ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
1.Դելլալ Պետրոս
Մայիս 6-ի՝ Նահատակաց տօնին առթիւ մեր թերթերէն մէկը գրած էր. «104 տարի առաջ Պէյրութի եւ Դամասկոսի մէջ կախաղան հանուեցան…արաբական զարթօնքի մունետիկները»:
Քմծիծաղով մը հարց տուի ես ինծի, թէ ո՞վ ինչ հասկցաւ, քանի մունետիկին ի՛նչ ըլլալը գիտցող մնացա՞ծ է, մանաւանդ մունետիկ տեսնող եղա՞ծ է այս սերունդին մէջ, եւ եթէ այո՛, հապա ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս, քանի անոնք՝ մարդկային այդ տեսակը շատ երկար ատենէ ի վեր անհետացած է մեր առօրեայէն:
Մեր մենաշնորհն էր այդ, անցած-գացած մենաշնորհ մը, որ այլեւս վայելող պիտի չըլլայ:
* * *
Իմ մանկութեանս Պետրոս անունով կոյր մունետիկ մը կար Պուրճ-Համմուտի Թրատ թաղին մէջ, որ, թոռնիկին ուսէն բռնած, սովորաբար նպարավաճառ մուխթար Թաւուքճեանին ապրանքներուն գիները կը յայտարարէր զիլ ձայնովը, կամ քաղաքապետական որոշում մը, կամ կորսուած մանուկի մը տուեալները՝ այսքան պարգեւ խոստանալով գտնողին, կամ Դատաստանական խորհուրդի մէկ կոչը՝ անյայտացած ամուսինի մը կամ կնոջ մը հասցէին, կամ մահազդ մը՝ իր տուեալներով, կամ աճուրդ մը եւ այլն: Ան ծանօթ էր «դելլալ Պետրոս» անունով,– որովհետեւ «մունետիկ» բառը տակաւին մուտք չէր գործած Պուրճ-Համմուտի բառարանին մէջ, թող որ նման անուն մը շատ ալ պիտի չվայելէր այդ մարդուն. ո՜ւր է դելլալ-ը եւ ո՜ւր է մաունետիկ-ը,– եւ այդ անունով ալ մտած էր ան մեր ամէնօրեայ բարքերուն մէջ: Եթէ մէկը բարձրաձայն խօսէր, ուրիշ մը իսկոյն կը սաստէր. «Դելլալ Պետրոսին պէս մի՛ պոռար»: Իսկ եթէ պատահէր, որ մէկը շատ ցած ձայնով խօսէր, եւ ուրիշ մը խնդրէր քիչ մը բարձրացնել ձայնը, իսկոյն կը հասնէր պատասխանը. «Ի՞նչ է, ես դելլալ Պետրո՞սն եմ»: Կամ մէկը բազմիցս կրկնէր խօսքը ու լսող չունենար, «դելլալ Պետրոսէն գէշ եղայ»,– կ’եզրակացնէր դառնացած:
Դելլալ Պետրոսը բարձրահասակ ու թիկնեղ էր, իսկական աժդահայ մը, ձայնը զիլ, որ «մինչեւ եօթը փողոցէն կը լսուէր», ինչպէս կը բնորոշէին զայն մեր չափահասները: Ի ծնէ կոյր, կը շրջէր օգնութեամբը ուրիշի մը, որ սովորաբար թոռնիկն էր: Անոր երեւումը իսկական տօն մըն էր մանուկներուս համար, որ ընդհանրապէս փողոցը կը խաղայինք, քանի տուներուն մէջ տեղ չկար: Իսկ ձայնը կը կանխէր անոր երեւումը, եւ մենք, մեր խաղերը ձգած, կը պատրաստուէինք պատշաճօրէն դիմաւորելու զինք:
Իր յայտարարութիւնները թրքերէն կ’ընէր, քանի հայերէն չէր գիտեր, իսկ շրջապատին մէջ թրքերէն գիտցողները շատ աւելի էին, քան հայերէն: Հազիւ հասած կ’ըլլար, եւ արդէն կը շրջապատէինք զինք ու որոշ տեղ մը կ’ընկերանայինք իրեն՝ երբեմն խնդրելով թոռնիկէն, որ մե՛նք բռնենք ձեռքը: Մինչեւ հիմա ալ չեմ գիտեր, թէ ինչո՛ւ, ո՛ւր էր այդ ընկերակցութեան հաճոյքը:
Ունէր գունագեղ բառամթերք մը, որ տարիներու ընթացքին ճոխացուցած ու զարգացուցած էր եւ շարադրելու պատկերազարդ ոճ մը, այնպէս, որ իւրաքանչիւր յայտարարութիւնը կը ներկայացնէր իբրեւ պարգեւ մը, որմէ պէտք չէր զրկուիլ: Այսպէս, օրինակ, այնպիսի քնքուշ բառերով կը նկարագրէր Թաւուքճեանի ընդեղէնը՝ ցորենը, ձաւարը, բրինձը, լուբիան, ոսպն ու սիսեռը, որոնք միշտ ալ «նոր հասած, թարմ, համով ու եփուն» կ’ըլլային, այնպէս որ տանտիկինները չէին վարաներ իսկոյն ուղղուելու խանութ՝ չզրկուելու համար այս եզակի առիթէն: Մինչ չար լեզուները չէին վարաներ հաստատելու, որ «մուխթարը նորէն որդնոտած ապրանքները կը քշէ կոր…»: Է՜հ, փիլիսոփայ ըլլալու պէտք ալ չկար՝ այդքանը գիտնալու համար: Եթէ մուխթարին ապրանքը այնքան ընտիր ըլլար, ինչպէս կը ներկայացնէր դելլալ Պետրոսը, ա՛լ ինչո՞ւ մուխթարը 50 դահեկան պիտի զոհէր ու դելլալ վարձէր…
Մէկ մէկ ալ երկու կ’ընէ, չէ՞…
Հիմա մունետիկ մնացած չէ այլեւս, ձայնասփիւռն ու հեռատեսիլը, չհաշուած թերթերը, անոր գործը կը կատարեն աւելի տարողունակ ու յաջող սփռումներով, իսկ բառը մնացած է…գիտցողներուն համար, սակայն ոչ իր բուն իմաստով, այլ փոխաբերական: Իսկ այդ փոխաբերական կոչուած իմաստը բնաւ ալ դրական բաներ չի նշանակեր այլեւս, ալ ո՛ւր մնաց, որ անով կարելի ըլլայ բնորոշել «արաբական զարթօնքի»-ին համար իրենց կեանքը կախաղանի վրայ զոհ բերած նահատակները:
Եթէ արդի հայուն ըսես՝ «Թորոսը Մարկոսին մունետիկն է»,– այդ կը նշանակէ՝ Թորոսը մարկոսին չունեցած արժանիքները կ’ուզէ կլլեցնել շրջապատին, ճիշդ ինչպէս դելլալ Պետրոսը մուխթարին որդնոտած ընդեղէնը կը կլլեցնէր ժողովուրդին:
Բառերն ալ հոգի մը ունին, եւ կ’ապրին իրենց այդ հոգիով:
- Թերթավաճառ Պարգեւ
Մեր մանկութիւնը գունազարդող ու զուարթացնող դէմքերէն մէկն ալ հայ թերթավաճառ մըն էր՝ Պարգեւ անունով: Ճիշդ չէ զինք «թերթավաճառ» անուանել, աւելի ճիշդ պիտի ըլլար «թերթի շարժական կրպակ» կոչել, վասնզի իրօք շարժական կրպակ մըն էր ան:
Կազմով կարճահասակ էր, լայնկեկ ու ժայռի պէս տոկուն:
Եւ այդ տոկունութեան շնորհիւ ալ կը յաջողէր մեծաքանակ շալկել իր ժամանակի բոլոր հայկական թերթերը, որոնք շատ աւելի էին այն օրերուն, քան հիմա: Ձեզմէ քանի՞ն կը յիշէ «Ժողովուրդի ձայնը», «Ազդարար»-ը եւ ուրիշներ, որոնց անունները ինքս ալ մոռցած եմ եւ որոնք խաղաղ կը գոյակցէին անոր մարմինին շուրջ կապուած եւ ուսերէն կախուող տրցակներովը «Արարատ»-ին, «Ազդակ»-ին ու «Զարթօնք»-ին: Այս բոլորին մէջ դժուար էր տեսնել դէմքը եւ ականջներուն հասնող պեխը՝ à la Staline, սակայն ինք կը տեսնէր իր շուրջը եւ անսայթաք կը յառաջանար առանց յոգնութեան նշան ցոյց տալու:
Պատերազմի տարիներն էին եւ Կարմիր բանակի յաղթական սլացքին…
