Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութի Վ. Թէքէեան Վարժարանը Ճակատագրական Հանգրուանի Առաջ

June 29, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ամերիկայի Թէքէեան Մշակութային
Միութիւնը 60,000 Տոլար Կը Յատկացնէ Վարժարանին

             Լիբանանի երբեմնի բարգաւաճ համայնքը այս օրերուն կը դիմագրաւէ գոյութենական լուրջ տագնապ:

Սփիւռքի համայնքներու փոխ-օգնութեան սկզբունքով՝ մեր համայնքները պարտին ձեռք մեկնել Լիբանանի հայ համայնքին.  մանաւանդ որ այդ համայնքը տասնամեակներու ընթացքին մտաւորական, կրթական գաղափարական սնունդ մատուցած է Արեւմուտքի տկարացող գաղութներուն, կենսաւորելով անոնց վերապրումի պայքարը այլասերման դէմ:

Վերջին տասնամեակներուն զգայացունց տագնապներէ անցաւ լիբանանահայութիւնը, արագացնելով արտագաղթը եւ տկարացնելով համայնքը:

Իբրեւ հետեւանք այդ տագնապներուն ծանրօրէն տուժեց կրթական համակարգը:  Փակուեցան կարգ մը վարժարաններ իսկ Հ.Բ.Ը.Միութիւնը իր հինգ վարժարանները համախմբեց մէկ վարժարանի յարկին տակ. նոյնը պատահեցաւ Ազգային իշխանութեան (եկեղեցւոյ) դպրոցներուն:

Պէյրութի Թէքէեան վարժարանը որ 70 տարիներէ  ի վեր կը գործէ Պուրճ Համուտի հայաշատ շրջանին մէջ, իր հերթին տուժեց ծանրօրէն՝ աշակերտութեան նօսրացման հետեւանքով:  Սակայն, շնորհիւ ծնողներու եւ հոգաբարձութեան հերոսական ճիգերուն, ինչպէս նաեւ ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի հովանաւորութեան վարժարանը պահպանեց իր գոյութիւնը:  Ամերիկայի Թէքէեանի շրջանակը եւս բերաւ իր լայն աջակցութիւնը վարժարանին, որ բազմաթիւ ուսեալ սերունդներ պատրաստեց սփիւռքի հայութեան համար:

Այսօր, քորոնաժահրի համաճարակը, միացած Լիբանանի քաղաքական ու տնտեսական տագնապին, ամբողջութեամբ անդամալուծած է հայ համայնքը:

Այս ծանր պայմաններուն ներքեւ ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմինը, Պէյրութէն  սիրալիր կոչ մը ուղղած է Ամերիկայի եւ Գանատայի ԹՄՄի Կեդրոնական Վարչութեան, ինչպէս նաեւ համայն հայութեան փրկելու վարժարանը անխուսափելի վախճանէ մը:

ԹՄՄի Կեդրոնական Վարչութիւնը արդէն փութաց փոխանցել 50,000 ամերիկեան տոլարի գումար մը: Արդէն  նախապէս 10,000 տոլար փոխանցուած էր դպրոցին: խոստանալով շարունակել իր օժանդակութիւնը՝ կենդանի պահելու համար այս կրթական փառաւոր հաստատութեան գոյատեւումը:

Այսօր պահն է նաեւ զօրակոչի ենթարկելու Թէքէեան վարժարանի նախկին սաներն ու շրջանաւարտները որ վերյիշեն իրենց երբեմնի կրթական մայր օճախը եւ փութան կարելի չափով երկարաձգել անոր գոյութիւնն ու առաքելութիւնը:

Այս կոչը հաւասարապէս ուղղուած պէտք է նկատել բոլոր կրթանուէր հաստատութեանց եւ բարերար անհատներու որ տէր կանգնին այս կրթական օճախին, որ գոյութենական սիւներէն մէկը հանդիսացած է 70 տարիներէ ի վեր, հայաշատ Լիբանանի մէջ:

Բոլոր տրազերծ նուիրատուութիւնները կարելի է առաքել Թէքէեան Մշակութային Միութեան հետեւեալ հասցէին՝ 755 Mt. Auburn Street, Watertown, MA 02472, USA, tekeyan@aol.com, 1-617-924-4420:

Հանգանակուած գումարները պիտի բարդուին Կեդրոնական Վարչութեան ապագայ յատկացումներուն եւ ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուին Պէյրութի Վահան Թէքէեան վարժարանին:

ԹԷՔԷԵԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԵՒ ԳԱՆԱՏԱՅԻ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

 

Պոսթըն, Յունիս 20, 2020

Նախորդը

Մուրատ Փափազեան. «Խախտելով Սահմանադրութիւնը` Վարչապետը Չի Կրնար Երկիրը Տանիլ Ժողովրդավարութեան»

Յաջորդը

Վախճանման 21-րդ Տարելիցին Առիթով. Յիշենք Բացառիկ Հոգեւորական Եւ Մեծ Մտաւորական Երանաշնորհ Գարեգին Ա. Կաթողիկոսը (27 Օգոստոս 1932 – 29 Յունիս 1999)

RelatedPosts

Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Խաւարի Մէջ Լոյս. Սուրբծննդեան Տօնը Արցախի Հայաթափման Եւ Քրիստոնեայ Աշխարհի Անտարբերութեան Դիմաց

January 9, 2026
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գոմին Մէջ Ծնած Մանուկը (Ծնունդ)

January 6, 2026
Խաւարէն Դէպի Լոյս
Անդրադարձ

Խաւարէն Դէպի Լոյս

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.