Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նեւրուզի տօնը, Քիւրտերու «Աբօ»ն եւ Կարօ Սասունին

Մարտ 21, 2020
| Անդրադարձ, Յօդուածներ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այսօր, Միջին Արեւելքի տարածքին Քիւրտերը եւ Իրանցիները կը տօնեն Նեւրուզը։ Իրանցիներուն համար Նեւրուզը նոր տարուան առաջին օրն է։ Բայց Քիւրտերուն համար Նեւրուզը նաեւ խորիմաստ է յատկապէս։ Քրտական ինքնութեան խորհրդանիշն է Նեւրուզը։ Այդ իսկ պատճառով, Թուրքիան տասնամեակներով խստիւ արգիլած էր Նեւրուզի նշումը։ Միջազգային ճնշումներուն տեղի տալով, Թուրքիան 2005 թուականին արտօնեց անոր տօնակատարութիւնը։

Լիբանանի մէջ մենք անհամբեր կը սպասէինք Նեւրուզի տօնախմբութեան։ Լիբանանի քրտական համայնքի անդամները կը համախմբուէին շրջան առ շրջան եւ Նեւրուզի օրը կը դիմաւորէին քրտական երգերով, պարերով, ճաշերով եւ բոցաշունչ ազգայնական ճառերով։ Այս ձեռնարկներուն եզրափակումը կը կատարուէր Պէյրութի Սինեմա Ռիվոլիի սրահին մէջ, ուր, իրենց ղեկավարներու առաջնորդութեամբ՝ քիւրտերը կը համախմբուէին իրենց մեծով ու փոքրով, հաղորդուելու համար օրուան պատգամին։

Լիբանանի մէջ, ինչպէս Միջին Արեւելեան այլ գաղութներու մէջ, հայերն ու քիւրտերը բարեկամանան յարաբերութիւն ունէին։ Հետեւաբար, աւելի բարձը մակարդակով Քիւրտ ղեկավարութիւնը Հ. Յ. Դաշնակցութեան հետ կը պահպանէր իր յարաբերութեան եւ գործակցութեան կապերը։

Ուստի, Դաշնակցութիւնը անպայման իր հրապարակային ու պաշտօնական մասնակցութիւնը կը բերէր Սինեմա Ռիվոլիի տօնախմբութեան։

Իւրաքանչիւր տարի, Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի որոշումով այս տօնախմբութեան Դաշնակցութիւնը կը ներկայացնէր անկախ Հայաստանի Շիրակի մարզի նահանգապետ Կարօ Սասունին։ Ընկ. Սասունիի քիւրտերուն հետ կապերը կու գային իր մանկութեան օրերէն՝ Սասնոյ դաշտերէն եւ լեռներէն։ Քիւրտերը կը սիրէին ու կը յարգէին ընկ. Սասունին։ Ան քիւրտերուն «Աբօ»ն էր, այսինքն՝ Քեռին։

Տօնախմբութեան ներկայ ըլլալու համար ընկ. Սասունիին կ՚ընկերակցէին խումբ մը ուսանող ընկերներ՝ Զաւարեան Ուսանողական Միութենէն։

Անբացատրելի փորձառութիւն էր ընկ. Սասունիի հետ սրահէն մուտք գործելը եւ տօնախմբութեան ներկայ ըլլալը։ Հազիւ սրահին մուտքին, օրուան հանդիսավարը կը յայտարարէր, թէ մուտք պիտի գործէ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչը՝ «Աբօ» Կարօ Սասունին։ Պահ մը լռութիւն կը տիրէր։ Ժողովուրդը ոտքի կը կանգնէր եւ հայեացքը կ՚ուղղէր դէպի գլխաւոր մուտքը։

Ընկ. Սասունին, գաւազանին կրթնած, կախ՝ սակայն հանդարտ ու խրոխտ քայլերով կը մտնէր ներս։ Ժողովուրդը կը ծափահարէր, կ՚ողջունէր բարձրաձայն։ Ամէն կողմէ կը լսուէր «Աբօ՜, Աբօ՜, Աբօ՜, Աբօ՜, Աբօ՜, Աբօ՜, Աբօ՜, Աբօ…»։ Շատեր կը փորձէին դպնալ իր բաճկոնին։ Ուրիշներ կը փորձէին բռնել իր աջը եւ համբուրել։

Ընկ. Սասունին, կաղալով՝ բայց միշտ հպարտ ժպիտով կը քալէր վար՝ դէպի պաշտօնական հիւրերու նստաշարքը։ Զաւարեանի տղաքը թիկնապահներու նման կը հետեւէին ընկ. Սասունիին։

Առաջին նստաշարքին, Քիւրտ ղեկավարները կը դիմաւորէին ընկ. Սասունին, կը ձեռնուէին եւ կ՚ողջագուրէին «Աբօ»յին հետ։ Ընկ. Սասունի կանգ կ՚առնէր իրեն վերապահուած աթոռին առջեւ, կը դառնար ետ՝ դէպի ժողովուրդին, կը բարեւէր… Կրկին ծափահարութիւններ, ողջոյններ… եւ «Աբօ»ներ։

Ընկ. Սասունին կը նստէր իր սիրած քիւրտ ժողովուրդին հետ։ Համախմբուած քիւրտերը պայքարելու եւ յարատեւելու նոր աւիշ կը ստանային իրենց »Աբօ»յէն։

Զաւարեանի տղոց համար կը շարունակէր անբացատրելի մնալ «Աբօ»յին հմայքը։

Սեդօ Պոյաճեան

Մարտ 20, 2020
Լոս Անճելըս

 

Նախորդը

ԿՈՉ` ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?