Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Անհեթեթութիւն Անհեթեթութեանց

April 16, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ

Օդանաւը վայրէջք կատարեց Լառնաքայի օդակայանը: Վերջապէս հասանք…

Տարօրինակ է, չէ՞, քսանհինգ վայրկեան տեւած թռիչք մը այսպէ՛ս սահմանելը:

Այո՛, եթէ բնական պայմաններու մէջ ճամբորդես:

Կը վերյիշես 2002-ի Լառնաքա-Պէյրութ փոթորկալից թռիչքդ, երբ զուարթախօս ճամբորդակիցդ` Ճորճ Սալիպա մետրոպոլիտը, ըսաւ. «Եղբա՛յր, աս ի՛նչ վտանգաւոր թռիչք դարձաւ: Հիմա եթէ օդանաւը իյնայ, մարդիկ մեր վրայ պիտի խնդան: Եթէ օդանաւդ պիտի խորտակուի, գոնէ Սիտնի-Պէյրութ թռիչքին պատահի այդ մէկը…»:

Անհեթեթութիւն առաջին. Այս օրերուն, երբ Միջին Արեւելքը, եւ որոշ չափով ամբողջ աշխարհը, ահաւոր պատերազմի (ըստ ոմանց` պատերազմներու կամ երրորդ համաշխարհային պատերազմի) կլափին մէջ է, եւ դուն Լիբանանէն Կիպրոս երթալու մասին կը մտածես:

Անհեթեթութիւն երկրորդ. Քրիստոսի Ս. Յարութեան հայրապետական սուրբ պատարագը նոր աւարտած է, եւ Անթիլիասի մայրավանքի բակին մէջ քանի մը բարեկամներու «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց» կը մաղթես, եւ անոնք քեզի «Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի» հայկական աւանդական փոխմաղթանքը յայտնելէ ետք կ՛աւելցնեն. «Լսեցի՞ր, հիմա Պէյրութի արուարձանները կը զարնէ կոր»: Առաւօտեան կանուխ ժամերէն օդանաւերուն շրջագայութիւնն ու ձայնի պատերէն ներթափանցումը դադար չէր ունեցած: Լսած էիր եւ` մտահոգուած: Չես հարցներ` «Ո՞վ»: Յայտնի է. Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ/Իսրայէլ եւ Իրան պատերազմը սկսելէ ի վեր Լիբանան իսրայէլեան ամէնօրեայ օդային եւ ցամաքային ռումբերու թիրախն է: Այսօր Middle East Monitor կ՛արձանագրէ. «Իսրայէլեան յարձակումները սկսելէն ի վեր` 2 մարտ, աւելի քան 1460 անձ սպաննուած է Լիբանանի մէջ. ասոնցմէ 39-ը` վերջին 24 ժամուան ընթացքին»: 4 ապրիլին Libnanews կը գրէր. «Լիբանանի մէջ 1422 զոհ եւ 4294 վիրաւոր ունինք»:

Անհեթեթութիւն երրորդ. Ս. Յարութեան հոգելից հրճուանքով պարուրուած բարեկամներուդ կ՛ըսես, թէ քանի մը ժամէն օդակայան պիտի երթաս Կիպրոս մեկնելու համար: Կ՛ապշին եւ անբնականն ու բնականը շաղախելով` կը շարեն. «Օդակայան հասնիլը մէկ խնդիր, օդին մէջ ապահով թռչիլը երկու խնդիր, անվնաս Կիպրոս իջնելը երեք խնդիր. Կիպրոսէն Լիբանան վերադարձը չորս խնդիր»: «Լա՛ւ, եղա՛ւ»-ով կը փակես անոնց բերանը եւ «Բարի ճանապարհ ու բարի վերադարձ» մաղթանքին ականջալուր` հրաժեշտ կ՛առնես:

Անհեթեթութիւն չորրորդ. Շարժավարը օդակայանի պողոտային վրայ կիսաքանդ շէնք մը ցոյց կու տայ եւ իր մասնագիտական տեղեկութիւնները կը թափէ վրադ. «Աս շէնքը քանի մը օր առաջ երկու անգամ զարկին: Քիչ առաջ ալ ասոր ետեւը գտնուող Հարիրիի հիւանդանոցին քովը զարկին»: Կարծէք «բան մը չկայի» պէս ուրիշ քաղաքի մը մասին հեքիաթ կը պատմէ…

Անհեթեթութիւն հինգերորդ. Փա՜ռք Աստուծոյ,  օդակայան կը հասնիս: Բեռնակիրը միայն «բան մը ըսած ըլլալու համար»` «Լառնաքա, չէ՞», կը հարցնէ: Մեր օդանաւէն զատ օդանաւ չկայ: Օդակայանը «ghost tow»  է: Ճամպրուկդ կը յանձնես եւ դուն ալ «բան մը ըսած ըլլալու համար»` հարց կու տաս պաշտօնեային. «Շատ ճամբորդ կա՞յ մեր օդանաւին մէջ»: «Ամբողջ օդանաւը լեցուն է», կը պատասխանէ: Գոհ եւ ուրախ ես, որ մեծ թիւով ճակատագրակից ունիս: Հոգեբանական է այն վիճակը, որ աւելի քաջ կը դառնաս, երբ նոյն տխուր կացութեան մէջ գտնուող բազմաթիւ անձերով շրջապատուած ես:

Պիտի չշարունակես քակել անհեթեթութիւն անհեթեթութեանց շղթան:

Հարց կու տաս. «Ինչո՞ւ այս բոլոր մտատանջութիւնները»: Միտքդ կու գայ մանրադէպ մը. օր մը թագաւոր մը պաշտօնական այցելութիւն կու տայ գիւղի մը: Կ՛ընդվզի, որ պատուոյ պահակ զինուորներ դասական թնդանօթային զարկերով չեն ողջուներ իր գալուստը, եւ կը հարցնէ զօրավարին. «Երբ հասայ, ինչո՞ւ թնդանօթ չզարկիք»: «Տէ՜ր իմ, տասնհինգ պատճառ ունէինք», կը պատասխանէ ան: «Թուէ՛ զանոնք», կը հրահանգէ: Զօրավարը կը սկսի. «Առաջին` վառօդ չունէինք, երկրորդ…»: «Հո՛ն կեցիր, առաջինը կը բաւէ արդէն», զինք կ՛ըմբերանէ թագաւորը: Հիմա դուն ալ կրնաս ո՛չ միայն տասնհինգ, այլ հարիւրտասնհինգ պատճառ թուել այս եւ բոլոր ժամանակներու անիծեալ պատերազմները դատապարտելու համար: Ատոնք բոլորը մէկ կողմ կը թողուս եւ կը բաւականանաս` հաստատելով. «Կեանքը ինքնին արդէն ունի իր բաւարար հոգերը, մարդածին աւելորդ տաղտուկներու կարիք չունինք: Ճի՛շդ է, որ երբ բազմազան վտանգներ կը սպառնան մեր հեզասահ ու խաղաղ գոյութեան, մահուան սուրը առաւել յաճախականութեամբ ու ազդուութեամբ կը ճօճուի մեր գլխուն վրայ. սակայն երբ մահուան րոպէն հասնի, ո՛ւր եւ ի՛նչ պայմաններու մէջ ալ գտնուինք, մեր կեանքին թելը պիտի ընդհատուի… Մի՛շտ քաջ եւ պատրաստ ըլլանք մահէն անդին յաւիտենական կեանքը ըմբոշխնելու պատեհութիւնը չփախցնելու: Ա՛տ պիտի մնայ մեզի այս ժամանակաւոր կեանքէն»:

Պէյրութ-Լառնաքա, 5 ապրիլ 2026          

Նախորդը

Ինքս Ինծի Հետ

Յաջորդը

Տիրամօր Օրօրոցայինը…

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.