Այս մասին ամէնէն աւելի կը գրէր «Ժողովուրդի ձայնը», որ հայ համայնավարներու պաշտօնաթերթն էր եւ հացի պէս կը ծախուէր, քանի ամէն մարդ կ’ուզէր գիտնալ Կարմիր բանակի սխրանքներուն մանրամասնութիւնները, որոնք վերջին հաշուով կը վերաբերէին նաեւ հայկական բանակին:
Պարգեւ ինք եւս սովորաբար վերերէն՝ Ծերանոցի կողմերէն կը յառաջանար դէպի վար: Ան կանգ կ’առնէր իւրաքանչիւր թաղի բերանը եւ նոյնքան զիլ ձայնով մը, որքան դելլալ Պետրոսինն էր, կը սկսէր մանրամասնօրէն տալ «Ժողովուրդի ձայն»-ին՝ գրեթէ բոլոր լուրերը,– եւ չէր վախնար, որ այդ բոլորէն ետք մարդիկ հրաժարէին թերթ գնելէ,– եւ ամէն անգամ ալ կ’աւարտէր նոյն խոստումով. «Կամիր բանակը պիտ մտնէ Պերլի՜՜՜ն…»,– այս վերջինը կ’երկարէր մինչեւ որ մարէր ձայնը, իսկ լսողները կը կարծէին, թէ ուր է՝ պիտի պայթի ան: Եւ ահա գնորդները կը սկսէին հասնիլ «գունդ առ գունդ», ու թերթի տրցակները կամաց-կամաց կը թեթեւնային:
Է՜հ, աշխարհի լաւ ատենն էր, եւ ընթերցողի պակաս չկար, քանի ո՛չ հեռատեսիլ կար, ո՛չ ձայնասփիւռ կար, ո՛չ համակարգիչ կար, ո՛չ ալ հեռաձայն ու բջիջային:
Ապա կ’անցնէր յաջորդ թաղը, որուն մուտքին կը վերսկսէր նոյն բեմադրութիւնը տառացի հաւատարմութեամբ եւ այսպէս շարունակ:
Պարգեւը կ’անցնէր-կ’երթար, տեղը մենք կը գրաւէինք՝ կրկնելով իր տուած լուրերը կամ ինչ որ անոնցմէ կրնար կորզել մանուկ մը, ու կը ծախէինք զանոնք նոյն արարողակարգով, շարժումներով, նուիրումով ու համոզումով՝ եզրակացնելու համար, թէ…«Կարմիր բանակը պիտի մտնէ Պերլի՜՜՜ն»՝ փորձելով իրեն պէս երկարել այս խորհրդաւոր անունը, որմէ ոչինչ կը հասկնայինք:
Բայց ահա օրերը կ’անցնէին, մենք ակնդէտ կը սպասէինք, բայց արի տես, որ Կարմիր բանակը «չէր մտներ Պերլին», ինչպէս կը խոստանար Պարգեւ, իսկ մենք անհամբեր էինք իմանալու այդ մուտքը, որ մղձաւանջ մը դարձած էր որքան իրեն, նոյնքան ալ մեզի համար:
Օր մըն ալ սովորականին պէս լուրերը տուաւ, թերթերը ծախեց եւ սկսաւ ուղղուիլ յաջորդ թաղին բերանը, որ մօտաւորապէս 25-30 մեթր անդին կը գտնուէր, եւ մենք գրաւեցինք իր տեղը՝ սկսելով մե՛ր լրատւութիւնը, երբ մեզմէ մէկը կոկորդը պատռելու չափ բարձրաձայն եզրակացուց.
–Կարմիր բանակը մտաւ Պերլի՜՜՜ն…
Պարգեւ, որ բաւական յառաջացած էր, ամբողջ զանգուածովը վերադարձաւ՝ թեթեւոտն մանուկի մը հեզասահ ընթացքով եւ տագնապահար, աչքերը լայն բացած ու դողդղացող ձանով մը հարցուց.
–Ո՞վ ըսաւ, ուրկէ՞ լսեցիք…
Կը հեւար, կ’ակնկալէր գոհացուցիչ լուսաբանութիւն մը քաղել մեզմէ,– չէ՞ որ կարեւոր գաղտնիքները փոքրիկներէն պէտք է առնել,– սակայն մեր ծիծաղն ու փախուստը փարատեցին այդ յոյսը եւ վերադարձուցին զինք առօրեայ տաղտկալի ու մռայլ իրականութեան եւ համազգային մեծ ու անորոշ սպասումին, որ չէր վերջանար եւ առաձիգ պիտի երկարէր դեռ ատեն մըն ալ…