Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Աղէտը. Օժանդակութիւններ՝ «Մաքրօ»-ի Համար, Ի՞նչ Պիտի Ընեն «Միքրօ»ները

Օգոստոս 24, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ.ՊԱԼԵԱՆ

Աղէտը միայն MACRO, բազմապատկուած MICRO:

Լիբանանը աղիտալի վիճակի մէջ է, նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած պայթումը Պէյրութը աւերեց: Օժանդակութիւններ պիտի ըլլան, սկսած են: Անոնք պիտի հասնի՞ն իր բնակարանը կորսնցուցած մարդուն, ան պատսպարան մը պիտի ունենա՞յ, բնակարաններու նորոգութիւնը, երբ այդ կարելի է, ո՞վ պիտի հոգայ:

Երկրին յատկացուած միլիոններէն, յատկացում պիտի ըլլա՞յ համեստներուն, որպէսզի տուներու եւ վաճառատուներու ջարդուած ապակիները փոխարինեն: Անվճար դարմանում ստանան: Թէ՞ կրկին, անոնք որոնց միջոցաւ պիտի ըլլան յատկացումները, նախ իրենք պիտի առնեն առիւծի բաժինը: Մեծ առիւծներ, պզտիկ առիւծներ, աղուէսներ: Այս՝ ըստ սովորութեան, որ երկրին մէջ կը կոչուի շաթարա, մեծերու եւ նուազ մեծերու ճարպիկութիւն: Ինչպէս քիչ մը ամէն տեղ:

Բացի պետութիւններու օժանդակութենէն, ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններ դրամահաւաք կը կազմակերպեն եւ պիտի օժանդակեն, ինչ որ առաջին հերթին հոգեկան բաւարարութիւն կու տայ նուիրատուին:  Աղէտը ընդհանուր է եւ բարեսիրական ընթացիկ միջոցները կը նմանին մատնոցով ովկիանոսի ջուրը պարպելու: Այդպէս է Լիբանանի եւ ի հարկէ լիբանանահայութեան կարիքներու պարագան: Հայկական զոյգ պետութիւնները, նաեւ հայկական կազմակերպութիւնները, լծուած են օժանդակութեան գործին: Եթէ Լիբանանի վերակառուցման համար կը խօսուի միլեառներու մասին, հայկական համայնքի եւ անոր կառոյցներու կարիքները գնահատուա՞ծ են:

Հեռախօսային զրոյց մը ունեցայ Պէյրութի հայկական կազմակերպութիւններէն մէկուն պատասխանատուին հետ: Շէնքը, ուր կը գտնուին, (կը գտնուէին) տարբեր միութիւններ եւ հաստատութիւններ, աւերուած է, վերակառուցման համար կը նախատեսուի կէս միլիոն տոլարի ծախս: Այս մէկ պարագայ է: Երկրին վերակառուցման յատկացուելիք օժանդակութիւններու ցանկին վրայ կը գտնուի՞, պիտի գտնուի՞, հայկական համայնքային կառոյցներու վերականգնումը: Այսինքն անոնք պետական վերակառուցման ծրագրի ցանկին վրայ տեղ պիտի ունենա՞ն, թէ՞ պիտի ապաւինին հայկական համայնքներու եւ միութիւններու հանգանականութիւններու արդիւնքին եւ բարեսիրութիւններուն:

Պահանջը մէկ անգամ կէս միլիոն տոլար չէ… Բազմապատիկ է: Պիտի գիտնա՞նք այդ բազմապատիկի տարողութիւնը, չափը, որպէսզի կազմակերպութիւնները ըստ այնմ գործեն:

Միջազգային օժանդակութիւնը առաջին հերթին, եւ այդ բնական է, ուղղուած պիտի ըլլայ երկրի ենթակառոյցներու վերականգնումին, որ կը պահանջէ մեծ գումարներու յատկացում: Այս ՄԱՔՐՕ կարիքներու բաւարարումը առաջնահերթ անհրաժեշտութիւն է՝ երկրին համար, պետական չափանիշով:

Լաւատեսութեամբ, այս ՄԱՔՐՕ վերականգնումներէն ետք, եթէ դեռ հնարաւորութիւններ ըլլան, գումար մնայ, թերեւս յատկացումներ կ’ըլլան ՄԻՔՐՕ կարիքաւորներու. թաղին անկիւնը գտնուող կրպակ-ճաշարանի ապակիներու վերահաստատման, անոր խոհանոցի քանդուած փուռին եւ սառնարանին փոխարինման, անգործութեան շաբաթներուն եւ թերեւս ալ ամիսներուն համար, արդէն դժուար ապրող մարդոց բնակարաններու պատերու եւ պատուհաններու վերաշինութեան:

Այս բոլորի կողքին, հայկական համայնքին վերաբերող երեք մեծ խնդիրներ կան, որոնց պատասխանը Հայաստանի եւ Արցախի պետութիւնները եւ հայկական համայնքները պիտի տան: Շատ պէտք չէ ակնկալել, որ ՄԱՔՐՕ կարիքներու բաւարարումէն ետք, շատ բան մնայ ուրիշ բաներու:

Առաջին հերթին մեր հնարաւորութիւններու առաւելագոյն չափով հայկական դպրոցներուն լայն օժանդակութիւն պէտք է ցուցաբերել, ի հարկէ որակաւոր վերաշինութեան համար, որպէսզի ոչ միայն համեստ ընտանիքներու զաւակները չհեռանան հայ դպրոցէն, այլ նաեւ բարեկեցիկներու զաւակները, նաեւ արդէն օտար վարժարաններու դռները ափ առածները վերադառնան, որպէսզի հայութեան ներքին շաղախը ամրանայ: Դպրոցական շէնքերը պէտք է որ վերականգնին լաւ պայմաններու մէջ ընդունելու համար աշակերտները, նաեւ ներդրում պէտք է ընել ուսուցչական կազմերու քանակի եւ որակի վրայ, հրաժարելով անոնց յաճախ ուղղուած զոհողութեան ճառէն: Պսակաձեւ ժահրի պարտադրած պայմաններուն բերումով, կիսով վճարուած եւ թերեւս նաեւ չվճարուած ուսուցչական թոշակները պէտք է վճարել, որպէսզի մարդիկ գիտնան, որ յարգուած են, անհրաժեշտ են, լաւ ապրելու իրաւունք ունին:

Անպայման կանգուն պէտք է պահել հայ մամուլը, ընելով այնպէս, որ ան հասնի իւրաքանչիւրին իր յարկին տակ, որպէսզի ան դառնայ հասարակ յայտարար, միացնող, գիտակցութեան ուղեցոյց: Նկատի ունենալով, որ արդէն հայ մամուլի տպաքանակը զգալիօրէն նուազած է ամենուրեք, կարելիութիւն պէտք է ստեղծել, որ թերթը անվճար հասնի իւրաքանչիւրին: Կրնայ առարկուիլ, որ արդէն շատեր համացանցով անվճար կը կարդան հայկական թերթերը, բայց այլ բան է հայագիր եւ հայկական թերթին ներկայութիւնը տան մէջ: Ան պէտք է ըլլայ կեանքի պորտային կապ բոլորին միջեւ:

Երրորդ մեծ խնդիրը հայրենադարձութիւնն է, որ միշտ նպատակ պէտք է ըլլայ: Դէպքերու ճնշման տակ իրականացող հայրենադարձութիւնը, կամաւոր ընտրութիւն եւ յանձնառութիւն չըլլալով, արմատաւորում չի նախատեսեր, արմատաւորման չի տրամադրեր: Ազգային պարտութիւն է Հայաստան ապաստանիլ եւ այդ ապաստանը գործածել որպէս կամուրջ այլ տեղ երթալու համար: Հայրենական եւ սփիւռքեան ղեկավարութիւնները անմիջական հայրենադարձութեան արմատաւորուելու պայմանները պէտք է ստեղծեն. բնակարան, աշխատանք եւ այլ ապահովութիւններ: Հայրենադադձողը երբ վերստին գաղթական-սփիւռք կ’ըլլայ, ընկերահոգեբանական ծանր հարուած կը հասցնէ նոյնինքն հայրենադարձութեան գաղափարախօսութեան, սփիւռք(ներ)ի գիտակից զանգուածներու երազին: Առաւել, հայրենի ժողովուրդին մօտ ալ աշխատանք պէտք է տանիլ, որպէսզի հայրենադարձողին չնայի որպէս օտար, տարբեր, տեղը նեղցնող: Այս բոլորը համատեղ կը կարօտին լայնածիր ազգային ճշմարիտ որակով ազգային որակով քարոզչութեան եւ ընկերաքաղաքական դաստիարակութեան: Մանաւանդ, հապճեպ եւ խուճապային հայրենադարձութիւնը հիւրընկալ երկրի դժուարութեան օրերուն զայն լքելու բնոյթ պէտք չէ ունենայ:

Այս երեք մեծ խնդիրները կը կարօտին իսկական ղեկավարական կազմակերպութեան, ոչ թէ յաւելեալ դիրքի եւ իրաւունքի ձգտելով, այլ իրապէս յաւելեալ ապագայատես ծառայութեան:

Բայց ինչ որ ալ պատահի, բոլոր պարագաներու, իւրաքանչիւր հայ մասնակից պէտք է ըլլայ հայկական համայնքի անդամներու կարիքներու բաւարարման եւ անոնց կառոյցներու վերականգնումին, նոյնիսկ երբ կը կարծենք, թէ կան բացասականութիւններ, թերիներ, թերացումներ:

Հարկ է նախ վերականգնել, վերականգնիլ, ի հարկին չխուսափելով դէպի լաւը ձգտող կառուցողական քննադատութենէ, այն իմաստութեամբ, որ քննադատութիւնը սիրոյ արտայայտութիւն է, կ’ուղղուի մերձաւորին: Չենք քննադատեր Քամչաթքայի եւ Կրէօնլէնտի կառավարիչները, անոնց հետ առնչութիւն չունինք: Կը տեսնենք մենք-մերոնքը, իր թերութիւններով եւ դրականով:

Իսկ լրագրողին պատասխանատուութիւնը մեծ է: Ան հաղորդագրութիւններու արձագանգող է աւելին պէտք է ըլլայ, քարոզչութեան չծառայէ, լուր չհաղորդէ գրասեղանին ետին նստած, այլ երթայ դէպի մարդիկը, հաստատութիւնները, տեսնէ, վկայէ, ցոյց տայ թէ ո՞վ, որո՞ւն եւ ինչպէ՞ս կ’օգնէ, տուժած նպարավաճառը, անաշխատ մարդը եւ քանդուած դուռ-պատուհաններու ետին գտնուող երէցները կ’օգտուի՞ն նուիրատուութիւններէն: Այսինքն ուշագրաւ «ՄԱՔՐՕ»ներով չբաւարարուին, այլ իրենց ուշադրութեան կիզակէտին պահեն յուսահատութեան մատնուած «ՄԻՔՐՕ»ները:

 Նախ պէտք է վերակագնել: Մնացեալը՝ յետոյ: Այս ազգային եւ ընկերային բարոյական է:

 22 օգոստոս 2020, Նուազի-լը-Կրան

Նախորդը

Քննական Բնագիր. Ամբողջական Օշականի Առաջին Քայլը

Յաջորդը

Սպառած Իւրանիում եւԽնայասէր Գործարարներ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?