Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը` Յակոբ Տէր Ղուկասեանի բեմադրութեամբ, 12 եւ 13 փետրուարին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ պիտի ներկայացնէ Հայկ Յակոբեանի «Չմօտենա՛ք ինծի, տիկի՛ն» թատրերգութիւնը` արաբերէնով, որուն երկու դերասաններն են Սենտի Ղազարեան ու Նժդեհ Մկրտիչեան: Երաժշտական բաժինի պատասխանատուն է Հրայր Գալեմքերեան, օգնական բեմադրիչ` Փաթիլ Գուլաճեան, բեմայարդարում` Վարանդ Ալեքսանտրեան. քարոզչական աշխատանքները` համացանցային ընկերային հարթակներուն վրայ եւս, տոմսի ձեւաւորումը կատարեց Շարպել Սամուր, լուսանկարչական, նկարահանման գործը իրականացուց Էթիէն Սոքունեան:
Միեւնոյն թատերախաղը 28 եւ 29 յունուարին ներկայացուեցաւ «Մասրահ Մատինա»-ի մէջ եւ մեծ ընդունելութիւն գտաւ:
Ամէն իմաստով նորութիւն նկատուող «Չմօտենա՛ք ինծի, տիկի՛ն» թատերախաղին մասին «Ազդակ»-ի հետ զրուցեցին բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանն ու «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան ատենապետ Մարտիկ Տեմիրճեան:
Խօսելով նման թատերախաղի մը գաղափարին մասին` Յակոբ Տէր Ղուկասեան ըսաւ, որ ծրագիրը սկսաւ, երբ Հայաստանի մէջ Գիւմրիի դրամատիկական թատրոնի բեմադրիչ Լութֆիկ Յարութիւնեանին հետ թատերական բեմագիրներու մասին կը զրուցէին եւ կը բաժնեկցէին այն մտահոգութիւնը, որ լաւ թատրերգութիւններ գտնելու հարց գոյութիւն ունի:
«Նախորդ տարեշրջանին բեմադրուած «Տը կուտ տաքթըր» թատերախաղին յաջողութենէն մեկնած, Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբը կը մտածէր նոյնանման ոճով թատրոն մը ներկայացնել հանրութեան. հետեւաբար խնդրեցի Լ. Յարութիւնեանին երգիծական ոճով թատրերգութիւն մը տրամադրել թատերախումբիս, եւ անոր տրամադրած քանի մը հատէն ընտրեցի «Չմօտենա՛ք ինծի, տիկի՛ն» կատակերգութիւնը: Երբ Հայաստանէն Լիբանան վերադարձանք, Լիբանանի ժողովրդային շարժումը արդէն իսկ սկսած էր, սակայն փափաքեցանք այս կատակերգութիւնը ներկայացնել ժողովուրդին մօտ խանդավառութիւն մը ստեղծելու եւ անոր տրամադրութիւնը բարձրացնելու համար, հակառակ անոր որ մտահոգիչ էր միայն երկու դերասաններով բեմ բարձրանալը, տոմսեր սպառելու առումով: Միեւնոյն ժամանակ «Մասրահ Մատինա»-ի տնօրէնութիւնը կապ հաստատեց հետս եւ առաջարկեց թատերական ներկայացումով մը հանդէս գալ իրենց թատերասրահին մէջ», ըսաւ Յակոբ Տէր Ղուկասեան:
Ան այս առաջարկը ներկայացուցած է Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան, որուն համաձայնութենէն ետք միասին մտածած են թատրոնի բնոյթի եւ ներկայացման լեզուին մասին: «Խորհրդակցութիւններէ ետք որոշուեցաւ արաբերէն լեզուով ներկայացնել թատրերգութիւնը, հետեւաբար դերասանուհի Սենտի Ղազարեանը, բեմադրիչի օգնական Փաթիլ Գուլաճեանը եւ ես թատերախաղը արաբերէնի թարգմանեցինք` որոշ փոփոխութիւններ կատարելով:
«Դերասաններ` Սենտի Ղազարեանն ու Նժդեհ Մկրտիչեանը ընտրեցի իբրեւ դերասաններ. Նժդեհը լեզուի առումով որոշ մտահոգութիւններ ունէր, այդ պատճառով ալ թատրերգութեան մէջ ան ներկայացաւ իբրեւ հայկական ծագումով լիբանանցի բժիշկ` արդարացնելու համար որեւէ մէկ սխալ արտայայտութիւն կամ լեզուական սպրդում: Թատրերգութիւնը կը սկսի հայերէն լեզուով, ինչ որ հանդիսատեսը շփոթի կը մատնէ եւ կը սրէ անոր հետաքրքրութիւնը», դիտել տուաւ Յակոբ Տէր Ղուկասեան:
«Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան ատենապետ Մարտիկ Տեմիրճեան անդրադարձաւ այն երեւոյթին, որ նման նորութեան մը նախաձեռնելուն ետին ի՞նչ պատճառներ կային:
«Արժէ նշել, որ հաւանաբար Լիբանանի մէջ ոչ մէկ հայկական թատերախումբ արաբերէն լեզուով թատրերգութիւն մը բեմադրած է, վստահ ալ չեմ, եթէ անգլերէն կամ ֆրանսերէն լեզուներով որեւէ ներկայացում մը տեղի ունեցած է: Նախապէս տարբեր առիթներով բազմիցս խօսած ենք հարցազրոյցներու ընթացքին եւ պրոշիւրներու մէջ լոյս տեսած «Մեր խօսք»-երու միջոցով, օտար հանրութեան բացուելու քաղաքականութեան մասին. ասկէ մեկնած ալ Յակոբ Տէր Ղուկասեանը, որպէս դերասան եւ թատերախումբի գեղարուեստական պատասխանատու, ինչպէս նաեւ վարչութիւնս վարչականօրէն եւ գեղարուեստականօրէն կարեւոր նկատեցինք բաց քաղաքականութիւն որդեգրելու գաղափարը, որուն շատեր կրնան համաձայն չգտնուիլ: Վերջին տարիներուն զգալի է առկայութիւնը լճացումի որոշ մթնոլորտի մը, որմէ անհրաժեշտ է դուրս գալ: Ասիկա միայն հայկական մթնոլորտի լճացումի խնդիրը չէ, այլ` միջազգային: Ըստ մեզի, այս ներամփոփ ու գոց քաղաքականութիւնը օգտակար չէ: Մենք կը կարծենք, թէ հայրենասէր ու ազգասէր պիտի կոչուինք, եթէ միայն ազգային, հայրենասիրական եւ հայկական թատրոններ ներկայացնենք գոց միջավայրի մը մէջ, բայց իրականութիւնը այդպէս չէ, մեր թատրոնին ու մշակոյթին, ինչպէս նաեւ տարբեր բնագաւառներու մէջ ալ պէտք է օտարին բացուելու քաղաքականութիւնը որդեգրենք, եթէ կ՛ուզենք, որ օտարը մեր մշակոյթը ճանչնայ, ինչպէս որ մենք օտարին մշակոյթը կը ճանչնանք, անոր գործերը կը թարգմանենք, կը հայացնենք եւ մեր միջավայրին մէջ կը ներկայացնենք: «Չմօտենա՛ք ինծի, տիկի՛ն» թատրերգութեան մէջ նոյնիսկ հայկական անուն չկայ, այսինքն ոչ մէկ ձեւով կը բնորոշուի անոր հայկական ըլլալը: Դժբախտաբար Լիբանանի մէջ ալ սկսանք լեզուի խնդիր ունենալ, ինչպէս է պարագան Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Արեւմուտքի երկիրներուն, սակայն այդ չի նշանակեր, որ հայերէն չգիտցողը հայ չէ: Ես չեմ քաջալերել հայերէն չգիտնալը, սակայն իրականութիւն մըն է եւ լուծում մը պէտք է գտնել օտարացած հայերը հայկական միջավայրի մէջ պահելու, օրինակ` Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբը հայկական դասական թատրերգութիւն մը արաբերէն կամ անգլերէն լեզուի թարգմանելով ներկայացնէ օտարին եւ բոլոր այն հայերուն, որոնք հայերէն լեզուին չեն տիրապետեր: Ասիկա ձեւ մըն է հայ գրականութիւնը, մշակոյթը, թատրոնը ծանօթացնելու օտարին կամ հայերէն չխօսող, սակայն հայ անհատներուն:
«Այս գաղափարին առաջին իրականացնողը խորքին մէջ «Գ. Իփէկեան» թատերախումբը չէր, այլ Յակոբ Տէր Ղուկասեանը, որ իր թատերախումբին հետ ձեռնարկեց եւ հայ հեղինակ` Արա Արծրունիի թատրերգութիւնը արաբերէնի թարգմանեց, օրին անձամբ խանդավառ էի եւ միասին ոչ պաշտօնական ձեւով գործակցութիւն ունեցանք: Գալիք հանգրուանին նոր ծրագիրներ պիտի ծնին, թերեւս արաբերէն լեզուով ուրիշ թատերախաղեր ներկայացնենք, նոյնիսկ առաջարկած եմ մեր բեմադրիչին, որ արաբ դերասաններ հայերէն լեզուով հանդէս գան, հակառակ անոր որ շատ դժուար աշխատանք է, սակայն անկարելի չէ», յայտնեց Մ. Տեմիրճեան:
«Չմօտենա՛ք ինծի, տիկի՛ն» թատերախաղին հեղինակի մասին խօսելով Մարտիկ Տեմիրճեան ըսաւ, որ սկիզբը ոչ մէկ տեղեկութիւն կար անոր մասին, սակայն պրպտումներէ եւ երկար ժամանակ ապարդիւն փնտռտուքէ ետք ի յայտ եկաւ, որ հեղինակին անունը Հայկ Յակոբեան է, ան հեղինակ է քանի մը թատերախաղերուն, ինչպէս` «Լեռնային կակաչներ», «Աղջիկը, ծերունին եւ ձկնորսը», «Վայրի ձիեր ցորենի դաշտին մէջ» եւ «Չմօտենա՛ք ինծի, տիկի՛ն»: «Լեռնային կակաչներ» թատերախաղը 1993-ին Համազգայինի թատերախումբը ներկայացուցած է Հայաստանի մէջ` Հրաչեայ Գասպարեանի բեմադրութեամբ, իսկ 1995-ին` Միացեալ Նահանգներու մէջ, «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբը: Հայկ Յակոբեան երիտասարդ տարիքին անբուժելի հիւանդութեամբ Միացեալ Նահանգներու մէջ մահացած է: Անոր մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ունենալու եւ ամբողջական կենսագրական մը կազմելու աշխատանքներն ու պրպտումները կը շարունակուին:
Անդրադառնալով «Մասրահ Մատինա»-ի մէջ ներկայացուած ելոյթներուն ունեցած արձագանգին` Յակոբ Տէր Ղուկասեան նշեց, որ շատ դրական եղած է մօտեցումը, օտար հանդիսատեսներ, որոնք ներկաներուն մօտաւորապէս կէսը կը կազմէին, գոհունակ դուրս ելած են սրահէն` մաղթելով, որ աւելի երկար տեւէր: Հետաքրքրական է, որ նոյնիսկ Համազգայինին մասին ոչինչ գիտցող անհատներ հետաքրքրուած են թատերասրահին առջեւէն անցած պահուն, տոմս գնած ու դիտած են թատերախաղը: Բեմադրիչը դրական նկատեց այս փորձառութիւնը` հաւանական նկատելով նման այլ աշխատանք մըն ալ իրականացնել: Ան աւելցուց, որ այս ելոյթով կարելի եղաւ դրոշմ մը ձգել Համրայի այդ թատերական միջավայրին մէջ` կարեւոր նկատելով, որ այս «թթխմորը» լաւապէս օգտագործուի, որպէսզի «համով հաց ունենանք»: Յ. Տէր Ղուկասեան յայտնեց, որ իրեն համար ալ շատ հաճելի փորձառութիւն էր, որովհետեւ առաջին անգամ ըլլալով ուղղակի կատակերգական ոճ կը բեմադրէր. այսինքն` այս փորձառութիւնը ամէն իմաստով դրական ըլլալու տուեալները ունէր:
Մարտիկ Տեմիրճեան աւելցուց, որ օտար հանդիսատեսներու ներկայութիւնը ապացոյց է իրենց հետապնդած նպատակին գէթ որոշ տոկոսով իրականացած ըլլալուն` դիտել տալով, որ այսպիսով Համազգային, Յակոբ Տէր Ղուկասեան, «Գասպար Իփէկեան» անունները լսուեցան լիբանանեան իրականութեան մէջ, որպէսզի այդպիսով մենք եւս մեր տեղը ունենալ թատերական տեղական քարտէսին մէջ: Ըստ անոր` անհրաժեշտ է սակայն ըլլալ հետեւողական, որովհետեւ քարոզչական աշխատանքը այդ կը պահանջէ:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ որոշուեցաւ «Չմօտենա՛ք ինծի, տիկի՛ն»-ը նաեւ բարձրացնել «Յակոբ Տէր Մելքոնեան»-ի բեմ` Յակոբ Տէր Ղուկասեան ըսաւ, որ պատճառները բազմաթիւ են: «Նախ «Տէր Մելքոնեան»-ը մեր սրահն է, կարելի չէ հոն ալ ելոյթ չունենանք, երկրորդ` կան բազմաթիւ հանդիսատեսներ, նաեւ` օտարներ, որոնք տարբեր պատճառներով չկրցան Համրա երթալ եւ կը սպասեն Պուրճ Համուտի մեր ելոյթներուն, ուստի մենք չէինք կրնար անոնց փափաքին չընդառաջել»:
