Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սլաքներ. Պսակաձեւ Ժահրը Կը Յիշեցնէ… Յ. Պարոնեանը

Մարտ 24, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. Մ.

Սիրելի՛ ընթերցող։ Ես ալ այս օրերուն, բոլորին նման, ինքնամեկուսացումի դատապարտուած եմ, գլխաւոր ժամանցս՝ պատկերասփիւռէն հաղորդուած լուրերուն հետեւիլն է։ Պսակաձեւ ժահրը իր տիրապետութիւնը տարածած է ամէն տեղ, մասնաւորաբար լրատուութեան միջոցներուն վրայ։ Լուրերը կը սկսին ու կը վերջանան այս աղէտին մասին տեղեկութիւններով, երբեմն ողբերգութիւնը համեմելով ծիծաղելի եւ կատակերգական դրուագներով։

Ի տես եւ ի լուր հրամցուածներուն, գրեթէ ամէն օր կը մտաբերեմ մեր անմահ երգիծաբանը՝ Յակոբ Պարոնեանը եւ իր մէկ նշանաւոր խօսքը. կը նախընտրեմ դաստիարակուիլ խնդալով, քան թէ ծեծով, ու այդ ներշնչումով ալ, ահա կ՛աշխատիմ քանի մը քաղուածք ընել աշխարհի առօրեայէն, ճշմարիտն ու երեւակայականը իրարու խառնելով՝ աղցան մը հրամցնել քեզի, որպէսզի այս «ծանր օրերուն» բերենք քիչ մը թեթեւութիւն։

***

–        Տարածուած է այն յոռետես համոզումը, թէ Պսակաւոր ժահրը միայն չարիք բերած է։ Սխա՛լ։ Պսակաձեւ ժահրը ահագին բարիք ալ բերաւ. սկսելու համար՝ անվիճելիօրէն բացայայտ դարձուց, թէ աշխարհի բազմաթիւ մեծ ու փոքր երկիրները կը կառավարուին համբակ եւ անատակ մարդոցմով։ Ժողովուրդը խուճապէ հեռու պահելու եւ ի՛սկապէս ճիշդ ցուցմունքներ տալու փոխարէն, շատեր օր աւուր պատկերասփիւռէն իրենք զիրենք կը ցուցադրեն դատարկաբանութիւններ բաշխելով։ Այդպիսիներուն կարելի է մէկ յանձնարարութիւն ընել. լաւ կ՛ըլլայ, որ ձեր բերանները միայն ձեր ատամնաբուժին առջեւ բանաք…

–        Այլ բարի՞ք մը. լուրերու ցանկերէն զգալիօրէն նահանջ արձանագրած են ոճիրները, արկածները, գողութիւնները, պատերազմները, գաղթականները եւ նման «սերիալ»-ներ, որոնք այլապէս դիտողին լաւ… ժամանցը կը հայթայթէին։ Երանի՜ թէ անոնք իսկապէս նուազած ըլլային։

–        Մի՛ աճապարէք։ Ուրիշ բարիքներ ալ կան։ Մարդիկ՝ պետական պատասխանատուներէ մինչեւ յետին համեստը, անդրադարձան, որ այս վարակը խտրութիւն չի դներ ցեղերուն ու երկրամասերուն միջեւ, իրեն համար սեւ ու սպիտակ, յեղափոխական կամ հակայեղափոխական, անցեալ-ցի եւ ներկա-ցիներ չկան…

–        Տխմարութիւնը միայն պետական կարգ մը դէմքերու մենաշնորհը չէ եղեր։ Ժահրով վարակուած մը ոստիկանի մը դէմ բողոքեր է, որովհետեւ ան յանձնարարած է տունէն դուրս չգալ. գանգատեր է, որ իր ազատութիւնն ու մարդկային իրաւունքները պէտք չէ բռնաբարուին, կաշկանդուին։ Մարդը հաւանաբար կը մտածէ, որ վարակելն ու վարակուիլն ալ իրաւունք է… (նման իրաւատէրեր մէկ-երկուք չեն. ձեր չորս դին փնտռեցէ՛ք, կրնան ձեր թաղին մէջ ալ բնակիլ)։

–        Ժահրին տարածման հաւանականութիւններուն մասին ահազանգերը վստահաբար մեծաւ մասամբ չափազանցութիւն են։ Պատասխանատուներ հաւանաբար պէտք է շեշտը դնեն նախազգուշական միջոցառումներու վրայ, քան թէ սարսափ տարածելու՝ թէ վաղը-միւս օր, հարիւրաւոր-միլիոնաւոր մարդիկ պիտի վարակուին անխուսափելիօրէն, մահուան մանգաղը առատ հունձք պիտի ընէ ամէն տեղ։ Կը ստեղծեն այն հոգեվիճակը, որ, կարծէք թէ, ժահրը տանդ դրան առջեւ քեզ կը սպասէ եւ կոկորդէդ վար պիտի սահի՝ անմիջապէս որ գլուխդ դռնէն դուրս հանես։ Միւս կողմէ, ուրախալի է, որ կան միտքեր հանդարտեցնող՝ անկեղծ խոստովանութիւններ, թէ վարակին դէմ տակաւին պատուաստ ու դեղ չկայ, այլ զգուշաւորութիւնն ու յստակ թելադրանքներու անսալը առայժմ միակ ձեւն է վտանգէ զերծ մնալու։

–        Այս ժահրը, իր ձեւովն իսկ, տարհամոզողի ազդեցութիւն ունեցած է, կ՛ըսեն, կարգ մը երկիրներու վարիչներուն մտայնութեանց եւ երազներուն վրայ։ Թուրքիայէն շշուկներ սպրդած են, որ Էրտողան որոշեր է հրաժարիլ սուլթանական-թագաւորական դիտաւորութիւններէ, երբ իմացած է, որ Պսակաձեւ ժահրին կը տրուի նաեւ… թագանման ժահր անունը։

–        Իտալացիք, ժահրին ծանրութիւնը ամէնէն աւելի կրողները ըլլալով հանդերձ, աշխարհին յիշեցուցին, որ կարելի է ամէնէն աղէտալի վիճակներն իսկ դիմագրաւել զուարճութեամբ՝ պատշգամներուն վրայէն երգելով իրարու արձագանգել։ Բազմաթիւ արուեստագէտներ, նաեւ հայեր հետեւեցան այս աղուոր տրամաբանութեան եւ համացանցի միջոցով հաճելի երաժշտութիւն, մինչեւ իսկ «գիւտեր» հրամցուցին հարկադրաբար տուներուն մէջ մեկուսացածներուն։

–        Ստեղծուած կացութեան մէջ, ինքնամեկուսացում պատգամը ամէն օր աւելի եւ աւելի՛ ուժեղ կը հնչէ։ Պէտք է աւելցնել նաեւ… ինքնաբանտարկութիւնը, մասնաւորապէս պետական այն մարդոց, որոնք ականջ չեն տար գիտնականին ու բժիշկին, կը դանդաղին անհրաժեշտ կանխամիջոցները յանձնարարելու ժողովուրդներուն։ Ինքնամեկուսացումը ներկայիս բարիք է. ինքնաբանտարկութեան մէջ պատիժի երանգ մը կայ…

***

          Այս արագ «ծաղկահաւաքը» աւարտին հասնելու մօտ էր, երբ Հայաստանի պատկերասփիւռի կայանէ մը 22 Մարտին հաղորդեցին, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը որոշեր է դադրեցնել Արցախի օժանդակութիւնները։ Որոշումը վերագրուեցաւ Ազրպէյճանի ի նպաստ քարոզչութիւն ընողներուն։ Սխա՛լ մեկնաբանութիւն։ Շշուկներ կան, թէ Թրամփ եւ օգնականները այս քայլին դիմեր են, որպէսզի կարենան խնայուած գումարով… պէտքարանի թուղթ գնել։

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (24 Մարտ 2020)

Յաջորդը

«Արցախին Տրուող Օգնութեան Վերացումը Խախտելու Է Ուժերի Հաւասարակշռութիւնը». Կիրօ Մանոյեան

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?