ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
5 յունիս 2019-ին տեղի ունեցած Դանիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքները ի նպաստ ընկերվար-ժողովրդավարներուն էին, անոնք շահեցան քուէներուն 25,9 առ հարիւրը, հետեւաբար իրենք ստանձնեցին կառավարութեան կազմութիւնը:
Ընկերվար-ժողովրդավարները, չյաջողելով ստանալ քուէներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը, խորհրդարանական «վստահութիւն եւ մատուցում»-ի հիման վրայ կառավարութիւն կազմեցին Ընկերային-ազատական կուսակցութեան, Ընկերվարական ժողովուրդի կուսակցութեան (արմատական ձախ) եւ Կարմիր-կանաչ դաշինքին (կազմուած` համայնավարներէ եւ կանաչներէ) հետ: Դանիան ունեցաւ իր պատմութեան մէջ 2-րդ կին վարչապետը (առաջինը ընկերվար-ժողովրդավարական Հիլլը Թոռնինկ Շմիթն էր` 2011-էն մինչեւ 2015), որ 41 տարեկան Մեթէ Ֆրետերիքսընն է:
Իրենց նախընտրական քարոզարշաւը տանելով «Նախ բարօրութիւնը» նշանաբանով` ընկերվար-ժողովրդավարները քննադատեցին ազատականներուն կողմէ կազմուած կեդրոն-աջ կառավարութեան տնտեսական ազատական քաղաքականութիւնները (ցած հարկեր` մեծ ընկերութիւններուն եւ բարձր եկամուտ ունեցող անհատներուն, իսկ միւս կողմէ ալ` պիւտճէի ծախսերու նուազեցում), որոնք կը միտէին տկարացնել տարիներէ ի վեր կերտուած ընկերային բարեկեցիկ համակարգը:
Կ՛արժէ մեր կեդրոնացման առարկան դարձնել ընկերվար-ժողովրդավարներու եւ «վստահութիւն եւ մատուցում»-ի գործընկերներուն (Ընկերային-ազատական կուսակցութիւն, Ընկերվարական ժողովուրդի կուսակցութիւն եւ Կանաչ-կարմիր դաշինք) կողմէ ստորագրուած «Արդար ուղղութիւն մը` Դանիոյ համար» կառավարման տեսլականը, մանաւանդ` անոր ընկերային-տնտեսական, բնապահպանական եւ կրթական ուղղութիւնները:
Կառավարութեան ծրագիրին առաջին գլուխին խորագիրը «Կանաչ եւ կայուն ապագայ մը»-ն է, ուր կը նշուի, որ Դանիան եւ աշխարհը կը դիմագրաւեն կլիմայական ճգնաժամ` համաշխարհային ջերմացումի եւ Հիւսիսային ովկիանոսի սառցահալումով: Դիմագրաւելու համար կլիմայական փոփոխութիւնը` կառավարութիւնը կը միտի նուազեցնել ջերմանոցներու կողմէ կազերու արտանետումը, կլիմայական յանձնախումբ մը ստեղծել` զբաղելու համար կլիմայական փոփոխութեան դէմ պայքարով, մշակել «Կանաչ զօրաշարժի ծրագիր» մը, որ կը բովանդակէ ելեկտրական ինքնաշարժներու օգտագործման քաջալերում, պենզինով եւ տիզելով բանող ինքնաշարժներու վաճառման արգիլում` 2030-էն սկսեալ (յիշեալ ծրագիրները պիտի իրականացուին «Կանաչ ինքնաշարժներու գործածութեան անցումի յանձնախումբ»-ի միջոցով, որ պիտի սերտէ կարելիութիւնը` փոխարինելու ինքնաշարժներու բանեցման ուժանիւթը` վերանորոգուող ուժանիւթի), պետական օժանդակութիւն` վերանորոգուող ուժանիւթի վերաբերող ուսումնասիրական ծրագիրներուն, Հիւսիսային ծովը շրջապատող պետութիւններուն միջեւ համաձայնութիւն` քամիի ուժի օգտագործման վերաբերեալ համագործակցութեան շուրջ:
Երկրորդ գլուխը կը վերաբերի երեխաներու իրաւունքներուն ու կրթութեան եւ կը կրէ «Դանիան պէտք է դառնայ աշխարհի վրայ ամէնէն լաւ երկիրը երեխային համար» խորագիրը: Այս կէտը կ՛ընդգրկէ մանկամսուրներու, մանկապարտէզներու եւ դպրոցներու կարեւորութիւնը, սերունդներու կատարած ներդրումները` Դանիոյ զարգացման գործընթացին մէջ, գաղթականներու երեխաներու մուտքը` դանիական հասարակութեան մէջ եւ, ամէնէն կարեւորը, կրթական համակարգի դերակատարութիւնը` դաստիարակութեան մէջ: Կառավարութիւնը կը միտի աւելցնել մանկամսուրներու, մանկապարտէզներու, դպրոցներու եւ ուսումնասիրական կեդրոններու պետական ծախսերը, կրթական համակարգը աւելի որակաւոր դարձնելու նպատակով` յաւելեալ վերաորակաւորման ենթարկել կրթական անձնակազմը, պայքարիլ ընդդէմ երեխաներու աղքատութեան` նիւթական նպաստներ ապահովելով անոնց:
Երրորդ գլուխը կը վերաբերի բարեկեցութեան համակարգին` «Զօրաւոր բարօր հասարակութիւն մը» խորագիրով. կատարելով գովաբանութիւնը ընկերվար-ժողովրդավարներու կողմէ իրագործուած գլխաւոր ձեռքբերումին` բարեկեցիկ համակարգի կերտման, Դանիան դարձնելով աշխարհի ամէնէն բարձր կենսամակարդակ ունեցող երկիրներէն մէկը, այս գլուխը կը յիշէ բարեկեցութեան համակարգի յատկացուցած գումարներու ապահովման մարտահրաւէրները: Ընկերվար-ժողովրդավարները կը միտին յաւելեալ խնամք ապահովել տարեց մարդոց, առողջապահական համակարգի ապակեդրոնացում կատարել` վարչական շրջաններուն առողջապահական քաղաքականութեան գծով յաւելեալ իրաւասութիւններ ապահովելով, աւելցնել առողջապահական մարզին մէջ աշխատողներու թիւը եւ անոնց յաւելեալ վերաորակաւորում ապահովել ու ամբողջ առողջապահական համակարգի որակը բարձրացնել, ընդլայնել հոգեբանական ձրի խորհրդատուութիւն ստացողներուն քանակը` անոր մէջ ներառելով 4-24 տարեկան պատանիներն ու երիտասարդները, ընդարձակել հոգեբուժարաններուն մէջ անկողիններուն քանակը, կրթութեան կարելիութիւն ապահովել յատուկ կարիքներ ունեցող երիտասարդներուն եւ կարիքաւոր մարդոց ապահովել ատամնաբուժական ձրի ծառայութիւն:
Չորրորդ գլուխը կը վերաբերի տնտեսութեան` «Պատասխանատու եւ արդար տնտեսութիւն մը» խորագիրով. այս գլուխը կ՛անդրադառնայ, որ նախկին կեդրոն-աջ կառավարութեան իշխանութեան ժամանակ Դանիոյ մէջ աւելցան հարկային վճարումներէ փախուստի երեւոյթները, տեղի ունեցաւ դրամագլուխի կեդրոնացումը փոքրամասնութեան ձեռքը (նուազեցնելով հարստութեան արդար վերաբաշխումը), բարձրացաւ գաղթականներուն մէջ անգործութեան համեմատութիւնը, այս բոլորը