Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ-Գաղութ

April 16, 2026
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Կիպրոս

 Վարդգէս Մահտեսեան Ոգեկոչեց Ցեղասպանութիւնը

Հինգշաբթի, 2 ապրիլ 2026-ի առաւօտուն,  Կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան, Հայոց ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին առիթով, իր յատուկ պատգամը յղեց Կիպրոսի խորհրդարանի լիագումար նիստին` Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յարգող ներկաներու մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ:

Սուրիա

Սրբազան Հայրը Լանջախաչով Շնորհաւորեց Ասորի Ուղղափառ Համայնքի Շուքրի Թումա Քահանան` Իր Քահանայական Օծման 50-Ամեակին Առիթով

13 ապրիլին Մակար արք. Աշգարեան, Հալէպի հոգեւոր պետերուն եւ իրենց ներկայացուցիչներուն հետ «Ֆեհիմէ Քլոր» սրահին մէջ ներկայ գտնուեցաւ Ասորի Ուղղափառ համայնքի Շուքրի Թումա քահանայի քահանայական օծման 50-ամեակի նշումին, ներկայութեամբ` Ասորի Ուղղափառ համայնքի առաջնորդ Պթրոս Քասիս եպիսկոպոսին:

Սրբազան հօր կ՛ընկերակցէին Մանուկ վրդ. Պարիխանեան եւ Արմէն աբղ. Գալաճեան:

Սրբազան հայրը, թեմի անունով, լանջախաչով շնորհաւորեց Շուքրի Թումա քահանան, իր քահանայական 50-ամեայ անձնդիր ծառայութեան առիթով եւ իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց Ասորի ուղղափառ համայնքի առաջնորդին եւ ժողովուրդի զաւակներուն:

Յունաստան

Հոգեւոր Եւ Ազգային Վերանորոգում` Թեսաղոնիկէի Հայ Համայնքի Կեանքէն Ներս

Նախաձեռնութեամբ Թեսաղոնիկէի Համազգայինի «Ղ. Սարեան» մասնաճիւղին, կիրակի, 22 մարտին` ս. պատարագէն անմիջապէս ետք, Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ յատկանշական մշակութային եւ հոգեւոր ձեռնարկ մը: Հայաստանի Ալավերդի քաղաքէն ժամանած յունական համայնքի «Քալիոպի» երգչախումբը ելոյթ ունեցաւ եկեղեցւոյ մէջ` ներկայացնելով յունական եւ հայկական ազգային ու հոգեւոր երգերու հարուստ ծրագիր մը: Երգչախումբի կատարումով հնչեցին հոգեցունց շարականներ, ինչպէս նաեւ` ժողովրդական մեղեդիներ, որոնք իրենց խոր արմատներով կապուած են երկու ժողովուրդներու պատմութեան եւ հոգեւոր ժառանգութեան:

Երաժշտական ձեռնարկը դարձաւ մշակութային կամուրջ մը Հայաստանի եւ Յունաստանի միջեւ` ընդգծելով երկու քրիստոնեայ ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութիւնը եւ հոգեւոր ընդհանրութիւնները:

Միաժամանակ «Տէր Զաքարեան» սրահին մէջ Համազգայինի «Կիլիկիա» փոքրիկներու պարախումբը եւս ունեցաւ իր ելոյթը` ներկայացնելով հայկական ժողովրդական պարեր: Փոքրիկներու կենդանի եւ ոգեւորիչ կատարումները ջերմ ընդունելութիւն գտան հանդիսատեսին կողմէ` հաղորդելով ուրախութիւն եւ ազգային հպարտութիւն:

Գիրքի Ցուցահանդէս Թեսաղոնիկէի Մէջ` Մակեդոնիոյ Եւ Թրակիոյ Հայ Համայնքներու Պատմութեան Արժեւորումով

Կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդին, համագործակցութեամբ քաղաքի «Աղքատախնամ այրերու եղբայրակցութեան», 29 մարտին Թեսաղոնիկէի համերգասրահի դահլիճներէն ներս տեղի ունեցաւ գիրքի ցուցահանդէս:

Ցուցահանդէսին առանցքը կը կազմէր «Թրակիոյ եւ Մակեդոնիոյ հայ գաղութի պատմութիւնը» գիրքը, որ հայերէնէ յունարէնի թարգմանուած է Սարգիս Աղապատեանին կողմէ: Գիրքին թարգմանութիւնը ունի առանձնայատուկ կարեւորութիւն, քանի որ ան իր մէջ կը պարունակէ խոր պատմութիւն եւ արժէքաւոր վկայութիւններ մեր գաղութներուն անցեալին մասին` նպաստելով այդ ժառանգութեան ծանօթացման եւ պահպանման:

Ձեռնարկին խօսքեր ուղղեցին` քաղաքապետը, Թաղային խորհուրդի ատենապետը եւ համակազմակերպիչ միութեան ատենապետը:

Պաշտօնական խօսքերէն ետք տեղի ունեցաւ հետաքրքրական զրոյց` մասնակցութեամբ գիրքի թարգմանիչ Սարգիս Աղապատեանի, գիրքի տպագրութեան պատասխանատու Անտոնիս Սթամուլիսի, ինչպէս նաեւ համալսարանի դասախօս Անկելոս Սիրիղոսի եւ պատմագէտ Լեւոն Տիլսիզեանի: Զրոյցը վարեց լրագրող Փանայոթիս Քրինիս:

Միացեալ Նահանգներ

Այցելութիւն Պրիւս Եպս. Լեւանտովսկիին

Հինգշաբթի, 2 ապրիլին Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդ  Անուշաւան արք. Դանիէլեան, ընկերակցութեամբ Գաբրիէլ քհնյ. Նազարեանի` հոգեւոր հովիւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ), այցելեց Փրաւիտընսի կաթողիկէ թեմի առաջնորդ Պրիւս եպս. Լեւանտովսկիին: Հանդիպումին ընթացքին տեղի ունեցաւ շահեկան զրոյց մը` տարբեր հարցերու շուրջ: Առաջնորդ սրբազան հայրը իր հիւրընկալին նուիրեց Ազգային առաջնորդարանին կողմէ պատուիրուած յատուկ զարդախաչ մը:

Ս. Ստեփանոս Եկեղեցւոյ Տարեկան Անդամական Ընդհանուր Ժողովը

22 մարտին Ս. Ստեփանոս Հայ առաքելական եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ տարեկան անդամական ընդհանուր ժողովը` նախագահութեամբ Խորէն արք. Տողրամաճեանի: Ժողովին ներկայ էին`  առաջնորդարանի Գործադիր խորհուրդի անդամ Յակոբ Խաչատուրեան, Գործադիր խորհուրդի գանձապահ Րաֆֆի Ուրլեանեւ հաշուեքննիչ մարմինի անդամ Անժել Սթիվընս:

Օրակարգին մաս կը կազմէին 19 մարտ 2023-ին տեղի ունեցած նախորդ անդամական ժողովի արձանագրութիւններու ներկայացումն ու վաւերացումը, ապա հովիւին զեկոյցը` մայիս 2025-էն ի վեր, ինչպէս նաեւ հոգաբարձութեան եւ Պատգամաւորական ժողովի պատուիրակներու ամփոփ զեկոյցները` վերջին անդամական ժողովէն մինչեւ օրս: Ներկայացուեցաւ նաեւ մանրամասն ելեւմտական զեկոյց մը, որ կը ներառէր` 2023-2025 տնտեսական տարիները, 31 դեկտեմբեր 2025-ի դրութեամբ փակ հաշիւները, ներկայ մնացորդները եւ Ելեւմտական ստուգիչ յանձնախումբին զեկոյցը: Քննուեցաւ եւ վաւերացուեցաւ 2026 տարուան առաջարկուած պիւտճէն:

Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդարանին ուղղուած խնդրանքին հիման վրայ, եւ նկատի ունենալով ծառայութեան դաշտին մէջ գործունէութեան կարիքը, առաջնորդարանի Գործադիր խորհուրդը նշանակեց հետեւեալ եօթը անձերը` իբրեւ հոգաբարձութեան նոր կազմ: Բետի Ալեքս Չամքօ` ատենապետ, Էտուարտ (Էտ) Ատաճեան` փոխատենապետ, Քարեն Ֆալլօ` գանձապահ, Սիւզան Շապազեան` քարտուղար, եւ անդամներ` Ատրիէն Տէր Սարգիսեան Պրաուն, Աննա Ուիլիըմս եւ Տանիել Զապորովսքի:

Հայաստանի Սօս Սարգսեանի Անուան Համազգայինի Թատերախումբը Այցելեց Ազգային Առաջնորդարան

3 ապրիլին Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայաստանի Սօս Սարգսեանի անուան Համազգայինի թատերախումբին, որ ներկայիս Լոս Անճելըս կը գտնուի թատերական չորս գործեր ներկայացնելու ծրագիրով` գլխաւորութեամբ գեղարուեստական ղեկավար եւ բեմադրիչ Նարինէ Գրիգորեանի, հիւրընկալութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Համազգայինի Շրջանային վարչութեան: Թատերախումբին մաս կը կազմէ նաեւ հայրենի դերասան եւ բեմադրիչ Դաւիթ Յակոբեան:

Հանդիպման ներկայ եղան հիւրընկալ վարչութեան ատենապետ Մանուկ Ջուխաճեան եւ անդամներ` Շուշիկ Արսլանեան եւ Րաֆֆի Օհանեան, ինչպէս նաեւ` «Աստղերու հաւատքով» բանաստեղծական գործի հեղինակ Վիգէն Յովսէփեան, որուն գործը եւս ներառուած է թատերական ներկայացումներու ծրագիրին մէջ:

Սրբազան հայրը ողջունեց հայրենի արուեստագէտները եւ դրուատեց ընդհանրապէս Համազգայինի մշակութային գործունէութիւնը Հայաստանի եւ գաղութներու մէջ ու մասնաւորաբար` Սօս Սարգսեանի անուան թատերախումբի ազգային առաքելութիւնը հայաշխարհին մէջ` իբրեւ մասնագէտ թատերախումբ, որ միաժամանակ հայոց լեզուի երկու ճիւղերուն` արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի, առողջ պահպանման ու կենսաւորման ընդգծելի աշխատանք կը տանի, միշտ հաւատարիմ իր հիմնադիրին` հայրենի նշանաւոր դերասան եւ բեմադրիչ Սօս Սարգսեանի պատուական աւանդին:

Այս առիթով սրբազան հայրը ծանօթացաւ խումբի անդամներուն եւ տեղեկացաւ աշխատանքներուն մասին: Ջուխաճեան Շրջանային վարչութեան եւ հայրենի թատերախումբին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդին եւ զայն հրաւիրեց իր հայրական ներկայութեամբ պատուելու քառօրեայ թատերախաղերը, որոնք պիտի ներկայացուին 7-10 ապրիլին:

Առաջնորդը իր գոհունակութիւնը յայտնեց` լսելով խումբի բեմադրիչին եւ անդամներուն բացատրութիւնները, ապա թատերախումբին ձօնեց պաշտօնական  գնահատագիր, զոր կարդաց առաջնորդարանի դիւանապետ Քնար Գորթոշեան:

Քանատա

Բաբգէն Արք. Չարեան Այցելեց Օնթարիօ Նահանգի Խորհրդարան

1 ապրիլին Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան, ընկերակցութեամբ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Գարեգին ծ. վրդ. Շխըրտմեանի, առաջնորդի օգնական Յակոբ վրդ. Եագուպեանի եւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Ծովիկ Թերզեանի, այցելեց Օնթարիօ նահանգի խորհրդարան:

Սրբազանը եւ իր շքախումբը դիմաւորուեցան նահանգային երեսփոխան Արիս Պապիկեանի օգնական Արիս Մովսէսեանի կողմէ:

Սրբազանը իր շքախումբին հետ ներկայ գտնուեցաւ խորհրդարանի մէկ նիստին, ուր երեսփոխան Արիս Պապիկեան ողջունեց սրբազան հօր եւ իր շքախումբի ներկայութիւնը:

Նիստէն ետք սրբազանը առիթը ունեցաւ այցելելու երեսփոխան Արիս Պապիկեանի գրասենեակը եւ հոն հանդիպեցաւ կարգ մը նախարարներու հետ, ուր առիթ ստեղծուեցաւ զրուցելու Օնթարիոյի հայ համայնքի մասին:

Մահացաւ Յասմիկ Հայրապետեան–Ինճէճիկեանը

Քանատայի մէջ մահացաւ Յասմիկ Հայրապետեան-Ինճէճիկեանը: Ծնած է Պէյրութ, փոքր տարիքէն երաժշտութեան հակում ցոյց տուած է: Յաճախած է Լուսինեան նախակրթարանը եւ աւետարանական երկրորդական վարժարանը` հոն աշակերտելով Երուանդ Քասունիի, ապա սկսած է հետեւիլ պետական երաժշտանոցի դասընթացքներուն: Մաս կազմած է Գէորգ Գանտահարեանի երգչախումբին: 1964-ին ամուսնացած է Զաւէն Ինճէճիկեանին հետ ու տարի մը ետք տեղափոխուած են Մոնրէալ, ուր շարունակած է երաժշտութիւն ուսանիլ եւ ՄքԿիլ համալսարանէն ստացած է պսակաւորի աստիճան` իբրեւ երաժշտութեան դաստիարակ, բարձրագոյն վկայական` ձայնի մարզին մէջ եւ մագիստրոսի աստիճան` իբրեւ երաժշտագէտ: Համալսարաններու միջպետական փոխանակման ծիրին մէջ արժանացած է յատկացումի մը` տարի մը ուսանելու Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցին մէջ:

Գրեթէ կէս դար ան երգ դասաւանդած է ՄքԿիլի երաժշտանոցին, ինչպէս նաեւ իր սեփական աշխատանոցին մէջ: Ան անդամ էր Երգի ուսուցիչներու ազգային ընկերակցութեան եւ գործած է որպէս ՄքԿիլի երաժշտանոցի ձայնի բաժնի ատենապետը: Պատրաստած է երաժշտանոցի ձայնի քննութեան ծրագիրը` վաւերացուած Քեպեքի կրթական նախարարութեան կողմէ:

Ան երկար տարիներ մաս կազմած է Համազգայինի ընտանիքին` մասնակցելով գեղարուեստական ձեռնարկներու, վարած է միութեան ռատիոժամը եւ եղած անոր խօսնակը, կատարած է գրադարանավարութիւնը, ղեկավարած է երգչախումբը (ութեակը), եւ 2008 – 2010` Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ դպրաց դասը: Տուած է բազմաթիւ դասախօսութիւններ ու գրած է յօդուածներ («Canadian Folk Music Journal»-ի, «Polyphony»-ի, «Հորիզոն»-ի մէջ եւ այլուր) հայ երաժշտութեան, երաժիշտներու եւ հայ մշակոյթի մասին: 1999 – 2000 աշխատած է Նիւ Ճըրզիի Յովնանեան վարժարանը` որպէս երաժշտութեանևհայերէնի դասատու:

Պատրաստած է «Բարի լոյս, պուրպատիկ» եւ «Բարի եկար, Նուրին» մանկական ձայներիզները` հայ երգը սիրելի դարձնելու համար փոքրիկներուն:

Յասմիկի երաժշտական ուսումնասիրութիւնները կեդրոնացած եղած են Սայաթ Նովայի եւ Կոմիտասի, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած երաժիշտներու գործերուն վրայ:

2015-ին` Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով, ՄքԿիլի «Փոլաք» սրահին մէջ կազմակերպած է համերգ մը, որ զինք մղած է հրատարակելու «Vocal Art of Armenian Composers: Survivors of the Genocide» («Ցեղասպանութենէն վերապրած հայ յօրինողներու ձայնային արուեստը») վեցհատորեակը, որուն վերջին երկու հատորները լոյս պիտի տեսնեն յետմահու:

 

 

 

 

 

Նախորդը

Հագուստի Սեւ Գոյնը Կը Պատմէ Մարդու Բնաւորութեան Մասին

Յաջորդը

Ինքս Ինծի Հետ

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Եգիպտոսի Խորհրդաժողով-Շրջապտոյտ  (25 Սեպտեմբեր – 7 Հոկտեմբեր)
Գաղութէ Գաղութ

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Եգիպտոսի Խորհրդաժողով-Շրջապտոյտ (25 Սեպտեմբեր – 7 Հոկտեմբեր)

November 7, 2026
«Մխիթար Աբբահօր Ծննդեան Ժամանակաշրջանին Եկեղեցական, Քաղաքական Եւ Պատմական Միջավայրը»
Գաղութէ Գաղութ

«Մխիթար Աբբահօր Ծննդեան Ժամանակաշրջանին Եկեղեցական, Քաղաքական Եւ Պատմական Միջավայրը»

November 6, 2026
Գաղութ-Գաղութէ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութ-Գաղութէ

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.