Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փուռ Իշխանեան-Զոքաք Պլաթ Պայքարող Հայ Կնոջ Խիզախութիւնը

Յունուար 20, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԶԱՒԷՆ Գ. ՂԱՐԻՊԵԱՆ

Ոտքի` Ազատուհի Իշխանեան, նստած` կեսուրը` Արուսեակ Իշխանեան

Պէյրութի Զոքաք Պլաթ թաղին մէջ մսաշօթ (Լեհմեճուն) պատրաստող Իշխանեան անունով փուռ մը կայ, որուն պատմութիւնը կ՛երկարի եօթը տասնեակ տարիներու վրայ:

Եղիա Իշխանեան անունով անձ մը, որ ծնած էր Այնթապ, Պէյրութ հաստատուելով` տարիներու իր երազը կ՛ըլլայ խմորեղէնով հայկական ճաշերու փուռ մը հիմնել: Անոր երազը կ՛իրականանայ 1946-ին, երբ Զոքաք Պլաթի Նշան Փալանճեան ճեմարանին կից ընդարձակ խանութ մը գտնելով` զայն կը վերածէ փուռի: Նիւթականի պակասի պատճառով կը ծախէ կնոջը` Արուսեակին ամուսնական ոսկի ապարանջանը: Փուռը սկզբնական շրջանին կը ճանչցուի «Փուռ Եղիա» անունով, իսկ Եղիային մահէն ետք ան կը վերակոչուի «Փուռ Իշխանեան»:

Եղիան սկիզբը միայն հաց կը պատրաստէր յաճախորդներուն բերած ալիւրով, բայց շատ չանցած` արդէն իր մտադրած աշխատանքին կ՛անցնի` խմորեղէնով հայկական ճաշեր պատրաստել, մսաշօթ, մանթը, սուպէօրեկ եւ այլն: Այս բոլոր խմորեղէնով ճաշերուն պատրաստութեան գիտութիւնը Կիլիկիայէն գաղթական հայերը իրենց հետ բերած էին: Կարճ ժամանակուան մէջ «Փուռ Եղիա»-ին համբաւը կը տարածուի նախ շրջանի հայ ընտանիքներուն մէջ, իսկ քիչ անց` տեղւոյն արաբ բնակիչներուն մէջ, որոնց համար նորութիւն էր հայկական խմորեղէնի ճաշերու փուռը:

Եղիան ունէր երկու զաւակ, մանչ մը` Ժանը եւ աղջիկ մը` Վեհանուշը. երկուքն ալ կը յաճախեն Սուրէն Խանամիրեան վարժարան: ժանը աւարտելէ ետք Խանամիրեան վարժարանը` կ՛անցնի Գերմանիա` ուսանելու համար, իսկ Վեհանուշը կ՛ամուսնանայ Գրիգոր Մահտեսեանի հետ, որոնք հետագային կը հաստատուին Քալիֆորնիոյ նահանգի Լոս Անճելըս քաղաքը:

Եղիան կը մահանայ 1960-ին, որդին` Ժանը, կէս ձգելով ուսումը, կը վերադառնայ Պէյրութ եւ յանձն կ՛առնէ հօրը ժառանգ ձգած փուռը` շարունակելով արտադրել հայկական խմորեղէն ճաշերը, բայց այս անգամ` «Փուռ Իշխանեան» անունով:

1975-ին Ժանը կ՛ամուսնանայ Լաթաքիա բնակող այնթապցի մօր եւ սեբաստացի հօր  զաւակ Ազատուհի Գափթանեանի հետ: Ժանի եւ Ազատուհիի ընտանիքը կ՛ունենայ երեք զաւակներ` Էլիզապէթ, Թալին եւ Էլի, որոնք կը յաճախեն Նշան Փալանճեան Ճեմարան:

Ժանը հիւանդանալով, կը մահանայ 1984-ին` իր ետին ձգելով երեք որբ զաւակներ, Էլիզապեթը 8 տարեկան, Թալինը 6, Էլին 4:

Հոս է, որ կը սկսի Ազատուհի Գափթանեան-Իշխանեանի ոդիսականը:

Փուռին տէրերը` Ազատուհի եւ Արուսեակ, փուռին գործաւորները եւ Միացեալ Նահանգներէն եկած իրենց ազգականները

Ազատուհին, որ մինչեւ ամուսինին մահը փուռի աշխատանքին բնաւ չէր մասնակցած, առանց վհատելու` յանձն կ՛առնէ փուռին պատասխանատուութիւնը: Երեք որբեր` ամէն տեսակ խնամքի կարօտ, սնունդ, զգեստ, ուսում: Գործը ստանձնելէն ետք ան ամէն առաւօտ ժամը 7:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 3:00 փուռն է, ունի հինգ այր գործաւորներ, որոնք խմորը կը շաղեն, միսը եւ պանիրը կը պատրաստեն մսաշօթի, մանթիի եւ սուպէօրեկի համար: Իսկ երկու գործաւորներ ճաշերը յաճախորդներու տուները կը հասցնեն: Օրական հարիւրաւոր յաճախորդներու պահանջին գոհացում կը տրուի. այս` ամէն օր, ժամը եօթէն երեք, շաբթուան բոլոր օրերը, շաբաթ, կիրակի, բացի երկուշաբթիէն:

Կեսուրը` Արուսեակը, յառաջացած տարիքին ամէն օր մինչեւ կէսօր կը մասնակցէր օրուան աշխատանքին: Ան կը մահանայ 96 տարեկանին, 2009-ին:

1984-ին Ազատուհին երեսունութ տարեկան էր, երբ յանձն առաւ փուռը: Այսօր երեսուն եւ հինգ տարի վերջ նոյն եռանդով, աշխատասիրութեամբ ու ձեռներէցութեամբ կը շարունակէ գործել` գոհացում տալով իր յաճախորդներուն, ըլլան անոնք հայ, արաբ կամ օտարազգի: Երեք զաւակները արդէն հասուն տարիքի մէջ են, համալսարաններէ շրջանաւարտ, Էլիզապեթը Սեն Ժոզեֆէն` հաշուապահի վկայականով, Թալինը Պէյրութի ամերիկեան համալսարանէն` հիւանդապահուհիի վկայականով, իսկ Էլին Քալիֆորնիայէն` երկրորդական վարժարանի վկայականով:

Էլիզապեթը ամուսնացած է հոլանտացիի մը հետ եւ կ՛ապրի Ժընեւ, ունի աղջիկ մը եւ  տղայ մը: Թալինը ամուսնացած է նոյնպէս հոլանտացիի մը հետ եւ կ՛ապրի Պարսելոնա, ունի երկու մանչ. Էլին երկրորդական վարժարանը աւարտելէ ետք կը վերադառնայ Լիբանան եւ Պէյրութի Զալքայի շուկային մէջ կը հիմնէ մսաշօթի փուռ մը իր անունով:

73 տարիներէ ի վեր այնթապցի Եղիա Իշխանեանի փուռը այսօր նոյն աշխուժութեամբ եւ թափով կը շարունակէ գործել, սկիզբը Եղիային ու Ժանին, իսկ հիմա` Ազատուհիի ջանքերուն շնորհիւ:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (20 Յունուար 1970)

Յաջորդը

«Սիրոյ Եւ Համերաշխութեան Հայաստան»-ը Ժորժ Պիզէի «Արլեզիե՞ն»-ն Է

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?