Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Մարտ 9, 2022
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Տեղի Ունեցաւ ՀՅԴ-ի Մարտիկ, Արցախեան Նահատակ Յակոբ Ռոստոմեանի Նուիրուած «Ռոստ» Ժապաւէնին Անդրանիկ Ներկայացումը

Փետրուարի 25-ին, «Մոսկուա» թատրոնի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ-ի մարտիկ, 2020 թուականի արցախեան ազատամարտի նահատակ Յակոբ Ռոստոմեանի նուիրուած «Ռոստ» ժապաւէնի անդրանիկ ներկայացումը: Ժապաւէնը համալրեց «Խոնարհ հերոսներ» ֆիլմաշարը, որուն բեմադրիչն է Սամուէլ Թադէոսեանը:

«Յակոբ Ռոստոմեան քաջարի մարդու տեսակ էր, որ մեծցած էր հայրենասիւն ընտանիքի եւ հայրենատէր կուսակիցներու մէջ: Ան փառքի ճամբան բռնեց 2020 թուականի հոկտեմբեր 6-ին, գնաց` ձգելով սերունդ», ըսաւ գրականագէտ Սերժ Սրապիոնեանը ժապաւէնի անդրանիկ ցուցադրութեան ձեռնարկին:

Խօսելով ժապաւէնին մասին` Սրապիոնեան ըսաւ, որ Սամուէլ Թադէոսեանի ստեղծածը տարեգրութիւն է մեր հերոսացումներուն, ուղղուած այն պատմական կեղծարարներուն դէմ, որոնք վաղը պիտի կեղծեն եւ այսօր ալ կը կեղծեն մեր պատմութիւնը: Գրականագէտը շեշտեց` այսօր կարելի բոլոր ձեւերով մեր ուղեղէն կը քերեն հայու հերոսականութեան գաղափարը:

«Հպարտութիւնս կը յայտնեմ, որ Ռոստոմեան զինուորը ՀՅԴ-ի անդամ էր: Դաշնակցութիւնը յիրաւի միայն նուիրեալներ կը դաստիարակէ: Ինքս դաշնակցական չեմ եւ այդ մասին քանի անգամ շեշտած եմ, բայց ասիկա հպարտանալի չէ: Դաշնակցական ըլլալու համար նուիրումը քու մէջէդ պէտք է քիչ մը աւելի շատ ըլլայ: Պատահական չէ նաեւ այն, որ այս կուսակցութենէն զինուորագրուած զինուորները ամէնէն շատը կորուստ տուին», ընդգծեց Սրապիոնեան:

Ժապաւէնի անդրանիկ ներկայացումին խօսք արտասանեց Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ եպիսկոպոս Գալստանեանը: Սրբազանը նախ նահատակ հերոսներուն հոգիներուն խաղաղութեան աղօթք կատարեց, ապա` մէջբերելով Վահան Տէրեանի խօսքերը, շեշտեց` իբրեւ կրակէ փիւնիկ, մենք վերստին պիտի յառնենք, այն մտածումով, ապրումով, զգացումով, որ մեր բոլոր նահատակներուն պարտք ունինք վերադարձնելու եւ հայրենիք ունինք վերականգնելու:

«Այս բոլորին դիմաց ուրիշ արժէք, մտածում, միջոց, այլ տարբերակներ գոյութիւն չունին մեր կեանքին մէջ: Եթէ խօսինք այս պահուն մեր սիրելի հերոսին եւ մեր բոլոր նահատակ զաւակներուն մասին, ապա մէկ երդում եւ ուխտ ունինք իրենց առջեւ` հայրենիքը վերականգնելու ուխտը: Ինքնախաբէութեամբ պէտք չէ զբաղիլ: Մեր տղաները իրենց կեանքին գնով վկայեցին այս ճշմարտութեան մասին», շեշտեց Բագրատ սրբազանը:

Մենք պէտք է պատերազմի բոլոր հերոսները փառաբանենք եւ մեր ոգեւորութիւնը փոխանցենք ժողովուրդին, որովհետեւ հիմա շատ կարեւոր է հոգեւոր դաստիարակութիւնը` ոտքի կանգնելու համար ըսաւ «Խոնարհ հերոսներ» ֆիլմաշարի բեմադրիչ Սամուէլ Թադէոսեանը` խօսելով այս շարքի մէջ տեղ գտած` ՀՅԴ մարտիկ, 2020 թուականի արցախեան ազատամարտի նահատակ Յակոբ Ռոստոմեանի նուիրուած «Ռոստ» ժապաւէնի մասին:

«Ռոստ»-ը «Խոնարհ հերոսներ» ֆիլմաշարի 30-րդ ժապաւէնն է: Սամուէլ Թադէոսեան կը շեշտէ, թէ Յակոբ Ռոստոմեան եղած է նուիրեալ մարտիկ, միայն հինգ տարի ծառայած է Մարտակերտի դիրքերու մէջ, իսկ պատերազմը սկսելուն պէս վերադարձած է ճակատ:

«Երբ ծառայութիւնը աւարտեց եւ վերադարձաւ, սկսաւ 2020 թուականի սեպտեմբերեան պատերազմը, ան ձգեց ամէն ինչ եւ կրկին մեկնեցաւ ճակատ, ուր հերոսաբար նահատակուեցաւ: Ես կը կարծեմ, թէ Ռոստին նուիրուած այս ժապաւէնը իր խորհուրդը ունի եւ իր ճանապարհը պիտի անցնի, որովհետեւ մենք այստեղ հանդիպեցանք բացառիկ սխրանքի մը, որ ուղղակի դիմահար գնդացիրով նոյնիսկ օդին մէջ թռչող «Պայրաքտարը» հարուածեց եւ վար առաւ», մեկնաբանեց բեմադրիչը:

Յակոբ Ռոստոմեանի հայրը` ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէութեան անդամ Արա Ռոստոմեան, լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ժապաւէնին մասին իր տպաւորութիւնները յայտնեց, ըսելով` տպաւորուած է եւ յուզմունքը շատ մեծ է:

«Երբ նշանակուեցաւ ժապաւէնի անդրանիկ ցուցադրութեան օրը, այդ օրուընէ սկսեալ եւ այս վերջին քանի մը օրը, երբ կը ցուցադրէին տեսահոլովակները, ապրումներս վերաթարմացան: Ես չեմ կրնար ըսել` հիմա աւելի շատ յուզուած եմ, թէ այն օրերուն, որովհետեւ նոյն զգացումները ապրեցայ: Ժապաւէնը, կը կարծեմ լաւ է, որովհետեւ բոլոր նիւթերու հաւաքագրման անձամբ մասնակցած եմ, Արցախ այցելութեան ժամանակ անձնապէս հարցազրոյցներ, տեսանկարահանումներ կատարած եմ», հաղորդեց հերոսին հայրը ժապաւէնի անդրանիկ ներկայացումէն առաջ:

Ազգային Գաղափարախօսութեան Անհրաժեշտութեան Մասին «Գարուն Ա» Ժապաւէնի Ներկայացում

1 մարտին Հայաստանի շարժապատկերի սրահներուն մէջ սկսաւ ներկայացուիլ «Գարուն ա» ժապաւէնը, որ, ըստ անոր ստեղծագործական խումբի անդամներուն, «մեր մասին պատմող ֆիլմ» է: Ժապաւէնին հերոսները կը սիրեն, կը պատերազմին, կը յուսալքուին, սակայն կը շարունակեն պայքարիլ եւ ապրիլ յանուն հայրենիքի, յանուն երկրի ապագային. անիկա ձեւով մը կ՛ամփոփէ Հայաստանի վերջին երեսուն տարին:

Ժապաւէնի անդրանիկ ցուցադրութեան լրագրողները ոչ միայն կարելիութիւն ունեցան դիտելու զայն, այլ նաեւ հանդիպում ունենալու ստեղծագործական կազմին եւ զրուցելու անոնց հետ:

Ժապաւէնի գլխաւոր արտադրիչ Ալեքսանդր Խաչատրեան նաեւ գլխաւոր դերակատարներէն է: Ան կերտած է բացառիկ զինուորականի կերպար, որուն համար երկիրն ու հայրենիքը բացարձակ արժէքներ են: Ըստ Խաչատրեանի, «Գարուն ա» ժապաւէնը` սիրոյ, բանակի, ազգային գաղափարախօսութեան անհրաժեշտութեան եւ արժանապատուութեան, ինչպէս նաեւ հայրենիքի նկատմամբ ունեցած մեր վերաբերմունքի տեսակներուն մասին է:

«Մենք կը ներկայացնենք այն մարդու տեսակը, զոր կ՛ուզենք` ըլլայ: Չենք ուզեր ցուցադրել մարդու այն տեսակը, որ վատ է: Կան տարբեր հայրենասիրութիւններ: Ժապաւէնին մէջ կը բարձրաձայնուին շատ ցաւալի հարցեր, որոնց լուծում չենք կրնար գտնել», շեշտեց Խաչատրեան:

Բեմադրիչ Ռոման Մուշեղեան, 28 փետրուարին կրցաւ Հայաստան վերադառնալ Ուքրանիայէն, ուր գացած էր ժապաւէնին վերաբերող որոշ աշխատանքներ աւարտելու նպատակով: Ան կը խոստովանի, թէ եղած է ցաւալի տեսարաններու ականատես ու վերապրած այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ հայութեան հետ:

«Իւրաքանչիւրս պատասխանատու ենք հայրենիքի ապագային համար: Պէտք չէ միայն մեղադրել, ինչպէս ժապաւէնի հերոսներէն Արամ Ամատունի կ՛ըսէ ժապաւէնին մէջ. անհրաժեշտ է պատասխանատուութիւն կրել հայրենիքի նկատմամբ, իսկ հայրենասիրութիւնը արտայայտել գործով», յայտնեց Մուշեղեան:

Բեմադրիչը փորձած է գլխաւոր կերպարներէն մէկուն` ջութակահար Լեւոնին միջոցով նկարագրել պատերազմը եւ հանդիսատեսին թոյլ տալ մտածելու, թէ ի՛նչ էր ի վերջոյ ճիշդ որոշումը. ջութակահարը պէտք է հայրենիքին ծառայէր` մեծ բեմե՞ր նուաճելով, թէ՞ զէնքով:

Ջութակահարը մարմնաւորած դերասան Լեւոն Հախվերդեան այն կարծիքին է, որ արուեստագէտը ազգին, ժողովուրդին խիղճն է: «Ինչպէս շատ դասական ժապաւէններու մէջ, այնպէս ալ այստեղ արուեստագէտին միջոցով կը ներկայացուի պատերազմը, որ աւելի ազդեցիկ կը դարձնէ ամէն բան: Իմ կերպարս կարելիութիւն ունի հանդէս գալու մեծ բեմերու վրայ, բայց կեանքը, հանգամանքները այնպէս կը դասաւորեն, որ ան իր տաղանդը ստիպուած կ՛օգտագործէ մարտի դաշտին մէջ: Ես շատ կ՛ուզէի, որ ասիկա միայն ժապաւէն ըլլար», եզրափակեց ան:

Արմէն Մարգարեան ժապաւէնին մէջ կերտած է Լեւոնին հօրը` Գնելի կերպարը: Ըստ անոր, կարելի է հայրենասէր ըլլալ նաեւ բեմին վրայ: Մարգարեան երբեմն կը ստանձնէ դերեր, որոնք կ՛առնչուին իր անձնական կեանքին: Դերասանը համաձայն չէ իր մարմնաւորած կերպարի որոշ միտքերուն, գործողութիւններուն, սակայն այդ ժամանակաշրջանին վերապրած է այն, ինչ որ իր կերպարը ապրած էր:

Ժապաւէնի գլխաւոր արտադրիչը Ալեքսանդր Խաչատրեանն է, արտադրիչը` Դիանա Աւետիսեանը: Բեմագրութիւնը հեղինակած է Յարութիւն Ղուկասեանը: Ստեղծագործական կազմը վստահ է, որ ժապաւէնը ունի բոլոր կարելիութիւնները միջազգային հարթակներու վրայ ներկայացուելու, որովհետեւ նկարահանուած է բարձրագոյն չափանիշներով:

Ժապաւէնին ամերիկեան անդրանիկ ցուցադրութիւնը նախատեսուած է 1 ապրիլին:

Ժապաւէնին գլխաւոր հերոսները երեք են` պապ, որդի, թոռ: Երեք սերունդ, երեք տարբեր բնաւորութիւններու տէր մարդիկ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կ՛արտացոլացնէ մերօրեայ հասարակութեան մտածելակերպը: Պապը` Արամը, արհեստավարժ զինուորական է, նախկին գնդապետ, ամբողջ կեանքը նուիրած է պետականութեան կառուցման: Որդին` Գնելը, ձեռներէց է. ցարդ չէ ներած հօրը` հայրենիքը ընտանիքէն վեր դասելուն համար: Թոռը` Լեւոնը, երաժիշտ է, որ կ՛ոգեշնչուի իր մեծ հօր գաղափարախօսութեամբ, սակայն հերոսին կեանքին մէջ ապագան եւ հայրենիքի նկատմամբ պարտքը կը բախին` ստեղծելով ժապաւէնին հիմնական հակամարտութիւնը:

«Վերածնուածը» Ժապաւէնի Արտադրութիւնը Նախատեսուած Է Իրականացնել 2022-ին

«Վերածնուածը» ժապաւէնի արտադրութեան համար շարժապատկերի բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեան եւ անոր խումբը 2021-ին դրամահաւաքի սկսած էին եւ նպատակադրած  մինչեւ 150 հազար ամերիկեան տոլարի հասնիլ:

254 նուիրատուի շնորհիւ ցարդ գոյացած է 123 հազար 92 ամերիկեան տոլար: Աւետիսեանի խօսքով` այս շատ ոգեւորող եւ պարտաւորեցնող է, սակայն ժապաւէնը իրականութիւն դարձնելու համար անհրաժեշտ է նաեւ Հայաստանի ազգային շարժապատկերի կեդրոնին աջակցութիւնը:

Լրագրողներու հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Ջիւան Աւետիսեան յայտնեց, որ շարժապատկերի նախագիծին զարգացման համար տարբեր աղբիւրներէ գոյացած էր` 51 հազար 700 ամերիկեան տոլար: Գումարը ներդրուած է բեմագրութեան յղկման ու զարգացման աշխատանքներուն, դերասաններու եւ նկարահանման վայրի ընտրութեան համար: Այս բոլորին աջակցութիւն յայտնեց Հայաստանի ազգային շարժապատկերի կեդրոնը եւս: «Մենք կը նախատեսենք նկարահանումներու սկսիլ այս տարի, եթէ կարողանանք գոյացնել գումարին մնացեալ մասը: Այժմ կը համագործակցինք ներդրողներու հետ Հայաստանի եւ արտերկրի մէջ: Ժապաւէնի արտադրութեան նիւթական աջակցութեան համար դիմումնագիրներ ներկայացուցինք տարբեր ֆոնտերու, դիմեցինք Հայաստանի ազգային շարժապատկերի կեդրոնին, կը համագործակցինք տարբեր շարժանկարներու ընկերութիւններու հետ, զուգահեռաբար կը հանդիպինք դերասանական կազմին: Ամուր եւ զօրեղ հիմքերու վրայ նախագիծը քայլ առ քայլ կը տանինք յառաջ: Կը փորձենք տարբեր երկիրներու մէջ համագործակցութիւն ձեւաւորել հեռարձակողներու, վաճառքի գործակալներու հետ», ըսաւ Աւետիսեան եւ աւելցուց` Ազգային շարժապատկերի կեդրոնին դիմեցինք արտադրութեան համար 80 հազար ամերիկեան տոլար ստանալու նպատակով. ասիկա  ժապաւէնին ընդհանուր պիւտճէին որոշ մաս է:

