Գացէք:
Գացէք` առէք ամէն մէկդ աթոռ մը եւ եկէք` նստէք:
Նստէք դիմացս, քովս, շուրջս:
Իրարու երես տեսնենք:
Աչք-աչքի գանք:
Խաղանք այս խաղը ու տեսնենք, թէ ո՛վ կը մնայ մինչեւ վերջ, եւ ո՛վ կը ձգէ-կ՛երթայ:
Տեսնենք, հոսկէ ելլելով, քանի՞ բարեկամ ու յարաբերութիւն կը կորսնցնենք:
Տեսնենք` ասկէ առաջուանը որքանո՞վ կը շարունակէ մնալ ասկէ ետք:
«Սքուիտ Կէյմ» մը չէ այս մէկը:
Մէկը կեանքը չի կորսնցներ հոսկէ ելլելով, բայց կեանքին մէջ ունեցած ամէն ինչ` թերեւս:
Եկէք` փշրենք պահ մը այն, ինչ որ մարդկութիւնը դրած է աշխարհին մէջ իր անվտանգութիւնը պահպանելու եւ իր շրջապատը պահելու համար:
Երթանք ետեւ, բնի՛կ մարդուն:
Չեմ ըսեր` քարայրներու մէջ մտնենք, կամ քաղաքակրթութիւնը մէկ կողմ դնենք: Չէ՛:
Բայց այդ քաղաքակրթութեան տակ քողարկուած սեւ աշխարհը երեւան հանենք:
Եկէք:
Եկէք` իրականութիւնը խօսինք:
Իրականութիւնը բի՛րտ:
Իրականութիւնը մե՛րկ:
Ցաւո՛տ իրականութիւնը:
Իրակա՛ն իրականութիւնը:
Իրականութի՛ւնը:
Ի՛ր բառերով:
Ճի՛շդ այնպէս, ինչպէս որ է:
Առանց արտայայտութիւններ գեղեցկացնելու:
Առանց անտեղի ժպիտներ տալու եւ մարմնային լեզուն շռայլօրէն օգտագործելու:
Ըսել շեշտակի՛, անշե՛ղ, անթե՛ք, անփափկանկատ:
Շաղել բառերը` իրական զգացումներուն ու մտածումներուն հետ ու մէկզմէկ արձակել լեզուով խնդրոյ առարկային:
Եկէք` ընդունինք, թէ որքա՛ն ալ հակասութիւններ ըլլան աշխարհի վրայ, անոնցմէ մէկը անպայման միւսէն առաջ ծնունդ առած է:
Իրականութեան ու կեղծիք-սուտի պարագայի՞ն. կասկած չկայ, որ իրականութիւնն էր առջինեկը:
Իրականութիւնը ի սկզբանէ կար, իսկ սուտն ու կեղծիքը աւելի ուշ եկած են աշխարհ` մարդու շնորհիւ:
Մարդակերտ են, որովհետեւ մարդու համար ծանր է համակերպիլ իրականութեան: Մարդը կը նախընտրէ ապրիլ տասնեակ գեղեցիկ սուտերով ու պատրանքներով, քան` ապրիլ տգեղ մէկ իրականութեամբ:
Կ՛ուզէ լսել այն, ինչ կ՛ուզէ, նոյնիսկ եթէ այդ մէկը սուտ ըլլայ:
Տգեղ իրականութիւնը իրականութի՛ւն ըլլալով` կ՛ուզէ հաւատալ սուտին, ապրիլ սուտով, մինչեւ ուղեղը զայն իրականութեան վերածէ, եւ իր ուղեղէն դուրս եղող այդ սուտը ուղեղէն ներս դառնայ իրականութիւն:
Տէ՜:
Եկէ՜ք, հիմա՜:
Ինչո՞ւ կ՛ուշանաք:
Մի՛ վախնաք:
Մի՛ քաշուիք:
Անգամ մը միայն քաջ եղէք ընդունելու եւ ըսէք…
Ըսէ՛ք, որ կը նախանձիք անոր, քանի իր ամբողջացուցածն է, որ ձեր մէջ կը պակսի:
Ըսէ՛ք, որ կ՛ուզէք մեղքը շռայլութեամբ գործել, բայց ձեր խիղճի հանգստութեան նայելէ առաջ շրջապատին հոգն է, որ կ՛ուտէք:
Ըսէ՛ք, որ յոգնած էք այս-այն հետապնդելէ` «յաջողութիւն» հասկացողութիւնը անոնց յաջողութեամբ սահմանելով:
Ըսէ՛ք, որ յափշտակութեամբ խլեցիք մէկուն իրաւունքը եւ ընդունեցէք վերջապէս այդ մէկը, կը բաւէ ձեր իրաւունքը նկատէք:
Ըսէ՛ք, որ երբ մեղադրեցիք զայն իր մէկ ըրածին համար, այդ մէկն ընդվզումի արտայայտութիւն էր պարզապէս, որովհետեւ ձեր հոգիի խորն ալ նոյնպէս կը գտնուէր իր գործածը ընելու բուռն փափաք մը, սակայն ձեզի քաջութիւն կը պակսէր այդ մէկը ընելու:
Ըսէ՛ք, որ դուք ալ չէք գիտեր` ի՛նչ կ՛ընէք, այլ կ՛ընէք պարզապէս, որպէսզի բան մը ըրած ըլլաք, եւ ուրախ ըլլալ ձեւացնէք այդ մէկը ընելով` արժէք մը զգալու համար:
Ըսէ՛ք, որ վստահութիւնը, երբ շահեցաք անոր, չարաչար սկսաք օգտագործել: Շողոքորթեցիք, խաբեցիք, դաւաճանեցիք:
Ըսէ՛ք, որ ձեր լեզուն աւելի դուրս կ՛արձակուի կռնակներու դիմաց, քան` դէմքերու:
Ըսէ՛ք, որ ձեր գործած բոլոր բռնութիւնները հետեւանք են ձեր ունեցած դժբախտ անցեալին եւ վրէժխնդրութիւնն են անոր:
Ըսէ՛ք, որ դուք յաճախ կը փարիք մէկուն ու միւսին, որովհետեւ վստահութիւն չունիք ձեր կարողութիւններուն:
Ըսէ՛ք, որ զուրկ էք անձնական կարծիքէ եւ կրկնութիւն մըն էք ու գործիք մը` ուրիշի:
Ըսէ՛ք, որ ձեր զգացած պակասները լեցնելու համար կը յարաբերիք մարդոց հետ եւ զիրենք յաճախ ձեր շուրջ կը պահէք ձեր անձնական շահերուն համար:
Ըսէ՛ք, ըսէք…
Ըսէ՛ք, որ չէք ախորժիր իրմէ, որովհետեւ իր ներկայութիւնը ո՛չ մէկ բան կ՛աւելցնէ հաւաքոյթին, այլ ընդհակառակը, կ՛առնէ անկէ շատ բան: Ըսէք, որ ձայնը, արծարծած նիւթերը, խօսելաոճը ձեր ջղային համակարգը ամբողջութեամբ գերլարուածութեան վիճակի մէջ կը դնեն:
Ըսէք, որ իրականութիւնը ապտակի պէս կ՛ուզէք իջեցնել անոր դէմքին: Ըսէ՛ք, իջեցուցէ՛ք այդ մէկը մէկ անգամուան համար:
Ըսէ՛ք, որ չէք ուզեր ձեզի յանձնուած այդ մէկ գործը, որ հազար մեղք գործելով պիտի ամբողջացնէք:
Ըսէ՛ք, որ իրապէս տկար կը զգաք երբեմն: Միանուագ քաջութիւն մի՛ քարոզէք կամ պարզէք մարդոց դիմաց եւ այդ տկարութեան ընդմէջէն ձեր գործած մեղքերը իրարու յայտնեցէք, ընդունեցէք:
Ըսէ՛ք, որ կը խեղդուիք ձեր տեսած ու ապրած անարդարութիւններէն, ընկերներէն, ընտանիքէն, միջավայրէն, մարդոցմէ: Բարձրաձայնեցէք այդ ցաւերուն շշուկը ու դարձուցէք զայն պայքարի պոռթկումի:
Ըսէ՜ք, վնաս չունի՜, բոլորս ալ գիտե՜նք:
Ըսէ՛ք, մի՛ ամչնաք:
Մի՛ քաշուիք:
Նստէ՜ք, ո՞ւր կ՛երթաք:
Չդիմացա՞ք:
Բայց տակաւին նոր սկսանք:
Կը վախնա՞ք:
Ինչէ՞: Մինակ մնալէ՞:
Եթէ այդպէս է, այո՛, իրաւունք ունիք:
Ոչ մէկը կը հանդուրժէ ձեր այս ճշմարտախօսութիւնն ու այս աստիճանի թափանցիկութիւնը:
Ի՞նչ թափանցիկութիւն: Այս մէկը հոգիներու ու շրջապատի ձայնալարային ջարդ կը համարուի: Լեզուն, խօսքը, արտայայտութիւնները, բառերը…
Բայց դուք ալ գիտէք` ճիշդ է, չէ՞: Սակայն դժուար է մարդ տեսակի անչափ եսասիրութիւնը ընդունիլն ու ընկալելը:
Ի վերջոյ սուտը երբ ծնաւ, ծնաւ պէտքէ մը, որպէս լուծում հարցի մը. փախուստ` իրականութենէն եւ երաշխիք` ընկերային կեանքի գոյատեւման:
Կեանքը կարճ է, չ՛արժեր իրականութիւնը խօսիլ: Ստենք, կեղծենք, մինչեւ մահը մեզ բաժնէ:
Եւ ի հեճուկս սատանային, որ սուտո՛վ բաժնեց արքայութեան մէջ, մենք այստեղ սուտով պահե՛նք զիրար: