ԹԱՄԱՐ Ս.
Բնաւ չեմ սիրած մահագրութիւնները, կամ մահուան պարագաներուն պատուիրուած չոր ու ցամաք գրութիւնները. կարծես ստիպուած ես մեռնող մարդուն մասին անպայման լաւ բաներ գրել` ամօթ համարելով հարազատներուն եւ սիրելիներուն առջեւ հանգուցեալին թերութիւններուն կամ սխալներուն մասին խօսիլ, իրենց խոցուած սիրտն ու զգացումները չվիրաւորելու նկատառութեամբ: Եւ, ի վերջոյ, մէկու մը տկար կողմերուն կամ սխալ ընթացքին մասին խօսիլը համարձակութիւն կը պահանջէ, մանաւանդ դամբանականներուն ընթացքին…
Պարոն Մելքոնին մահուան գոյժը շանթահարեց զիս այդ առաւօտ (մարտ 2021), երբ սովորականին պէս կ՛ուղղուէի գրասենեակս` աշխատանքի: Յանկարծ հեռաձայնս կը հնչէ. Սեւանն է. «Թամա՛ր, կեանքը քեզի, պարոն Մելքոնը…», եւ չի կրնար շարունակել: Սառած եմ. ինքնաշարժս կը կանգնեցնեմ. սիրտս արագ-արագ կը տրոփէ…
Վերջին շրջանին լուր իսկ չունէի պարոն Մելքոնին հիւանդութեան մասին, ինքնամփոփ եւ պարտադրաբար մեկուսացած (համաճարակային) կեանքին պատճառով: Մէկ անգամէն մեռնիլ կ՛ըլլա՞յ, պարոն Մելքոն: Իր յամառ եւ սկզբունքներուն հաւատարիմ բնաւորութիւնը ճանչցած անձի մը համար անըմբռնելի էր այս մահը. սակայն կար չոր իրականութիւն մը… Պարոն Մելքոնը չկար այլեւս…
Զինք ճանչցած եմ 1990-ականներու սկիզբը, երբ ինք Համազգայինի Շրջանային վարչութեան անդամ էր. իր ճիգերով ու անձնական կապերով նորանկախ Հայաստանէն Պէյրութ հրաւիրուեցան արուեստագէտներ, ի մասնաւորի խմբավարներ, վերակազմելու «Գուսան» երգչախումբը, որուն միացայ նաեւ ես: Այդ օրերուն, այնքան գինովցնող էր անկախ Հայաստանի իրականութիւնը, որ հայրենիքէն ժամանող ոեւէ անհատ առաքեալ մըն էր կարծես, կամուրջը թարմացնող օղակ:
Այդ օրերուն երգչախումբը մեծ թիւով ձայնեղ երիտասարդներ հաւաքեց իր շուրջը, եւ մայեսթրօ Յարութիւն Թոփիկեանի ճպոտին ներքեւ գաղութը ալեկոծեցաւ խանդավառ յոյսերով: Ձեռնարկներն ու համերգները յաջորդեցին իրարու` արժանանալով բարձր գնահատանքի: Մեր առաջին համերգի աւարտին, Շրջանային վարչութիւնը մեզ հրաւիրեց ընկերային ջերմ հանդիպումի մը, Պէյրութի գեղեցիկ ճաշարաններէն մէկուն մէջ, եւ ես, իբրեւ երգչախումբի վարչութեան անդամ` բոլորին անունով կարդացի սրտի խօսք մը: Այդ պահուն էր, որ պարոն Մելքոն մօտեցաւ եւ թէ` «Եւրեքա»… Սկսաւ մեր ծանօթացումն ու շարունակական գործակցութիւնը:
Պարոն Մելքոն զիս տարաւ Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոն եւ առաջարկեց որ ստանձնեմ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի Վարիչ մարմնի քարտուղարութեան պաշտօնը: Յաջորդող օրերուն Համազգայինի դիմումնագիր մըն ալ բերաւ, եւ անձամբ իր ու ողբացեալ Յովհաննէս Քելէշեանի երաշխաւորութեամբ` ես դարձայ համազգայնական ընկերուհի:
Համազգայինի յարկին տակ երեք տարի տեւած մեր սերտ գործակցութիւնը վերածուեցաւ ընտանեկան ջերմ յարաբերութեան:
Ապա պարոն Մելքոն դարձաւ Երաժշտութեան պատմութիւն դասաւանդող իմ ուսուցիչս: Ընդհանրապէս շաբաթ օրերը դասաւանդուող երաժշտութեան պատմութեան դասապահերը իսկական վայելք էին ինծի համար: Դասական կիթառի սիրողական աշակերտ մը ըլլալով` երաժշտութեան գիտելիքներս ամբողջովին զարգացան ու ամրապնդուեցան շնորհիւ պարոն Մելքոնի դասաւանդման իւրայատուկ մեթոտներուն: Իւրաքանչիւր դասապահի բերած կ՛ըլլար իր ձեռագրով շարադրուած մէկ էջի սահմաններու մէջ ամփոփ դաս-տեղեկութիւն մը, որուն կը յաջորդէր ունկնդրութեան գործնական բաժինը. թէ ի՞նչ է օփերան, քոնչերթոն կամ սոնաթը, երաժշտական գործիքներն ու անոնց դասաւորումը նուագախումբին մէջ, թէ ինչո՞ւ փոքրամարմին սրինգը այդքան կարեւոր է նուագախումբին մէջ, եւ տակաւին հայ երաժշտութեան պատմութեան հոլովոյթն ու առանձնայատկութիւնները…: Ինքնուս ըլլալուն` Երաժշտութեան պատմութեան առարկան կը դասաւանդէր արհեստավարժ դասախօսի պէս: Պարոն Մելքոնն է նորէն, որ երաժշտական որեւէ ձեռնարկի առիթով իր կարծիքն ու խորհուրդները պիտի տար բոլորին, առանց վարանելու սրբագրէր, ուղղէր, թելադրէր… եւ այս բոլորը միշտ համեստաբար, լուռ, անշշուկ, առանց բարձրաձայնելու իր կատարածներուն մասին…
Պարոն Մելքոն ունէր նաեւ այլ մասնագիտութիւն մը. հմուտ գիտակ էր Մաքրոպայոթիք բժշկութեան: Իր տուած առողջապահական խորհուրդները, եինի ու եանկի միջոցով կեանքը հասկնալու փիլիսոփայական բացատրութիւնները կը բաւարարէին ա՛նգամ այդ մարզին մէջ փորձառու մասնագէտները…: Երբ Լիբանանի մէջ մարդիկ տակաւին նոր սկսած էին առանց քիմիական նիւթերու բնական աճած բոյսերու եւ ուտեստներու կարեւորութիւն ընծայել, պարոն Մելքոն ուղղակի ծայրագոյն Արեւելքէն առեւտուրի նախափորձեր կ՛ընէր…
Բնաւորութեան յամառ գիծը քիչ մը տարակարծութիւններու տեղիք տուաւ: Ո՞վ չէր լսած պարոն Մելքոնին երկարաշունչ եւ երբեմն «զզուանք» յառաջացնող նամակներուն մասին: Հակառակ բարեկամներու յորդորներուն` ան իր տեսած սխալներուն հանդէպ անխնայ էր. կը սիրէր «նամակ»-ի միջոցով տեղ հասցնել իր քննադատութիւնները. նամակներ, որոնք դարակներու մէջ կը նետուէին եւ անպատասխան կը մնային շատ յաճախ…: «Հոգ չէ,- կ՛ըսէր, ես պիտի գրեմ պատմութեան համար, պիտի մատնանշեմ սխալները, որպէսզի խիղճս հանգիստ ըլլայ»:
Է՜հ, պարոն Մելքոն, այսպէս արագ մեռնիլ կ՛ըլլա՞յ…: Ինչո՞ւ կեանքը այսքան դաժան եղաւ, եւ առաջին թոռնիկէդ կարօտդ չառած հեռացար…
Երեսնամեակ մը ամբողջ Պուրճ Համուտի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնը եղաւ քու երկրորդ տունդ, ուր ամէնօրեայ ճշդապահութեամբ եւ յաճախականութեամբ կ՛այցելէիր, եւ պատահական չէ, որ դասասենեակդ ընտրած էիր Կեդրոնի հարուստ գրադարանին մէջ, որ այնքան ալ խնամուած եւ դասաւորուած չէր, սակայն գիրքերը քու մնայուն ուշադրութեանդ եւ գուրգուրանքիդ առարկան էին:
Պուրճ Համուտի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնը շատ բան կորսնցուց քու շիջումովդ, սիրելի՛ աւագ ուսուցիչ, ուսուցչապետ. դժուար է հաշտուիլը, որ դուն հոն չես այլեւս…
28 փետրուար 2022