«Մենք չենք ըսեր թող պետութիւնը մեզի գումար տայ, եւ մենք կը նկարահանենք ժապաւէնը, ո՛չ, այլ կ՛ըսենք, որ այսքան բան կատարեցինք, եւ պետութեան աջակցութեան կարիքը ունինք, որովհետեւ  եւրոպական երկիրներու հետ միասին արտադրութան համար կարեւոր է  Հայաստանի ազգային շարժապատկերի կեդրոնի մասնակցութիւնը եւ, բնականաբար, ոչ փոքր գումարով: Ըստ համապատասխան կանոնակարգին, օտար երկրի մը ընկերութիւնը չի կրնար աւելի մեծ ներդրում կատարել, քան քու երկրիդ ընկերութիւնը», տեղեկացուց Ջիւան Աւետիսեան:

«Վերածնուածը» ժապաւէնով մեր ստեղծագործական խումբը պիտի խօսի հայ ժողովուրդին առջեւ ծառացած կարեւորագոյն հարցերուն մասին, պիտի պատմէ մեր մասին, Արցախի ժողովուրդի ազատ ապրելու ցանկութեան մասին, պիտի անդրադառնայ 2020 թուականի Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին, պիտի խօսի մարդու ինքնութեան մասին եւ պիտի դատապարտէ պատերազմը: Բեմադրիչը չի փափաքիր խօսիլ միայն անցեալի ձախողութիւններուն, անցեալի թերութիւններուն մասին, այլ կը փորձէ ներկայացնել ներկան եւ կառուցել ապագան: «Ես կը հաւատամ, որ հայկական շարժապատկերի ոլորտը աշխարհին տալիք ունի: Այս ժապաւէնին բեմագրութիւնը կայացած է, որովհետեւ մօտաւորապէս չորս տարի է կ՛աշխատինք, կը զարգացնենք միջազգային ստեղծագործական խումբով, խորհրդատուներով:

«Վերածնուածը» գեղագիտական շարժապատկեր չէ, բայց որոշակի տարրեր կը պարունակէ: Կը կարծեմ, թէ այս շարժանկարը շատ բան ունի տալու թէ՛ հայուն, թէ՛ առհասարակ մարդուն», հաւաստիացուց բեմադրիչը, որուն նախորդ` «Թեւանիկ», «Վերջին բնակիչը», «Դրախտի դարպասը» ժապաւէնները տակաւին կը շարունակեն իրենց յաղթարշաւը ամբողջ աշխարհին մէջ:

«Վերածնուածը» ժապաւէնի նիւթին առանցքը կնոջ մը գաղտնիքն է, որ կը դառնայ երեք տարբեր ճակատագիրներու փոխկապակցման պատճառ. մարդամեքենայի շինութեան բաժանմունքի ֆրանսաբնակ ուսանողը պատերազմի մէջ սպաննուած հօր մասին ճշմարտութիւնը բացայայտելու համար կ՛որոշէ երթալ Հայաստան, Արցախ: Անոր ֆրանսաբնակ ընկերուհին իր քանատական արմատներուն յայտնաբերման համար կ՛որոշէ երթալ Իսլանտիայի մէջ բնակող հրաբխագէտ հօր մօտ… Անոր ֆրանսաբնակ յայտնի փրոֆեսէօրը, որ հրէական ողջակիզումէ փրկուածի սերունդ է, կեանքի իմաստի որոնման հետքերով կ՛որոշէ վերադառնալ Իսրայէլ` իր հրէական արմատներուն: Հերոսներուն դժուարութիւններուն եւ զոհաբերութիւններուն զուգահեռ, որոնք կը մօտեցնեն զիրենք իրենց իրական ինքնութեան, կը զարգանայ արհեստական բանականութեան ծրագիրը:

Շարժանկարը պիտի արտադրեն «Ֆիշ այ արթ» մշակութային հիմնադրամը եւ «Լայֆթրի փիքչըրզ» ընկերութիւնը: Ժապաւէնը պիտի ստեղծուի  «Արցախ արուեստի եւ մշակութային հիմնադրամ»-ի (ԱՄՆ) եւ «Արթպոքս» փրոտաքշըն հաուսին (Լիթվիա) հետ միասին: Այս ծրագրի աջակիցներն են Հայաստանի ազգային շարժապատկերի կեդրոնը եւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան նախարարութիւնը:

Արցախի Մեսրոպ Մաշտոց Համալսարանի Նախաձեռնութեամբ «Ազրպէյճանի Ցեղասպան Քաղաքականութիւնը» Խորագիրով Մամլոյ Ասուլիս

Արցախի Մեսրոպ Մաշտոց համալսարանի Կովկասագիտութեան կեդրոնի նախաձեռնութեամբ, համալսարանին մէջ կազմակերպուած է «Ազրպէյճանի ցեղասպան քաղաքականութիւնը» նիւթով մամլոյ ասուլիս: Հիմնական բանախօսները եղած են Արցախի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանը եւ Մեսրոպ Մաշտոց համալսարանի Կովկասագիտութեան կեդրոնի ղեկավար Յովիկ Աւանեսովը: Ասուլիսի վերջաւորութեան բանախօսները պատասխանած են լրագրողներու հարցումներուն: Մեսրոպ Մաշտոցի համալսարանի Կովկասագիտութեան կեդրոնի ղեկավար Յովիկ Աւանեսովի համաձայն, 1918 թուականին Ազրպէյճան` ըլլալով արհեստածին ձեւաւորուած պետութիւն, կազմաւորուած է ցեղասպան քաղաքականութեան հիման վրայ: Ասուլիսի նիւթը պատահական չէ ընտրուած: Նպատակն է` միջազգային հանրութեան ցոյց տալ, որ ցեղասպան թուրքը ցարդ չէ փոխած իր ձեռագիրը եւ որեւէ յստակ արժեւորում չէ ստացած միջազգային կառոյցներու կողմէ: Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան յայտնած է, որ 1988 թուականէն` Ազրպէյճանի կողմէ իրականացուող ցեղասպանութիւնները կրած են պարբերական բնոյթ: Սումկայիթեան իրադարձութիւնները այդ շղթայի առաջին մասն էր: Ըստ Գեղամ Ստեփանեանի, անոնց յաջորդած են Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի, իսկ անկախութեան ձեռքբերումէն ետք նաեւ` Արցախի մէջ նոր ոճրագործութիւններու իրականացումը: Անդրադառնալով Սումկայիթեան ջարդերուն, որ, ըստ Յովիկ Աւանեսովի, յստակօրէն կազմակերպուած ցեղասպանութիւն էր, ան ըսած է, թէ այդ ուղղութեամբ միջազգային հանրութեան տակաւին համապատասխան արժեւորում չէ տուած: Ասուլիսին` Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպանը մանրամասնած է, որ մեզի համար շատ կարեւոր է, որ միջազգային հանրութեան ցոյց տանք այս բոլորը: Ասոնք հատուկենտ դէպքեր չեն, այլ պետութեան կողմէ հովանաւորուող համակարգուած ծրագիր` ցեղային ոչնչացում հետապնդող: Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը տեղեկացուցած է նաեւ, որ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ կը շարունակուին իրականացուիլ շարք մը աշխատանքներ: 2020-ին տեղի ունեցած ցեղասպանական գործողութիւնները հաւաքագրուած եւ համակարգուած ձեւով ներկայացուած են միջազգային հանրութեան, նաեւ քննուած են Մարդու իրաւունքներու Եւրոպական դատարանին եւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանին մէջ:

