Արդէն 50 տարին անցած է լիբանանեան պատերազմի սկսելէն եւ մինչեւ օրս, նորանոր պատերազմներու վերնագիրներու տակ, տակաւին վերջ չէ գտած, եւ մնայուն ու հաստատուն խաղաղութեան չէ հասած մեր սիրելի Լիբանանը:
Լիբանանցիին խորքը մաքուր է, եւ երբ վայրկեան մը քաղաքական կամ կրօնական պատկանելիութիւնը մէկ կողմ դնենք, իսկապէս անհաւատալի եղբայրութեան եւ մարդասիրութեան հոգին, առանց նախապայմանի, կը տիրապետէ:
Դժբախտաբար, սակայն, տարբեր տեսակի մարտահրաւէրներ կը պատեն եւ կը չէզոքացնեն այդ սիրոյ մթնոլորտը` մերթ ընդ մերթ: Արտաքին ազդակներ միշտ օգտագործած են դերակատար մասնիկներ, որոնց միջոցով, տարբեր տեսակի հարցեր երեւան հանելով, պատերազմի առաջնորդած են ամբողջ երկիրը, երկիր մը, որ դրախտ կը կոչուի, նոյնիսկ երբ դժոխային փուլերէ կ՛անցնի:
04-08-2020 եւ 08-04-2026 թուականները վերջին տասնամեակի ամէնէն արիւնալի օրերէն եղան Լիբանանի պատմութեան մէջ: Մեծ թիւով անմեղ քաղաքացիներ կորսնցուցին իրենց տուներն ու կեանքերը, մեծ թիւով վիրաւորներ արձանագրուեցան:
Անարդարութիւնը այլեւս չափ ու սահման չունի, կարծէք այս ժողովուրդին ճակատագրուած է հանդուրժել: Այլեւս իմաստ չունին մխիթարանքի բառերը, որոնցմով փորձենք մենք մեզ համոզել:
Վէրքը օրէ օր աւելի կը խորանայ եւ անբուժելի կը թուի, բայց եւ այնպէս, միշտ յոյս պէտք է ունենալ եւ քիչ մըն ալ պատմութենէն դաս առնել:
Մենք` իբրեւ լիբանանահայեր, շատ լաւ գիտենք Խրիմեան Հայրիկի «Երկաթէ շերեփ»-ին պատմութիւնը: Իբրեւ պետութիւն, այնքան ատեն որ թուղթէ շերեփով մեր բաժինը կ՛ուզենք ձեռք ձգել, պիտի չկարենանք խաղաղութեան օրհնութիւնը վայելել:
Միա՛յն Լիբանանի շահերը փնտռենք: Ըլլանք միասնական եւ ազգասէր. այս է այն ենթահողը, որուն վրայ պիտի կարողանանք հիմնել խաղաղ լիբանանեան պետականութիւնը:
Առանց այդ ենթահողին` անկարելի է խաղաղութեան մեր երազները վայելել:



