Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մենութեան Խոհեր. «Քորոնա»-ն, Առանձնութիւնը, Մարդը Եւ Աստուած

Փետրուար 9, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ

2019 թուականին Չինաստանի Եուհան քաղաքէն ծայր առաւ հիւանդութիւն մը, որ տարածուեցաւ ամբողջ աշխարհի մէջ եւ վերածուեցաւ համաճարակի: Անիկա նախորդ եւ 20-րդ դարու այլ համաճարակներու չնմանեցաւ, որովհետեւ իր տարողութեան մէջ անհամեմատ մեծ քարոզչութեան պատճառով ահ ու սարսափի մատնեց բնակչութիւնը Երկիր մոլորակի, որուն անմասն բաղկացուցիչն է Լիբանանը: Սկզբնական շրջանին ան ներկայացուեցաւ իբրեւ մահացու համաճարակ: Աշխարհի վրայ արձանագրուեցան (նաեւ` Լիբանանի մէջ) մեծ թիւով մահեր` առաւել եւս բնակչութիւնը առհասարակ մղելով անորոշութեան եւ մտահոգութեան գիրկը: Հետագային համաճարակաբանները զայն նմանցուցին կրիփի տեսակի մը, որուն կանխարգիլման համար պատուաստներ ալ ստեղծեցին: Լիբանանի պարագային, սակայն,  կացութիւնը աւելի տարբեր է, որովհետեւ ան յամրաքայլ արդէն կը թեւակոխէր ընկղմելու փուլը (2019 թուականին ծայր առած ժողովրդային շարժումը, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին ստեղծած աղէտալի եւ ահաւոր վիճակը, դրամանիշի աներեւակայելի անկումն ու տնտեսական քայքայումը), եւ ասոր առընթեր, համաճարակը ինքնին բաւարար էր ժողովուրդին ցասումն ու ճնշուածութիւնը հասցնելու խելագարութեան, աղքատացման ու բժշկական լուրջ խնդիրներու դէմ յանդիման գտնուելուն:

Ինչո՞ւ այս խորագիրն ու մուտքը: Արդէն ընթերցողը կը մտաբերէ, կամ կը կռահէ, որ տուեալ անհատը վարակուած էր այս համաճարակով, եւ թէ իր մենութեան, առանձնացման ժամանակ ինչպիսի՛ հոգեվիճակ եւ զգացումներ կազմաւորուեցան վարակակիրի կեանքին մէջ: Պէտք է հաստատել այն իրականութիւնը, թէ որքան ալ հեռաւորութիւն պահես եւ փորձես նախազգուշութեամբ հեռու մնալ, հիւանդութիւնը անպայման պիտի թակէ քու դուռդ ու վարակէ բոլորս ուշ կամ կանուխ, որովհետեւ ամէնուրեք վարակակիր կայ եւ թագաժահրը իր նեղ պարունակէն դուրս կը գտնուի արդէն: Երկրորդ` անհատի մեղաւորի շապիկ հագցնելն ու արհամարհական վերաբերում ցուցաբերելը հակամարդկային է ու ընկերութեան կողմէ մերժուած: Գիտենք, որ հոգեբանութեան մէջ ճնշուածութիւնը (սթրես) մարմինիդ հակազդեցութիւնն է դժուար հարցի մը: Մարդուն ուղեղը բազմաթիւ հորմոններ կը ղրկէ մարմինի բոլոր մասերուն, որոնք սրտի զարկը կ՛աւելցնեն, արեան ճնշումը կը բարձրացնեն եւ մկանները կը պրկեն: Ուստի ճնշուածութիւնն ալ իր կարգին, այլ ազդակ մը, իմա՛ հոգեբանական, վատ վիճակ մըն է եւ հիւանդութեան մղող, որ անհատին շուտափոյթ ապաքինման արգելք կը հանդիսանայ: Այո՛, այդ առանձնութեան մէջ հետաքրքրական է, որ անհատը բազմաթիւ երեւոյթներ կը նշմարէ, որոնք նախապէս չէր նկատած:

Առաջին` մարդոց (պատասխանատու, բարեկամ, ազգական, դրացի, միութենական), մէկ խօսքով, համընդհանուր շրջապատի մը մօտեցումը տուեալ անհատին հանդէպ: Արդէն հիւանդը կ՛ուզէ շրջանցել այս դժուար կացութիւնը, որ իրեն համար կը թուի ըլլալ այնքան երկար ժամանակամիջոց մը, որմէ դուրս գալը երբեմն կը նկատէ հրաշքի համազօր: Ուստի աւելորդ արտայայտութիւններն ու բերնէ բերան խօսակցութիւնները ոչ միայն կը խանգարեն անհատին հոգեկան վիճակը, այլ նաեւ կը խաթարեն ապագայ փոխյարաբերութեան ընթացքը: Աստուածաշունչի «Առակաց գիրք»-ին մէջ ուսուցանելի ձեւով կը ներկայացուի, որ` «Մարդուն սրտին մէջ եղող վիշտը զանիկա կը ճնշէ, բայց աղէկ խօսքը սիրտը կ՛ուրախացնէ»: Ուրեմն աւելի արդիւնաւէտ կ՛ըլլայ դրական մօտեցումն ու անհատին կորով պարգեւելը, որոնք հիւանդին տրամադրութիւնը կը բարձրացնեն:

Երկրորդ` մարդոց ինքնութեան բացայայտում: Ժողովրդային առածը կ՛ըսէ` «Ընկերը` նեղութեան ատեն»: Այս խորիմաստ խօսքը որքա՜ն կը համընկնի բոլոր անոնց, որոնք իրենց խրատական, երբեմն վիրաւորական արտայայտութիւններէն բացի, ոչ մէկ ձեւով օժանդակութիւն կը ցուցաբերեն անհատին` ըլլայ սնունդի մատակարարում, դեղորայքի ապահովում եւ զանազան կարիքներ: Բացայայտ է, որ այս վիճակին մէջ գտնուող անձը իւրովի կը գիտնայ, թէ ո՛վ է իր իսկական ԸՆԿԵՐԸ:

Երրորդ` ինքնաճանաչողութիւն եւ ինքնազարգացում: Այս ընդգծումը մարդուն կեանքին մէջ առանցքային դեր ունի, որովհետեւ կեանքի թոհուբոհին մէջ ինքզինք ճանչնալու գործընթացին մասին քիչ կը մտածէ: Բայց երբ ներամփոփուած ես պատեանիդ մէջ, կը սկսիս մտածելու մարդկային յարաբերութեանց յարափոփոխ ընթացքին, անձիդ վերարժեւորման, վերատեսութեան եւ մասամբ ալ ինքնազարգացման մասին` առաւել եւս ամրապնդելու եւ հարստացնելու համար մտապաշարդ:

Չորրորդ` աղօթական կեանքի վերաշխուժացում: Բացայայտ իրականութիւն է, որ քրիստոնեայի կեանքին առանցքը կը կազմէ աղօթքը: Սակայն որքան անհրաժեշտ է ներամփոփումը, երբ պահ մը կ՛անջատուիս ներկայ աշխարհէն` միանալու Ամենակալին եւ ամբողջական վստահութիւն յայտնելու Աստուծոյ, որուն հանդէպ ունեցած հաւատքդ կը զօրացնէ անհատականութիւնդ եւ կեանքի մէջ դժուարութեանց տոկալու եւ դիմադրելու կամքը: Դարձեալ Նոր կտակարանին մէջ Պօղոս առաքեալը փիլիպպեցիներուն ուղղած իր նամակին մէջ հետեւեալը կ՛ըսէ աղօթքի մասին. «Միշտ ձեր աղօթքներուն եւ աղաչանքներուն մէջ գոհունակ սրտով Աստուծմէ խնդրեցէք, ինչ բանի որ կարիքը կը զգաք, եւ այն ատեն Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ միտքով կարելի չէ հասկնալ, խաղաղ պիտի պահէ ձեր սիրտերն ու միտքերը…» (Փիլիպեցիներուն 4:6-7): Յիրաւի եւ ճշմարտացի է, որ աղօթքը կ՛անջատէ աշխարհէն եւ հոգեկան կապ մը կը հաստատէ Աստուծոյ հետ` հոգեկան անդորր մը պարգեւելով ենթակային:

«Overcoming stress» գիրքին գլուխներէն մէկուն խորագիրն է` «Ազնուութիւնը կ՛օգնէ ճնշուածութեանդ վերջ դնելու»: Ըստ հեղինակին, ուրիշներուն հետ ազնուութեամբ վարուիլը կրնայ առողջութեան եւ ուրախութեան նպաստել: Այլ դիտանկիւնէն, անազնիւ կամ կոշտ մարդը ինքզինք ապերջանիկ կը դարձնէ, որովհետեւ ուրիշներ իրմէ կը խուսափին:

Այս մտածումները երբեք կարելի չէր դրսեւորել, եթէ այդ հոգեվիճակին մէջ չգտնուէի, չապրէի այդ յուսահատութեան վայրկեանները: Սակայն գաւաթին լեցուն բաժինն ալ պէտք է տեսնել, որ հակառակ ճնշուածութեան, հոգեկան տագնապին, յաւելեալ ճիգով անձդ կերտեցիր եւ ուժերդ հաւաքեցիր` դարձեալ մեկնելու աշխարհ աղօթքի ուժով եւ հզօր անհատականութեամբ դիմակայելու համար կեանքի, ընկերութեան եւ աշխարհի մարտահրաւէրները:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Ֆետերասիոններուն Մէջ ՀՄԸՄ-ի Ներկայացուցիչներու Ժողով

Յաջորդը

Գիր Երախտագիտութեան Եւ Գնահատանքի

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?