Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅ Դաշնակցութիւնը Մշտապէս Երիտասարդ Է

Փետրուար 7, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան օրուան տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ 5 փետրուար 2022-ին: Սովորութիւն դարձած է յատուկ թուական չունեցող այդ օրը նշել ամէն տարի` նոյեմբեր կամ դեկտեմբեր ամիսներուն: Այդպէս ալ եղաւ սփիւռքի բազմաթիւ վայրերուն մէջ, ուր տարուան մը գործունէութեան հրապարակային հաշուետուութեան կողքին, բանախօսները առիթ ունեցան նաեւ ուրուագծելու յառաջիկայ գործունէութեան գլխաւոր ուղղութիւնները: Նոյնը կատարուեցաւ Հայաստանի մէջ, աւելի քան ամսուան մը յապաղումով:

ՀՅ Դաշնակցութեան 34-րդ Ընդհանուր ժողովէն շուրջ մէկուկէս ամիս առաջ կայացած կուսակցութեան 131-ամեակին նուիրուած այս միջոցառումը առիթ կ՛ընծայէ կատարելու քանի մը պարզ մտորումներ անցած երկարատեւ գործունէութեան ու անմիջական գալիքին մասին:

131 տարիներու անխափան գոյութիւնը եւ շարունակական գործունէութիւնը կրնան մտածել տալ, որ Դաշնակցութիւնը անցեալին մէջ բանտարկուած զառամեալ կազմակերպութիւն մըն է: Նման մտածողութիւն ունեցողները չեն ուզեր տեսնել, որ պատմական դէպքերու ամբողջ ընթացքին, անոր բոլոր հանգրուաններուն, Դաշնակցութիւնը գիտցած է ըլլալ ժամանակին վկան ու ղեկավար մասնակցութիւն ունեցած է ազգային-քաղաքական գործընթացներուն: Սխալներ գործա՞ծ է Դաշնակցութիւնը. այո՛, անկասկած: Անբաւարար տեղեկացուածութիւնը, երբեմն սխալ նախատեսութիւնները, երբեմն ուժերու անբաւարարութիւնը զայն առաջնորդած են պարտութեան, որ հանրային կարծիքին համար համազօր է սխալի: Իսկական սխալը կամաւոր, գիտակցուած շեղումն է ազգային գաղափարէն, որ Դաշնակցութեան էութիւնն իսկ է:

Բայց մենք ինչո՞ւ կը խօսինք քանի մը «սխալներու» մասին, երբ Դաշնակցութեան պատմութիւնը լեցուն է սխրանքներով ու յաղթանակներով: Ոչինչ ընող, միայն խօսող ու գործելէ խուսափող կազմակերպութիւնները կրնան անսխալական ըլլալ, հրապարակի վրայ մշտապէս ներկայ եղողը յաղթանակներ կը կերտէ, երբեմն ալ կը պարտուի: Ժամանակաւոր պարտութիւնը կը հանդիսանայ դաս եւ ուղեցոյց ապագայ պայքարներու եւ յաղթանակներու համար:

Ինչպէ՞ս կը բացատրուի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պայքարին այժմէականութիւնը 131 երկար տարիներու պատմական բոլոր փուլերուն:

Դաշնակցութիւնը քարացած քաղաքական վարքագիծ ունեցող կազմակերպութիւն չէ: Աշխարհի մէջ կատարուած փոփոխութիւնները, ուժի կեդրոններու բախումները, տնտեսական ու ընկերային կացութիւնը, հայ ժողովուրդի վիճակը եւ նաեւ իր շարքերուն պատրաստակամութիւնը հիմք կը ծառայեն, հանգամանալից քննարկումներէ ետք, ռազմավարութեան մը մշակման` Ընդհանուր ժողովին կողմէ: Ռազմավարութիւնը առկայ իրողութիւններու ու ժամանակակից մարտահրաւէրներու լոյսին տակ կը սահմանէ առաջնահերթութիւնները եւ կը վերանորոգէ առաջադրանքները: Ասիկա կը կատարուի Դաշնակցութեան գաղափարական առաջնորդ հանդիսացող Ծրագիրին հաւատարմութեան անշեղ գործադրութեամբ: Ընդհանուր ժողովի մշակած ռազմավարութիւնը, պարտադիր բոլոր միաւորներուն համար, Դաշնակցութեան պայքարը մշտապէս կը պահէ համահունչ ապրուած ժամանակին ու ընթացիկ իրողութիւններուն:

Այս երեւոյթը գաղտնիքներէն մէկն է, չըսելու համար կարեւորագոյնը, Դաշնակցութեան երիտասարդութեան ու պայմաններուն յատուկ, այժմէական գործունէութեան:

Դաշնակցութեան աշխարհով մէկ սփռուած միաւորները ռազմավարութիւնը կը գործադրեն իրենց պայմաններուն յատուկ միջոցներով, ուրիշ խօսքով` իրենք կ՛որոշեն շրջանին յատուկ մարտավարութիւնը: Կազմակերպական, աշխատանքային այս ապակեդրոնացումը սահմանափակուած է քաղաքական-բարոյական կեդրոնացումով, որ կը բխի Ծրագիրին ու որդեգրուած ռազմավարութեան անշեղ հաւատարմութեամբ:

Այս սկզբունքներու գործադրութեամբ է, որ Դաշնակցութիւնը տարբեր հորիզոններու տակ կը մնայ հաւատարիմ ժամանակի պահանջներուն, միշտ ժամանակակից, միշտ միասնական, մշտապէս երիտասարդ:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակի «Վերելք» Ծրագիրին Մասին Յատուկ Հարցազրոյց

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Պատգամին Հետքերով

Օգոստոս 20, 2025
Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Հարեւանիս Շան Հաջոցը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Սիրտս Արդեօք Յանցաւո՞ր Է

Օգոստոս 20, 2025
Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?