Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Հազարաւոր Երեւանցիներ Մասնակցեցան Հայաստանի Վաստակաւոր Արուեստագէտ, Յօրինող Արթուր Գրիգորեանի Հրաժեշտի Արարողութեան
64 տարեկանին Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքեց վաստակաւոր արուեստագէտ, երգահան, յօրինող Արթուր Գրիգորեան, որ իր ստեղծագործութիւններով ժամանակակից հայ երգարուեստին մէջ իւրայատուկ դրոշմ ձգեց եւ դարձաւ բազմաթիւ երգիչ-երգչուհիներու ուսուցիչ:
Հազարաւոր երեւանցիներ եւ քաղաքի հիւրեր մասնակցեցան երգահանին, Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտին` Արթուր Գրիգորեանի հրաժեշտի արարողութեան, որ տեղի ունեցաւ Արամ Խաչատրեանի անուան համերգասրահին մէջ: Ներկաները երկարատեւ ծափահարութիւններով եւ անոր երգերով ճանապարհեցին զինք:
Նշենք, որ սիրուած արուեստագէտին յուղարկաւորութիւնը կայացաւ Քաղաքային պանթէոնին մէջ:
Արթուր Գրիգորեան ուսանած է Երեւանի Տիգրան Չուխաճեանի անուան երաժշտական դպրոցի դաշնակի, այնուհետեւ յօրինումի դասարանին մէջ, 1975-1979 թուականներուն` Երեւանի Ռ. Մելիքեանի անուան երաժշտական ուսումնարանը: 1981-1983-ին եւ 1987-ին դասաւանդած է «Հայհամերգ» էսդրատային աշխատանոցին մէջ: 1983-1984 թուականներուն աշխատած է Գեղագիտութեան ազգային կեդրոնին մէջ:
1984-1991 թուականներուն ուսանած է Մոսկուայի թատերական արուեստի պետական հիմնարկի բեմադրական արուեստի բաժանմունքին մէջ: 1992-ին նշանակուած է Հայաստանի Ազգային ֆիլհարմոնիք գործակալութեան նախագահ, մինչ 1994-ին ղեկավարած է Հայաստանի պետական ճազ նուագախումբը: 1994-ին հիմնադրած է Հայաստանի Երգի պետական թատրոնը, որուն գեղարուեստական ղեկավարն էր: 1995-1998 եղած է Երեւանի Երիտասարդական պալատի տնօրէնը: 2001-էն սկսեալ եղած է Հայաստանի հանրային պատկերասփիւռի խորհուրդի անդամ, 2009-էն` խորհրդատու:
Հեղինակած է` «Այո», «777», «Ասուպ», «Ընծայ» մրցանակաբաշխութիւնները, «Հէնց այսպէս», «Տես» պատկերասփիւռի հաղորդումները, «Կանաչ գօտի», «Արցախի ձայներ» նախագիծները, Հայաստանի «Զաքեան» ֆոնտի հովանաւորած տարեկան հեղինակ-կատարողներու մրցանակաբաշխութիւնը: Նախաձեռնած եւ ղեկավարած է Երեւանի Գեղարուեստական-թատերական հիմնարկի էսդրատային դասընթացքը: Հեղինակն է բազմաթիւ երգերու, մանկական երաժշտութիւններու, փառատօներու եւ էսդրատային համերգներու:
1996-ին ան արժանացած է «Մովսէս Խորենացի» մետալին, 2005-ին` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ «Վաչագան Բարեպաշտ» մետալներուն, 2008-ին` «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններուն համար» առաջին աստիճանի մետալին:
2003-էն Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ էր, 2011-էն` Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ:
Յիշեցնենք, որ անուանի երգահան Արթուր Գրիգորեան յատկապէս ճանչցուած է «Կեանք ու կռիւ» ժապաւէնին համար յօրինած իր երգով:
ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութիւնը Նախաձեռնեց «Արցախը Ստեղծագործում Է» Խորագրով Ցուցահանդէս Ստեփանակերտի Մէջ
