն կնիկ մը կ՛ելլէ, որ քու երկու անգամդ կը կշռէ ու «Մոն շեղի՜, մոն շեղի՜» կանչելով` վրադ կը վազէ… Վախէդ գարեջուրը մէկ կողմ ու սիկարը միւս կողմ կը նետես ու «Փա՜ռք Այնճարին», «Փա՜ռք Այնճարին» կանչելով` տուն կը վազես…

Յետոյ տուն կը մտնես, կ՛երթաս կնոջդ ճակտէն կը համբուրես: Ապա մայրդ ու Մուսա Լեռէն Այնճար եկած հայրդ կը գտնես ու Մուսա Լերան բարբառով անոնց  շնորհակալութիւն կը յայտնես,  յետոյ կ՛երթաս զաւակներդ կը գրկես ու կը խոստանաս, որ պապերուդ քալած ճամբան  պիտի շարունակես… Որքան ալ դժուարութիւններ ունենաս, հայ պիտի մնաս եւ Այնճարը այնպէս պիտի պահես,  որ տարիներ ետք  զաւակներուդ աչքերուն մէջ նայելու բնաւ չամչնաս…

 

 

Նախորդը

Վահագն Գրիգորեանի Ժամանակի Գետը

Յաջորդը

Այնճարի Հիմնադրութեան 80-ամեակ. «Պոխջան»

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?