Ասուլիսին զուգահեռ ներկայացուած ցուցապաստառները տրամադրած է Արցախի պետական պատմական երկրագիտական թանգարանը:

«Հայաստան» Հիմնադրամը Ստեփանակերտի Մէջ 15 Բազմաբնակարան Շէնք Կը Կառուցէ

«Հայաստան» հիմնադրամը Ստեփանակերտի մէջ 15 բազմաբնակարան շէնք կը կառուցէ:

«Հայաստան» հիմնադրամէն տեղեկացուցին, որ Ստեփանակերտի Աջափնեակ թաղամասին մէջ կը շարունակուին 244 ընտանիքի համար նախատեսուած 15 բազմաբնակարան շէնքերու շինարարական աշխատանքները:

Արցախեան Շարժման 34-ամեակին Եւ Գիւղի Ազատագրման 29-ամեակին Առիթով Հաթերքի Մէջ Խաչքար Տեղադրուեցաւ

Արցախեան շարժման 34-ամեակին եւ գիւղի ազատագրման 29-ամեակին առիթով Հաթերքի մէջ խաչքար տեղադրուեցաւ: Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց Հաթերքի համայնքապետ Վարդան Գրիգորեան:

Անոր համաձայն, խաչքարի տեղադրման նախաձեռնութիւնը արցախեան առաջին ազատամարտին նահատակուած հաթերքցի Սամուէլ Իսկանտարեանի որդիին` Նժդեհ Իսկանտարեանին կը պատկանի:

«1992 թուականի յունիս 5-ին թշնամին գրաւեց մեր գիւղը եւ հրկիզեց տուները: Սակայն 1993 թուականի փետրուար 20-ին Հաթերքը ազատագրուեցաւ: Արցախեան առաջին պատերազմին յանուն հայրենիքի հաթերքցի 44 ազատամարտիկ անմահացաւ: 44-օրեայ պատերազմին անմահներու գունդին միացան չորս հերոսներ: Մէկ համագիւղացիի ճակատագիրն ալ ցարդ կը մնայ անյայտ: Ի յիշատակ եւ ի երախտագիտութիւն մեր համագիւղացի նուիրեալներուն` գիւղին մէջ կանգնեցուցին խաչքարը», նշեց Վ. Գրիգորեան եւ աւելցուց, որ խաչքարը օրհնած է Մարտակերտի շրջանի հոգեւոր հովիւ Յովհաննէս քահանայ Յովհաննիսեանը:

 

 

 

Նախորդը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Շուշիի Եւ Երեւանի Բնակիչներուն Դիմադրութիւնը Եւ Պարսկական Բանակին Յառաջխաղացքը Դէպի Գանձակ

Յաջորդը

Կարօտի Նամակ` Դաստիարակ-Ուսուցիչներուս (9 Մարտ)

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Օգոստոս 3, 2022
ՀՄԸՄ-Ի Կեդրոնական Վարչութեան Պատուիրակութեան Այցելութիւնը Հայաստանի Մէջ Սուրիոյ Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

ՀՄԸՄ-Ի Կեդրոնական Վարչութեան Պատուիրակութեան Այցելութիւնը Հայաստանի Մէջ Սուրիոյ Դեսպանին

Յուլիս 29, 2022
Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ Մարզախաղերու Մասնակիցները Ազգային-Յեղափոխական Երգերու Երեկոյով Նշեցին Լիզպոնի Հերոսական Գործողութեան 39-Ամեակը
Հայրենի Կեանք

Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ Մարզախաղերու Մասնակիցները Ազգային-Յեղափոխական Երգերու Երեկոյով Նշեցին Լիզպոնի Հերոսական Գործողութեան 39-Ամեակը

Յուլիս 29, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In