Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հաուըրտ Գարակէօզեան» Հաստատութեան Հոգածութեան Առանցքը Կը Կազմեն Առաւելաբար Մանուկներն Ու Պատանիները

Օգոստոս 24, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց` ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ

1939-ին Միհրան Գարակէօզեան ամոլը իր վաղամեռիկ զաւկին` տարաբախտ Հաուըրտին ծանր կորստեան ցաւը ամոքելու եւ հայ ազգի զաւակներուն օրհնութիւն բերելու միտումով հիմնեց «Հ. Գարակէօզեան» մանկախնամ հաստատութիւնը: Այս հաստատութիւնը աւելի քան ութսուն մէկ տարի երախտարժան գործունէութիւն տարած է սփիւռքի սիրտը նկատուող Լիբանանի հայ ազգի զաւակներուն, նաեւ ոչ հայ ընտանիքներուն համար:

Այս իմաստով վերջերս Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի նաւահանգիստի ահաւոր պայթումը առաւել յանձնառութեան տակ դրաւ բոլոր միութիւններն ու կազմակերպութիւնները, որոնց շարքին նաեւ «Հ. Գարակէօզեան» հաստատութիւնը: Լսողատեսողական միջոցները եւ համացանցային կայքերը լայն անդրադարձ ունեցան պայթումի քաղաքական եւ տնտեսութեան հետեւանքներուն թէ մարդկային անբացատրելի զոհերուն եւ վիրաւորներու, որոնց մասին գրուած նշումներն ու խօսուածները իրաւացի եւ տեղին էին: Սակայն կայ ասկէ աւելին, որուն մասին զանգուածային լրատուամիջոցները քիչ բան խօսեցան. անիկա պայթումին հետեւանքով երեխաներու եւ ինչու չէ նաեւ տարեցներուն մօտ նկատուած հոգեցնցման երեւոյթն է (Trauma): Նշենք, որ հոգեցնցման այս երեւոյթը կ՛արձանագրուի արտակարգ աղէտներու, ինչպէս` ցեղասպանութեան, երկրաշարժի, պայթումի պատճառով: Այս առումով այս շատ կարեւոր հոգեվիճակի դարմանման համար «Գարակէօզեան» մանկավարժական կեդրոնը հոգեբանական առաջին օգնութիւն եւ հոգեցնցման դարմանում  (Trauma Therapy EMDR and TF-CBT) կը տրամադրէ բոլոր այն երեխաներուն, որոնք տուժած են Պէյրութ մայրաքաղաքի աղէտալի պայթումին հետեւանքով: Այս յոյժ կարեւոր երեւոյթին վրայ լոյս սփռելու համար կարճ լուսաբանական հանդիպում մը ունեցանք «Գարակէօզեան» հաստատութեան մէջ գործող հետեւեալ անձերուն հետ. Յասմիկ Տօնոյեան (ընկերային ծառայող եւ «Ուսումնական յատուկ կարիքներ ունեցող աշակերտներու մանկավարժական կեդրոն»-ի պատասխանատու), Ռաքէլ Քէչէճեան (ընկերային ծառայող եւ «Մտային առողջապահութեան» բաժանմունքի պատասխանատու) եւ Ժանին Դանիէլեան (ընկերային ծառայող եւ «Դպրոցական առողջապահական» ծրագիրի պատասխանատու):

Լուսաբանական հանդիպման առաջին հարցին մասին մանրամասն խօսեցաւ Յասմիկ Տօնոյեան եւ նշեց, որ դիմատետրի վրայ արդէն «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը յայտարարութիւն դրած է, ըստ որուն բոլոր այն երեխաներուն, որոնք թրոմաթայզտ եղան Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով, անվճար դարմանում պիտի տրուի, եւ հեռաձայնի թիւ դրուած է, որուն կը պատասխանէ տիկին Յասմիկը եւ կը հարցնէ այն ախտանշաններուն մասին, որոնք ունեցած են մանուկները, եւ պէտք է սպասել երեք շաբաթ, որպէսզի անոնք արտայայտուին եւ արտաբերեն, խօսին, բացատրեն իրենց հոգեցնցման վախը: Եթէ երեք շաբաթ ետք շարունակուին այդ նշանները, ինչպէս` վախ, մարմնի եւ փորի ցաւեր, մտահոգութիւն, անքուն վիճակ, այդ ատեն ժամադրութեամբ կը սկսի հոգեցնցման դարմանումը: Ան յայտնեց, որ առիթ պէտք է տալ երեխաներուն արտայայտուելու, լսելու, զգալու այդ ամէնը: Ան ըսաւ, որ ընդհանրապէս կը շրջանցենք այս վիճակը, եւ երեխաներուն մօտ աւելի դիւրին է մանաւանդ երբ կ՛արտայայտուին: Իսկ Պէյրութի նաւահանգիստի մերձակայ շրջաններու մէջ ապրող, կորուստ ունեցող եւ վիրաւոր երեխաները աւելի հակամէտ են դարմանումի:

Ռաքէլ Քէչէճեան նշեց, որ երեխան պէտք է արտայայտէ, ապա պէտք է դարմանումի ենթարկուի: Բնականաբար երբ երեխան նախնական պատմութիւն չունի, որ հասկնայ պատահածին ահաւորութիւնը եւ քաղաքականութիւնը, հասուն անձերու պէս չէ, ուստի այս վախի երեւոյթը շատ արագ կը թօթափէ, քան որեւէ հասուն անձ: Անշուշտ բացառութիւն են այն երեխաները, որոնք զոհ եւ վիրաւոր ունեցած են: Յասմիկ Տօնոյեան նաեւ յայտնեց, որ ծնողներուն կը բացատրուի նաեւ, որ պէտք է լսել երեխաներուն, ռութինը պահել, մանաւանդ լրատուամիջոցներէն հեռու պահել, եւ առիթ տալ, որ երեխաները գծեն: Տօնոյեան նշեց նաեւ, որ երբ երեխաները պայթումի մասին կը խօսին, պէտք չէ նիւթը փոխել, այլ պէտք է հաստատել, սակայն պէտք չէ զօրացնել նիւթը: Ծնողներ պէտք է ըսեն, որ իրենք ալ վախցան ձայնէն, եւ երեխաներուն ապահովութիւն ներշնչեն:

Զրուցակիցները շեշտեցին առօրեայ ծրագիրի իրագործումը, որպէսզի բոլորը աւելի ապահով զգան: Այո՛, ներկայի դժուարութիւնները շատ են, ինչպէս` «Քորոնա» համավարակը, դպրոցի առցանց ծրագիրը, խաղավայրերու մուտքի արգիլուած վիճակը, հո՛ս է, որ կը կայանայ ծնողքին դերը տան մէջ առօրեայ ծրագիրի դասաւորման գծով: Ռաքէլ Քէչէճեան նշեց, որ հոգեկան եւ հոգատարական վիճակը պէտք է վերականգնել երեխաներուն մօտ եւ յոյս ներշնչել անոնց: Իսկ աշխատող մայրերու պարագային մեծ մայրերը այս աշխատանքը պիտի կատարեն: Ան ըսաւ, որ երեխաները մնայուն վերաբերումի կարիք ունին:

Յասմիկ Տօնոյեան նշեց, որ 120 երեխաներ ուսումնական հարցերով արդէն «Գարակէօզեան» կը յաճախեն: Պայթումէն ետք առաջին շաբաթը երեխաները քիչ մը խանգարուած էին, եւ ասիկա բնական դրսեւորում է եւ չի նշանակեր, որ ամէն ինչ հոգեցնցում է: Հոգեբանները արդէն երեխաները քննելէ ետք երբ նկատեն, որ լուրջ հարցեր ունին անոնք, այդ պարագային անոնք կը փոխանցուին հոգեցնցման դարմանումի մասնագէտի: Երեխաներուն հետ հոգեբանները խաղերու միջոցով դուրս պիտի հանեն այդ վախերը, որպէսզի չհիւանդանան: Ռաքէլ Քէչէճեան նաեւ ըսաւ, որ հոգեբանները զիրենք լսելով, բացատրելով իրականութիւնները,  հոգեկան բաւարարութիւն եւ հանգստութիւն կը շնորհեն երեխաներուն:

Ժանին Դանիէլեան ըսաւ, որ երեխաները ակամայ հակամէտ են պայթումի շրջանին ահաւոր պատկերներու, որոնք օրէ օր պիտի սկսին նուազիլ: Այս պարագային ծնողներ պէտք է հեռու մնան շարունակաբար ահաւոր պատկերներ դիտելէ:

Ռաքէլ Քէչէճեան անդրադառնալով կարգ մը երեխաներու մօտ նկատուող հարցերուն` շեշտեց, որ երբեմն վարուելակերպի եւ կարգապահական հարցերու ուղղակի կամ անուղղակի պատճառները կը նկատուին ծնողները, որոնք նաեւ զաւակներէն առաջ իրենք դարմանումի պէտք ունին: Տօնոյեան ըսաւ, որ եթէ կ՛ուզենք, որ երեխաները իրենց վարուելակերպը փոխեն, նախ ծնողները պէտք է փոխուին: Ան նշեց, որ ծնողներուն համագործակցութիւնը շատ կարեւոր է, մանաւանդ եթէ ծնողներ կ՛ուզեն իրազեկ ըլլալ իրենց զաւակին հոգեբանական հարցերուն եւ աճման փուլերուն:

Հարցումի մը պատասխանելով, թէ ներկայիս Լիբանանի ճգնաժամային վիճակը, ինչպէս` տնտեսական տագնապ, դրամանիշի արժեզրկում, «Քորոնա» համավարակ, առցանց դասաւանդում, ինչպէ՞ս կը դիմագրաւէ «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը այս բոլոր մարտահրաւէրները, Ժանին Դանիէլեան յայտնեց, որ նախքան պայթումը վիրթուալ ամառնային դպրոցի ծրագիր մը սկսան երեսուն աշակերտով բջիջային հեռաձայնի վրայ վեց շաբթուան վրայ երկարող: Այս ծրագիրի ընթացքին 25 վայրկեան կը խօսին ծնողներուն հետ եւ 25 վայրկեան աշակերտներու հետ` առօրեայ հարցերը դիմագրաւելու համար: Այս ծրագիրը երկու շաբաթ գործադրուեցաւ եւ իր դրական անդրադարձը ձգեց, սակայն երրորդ շաբաթը այս ծրագիրը առկախուեցաւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով: Այս թիւը պիտի բարձրանար 150-ի, սակայն հիմա արտակարգ դրութիւն հաստատուած է: Ցեղասպանութենէն վերապրած ժողովուրդի ժառանգորդներն ենք, եւ անոնց մէջ հաւատքը, կամքը, յոյսը եւ երազը կար վերականգնումի: Մենք այսպիսի ժուժկալ ազգի մը ժառանգորդներն ենք եւ այս փուլն ալ պիտի դիմագրաւենք մեր ծնողներուն կամք ներշնչելով:

 

 

 

Նախորդը

Նախարար Տօնոյեան Հանդիպում Ունեցած Է Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարար Սերկէյ Շոյկուի Հետ

Յաջորդը

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Համաճարակը Իշխանութեան Չարաշահման Նպատակով Օգտագործելուն Դէմ Արտայայտուած Է

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Փորձութիւն
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Փորձութիւն

Հոկտեմբեր 31, 2025
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 10-րդ Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 10-րդ Թիւը

Հոկտեմբեր 31, 2025
Փաշինեանը Պէտք Է Արտաքսել Եկեղեցիէն Եւ Ձերբակալել
Անդրադարձ

Փաշինեանը Պէտք Է Արտաքսել Եկեղեցիէն Եւ Ձերբակալել

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?