Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հորիզոն»-ի Խմբագրական. Հայ Դատի Հետապնդումը Համայն Հայութեան Գոյատեւելիութեան Խնդիրն Է

February 8, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Թուրքիա միակ մտասեւեռում մը ունի. անխտիր ամէ՛ն միջոց, ռազմավարական ամէ՛ն նենգութիւն ի գործ դնել` միանգամընդմիշտ գերեզմանելու համար Հայ դատը»

Սարգիս Զէյթլեան

Նիկոլ Փաշինեան իր վերջին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց. «Հայ դատը երբեք Հայաստանի քաղաքականութիւնը չի եղել… Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացի շարժիչ ուժը եղել է սփիւռքը»:

Փաշինեանի յայտարարութեան խորապատկերին մէջ յստակօրէն կ՛ուրուագծուի այն մտայնութիւնը, որ Հայոց ցեղասպանութեան ժառանգական յիշողութիւնը եւ հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու հետապնդումը բացառապէս կը վերաբերին սփիւռքահայութեան. Խիստ վտանգաւոր եզրոյթ, որ կը սպառնայ նախ երկպառակել հայ ժողովուրդը, եւ աւելի՛ն, նսեմացնել Հայ դատի կայացման ու հայոց իրաւունքներու վերականգնման պայքարի դիմադրողական ներուժը:

Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ բնակչութեան մէկ ստուար տոկոսը կազմուած է յետ Հայոց ցեղասպանութեան սկիզբ առած արեւմտահայութեան գաղթաշարժին պատճառով, երբ Եղեռնէն փրկուած հարիւր հազարաւոր գաղթականներ հաստատուեցան Հայաստան: Հայ դատը իրաւազրկուած այս հատուածին նաեւ դատն է. մշեցիներու, սասունցիներու, ալաշկերտցիներու շառաւիղներու դատն է:

Տասնամեակներէ ի վեր սփիւռքի տարածքին հայոց պատմական դատին գծով նպատակաուղուած աշխատանք տանող ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերու մարտավարական առաջնահերթութիւններու կիզակէտը կը կազմեն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման եւ հատուցման գործընթացը, դիւանագիտական մակարդակի վրայ Հայաստանի Հանրապետութեան աջակցութիւնը եւ Արցախի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան ու անկախութեան ճանաչումը:

«Հայ դատը երբեք Հայաստանի քաղաքականութիւն չի եղել…» եզրոյթը տրամագծօրէն հակոտնեայ է սփիւռքի քաղաքական լոպիինկի ամէնէն ազդեցիկ ու կազմակերպուած ուժին` Հայ դատի յանձնախումբի առաքելութեան: Տասնամեակներէ ի վեր աշխարհասփիւռ Հայ դատի յանձնախումբերու գործունէութեան կիզակէտը հանդիսացած է հայ ժողովուրդի ոտնահարուած իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, ազգային ձգտումներու իրագործումը, պատմական հայրենիքի հողատարածքին վրայ պետութիւն ունենալու հայ ազգի իրաւունքն ու համազգային պահանջատիրութեան անվկանդ հետապնդումը:

Հայ դատը միայն Ցեղասպանութեան ճանաչումով չի սահմանափակուիր, Հայ դատը նաեւ Արցախի հիմնահարց է, հայոց իրաւունքներու պահանջատիրութեան հարց է:

Հայ դատը համայն հայութեան դատն է, ազգովին այլընտրանք չունինք, առանց Հայ դատի հանգուցալուծման` Հայոց պետականութիւնը դատապարտուած է ենթակայ ըլլալու թշնամաբար տրամադրուած հարեւան երկիրներու քաղաքական պարտադրանքներուն եւ բռնադատութիւններուն:

Սասունը, Շուշին, Սիսը, Կիլիկիան, Հադրութը, Գետաշէնը այսօր համընդհանուր դատի անփոխարինելի մասնիկներն են, իսկ Անգարայի համար Հայկական հարցի լուծման տարբերակը Հայ դատի ու հայութեան հաւաքական յիշողութիւնը թաղելն ու գերեզմանելն է: Փաստօրէն թրքական իրերայաջորդ վարչակարգերու` ապտիւլհամիտեան, իթթիհատական եւ քեմալական իշխանութիւններու ազգայնամոլ պետական քաղաքականութեանց հիմք ծառայած է Հայկական հարցի ընդմիշտ անէացումն ու չէզոքացումը, իսկ Էրտողանի վարչակարգի օրով, Հայկական հարցին եւ համայն հայութեան հարուածը տրուեցաւ արցախեան վերջին պատերազմի ընթացքին, Անգարայի ռազմական գործօն մասնակցութեամբ: Յստակ է, որ Անգարայի համար Ցեղասպանութեան ճանաչման պատճառահետեւանքային քաղաքական թուաբանութեան արդիւնքն ու հետեւութիւնը` հայ ազգի սեփականութեան վերականգնման եւ հատուցման հարցն է, բռնագրաւեալ հողատարածքի հարցն է:

Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութեան ամրապնդնման ու զարգացման դէմ ուղղուած պառակտիչ յայտարարութիւններով Փաշինեան եւ իր վարչախումբը կը խախտեն հայ ժողովուրդի տարբեր հատուածներու միջ- փոխվստահութիւնն ու միասնականութիւնը:

Հայ դատը սփիւռքի ուսերուն վրայ որպէս լուծ դնելով, այս վարչակարգի հեռակայ նպատակն է Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու հաստատման արարին անցնիլ, որ իրողութեան մէջ յղի է բազում վտանգներով, երբ անկանխատեսելի են նման յարաբերութիւններու հեռակայ թուրք-ազրպէյճանական աշխարհաքաղաքական որոգայթները, որոնք կը սպառնան ու վերյուշեն անաւարտ պատերազմն ու տարածքներու կորուստները:

Ակնյայտ է, որ Հայ դատն ու մեր ազգային արժէքները աքացահարելու իրենց պարականոն վարքագծով այս վարչախումբը նոր տիպի երկպառակտման մը նախերգանքն է, որ կը կատարէ:

Նախորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. «Անթալիոյ Դիւանագիտական Համախմբում»-ին Թակարդը

Յաջորդը

Թուրքիա-Ռուսիա Լարուածութեան Խաղաքարտը Արցախն Է

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.