Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար «Ամերիկայի Մէջ Մանկապարտէզ…»

March 26, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Միջին-արեւելքցի հայերը, որոնք տասմանեակներ առաջ նաեւ թրքախօս էին, չեմ գիտեր թէ ճիշդ ե՞րբ եւ ի՞նչ պայմաններու բերումով, բանաձեւած են մտածում մը, որ թարգմանի. «Ամերիկայի մէջ մանկապարտէզ կը փնտռէ…»: Ենթիմաստը այն է, որ Ամերիկայի մէջ մանկապարտէզ չկայ:

Այս օրերուն, երբ Պսակաձեւ ժահրը իր դրօշը անարգել կը տարածէ ցամաքամասէ ցամաքամաս, այդ խօսքը նորացուած է եւ ժամ առ ժամ կ՛ապացուցուի, թէ Ամերիկայի մէջ ո՛չ միայն մանկապարտէզներ կան, այլ աւելի՛ն, պետական մարդիկը, որոնք երկիր-ժողովուրդ կառավարելու կոչուած են, մանկապարտէզէն դուրս չեն եկած: Իսկ աշխարհը, որ Ամերիկան իտէալականացնելու մոլուցքէ կը տառապի, իր կարգին իշխանութեան հասցուցած է ու կը հասցնէ մանկապարտէզէն անդին չանցած անձեր:

Չխօսինք նախագահ Թրամփի նման «գիտնական»ներու մասին, որոնց իւրաքանչիւր արտայայտութիւնը յաջորդ վայրկեանին իսկ կը հերքուի իմաստուն, գիտակ մարդոց կողմէ, ալ ի՜նչ խօսք` վարակին տարածման աւարտը կանխատեսելու անոր ու նմաններու մոգական կարողութեան մասին…: Ի մտի ունինք բազմաթիւ ուրիշներ, որոնք կը դեգերին Թրամփի ու այլ երկիրներու մէջ անոր նմաններուն շուրջը: Փոխանակ համատարած այս պատուհասին դարմանումի եւ կանխարգիլման միջոցներուն վրայ կեդրոնանալու, արդէն խօլ արշաւներու ձեռնարկած են` տագնապը քաղաքականացնելու եւ սնամէջ քարոզչութիւն ընելու դիտաւորութեամբ (տնտեսական մարզին եւ ժողովուրդին փրկութկեան լաստ նետելու ամերիկեան խորհրդարանի բանավէճերն ու անոնց արդիւնքը միայն միջակէտ մըն էին): Չինաստանի եւ այլոց դէմ ամբաստանութեան արշաւներ կը տարուին հոս-հոն, մեղադրեալներն ալ կը փոխադարձեն. զուգահեռաբար, այս կամ այն երկրին մէջ, ընդդիմադիրներ ամբաստանութիւններ կը շռայլեն իշխանական կողմերուն դէմ, իբրեւ թէ անոնք ըլլային այս վարակին աղբիւրներն ու տարածիչները:

Այո՛. իշխանութիւններ ու առհասարակ ժողովրդային զանգուածներ շատ ուշ անդրադարձան, թէ ինչպիսի՛ պատուհաս մը կու գայ հարուածելու աշխարհը: Այո՛, իշխանութիւնները տեղ մը յանցաւոր են, որովհետեւ բաւական ուշ արձագանգեցին Չինաստանէն հնչած ահազանգին. աշխարհը գոնէ երկու ամիս ուշացումով սկսաւ կրիայի դանդաղութեամբ քալել կանխամիջոցներու այն ճամբէն, ուրկէ չինացիները արդէն սկսած էին վերադառնալ, իսկ Պսակաձեւ ժահրը նապաստակի պէս կը վազէր դէպի նոր մրցանիշ: Այս բոլորով հանդերձ, այս հանգրուանին` երբ հրէշը արդէն շիշէն դուրս փախած է, ո՞վ կրնայ վաստահ ըլլալ, թէ ամբաստանութեանց ու մեղադրանքներու փոխանակումը` երկիրներու եւ քաղաքական խմբաւորումներու միջեւ, նուազագոյն չափով կը նպաստէ աղէտին սանձահարման ու յաղթահարման: Խելահաս ու մանկապարտէզէն անդին անցած մարդը կը հասկնայ, պէ՛տք է հասկնայ, որ համաճարակը դիմագրաւելու համար, բոլորին ձեռքերուն մէկտեղումը հրամայական է ու անյետաձգելի, պատժամիջոցներու լեզուով խօսիլը դատապարտելի ինքնախաբէութիւն է: Ճիգ ու (հազուագիւտ դարձած) ուղեղները, պէտք է կեդրոնացնել գործնական այնպիսի՛ միջոցներու վրայ, թէ օրինակի համար, ինչպէ՞ս օգնութիւն` սննդամթերք եւ ապրուստի տարրական այլ կարիքներ մատակարարել այն զանգուածներուն, որոնք հարկադրաբար ինքնամեկուսացումի մատնուած են ու զրկուած` տարրական եկամուտէ: Արդեօք ժամանակը չէ՞ հասած, որ երկիրներ, իրենց տնտեսական կարողութիւնները օգտագործելով, ի հարկին բանակայիններ եւ պահակախումբեր քանի մը շաբաթ գործի լծեն, բեռնակառքերով փողոց առ փողոց սննդամթերք ու նման կենսանիւթեր հասցնելու համար «բանտարկեալներու»ն: Սա բարեսիրական տրամաբանութեամբ պիտի չըլլայ, այլ ժողովուրդին կարիքները բաւարարելու կամքով, մանաւանդ հարստութիւն կուտակած կողմերուն կարողութիւնները օգտագործելով (թենիսի հռչակաւոր աստղ մը` Ռոժէ Ֆետերէր, 25 Մարտին մէկ միլիոն տոլար նուիրած է իր երկիրն կառավարութեան` կարօտեալներուն օգնութիւն հասցնելու նպատակով. նման քայլերու դիմած են նաեւ այլ մարզիկներ եւ ականաւորներ. մեծ շահեր ապահովող` քարիւղի կամ այլ ընկրութիւններ վստահաբար մանկապարտէզային նկատեն նման փափկասրտութիւն, իսկ մանկապարտէզէն դուրս չեկած պետական մարդիկ չեն համարձակիր իրենց աչքերը եւ ձեռքը ուղղելու անոնց):

Մանկապարտէզը իր հեղինակութիւնը տարածած է նաեւ ժողովրդային զանգուածներուն վրայ: Մէկ կողմէ, անոնք ինկած են չափազանցեալ խուճապի մէջ, ինչպէս պիտի ընէին մանկապարտէզի աշակերտները` եթէ ուսուցիչը սեղանին դնէր գունաւոր շաքարներով լեցուն սակառ մը (կարելի է, անշուշտ, հարց տալ, թէ մանուկները պիտի հասնէի՞ն զիրար ծեծելու եւ իրարմէ շաքար խլելու ծայրայեղութեան), իսկ միւս կողմէ, կը յամառին անտեսել խելամիտ մարդոց` զգուշացումի եւ կանխամիջոցներ որդեգրելու յորդորներն ու թելադրանքները: «Թող կառավարութիւնը մտածէ» տրամաբանողը կը մոռնայ, թէ կառավարութիւնը նոյնինքն ժողովուրդն է (հոն ալ հարց է, թէ պետական մարդիկ իսկապէս թոյլ կու տա՞ն, որ մարդիկ անդրադառնան, թէ իրենք են կառավարութիւնը, եւ ո՛չ թէ պետական մարդիկը դիրքերու հասցնողները…):

Բանականութիւնը մէկդի թողած զանգուածին վարուելակերպը հրամայական կը դարձնէ ինքնագիտակցութեան վերականգնումը եւ դուրս գալ «մանկապարտէզային» կաշկանդումներէն, մինչեւ իսկ եթէ պետական վարիչի աթոռներուն նստածները շարունակեն իրենք զիրենք անջատուած պահել ընդհանրական աղէտին տարողութենէն ու հետեւանքները ճիշդ ձեւերով սանձելու միջոցներէն, այսինքն` նախընտրեն մնալ մանկապարտէզին մէջ: Այս տագնապը պիտի սանձահարուի ի վերջոյ, եւ պիտի՛ կասեցուի, բոլորին դրապաշտ մօտեցումով, գործակցութեամբ, աղէտը իր իսկական տարողութեան մէջ տեսնելո՛ւ կարողութեան վերահաստատումով: Պէտք է լուսարձակ կեդրոնացնել նա՛եւ այն ճշմարտութկեան վրայ, թէ վարակուածները անպայման չեն մեռնիր, դարմանուող-ապաքինողներ ալ կան:

Գլխագիր մարդուն ընդոծին արժանիքներէն մէկն ալ այն է, որ ունի կամքն ու իմացական կարողութիւնը յաղթահարելու նման ծանր տագնապներու: Պետական պատասխանատուներէն կը սպասուի, ի շարս այլ բաներու, նախ իրենք իրենց մէջ վերականգնել այս արժանիքը, յետոյ նաեւ զանգուածներուն յիշեցնել, թէ բոլոր բանական արարածները, առանց խտրութեան, օժտուած են այս «ձիրք»ով:

Այսպէսո՛վ է որ կը բարձրանանք մանկապարտէզէն վեր:

25 Մարտ 2020

 

 

 

 

Նախորդը

Փրփուր – Մասարա – Պսակաւոր Ժահր

Յաջորդը

«Քորոնա» Ժահրին Պատճառով Լոնտոնի Մէջ Մահացաւ Սփիւռքահայ Գեղանկարիչ, Ճարտարապետ Էդման Այվազեանը

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.