6 փետրուարին Ստեփանակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան նախաձեռնած «Արցախը ստեղծագործում է» խորագրով ցուցահանդէսը, ուր ներկայացուեցան ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան կողմէ յայտարարուած «Ասեղնագործութեան, շիւղագործութեան եւ ուլունքագործութեան» մրցոյթի մասնակիցներուն աշխատանքները:
Մասնակիցներուն աշխարհագրութիւնը մեծ էր. ցուցահանդէսին ներկայացուեցան` Ստեփանակերտի, Շուշիի, Հադրութի, Մարտակերտի, Մարտունիի, Ասկերանի, Շահմասուրի, Վանքի, Հացիի, Սպիտակաշէնի, Խնուշինակի եւ Ճարտարի տաղանդաւոր երեխաներուն աշխատանքները:
Ցուցահանդէսի բացման հանդիսութեան խօսք արտասանեց ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Անի Յովհաննիսեանը: Ան միութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց մասնակիցներուն` աշխուժ ներկայութեան համար եւ կարեւոր համարեց յատկապէս Շուշիի ու Հադրութի շրջաններէ մասնակցութիւնը այս ծրագրին` հակառակ առկայ դժուարութիւններուն:
Յովհաննիսեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ ծրագրի իրագործման համար համագործակցած են Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան նախարարութեան հետ, որուն համար շնորհակալութիւն յայտնեց նախարարութեան, ինչպէս նաեւ` Արտադպրոցական ծրագրի բաժինի վարիչ Արմէն Պետրոսեանին:
Ըստ Յովհաննիսեանի, միութիւնը կեանքի կոչելով այս ծրագիրը, նպատակ ունեցած է Արցախի պատանիներուն մէջ սէր յառաջացնել դէպի հայկական մշակոյթը, յատկապէս` յետպատերազմեան շրջանին, ինչպէս նաեւ` մեր հանրութեան ներկայացնել տաղանդաշատ պատանիները եւ ցուցադրել անոնց աշխատանքները:
Ծրագիրը ի սկզբանէ յայտարարուած էր «Արցախ» խորագրով` ասեղնագործութեան, շիւղագործութեան եւ ուլունքագործութեան ասպարէզներու մէջ, սակայն որովհետեւ ներկայացուած աշխատանքները տարատեսակ եւ բազմաբովանդակ էին, դատական կազմին հետ միասին որոշած են իւրաքանչիւր շրջանէ ընտրել ներկայացուած լաւագոյն աշխատանքը:
Անի Յովհաննիսեան յաջողութիւն մաղթեց մասնակիցներուն` նշելով, որ անկախ մրցոյթի արդիւնքներէն` բոլորը պէտք է շարունակեն կատարելագործելով հարստացնել ու տարածել մեր մշակոյթը` իրենց աշխատանքներով:
Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան նախարարութեան Արտադպրոցական ծրագրի բաժինի վարիչ Արմէն Պետրոսեան իր խօսքին մէջ նախարարութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց ներկայացուած աշխատանքներու հեղինակներուն եւ անոնց ղեկավարներուն, ինչպէս նաեւ նշեց, որ նախարարութիւնը կը համագործակցի տարբեր հասարակական կազմակերպութիւններու հետ, որոնց շարքին առաջիններէն է ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութիւնը:
Արմէն Պետրոսեան նախարարութեան անունով շնորհաւորեց նաեւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հիմնադրութեան 131-ամեակը եւ նշեց, որ նախարարութեան կողմէ եւս կը պարգեւատրուին լաւագոյն աշխատանք ներկայացուցած խումբ մը աշակերտներ:
Այնուհետեւ խօսք արտասանեց նաեւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Ալեոշնա Գրիգորեանը: Ան նշեց, որ յատկապէս պատերազմէն ետք շատ կարեւոր է այսպիսի մշակութային ձեռնարկներու իրականացումը, իսկ այսօր յուզուած է` տեսնելով Հադրութէն, Շուշիէն ներկայացուած աշխատանքները:
Ան յուսալով` յայտնեց, որ պիտի չուշանայ այն օրը, երբ Հադրութի մէջ եւս առիթը պիտի ունենանք այսպիսի ձեռնարկներ կազմակերպելու: Ա. Գրիգորեան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան, որ Արցախի մէջ են, Արցախի կողքին են եւ Արցախի ցաւով կ՛ապրին:
Մրցոյթի դատական կազմի անդամներէն` ձեռագործի աշխատանքներու մասնագէտ Կարինէ Գրիգորեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչներուն` դժուար պայմաններու մէջ այսպիսի ցուցահանդէս կազմակերպելնուն եւ մեր երեխաները ոգեւորելու համար: Ան յորդորեց մասնագէտները` իրենց անձերուն վրայ շատ աշխատիլ, որպէսզի կարողանան աշակերտները ոգեւորել եւ աւելի շատ աշխատանքներ պատրաստել:
Մինչ դատական կազմի անդամները կ՛որոշէին լաւագոյն աշխատանքները, այդ ընթացքին հնչեցին սիրուած երգահան Արթուր Գրիգորեանի կատարումները:
Ցուցահանդէսի աւարտին 12 լաւագոյն աշխատանքները արժանացան պատուոյ գիրերու եւ նուէրներու` ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան եւ Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան նախարարութեան կողմէ, իսկ մասնակից բոլոր դպրոցները պարգեւատրուեցան ծրագրին աշխուժ մասնակցութեան համար:
Սաթիկ Սէյրանեան Վերընտրուեցաւ Հայաստանի Լրագրողներու Միութեան Նախագահ
Սաթիկ Սէյրանեան 29 յունուարին` Լրագրողներու միութեան 13-րդ համագումարին ընթացքին վերընտրուեցաւ Հայաստանի լրագրողներու միութեան նախագահ:
Նշենք, որ Ս. Սէյրանեան ընտրուեցաւ 92 թեր ձայնով եւ միակ առաջադրուած թեկնածուն էր:
«Ուրախ եմ, որ Լրագրողներու միութեան անդամակցած են մեծ թիւով աշխուժօրէն գործող լրագրողներ, նաեւ` երիտասարդներ, որոնք մեր աւագ սերունդին հետ նստած են այսօր այս դահլիճին մէջ եւ միասին քննարկումներ կ՛իրականացնեն», շնորհակալական իր խօսքին ընթացքին դիմելով գործընկերներուն` ըսաւ Սաթիկ Սէյրանեան:
Ան շեշտեց նաեւ, թէ կը յուսայ, որ յառաջիկայ տարիներուն իր աւագ եւ երիտասարդ գործընկերներուն աջակցութեամբ պիտի կարենայ լուծել այս բնագաւառի հարցերը:
«Թռիչք Վերջին Անգամ». Հայկոյին Վերջին Երգը` Նուիրուած Նահատակ Օդաչու Արմէն Ներսէսեանի Յիշատակին
Յօրինող Րաֆֆի Ալթունեան ներկայացուց իր եւ Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Հայկոյին վերջին միացեալ ստեղծագործութիւնը: Երգը կը կոչուի «Թռիչք վերջին անգամ»:
Երգի խօսքերուն հեղինակը Րաֆֆին է, երաժշտութիւնը գրած է վաղամեռիկ եգիչ, երգահան Հայկոն:
«Իմ եւ ընկերոջս վերջին համատեղ աշխատանքը», Դիմատետրի իր էջին վրայ գրեց Րաֆֆին:
Հաղորդենք, որ երգը նուիրուած է 44-օրեայ պատերազմին զոհուած ռազմական օդաչու, գնդապետ Արմէն Ներսէսեանի յիշատակին: Երգը կարելի է ունկնդրել հետեւեալ հասցէով` https://www.youtube.com/watch?v=3fehJbu_9k4&t=55s
«Շուշի»` Շուշան Պետրոսեանի Նոր Ստեղծագործութիւնը
Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Շուշան Պետրոսեան երաժշտասէրներու դատին յանձնեց իր նոր` «Շուշի» ստեղծագործութիւնը:
Նշենք, որ երգին խօսքերուն եւ երաժշտութեան հեղինակը Աննա Հովներն է, հոլովակի բեմադրիչը` Վահէ Եանը, իսկ նկարահանողը Սուրէն Թադէոսեանն է:
Շուշան Պետրոսեան մասնակցած է Հայաստանի եւ արտասահմանի մէջ հայկական սփիւռքի ներկայացուցիչներուն համար կազմակերպուած բազմաթիւ համերգներու, հանդէս եկած է մենահամերգներով: Երգչուհին ունի բազմաթիւ սիրուած երգեր, որոնցմէ են` «Մայրիկ», «Պատրանքի թեւով», «Իմ անուշ հայրենիք» եւ այլ ստեղծագործութիւններ:
Յայտնենք, որ երգի հիման վրայ նկարահանուած տեսահոլովակը արդէն համացանցի վրայ է ու կարելի է դիտել եւ ունկնդրել զայն հետեւեալ հասցէով` https://www.youtube.com/watch?v=SiOsAEMAebg
«Շուշիի Թանգարանի Գորգերու Ճակատագիրը Անյայտ Է». Վարդան Ասծատրեան
Պատերազմի օրերուն Շուշիի գորգերու թանգարանէն դուրս բերուած հաւաքածոյին ճակատագիրը տակաւին անյայտ է: Շուշիի գորգերու թանգարանի հիմնադիր Վարդան Ասծատրեան յոյս ունի, որ այս հարցին կառուցողական լուծում կը տրուի:
«Շուշիի գորգերու թանգարանէն դուրս բերուած հաւաքածոյի պահպանումը օդէն կախուած է: Գորգերը Հայաստանի մէջ ցուցադրուելու կամ ի պահ դրուելու տեղ չունին», մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսաւ Ասծատրեան` աւելցնելով, որ գորգերը մինչեւ վերջերս կը ցուցադրուէին Երեւանի մէջ` Ալեքսանդր Թամանեանի անուան ճարտարապետութեան ազգային թանգարան-հիմնարկին մէջ: Երկու օր առաջ ցուցադրութիւնը հաւաքած են եւ հիմա չեն գիտեր, թէ ո՛ւր պիտի տանին գորգերը: Ան վստահ է, որ համապատասխան մարմինները լուծում պիտի գտնեն հարցին:
Ըստ անոր, Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը առաջարկեց գորգերը տեղափոխել կա՛մ Սարդարապատի յուշահամալիրին կից Հայաստանի ազգագրութեան թանգարան, կա՛մ նկարիչ Յովհաննէս Շարամբէյեանի անուան ազգային արուեստի կեդրոնը: Սակայն, ըստ Ասծատրեանի, այս թանգարանները իրենց գորգերը ունին եւ ցուցադրելու տեղ չկայ այլեւս: Բացի այդ, պահոցներուն մէջ վարակ` ցեց կայ: Ասծատրեանին առաջարկած են նաեւ գորգերը Արցախ տեղափոխել, սակայն ան կը շեշտէ, որ առաջարկին կը համաձայնի այն պարագային, եթէ գորգերու թանգարանը պետական թանգարանի կարգավիճակ ունենայ:
«Արցախի մշակոյթի նախարարութիւնը համաձայնեցաւ իմ առաջարկիս եւ նամակով դիմեց Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան: Հիմա փորձագէտները սրբագրման աշխատանքներ կ՛իրականացնեն, որպէսզի պետական կնիքով հաստատուած անձնագիրները փոխանցեն Արցախի մշակոյթի նախարարութեան: Սակայն Արցախէն հեռաձայնեցին ինծի ու յայտնեցին, որ պատրաստ են գորգերը ընդունելու, բայց թանգարանի կարգավիճակին 2 տարի յետոյ պիտի անդրադառնան», դիտել տուաւ ան:
Ասծատրեան յատուկ կերպով անդրադարձաւ այն հարցին, որ Արցախի մշակոյթի նախարարութենէն յայտնեցին նաեւ, որ գորգերը կը պահեն մետաքսի գործարանի տարածքին մէջ, սակայն ինք կը վստահեցնէ, որ այդ գործարանը մասնաւոր է, եւ չ՛ուզեր իր գորգերը այնտեղ տանիլ, որովհետեւ իրաւունք չունի վտանգելու գորգերուն ճակատագիրը:
«Այս պահուն սպասողական վիճակի մէջ ենք, մինչեւ որ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան տուեալները ամփոփուին, որպէսզի այնուհետեւ Արցախի մշակոյթի նախարարութեան ներկայացնենք: Ազրպէյճանցիները արդէն իսկ սկսած են շահարկելու այս նիւթը` ըսելով, որ եթէ գորգերը տեղ չունին Հայաստանի մէջ, թող մնային Շուշիի մէջ: Լիայոյս եմ, որ հարցը կառուցողական լուծում կը ստանայ, հակառակ պարագային` ազրպէյճանցիները այս ալ կ՛իւրացնեն», ընդգծեց Ասծատրեան:
Ըստ Ասծատրեանի, ընդհանուր առմամբ, Շուշիէն դուրս բերուած են մօտաւորապէս 160 արժէքաւոր գորգեր, սակայն ցուցահանդէսին ներկայացուած էր` 71 նմուշ: Իրենք կրցած են փրկել գորգերուն 70 տոկոսը: Ցուցադրուած էին հիմնականին մէջ ԺԹ. (19-րդ) դարու գորգեր, սակայն հաւաքածոյին մէջ կան նաեւ ԺԷ դարու նմուշներ:
Արցախի Պետական Նախարար Բեգլարեան Պարգեւներ Յանձնեց Դադիվանքէն Վերադարձած Հոգեւորականներուն
Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան 24 յունուարին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեանի հետ ընդունեց Դադիվանք վանական համալիրին մէջ հոգեւոր ծառայութիւն կատարած հոգեւորականներուն մէկ մասը, որոնք շուրջ ութամսեայ ծառայութենէ ետք վերադարձան հերթափոխութենէ:
Բեգլարեան բարձր գնահատելով Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի դերակատարութիւնը հոգեւոր պայքարի առաջին դիրքերուն վրայ` ընդգծեց յատկապէս հոգեւոր ամէնէն կարեւոր արժէքները պահպանելու հարցին մէջ ստանձնած առաքելութիւնը: Ան յայտնեց, թէ համոզուած է, որ վերջապէս` թէ՛ Դադիվանքի, թէ՛ ընդհանրապէս Արցախի կարգավիճակի անվտանգութեան եւ արժէքային յաւերժականութեան հարցը կը ստանայ արդարացի լուծում:
Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեան ուժ եւ կորով մաղթեց Դադիվանքի արդէն նախկին եւ ներկայ հոգեւոր սպասաւորներուն անվտանգ իրականացնելու իրենց առաքելութիւնը` ի շահ Արցախի վերականգնման եւ հզօրացման:
Հանրապետութեան նախագահին հրամանագիրով յետ-պատերազմեան դժուար պայմաններու մէջ Դադիվանքի վանական համալիրին մէջ անձնուրացաբար հոգեւոր-ծիսական արարողութիւններ կատարելու, վանքախնամ աշխատանքներ իրականացնելու համար «Երախտագիտութիւն» մետալով պարգեւատրուած էին երկու աբեղաներ եւ 3 սարկաւագներ: Պետական նախարարը հանդիպման ներկայ հոգեւորականներուն յանձնեց պետական պարգեւներ:
Բեգլարեան, շնորհաւորելով հոգեւորականները եւ երախտագիտութիւն յայտնելով իրենց ծառայութեան համար` վերահաստատեց հանրապետութեան նախագահին գլխաւորութեամբ Արցախի իշխանութիւններուն եւ եկեղեցւոյ միջեւ պետականամէտ եւ ազգակեդրոն սերտ համագործակցութիւնը: