Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանան` Պատմութեան Դասերու Եւ Անոնց Մերժումին Միջեւ

April 15, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Ապրիլը, որ գարնան վերածնունդը պիտի խորհրդանշէր, Լիբանանի մէջ դարձած է յիշողութեան ծանր բեռ: 1975-ին սկիզբ առած քաղաքացիական պատերազմը ոչ միայն խլեց շուրջ հարիւր հազար կեանք, այլեւ խորտակեց երկիր մը` իր քաղաքներով, իր տուներով, իր երազներով: Քանդում, աւերում, գաղթականութիւն. այս բառերը դուրս ելած են պատմութեան էջերէն եւ կը շարունակեն արձագանգել լիբանանցիի հոգիին մէջ:

Պատերազմը ներքին բախում մը չէր պարզապէս: Ան դարձաւ ուրիշներու պատերազմը` լիբանանցիներու ձեռքով: Օտար շահերու բախման թատերաբեմ մը, ուր զէնքն ու դրամը կը հոսէին դուրսէն, իսկ արիւնը կը թափէր ներսէն: Տխուր ճշմարտութիւն մըն է, որ գրեթէ բոլոր քաղաքական ուժերը, համայնքներն ու յարանուանութիւնները, այս կամ այն կերպով, ներգրաւուեցան այդ մութ տարիներուն մէջ:

Այս ընդհանուր խաւարին մէջ, սակայն, կայ բացառութիւն մը, որ արժանի է գնահատանքի եւ յիշատակութեան: Հայ համայնքը` իր քաղաքական, հոգեւոր եւ հասարակական կառոյցներով, ընտրեց այլ ուղի: Ան չմասնակցեցաւ եղբայրասպան պատերազմին, այլ մնաց զգաստութեան, համբերատարութեան եւ զսպուածութեան կողմնակից: Այդ դիրքորոշումը ոչ միայն քաղաքական իմաստութիւն էր, այլեւ բարոյական կեցուածք` ի պաշտպանութիւն Լիբանանի հողային ամբողջականութեան, գերիշխանութեան եւ միասնականութեան: Երբ ուրիշներ կը քանդէին, հայ համայնքը կը փորձէր պահել: Երբ ուրիշներ կը բորբոքէին, ան հանդուրժողութեան կը հրաւիրէր:

Եւ ահա, պատերազմի աւարտէն 36 տարի ետք, հարցումը կը մնայ միեւնոյնը` ի՞նչ սորվեցան Լիբանանը եւ լիբանանցին:

Դժբախտաբար` կարծես շատ քիչ բան:

Այսօր ալ երկիրը կը շարունակէ մնալ օտար ուժերու ազդեցութեան տակ: Քաղաքական որոշումները կը ձեւաւորուին ոչ թէ ազգային շահերու, այլ արտաքին թելադրանքներու համաձայն: Պատերազմի եւ խաղաղութեան որոշումը այլեւս պետութեան մենաշնորհը չէ. անիկա կը գտնուի օտար պետութիւններու եւ զինեալ կազմակերպութիւններու ձեռքին մէջ:

Համայնքային ու յարանուանական բաժանումները ոչ միայն չեն մեղմանար, այլեւ աւելի կը խորանան: Կան ուժեր, որոնք տակաւին կը խօսին բաժանման մասին` իբրեւ լուծում, կարծես պատմութիւնը ոչինչ սորվեցուցած ըլլայ: Միւս կողմէ` լռելեայն կամ բացայայտ կերպով զինուող խմբաւորումները կը յուշեն, որ անցեալի ստուերը տակաւին չէ հեռացած:

Իշխանութիւնը, իր կարգին, կը շարունակէ գործել բաժնեկցական, համայնքային եւ շահագործական տրամաբանութեամբ: Պետութիւնը կը սնանկանայ, իսկ աւատապետական մտածողութիւնը նոր ծիլեր կ՛արձակէ: Երկիրը կը խեղդուի պարտքերու տակ, իսկ պետական գանձարանը կը դառնայ անձնական հարստացման միջոց: Անօթին կու գայ իշխանութեան, եւ կը հեռանայ` չկշտացած յափշտակութենէն:

Այս մթնոլորտին մէջ արժէքները կը շրջուին: Գողը կը դառնայ հերոս, համեստ քաղաքացին` մեղաւոր: Արդարութիւնը կը լռէ, անարդարութիւնը կը բարձրաձայնուի:

Ամէնէն ցաւալին երիտասարդութեան վիճակն է: Ան ապագայ չի տեսներ իր հայրենիքին մէջ: Կը գաղթէ, կը հեռանայ, կը փնտռէ արժանապատիւ կեանք մը այլուր: Երկիրը կը դատարկուի իր կենսունակ ուժերէն:

Այս  ծանրակշիռ կացութեան մէջ ո՞ւր է մտածողութիւնը, ո՞ւր է պատասխանատուութիւնը:

Լիբանանի ապագան, որքան ալ մթագնած թուի, յստակ ճանապարհ մը ունի իր առջեւ: Ան կը գտնուի համակեցութեան մէջ` ոչ իբրեւ դատարկ բառ, այլ` իրականութիւն: Փոխհասկացողութեան մէջ` ոչ իբրեւ քարոզ, այլ` գործնական վարքագիծ: Բոլորէն առաջ` հզօր պետականութեան մէջ, ուր օրէնքը կը տիրէ, ոչ թէ զէնքը, ուր քաղաքացին կը հաւատայ իր պետութեան:

Այս գաղափարները այսօր յաճախ կը հնչեն, բայց դժբախտաբար կը մնան երեւութապէս միայն խօսքերու մակարդակի վրայ: Իրականութիւնը կը պահանջէ աւելին` խիզախութիւն, կամք եւ յիշողութիւն:

Ժողովուրդ մը, որ չի յիշեր իր անցեալը, դատապարտուած է վերապրելու զայն:

Լիբանանը կանգնած է այդ ճակատագրական խաչմերուկին առջեւ` յիշել եւ սորվի՞լ, թէ՞ մոռնալ եւ կրկնել:

Ընտրութիւնը, ինչպէս միշտ, իրենն է:

 

 

Նախորդը

Հաւատք, Որ Չի Խախտիր Յոյսի Եւ Հաւատքի Ուժը

Յաջորդը

Երբ Աշխարհում Մահ Ու Աւեր Է…

RelatedPosts

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Գիրքերու Մտերմութեան Մէջ. «Խանձուած Օրերը» (Հեղինակ` Պերճուհի Բարսեղեան)

November 3, 2026
Լիբանանի  Մէջ   Օտարներու Պատերազմին 50-րդ  Տարելիցը
Անդրադարձ

Խաղաղութիւն` Պետականութեան Հաշուո՞յն

November 3, 2026
Ծերութեան Կնճիռներէն Անդին. «Վերապրել Շէյքսփիրին»-ը Հայկական Շարժապատկերի Նորագոյն Գոհարներէն Է
Անդրադարձ

Ծերութեան Կնճիռներէն Անդին. «Վերապրել Շէյքսփիրին»-ը Հայկական Շարժապատկերի Նորագոյն Գոհարներէն Է

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.