Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Պատասխանատուութեան Զգացում Եւ Անհատական Ու Ազգային Արժանապատուութիւն

June 25, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Վերջերս լուսանկար մը տարածուեցաւ համացանցին մէջ, ուր, ըստ աղբիւրին, կը տեսնենք Ճաբոնի ուժանիւթի նախարարը, խոնարհած դիրքի մէջ, եւ ըստ նոյն աղբիւրին, ան 20 վայրկեան այս դիրքով խոնարհած է, քանի որ պզտիկ գիւղի մը մէջ ելեկտրական հոսանքը 20 վայրկեան ընդհատուած է:

Այս նկարին մասին մեծ թիւով կասկածողներ եղան, հաւանաբար իրաւացիօրէն, սակայն ինչո՞ւ շատեր հաւատացին եւ ես ալ կրնամ հաւատալ, քանի որ ընդհանրապէս ճաբոնցի եւ անձնական փորձառութեամբ՝ պիտի աւելցնեմ նաեւ քորեացի ժողովուրդին մօտ անհատական ու ազգային արժանապատուութիւնը եւ պատասխանատուութեան զգացումը ամէն բանէ վեր է: Անոր համար էր, որ Ճաբոնը ունեցաւ 3800 Քամիքազի (անձնասպանական) օդաչու զոհեր, որոնցմէ 500-ը Բ. Աշխարհամարտին  անձնասպանական գործողութիւններով, պայթուցիկներով լեցուն օդանաւերով, բախեցան թշնամի մարտանաւերուն՝ խորտակելով զանոնք:

20 վայրկեան տեւողութեամբ կը խոնարհի

Արժանապատուութեան այլ օրինակ մը՝ 28 մայիս 2007-ին Ճաբոնի երկրագործութեան նախարարը Թոշիքացու Մացուոքա ինքզինք կախելով անձնասպան եղաւ, ծախսերու վերաբերեալ կարծեցեալ գայթակղութեան մը մասին տեղի ունենալիք իր հարցաքննութենէն ժամեր առաջ (1): Կը յիշեմ նաեւ 1960-ական տարիներու վարչապետի մը շարժավարը, որ երբ շշուկներ տարածուեցան վարչապետին կարծեցեալ գայթակղութեան մը մասին, նախքան որեւէ դատական կամ քննական հարց, ան անձնասպան եղաւ, այն պատճառով, որ ինչպէ՞ս կը ծառայէր անձի մը, որուն մասին գայթակղութեան կասկածներ կրնան ըլլալ…:

Եզրակացութիւն՝ չաղաւաղուած հայն ալ ունի՛ եւ պէ՛տք է ունենայ բարձրագոյն պատասխանատուութեան զգացում եւ անհատական ու ազգային արժանապատուութիւն, մա՛նաւանդ պետական կամ պատասխանատու դիրքեր ունեցողները: Այս մարդկային ազնուագոյն յատկանիշներուն պատճառով, Ճաբոնը եւ Քորէան, որոնք ահաւոր պատերազմներէ, եւ առաջինին պարագային երկու կորիզային ռմբակոծումէ կարճ ժամանակ ետք, դարձան գիտութեան եւ ճարտարարուեստի մարզի աշխարհի առաջատարներէն ունենալով հզօր տնտեսութիւններ:

19 յունիս 2020

(1)  https://www.theguardian.com/world/2007/may/28/japan

Նախորդը

Հայկական Ֆութպոլ. Նոա Եւ Արարատ-Արմենիա Հասան Աւարտականին

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (25 Յունիս 2020)

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.