Հարցազրոյցին վերջին բաժինին առանցքը կազմեց այն, որ Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբը հայկական հանդիսատեսին ուղղուած այլ ծրագիրներ ալ ունի՞ այս տարի, մանաւանդ որ կան հանդիսատեսներ, որոնք միշտ ալ ա՛յդ ակնկալութիւնը ունին հայկական այս խումբէն եւ ատիկա կը նկատեն անոր առաքելութիւնը, որոշ չափով հաշտ աչքով չդիտելով արաբերէնով թատերախաղ ներկայացնելը:
Յակոբ Տէր Ղուկասեան դիտել տուաւ, որ Համազգայինի առաքելութեան մաս կը կազմէ նաեւ հայկական մշակոյթը օտարին ծանօթացնելը, իսկ այս նախաձեռնութիւնը այդ ծիրին մէջ կը տեղաւորուի: Ան շեշտեց, որ հայկականը միայն հայութեան հրամցնելու մտայնութիւնը քիչ մը պէտք է փոխուի, որպէսզի մեր ունեցածը, յատկապէս լաւն ու ընտրանին պարտադրենք համաշխարհային մշակոյթին:
Մարտիկ Տեմիրճեան ըսաւ, թէ բնական է, որ նման մտածում կամ ակնկալութիւն ունեցողներ ըլլան, բայց եւ այնպէս Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան»-ի այս առաջին փորձառութեամբ չի նշանակեր, որ միութիւնը իր ընդհանուր քաղաքականութիւնը փոխած է, այլ ասիկա մէկ մասնիկն է այդ քաղաքականութեան` հայ մշակոյթը, հայ լեզուն, հայ թատրոնը օտարին ծանօթացնելու շրջագիծին մաս կազմող: Ան յիշեցուց, որ Գասպար Իփէկեանէն սկսեալ իրերայաջորդ բեմադրիչներ միշտ ալ հետամուտ եղած են ամէն ինչ հայկական պահելու, հայերէն լեզուն անխաթար բեմ բարձրացնելու, հայկական մթնոլորտը տիրական դարձնելու: Մ. Տեմիրճեան բացատրեց, որ օտար լեզուով օտարին եւս ներկայանալու այս նախաձեռնութիւնը երկու-երեք տարին անգամ մը կրնայ պատահիլ, չորս հինգ գործերու մէջ նման ելոյթ մը կրնայ նկատի առնուիլ պարզապէս:
«Ազդակ»-ի զրուցակիցները դիտել տուին, որ այսօր մշակոյթն ու թատրոնը կարելի չէ սահմանափակումներով առաջնորդել, որովհետեւ մերօրեայ կեանքին համապատասխան ըլլալու խնդիր գոյութիւն ունի, այդ պատճառով ալ շատ դիւրին չէ միայն հայ հեղինակներու գործերը բեմ բարձրացնել, ատկէ մեկնած է, որ թարգմանութիւններ կը կատարուին եւ հայկական հանրութեան կը հրամցուին: Անոնց համաձայն, զուտ հայկական գործեր խաղալէ խուսափումի տրամադրութիւն գոյութիւն չունի, այլ պարզապէս անհրաժեշտ եւ մերօրեայ հետաքրքրութիւնը գոհացնող նիւթեր գտնելու դժուարութիւն ալ կայ: Արդարեւ, թատերախումբին նպատակը միայն թատրոն մը ներկայացնելը չէ, այլ գրաւել արուեստասէրը, լուսարձակի տակ առնել նաեւ համամարդկային խնդիրներ, թատերական վայելք փոխանցել ժողովուրդին: Ըստ անոնց, արուեստի փոխհարստացման հրամայական կայ այսօր, կարելի չէ ժխտել այդ մէկը եւ թատրոնը հեռու պահել համաշխարհային զարգացումներէն:
Յակոբ Տէր Ղուկասեան եւ Մարտիկ Տեմիրճեան հաստատեցին, որ «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը կը շարունակէ ծրագիրներ մշակելու իր աշխատանքը եւ անոնք հանրութեան սեփականութիւնը պիտի դառնան երբ վերջնականացուին: