Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Ժողովուրդէն` Ժողովուրդին Համար

August 25, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՊԷՕՃԷՔԵԱՆ

4 օգոստոս 2020-ին, Պէյրութը ցնցուեցաւ ահաւոր պայթումի մը հետեւանքով: Երեկոյեան ժամը ճիշդ 6:07-ին անհետացան յիշատակներ, որոնք թաղուեցան աւերակներուն տակ: Այս պայթումէն,  որ նման էր երկրաշարժի, միայն Պէյրութը չվնասուեցաւ, այլ նաեւ վնասուեցան իր շուրջ գտնուող շրջանները եւ նոյնիսկ հեռակայ շրջաններ: Այդ պայթումէն անմասն չմնաց նաեւ Պուրճ Համուտը:

Ահաւոր այս պայթումին առաջին վայրկեանէն իսկ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին ցուցմունքներով բոլոր ակումբները, կեդրոնները եւ միութիւնները, ինչպէս նաեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը լծուեցան աշխատանքի: Սկիզբը գործը կեդրոնացած էր վիրաւորները հիւանդանոց եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոն փոխադրելու վրայ, որմէ ետք սկսաւ բոլորովին քանդուած տուներու բնակիչներուն կեցութեան վայր ապահովելու եւ դռները քանդուած վաճառատուներուն հսկելու աշխատանքը: Տեղին է յիշել, որ այս աշխատանքին կը մասնակցէին նաեւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ն ու ԶՈՄ-ը:

5 օգոստոս 2020-ին արդէն իսկ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան ցուցմունքներով սկսած էր աւերը մաքրելու աշխատանքը` ընկերակցութեամբ շրջանի ժողովուրդին, միւս կողմէ` սկսած էր նաեւ վնասուած տուներուն եւ վաճառատուներուն կրած վնասներուն արժեւորումը, որ կը շարունակուի մինչեւ օրս:

Կուսակցութիւն, քաղաքապետութիւն, կրօնական հաստատութիւններ, բոլորն ալ կ՛աշխատէին յուսահատած ժողովուրդին յոյսը նորոգել` անգամ մը եւս փաստելով, որ իրենք ժողովուրդէն են եւ ժողովուրդին համար:

Պայթումէն վնասուած շրջաններուն մէջ Պուրճ Համուտը եղաւ բնականոն կեանքի վերադարձող առաջին շրջանը, ուր մինչեւ այսօր նպաստաբաշխումի եւ վերանորոգման աշխատանքները կը շարունակուին:

Այս աշխատանքները չկեդրոնացան միայն մէկ շրջանի մէջ, այլ նաեւ հասան Մար Մխայէլ, Ժըմմէյզէ, Էշրեֆիէ, Քարանթինա եւ ամէն տեղ, ուր պէտք էր ըլլային:

Այս գնահատելի եւ հսկայական աշխատանքը մարդիկ յայտնի պատճառներով կը քննադատեն,  բայց այդ քննադատութիւնները օրուան ծնունդը չեն, այլ կան մարդիկ, որոնք որեւէ առիթ չեն խնայեր հալածելու անձ, կուսակցութիւն թէ միութիւն` իրենց բամբասանքներով: Ո՛չ կուսակցութիւնը, ո՛չ քաղաքապետութիւնը, ոչ ալ կրօնական հաստատութիւնները իրենց զոհաբերութեանց փոխարէն բան մը սպասած ունին ժողովուրդէն` միշտ հաւատալով այն առածին, որ կ՛ըսէ. «Պտուղ տուող ծառը միշտ կը քարկոծուի»:

Իսկ յետին նպատակ ունեցող բոլոր քննադատներուն կ՛ըսեմ` մի՛ փորձէք իրականացնել ձեր երազները` ժողովուրդին ցաւերը օգտագործելով:

Վարձքերնիդ կատա՛ր:

 

Նախորդը

Ռուսիան Հերքած Է Թուրքիոյ Հետ «Էս-400»-ներու Երկրորդ Խմբաքանակի Գնման Համաձայնագիրի Մասին Լուրը

Յաջորդը

Պէյրութին…

RelatedPosts

«Դող` Սիրտը Գող». Երբ Սէրը Դուռը Կը Շփոթէ, Իսկ Ամուսինները` Իրար…
Անդրադարձ

«Դող` Սիրտը Գող». Երբ Սէրը Դուռը Կը Շփոթէ, Իսկ Ամուսինները` Իրար…

October 14, 2026
Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ Եւ Մեծաւոր Զմմառու Մայրավանքի` Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթէրեան Արժանացաւ Սաւոյաց Արքայական Տան «Հոգեւոր Սպայ»-ի Բարձր Կոչումին
Անդրադարձ

Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ Եւ Մեծաւոր Զմմառու Մայրավանքի` Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթէրեան Արժանացաւ Սաւոյաց Արքայական Տան «Հոգեւոր Սպայ»-ի Բարձր Կոչումին

October 14, 2026
Ապրուած Օրեր. Ը.  Աղեքսանդրիոյ Փոքր Հայաշխարհը
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. Ը. Աղեքսանդրիոյ Փոքր Հայաշխարհը

October 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.