իրենց հերթին յառաջացուցին ընկերային անհաւասարութիւն` Դանիոյ հասարակութեան մէջ: «Նոր կառավարութիւնը,- կը նշէ ծրագիրը,- պէտք է հետապնդէ տնտեսական քաղաքականութիւն մը, որ կը զօրացնէ աշխատուժը եւ կը պայքարի ընդդէմ աղքատութեան ու անհաւասարութեան, ներդրում կը կատարէ կրթական մարզին մէջ եւ հմտութիւններուն զարգացումով կ՛ապահովէ լաւ շրջանակ մը` ձեռնարկութիւններուն համար: Ան (ակնարկը կառավարութեանն է) պէտք է հաստատէ, որ հոսկէ մինչեւ չորս տարի պետութեան գանձարկղը պէտք է յաւելեալ եկամուտ ապահովէ, իսկ նոյն ատեն ալ անհաւասարութեան մակարդակը պէտք է նուազի»: Հետեւաբար յստակ կ՛ըլլայ, որ նոր կառավարութեան առաջնահերթութիւնն է` վերականգնել ընկերային բարօր համակարգը, երեխաները եւ տարեցները դուրս հանել աղքատութենէն եւ գաղթականները մղել աշխատանքի շուկայ: Կառավարութիւնը կը միտի հանրային սեփականատիրութեան յանձնել կենսական ենթակառուցուածքը, քաղաքապետութիւնները ուղղորդել` հանրային բնակարաններ կառուցելու (հասարակ աշխատաւոր ժողովուրդին համար յարմար գիներով), բանուորներուն ապահովել աշխատանքային լաւ միջավայր եւ քայլեր որդեգրել ընդդէմ աշխատաւորներու շահագործման (օտար աշխատաւորները աւելի նուազ աշխատավարձով աշխատցնելու գործընթացին դէմ):
Կարդալով կեդրոն-ձախ կառավարութեան ծրագիրի ընկերային-տնտեսական բաժինները` կը հասնինք հետեւեալ եզրակացութիւններուն.
Ա.- Վերադառնալով աւանդական ընկերվար-ժողովրդավարութեան ընկերային-բարեկեցիկ պետութեան արժէքներուն` Դանիոյ ընկերվար-ժողովրդավարները յաջողեցան վերաշահիլ աշխատաւոր դասակարգի համակրանքը:
Բ.- Ընկերվար-ժողովրդավարներու` աշխատաւոր դասակարգի (որ նախորդ ընտրութիւններուն նախընտրեց Դանիոյ Ժողովուրդի կուսակցութեան ազգայնամոլ բարեկեցիկ քաղաքականութիւնները, քան` ընկերվար-ժողովրդավարներու Երրորդ ուղին) համակրանքը վերաշահելով, աջակողմեան ամբոխավար Դանիոյ ժողովուրդի կուսակցութիւնը 5 յունիս 2019-ին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին կորսնցուց 21 աթոռներ` իր օգտին քուէարկութեան համեմատութիւնը նուազեցնելով 21,1 առ հարիւրէն (2015-ի ընթացքին) 8,7 առ հարիւրի. այսպիսով, ամբոխավար աջ կուսակցութիւնը 2-րդ դիրքէն փոխադրուեցաւ 3-րդ դիրք:
Գ.- Ձախակողմեան զանազան հոսանքներու հետեւող կուսակցութիւններ մէկդի դնելով իրենց տնտեսական կողմնորոշումներուն շուրջ տարակարծութիւնները` համաձայնեցան, որ միասնաբար կազմեն կեդրոն-ձախ կառավարութիւն մը: Նմանօրինակ քայլեր յատկանշական են միջազգայնօրէն, եւ այս փորձի ընդօրինակումը դրական երեւոյթ մը կրնայ դառնալ` զանազան պետութիւններու խորհրդարանական կամ արտախորհրդարանական ձախակողմեան տարբեր հոսանքներու հետեւող քաղաքական ուժերու համար: