Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տէ՛ր, Չներես

April 10, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԻԼՎԱ ԻՍԿԻԿԵԱՆ-ՄԱՀՍԵՐԵՃԵԱՆ

Նժարին մէկ կողմը Զատիկն է, իսկ միւս կողմը պատերազմին ծանր կշռաքարն է: Որքան ալ փորձեմ ` տօնը խորհրդանշող պատգամին վրայ կեդրոնանալ, Քրիստոսի յարութեան յաղթանակով ոգեւորուիլ ու խանդավառութեամբ ներշնչուիլ, կը մնամ թերի ու կ՛ապրիմ պատերազմին ստեղծած ծանրութիւնը, որ կը գերակշռէ տօնին պարգեւած դրական տրամադրութիւնը:

Այո՛, պատերազմը լայնատարած է, բայց զիս ամէնէն աւելի մտահոգողը ծննդավայրիս` Լիբանանին մէջ տեղի ունեցած աննկարագրելի ու հրէշային պատերազմն է, որուն պատճառով կան` բազմաթիւ անմեղ զոհեր, միլիոնէ աւելի գաղթականներ, անհամար վիրաւորներ, ահաւոր քանդում-աւեր, նիւթական հսկայական վնասներ ու տնտեսական ծաւալուն տագնապներ:

Զատկուան տօնին առիթով շնորհաւորանքներ կը ստանամ աշխարհատարած իմ սիրելիներէս: Հազիւ թոյլ կայծ մը կը փայլատակէ ներսս, բայց շուտով անոր խինդը կը յանգի: Յանցաւոր կը զգամ ուրախանալով, յանցաւոր կը զգամ հանգստաւէտ անկողինիս մէջ քնանալով, յանցաւոր կը զգամ ապահով զգալով… Խառնիխուռն հոգեվիճակ մը կը տիրէ մօտս, կ՛անդրադառնամ, որ շուտով Լիբանանի պատերազմը իր յիսունմէկերորդ տարեդարձը կ՛աւարտէ, եւ ան ծերանալու փոխարէն` աւելի կ՛աշխուժանայ: Միայն ես եմ, որ կը ծերանամ եւ պատանեկութեանս սկսած պատերազմին ահն ու սարսափը, անապահովութեան զգացումը ակամայ կտակած եմ Լիբանան ապրող զաւակիս ու թոռնիկիս:

Աւագ շաբաթ է եւ սիրտս պատառ-պատառ է: Կը հետեւիմ ժամերգութիւններուն եւ կը լսեմ Քրիստոսի խաչին վրայ արտասանած խօսքը. «Տէ՛ր, ներէ՛, վասնզի չեն գիտեր, թէ ի՛նչ կ՛ընեն»: Իսկ ես կ՛ընդվզիմ, խիստ կը ցաւիմ` իմանալով, որ այսօրուան ռազմասէր ճիւաղը, արիւնարբուն ու անոր հետեւորդները նոյն ժողովուրդին զաւակներն են, որոնք Յիսուսը խաչը հանեցին, ոտքերն ու ձեռքերը գամեցին, սրախողխող ըրին, չարաչար արհամարհեցին, փուշէ պսակով «թագադրեցին», պապակը քացախով «յագեցուցին», եւ այս բոլորէն ետք չարչարեալ Քրիստոսը անոնց համար իր երկնային հօրմէն ներում խնդրեց:

Այսօր` 2026 տարիներ ետք, «ներեալները» նո՛յն ձեռագիրով, նո՛յն ստորագրութեամբ տակաւին անխղճօրէն ժողովուրդներ կը ջարդեն, կը կեղեքեն, բնակարաններ, հիւանդանոցներ, կրթական հիմնարկներ կը քանդեն, անիրաւաբար հողատարածքներ կը գրաւեն եւ միեւնոյն ատեն աշխարհին առջեւ զոհի ու զուարակի դերը կը խաղան, ընտրեալի ու գերադասի բարդոյթով կը յամառին, առանձնաշնորհեալի «պատիւը» կը չարաշահեն: Աշխարհը փոթորիկի կը մատնեն` պատրուակելով, թէ իրենց համար խաղաղութիւն կ՛ապահովեն: Անվերջ կը ստեն, լրատուական միջոցները կը կաշառեն, իրականութիւնները կը խեղաթիւրեն… Սիրտխառնուք կ՛ապրիմ, երբ ամէնօրեայ լուրերուն իրազեկ կը դառնամ: Կարծես թէ նոյն հրաշէկ ածուխով կրկին ու կրկին մատներս կ՛այրեմ, մինչ ես անզօր եմ կրակը մարելու, կամ նոյնիսկ` անկէ ձերբազատուելու:

Զատիկ է, եւ ես կ՛ուզեմ միմիայն հրաշափառ յարութեամբ հրճուիլ, բայց կը զգամ, որ անկարող եմ: Չհանգող ու ծաւալող պատերազմը մինչեւ յարութիւն երկարող` չարչարանքի հանգրուանը կը յիշեցնէ: Այսօր ալ պիղատոսները կը լուացուին, «արդարադատները» նոյնիսկ անկարող են մեղկ վճիռներ արձակելու, հետեւաբար գողգոթայի ոդիսականը կ՛երկարի ու կ՛երկարի, ժողովուրդներու ուսին խաչափայտը կը ծանրանայ, արհամարանքը կը ծաւալի, համաշխարհային դիտորդները կ՛անտեսեն…:

Ի տես այս սրտաճմլիկ իրավիճակին` ես ծունկի կու գամ ու կ՛աղերսեմ. «Տէ՛ր, կը խնդրեմ` գէթ ա՛յս անգամ, բարբարոսներուն չներես որովհետեւ անոնք անգէտ չեն եւ լա՛ւ գիտեն, թէ ի՛նչ կ՛ընեն…»:

 

 

Նախորդը

Մտավախութիւնը

Յաջորդը

Հայ-Իրանական Յարաբերութիւնները, Իրանի Դէմ Պատերազմը Եւ Հայաստանի Գոյութենական Վտանգը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.