Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մենք Լիբանան Չենք Եկած Գնահատանք Կամ Շնորհակալութիւն Ստանալու, Այլ Եկած Ենք Միայն Ծառայելու» Հաստատեց Պերճ Աբգարեան

Ֆրեզնոյի Բժշկական Առաքելութիւնը Լիբանանի Մէջ.

March 8, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան բժիշկները, գլխաւորութեամբ Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս եւ առաքելութեան խորհուրդի նախագահ Պերճ Աբգարեանի, կիրակի, 6 մարտի երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Մայրիկ» ճաշարանին մէջ ունեցան ծանօթացման ընթրիք մը, որուն ներկայ էին Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան, Հայ աւետարանական համայնքին կողմէ` վեր. Հրայր Չոլաքեան, երեսփոխաններ Յակոբ Թերզեան եւ Ալեքսանտր Մաթոսեան, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան եւ Պուրճ Համուտի փոխքաղաքապետ Մարտիկ Արսլանեան, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Նելլի Վէքիլեան, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սիլվա Սապունճեան, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, բարեսիրական կառոյցներու պատասխանատուներ, առաքելութեամբ Լիբանան հասած բժիշկներն ու Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս եւ առաքելութեան խորհուրդի նախագահ Պերճ Աբգարեան, որուն նախաձեռնութիւնն էին այս առաքելութեան Լիբանան գալն ու նշեալ ընթրիքի կազմակերպումը:

Բարի գալուստի խօսք արտասանեց տոքթ. Էլի Թաշճեան, որ դիտել տուաւ, թէ 7 անգամ Հայաստան ու Արցախ այցելած եւ իրենց ծառայութիւնը հոն մատուցած Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան ներկայացուցիչները այս անգամ որոշած են Լիբանան գալ` քաջ գիտնալով, որ Լիբանանի մէջ տիրող տնտեսական ծանր վիճակը, ճգնաժամային կացութիւնն ու Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը լիբանանահայութիւնը եւս դրած են անցուկ վիճակի մէջ, ուստի այս անգամ կամաւոր բժիշկները իրենց ուղղութիւնը ընտրած են Լիբանանը` իրենց մասնագիտութեամբ օժանդակելու լիբանանահայերուն: Տոքթ. Էլի Թաշճեան դիտել տուաւ, որ շատեր Լիբանանէն մեկնած են ֆիզիքապէս, սակայն անոնց սրտին ու միտքին մէջ Լիբանանը կը շարունակէ իր տեղն ու դերը ունենալ, ուստի անոնք կը փորձեն իրենց կարելիութեան համաձայն Լիբանանի հետ ըլլալ: Ան նշեց, որ Արամ Ա. վեհափառին կողմէ յայտարարուած «Սփիւռքի տարուան» ծիրին մէջ իրականացած այս նախաձեռնութիւնը իւրայատուկ է իր տեսակով եւ անիկա կը միտի յոյս ու կորով ներշնչել լիբանանահայերուն, որպէսզի այս գաղութը կանգուն մնայ եւ կրկին ըլլայ փայլատակող ճառագայթ: Ան տեղեկացուց, որ երեք օր ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ ծառայելէ ետք, բժիշկները պիտի այցելեն նաեւ «Թռչնոց բոյն», դպրեվանք եւ պիտի մեկնին Այնճար: Տոքթ. Թաշճեան ըսաւ, որ ասիկա առաջին քայլն է, կայծը` յառաջիկային աւելի ընդարձակ նախաձեռնութիւններու:

Ընթրիքին խօսք առաւ եւ այս նախաձեռնութեան անդրադարձաւ Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս եւ առաքելութեան խորհուրդի նախագահ Պերճ Աբգարեան, որ գոհունակութիւն յայտնեց իրենց ծրագրած ու ձգտած այս, իր բնորոշումով, փոքր քայլին իրականացումը տեսնելով: Ան այս առիթով յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին եւ տոքթ. Էլի Թաշճեանին, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ գաղափարին, ծրագիրին շօշափելի տեսք տալ եւ զայն իրականութեան վերածել: «Գաղափարը իր գործնականացումը չի կրնար ունենալ, եթէ չըլլան կամաւորներ, հաւատացողներ, աշխատողներ, եւ ձեռք-ձեռքի տալով գործը յառաջ տանելու պատրաստակամ անձեր», դիտել տուաւ ան` շարունակելով, որ իր ձեռնարկած աշխատանքին զօրակից կամաւորները բժիշկներն են, որոնք պատուոյ հիւպատոսութեան գրասենեակի այս առաքելութիւնը իր բարձրութեան եւ գործնականացման հասցուցած են` իրենց համեստ, բայց վեհ հոգիով:  Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոսը դիտել տուաւ, որ իրենց հետ բերած են 30 պայուսակ` մէկ թոն դեղորայք, սարքաւորումներ, որոնց ապահովման համար այս աշխատանքին հաւատացողներ ունեցած են իրենց նիւթական ներդրումը: Ան մեծապէս կարեւոր նկատեց այս հաւաքական աշխատանքը, համայնքին նեցուկը, յատկապէս ՀՕՄ-ի զոյգ` «Մայր» եւ «Սոֆիա» մասնաճիւղերուն, որոնք առաջին օրէն հիւպատոսարանին կողքին եղած են եւ գաղութը զօրաշարժի ենթարկած, որպէսզի կարելի ըլլայ Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան գործունէութիւնը իրականութիւն դարձնել Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, իսկ այսօր` Լիբանանի: Ըստ անոր, ասիկա հիմնաքարն է Լիբանանի մէջ գործունէութեան, որուն իրականացման լոյսին տակ կարելի պիտի ըլլայ ճշդել յառաջիկային կատարուելիքները` զիրար աւելի ճանչնալէ, կարիքները սերտելէ ետք: «Մենք սկսնակի քայլերը առինք եւ յոյսով ենք, որ միասնաբար կրնանք մեծ ծրագիրը իրականացնել եւ յառաջ տանիլ», շեշտեց Աբգարեան: Ան նշեց, որ այդ ընթրիքին նիւթական ծախսը հոգացած է ՀՕՄ-ի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի, Ֆրեզնոյի «Մայր» մասնաճիւղի ատենապետ Սրբուհի Մսըրլեանը` ի յիշատակ անոր եղբօր, Պէյրութ հասակ նետած, հոս ազգին ծառայած, կուսակցական, ՀՄԸՄ-ական, Ազգային երեսփոխան Վարդգէս Մսըրլեանի` գոհունակութիւն յայտնելով, որ բժիշկները կը վերադառնան անոր ծննդավայրը` իրենց լուման ներդրելու:  «Մեր հոգիները ուրախութեամբ լեցուն են, մեր առած քայլը փոքր է, կը յուսանք, որ արձագանգը մեծ ըլլայ, սակայն առանձին ոչինչ կրնանք ընել, բայց միասին կրնանք բարձր գագաթներ նուաճել եւ հոն Եռագոյնը զետեղել հպարտութեամբ եւ յաջողութեամբ», ըսաւ Պերճ Աբգարեան:

«Ազդակ»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Պերճ Աբգարեան հաստատեց, որ իրենք Լիբանան չեն եկած գնահատանք կամ շքանշան ստանալու, այլ եկած են ծառայելու:

«Երբ որ պատուոյ հիւպատոս նշանակուեցայ, հոգիիս մէջ պարտականութիւն մը դրուեցաւ, գիտակցեցայ, որ` իբրեւ Հայաստանի ներկայացուցիչ, միայն պատուոյ սեղաններուն շուրջ խնճոյքներու ներկայ գտնուիլը չէր իմ առաքելութիւնս, այլ ծառայութիւն մատուցելը: Այս գաղափարը միշտ կար միտքիս մէջ, թէ ի՞նչ պէտք է ընեմ. նկատի ունենալով, որ հիւանդանոցի փոխնախագահ եմ, բժիշկներու հետ ունեցած կապս զարգացուցի եւ 2015-ին սկսայ առաքելութիւնը Հայաստանէն, ապա Արցախ:

«Քաջ գիտնալով, որ Լիբանանի մէջ տնտեսական պայմանները շատ վատ են, դեղորայքի տագնապ կայ, ձրի հոգատարութեան մտահոգութիւն կայ, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով շատ հարցեր կան, չուզեցինք սահմանափակուիլ միայն Հայաստանով, այլ որոշեցինք այս անգամ մեր քայլերը ուղղել Լիբանան, ըլլալ լիբանանահայութեան կողքին եւ մեր կարելին ընել անոր օժանդակելու», ըսաւ Պերճ Աբգարեան, որ դիտել տուաւ, թէ երբ բժիշկները տեղեկացուց իր ծրագիրին մասին, անոնք շատ խանդավառ ու պատրաստակամ էին Լիբանան գալու եւ իրենց ծառայութիւնը հոս մատուցելու:

Աւարտին իր օրհնութիւնը տուաւ եւ սրտի խօսքը ուղղեց նաեւ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, որ գոհունակութիւն յայտնեց նման ողջունելի առաքելութեան իրականացման համար` շեշտելով, որ դուրսէն դիտող մը չի կրնար պատկերացնել տիրող կացութիւնը, այլ պէտք է ըլլալ գետնի վրայ, որպէսզի զգալի ըլլայ տագնապը: Այս առումով ան կարեւոր քայլ նկատեց բժիշկներուն Լիբանան գալուստը` նշելով, որ հակառակ ամէն տեսակ դժուարութեան, տակաւին գաղութը կը փորձէ ոտքի մնալ շնորհիւ Լիբանանէն դուրս գտնուող իր բարեկամներուն, լիբանանահայութեան դերին կարեւորութեան եւ առանցքայնութեան հաւատացողներուն, որոնք միշտ նեցուկ են ու ապաւէն: Սրբազանը այս ծիրին մէջ տեղադրեց Ֆրեզնոյի բժիշկներուն ծառայութիւնը` նշելով, որ Լիբանանի մէջ իրենց աշխատանքին ընդմէջէն անոնք պիտի տեսնեն եւ անձամբ զգան հայորդիներուն ծով կարիքները, որոնց հասնելու կամ զանոնք մեղմացնելու նպատակով լիբանանահայ կառոյցները իրենց կարելին կը կատարեն, բայց եւ այնպէս տեղական ճիգերը անբաւարար են այս մեծ տագնապին պարագային: Շահէ արք. Փանոսեան յայտնեց, որ, թէեւ լիբանանահայութիւնը այսօր տնտեսական-ընկերային ծանր կացութեան տակ սկսած է կքիլ, սակայն ան իր յոյսը չէ կորսնցուցած, կրկին ոտքի կանգնելու կամքով կը պայքարի, որպէսզի անգամ մը եւս կարենայ գտնել լուսաւոր ճամբան` դէպի աւելի լաւ ապագայ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բժիշկներուն, Պերճ Աբգարեանին, որոնք յոյս պիտի ներշնչեն լիբանանահայերուն, որոնք գործնապէս պիտի զգան իրենց եղբայրներուն նեցուկն ու օգնութիւնը:

Նախորդը

Ֆրեզնոյէն Հայ Բժիշկներու Առաքելութիւնը Լիբանանի Մէջ

Յաջորդը

Ողջո՛յն` Լիբանանահայ Կրթական Մշակներուն

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.