100 տարիներ առաջ, 1915-ի Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած եւ Լիբանանի մէջ ինքզինք վերագտնելու ու կազմակերպուելու դաժան ուղին հարթելու կոչուած քաջորդիներ իրենց տունը հիմնելէ, դպրոցը կառուցելէ, եկեղեցին շինելէ ետք անհրաժեշտ նկատեցին նաեւ Լիբանանի մէջ հիմքը դրել ՀՄԸՄ-ին` այն համոզումով, որ հայեցի դիմագիծով օժտուած, ազգային նկարագիրի տէր եւ մէկուկէս միլիոն նահատակներուն աւանդը բոցավառ պահող սերունդներ ունենալու համար հրամայական է նաեւ մարդկային ու ազգային առողջ դաստիարակութիւն ջամբող այս միութեան ակումբի դռները լայնօրէն բանալ նորահասներուն դիմաց, զանոնք առնել իր ապահով եւ հարազատ երդիքին տակ:
Այդպէս ալ եղաւ: Ինչպէս որ մեծ ստեղծումներու ծնունդը կ՛ըլլայ լուռ, սակայն` ազդու, այդպէս ալ Լիբանանի մէջ ՀՄԸՄ-ի ստեղծումը եղաւ անաղմուկ եւ անշուք, լոկ «Փիւնիկ»-ի մէջ կատարուած յայտարարութեամբ մը գումարուեցաւ Հիմնադիր ժողով, ու կազմուեցաւ անդրանիկ վարչութիւնը:
Սակայն այդ անձայն ստեղծման պիտի յաջորդէին բարձրանալու եւ բարձրացնելու համատարած կոչին արձագանգները, որոնց շնորհիւ ՀՄԸՄ-ին շուրջ հաւաքուած որակով եւ քանակով հարուստ խումբ մը նուիրեալ երիտասարդներ` հաւատարիմ իրենց ուխտին, այս միութիւնը վերածեցին հայութեան էութիւնը կազմաւորող, հայու ոգին անեղծ պահող, ֆիզիքականին կողքին` մտային ներշնչում ու զարգացում ջամբող, ազգային աւանդութիւններուն եւ արժէքներուն պահապանը հանդիսացող հնոցի, որ ժամանակի ընթացքին տիրական ներկայութիւն դարձաւ ի սփիւռս աշխարհին ստեղծուող հայ գաղութներուն մէջ` վերածուելով անոնց ազգային, մարզական թէ միութենական կազմաւորման աւիշ ներարկող յորդահոս երակի:
Շատ կարճ ժամանակի ընթացքին ՀՄԸՄ-ի անունն ու անոր շարքերուն մէջ հաւատարմագրուածներուն վաստակը լսելի դարձաւ ամէնուրեք, իր իրագործումներով միութիւնը ինքզինք պարտադրեց իր շրջապատին, դարձաւ իր կիրարկած մարզախաղերուն ախոյեան եւ պահեց զանոնք երկար տարիներ, նոյնիսկ` Լիբանանի 30-ամեայ տագնապի տեւողութեան:
ՀՄԸՄ-ը եղաւ ու կը շարունակէ ըլլալ մանուկ, պարման եւ երիտասարդ հայորդիին աճման եւ զարգացման, մարդկային ու ազգային առողջ եւ հարազատ նկարագրի տէր հայու ձուլարանը, միշտ պատրաստ` ծառայելու ազգին ու հայրենիքին, ժողովուրդին եւ ազգային վեհ նպատակներու:
Եւ ամբողջ 100-ամեակ մը` հաւատարիմ ՀՄԸՄ-ի քայլերգին, նշանաբանին ու նշանակին, Լիբանանի ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը մնաց ազգի գոյութեան պատուանդանն ու յարատեւման ազդակներէն մէկը, հանդիսացաւ լիբանանահայ գաղութի յաջողութիւններուն եւ ապագայի երազներուն խորհրդանիշը, անոր շեփորախումբի նուագի կշռոյթը լսելի դարձաւ գաղութի ուրախ թէ տխուր առիթներուն, մոկլիներէն մինչեւ երէցներուն տողանցքը ազդանշանը տուաւ հայութեան ծոցէն ծնած ու անոր շարունակութիւնը երաշխաւորելու կոչուած սերունդներու առկայութեան, ու կը հաւատանք, որ այդպէս պիտի շարունակէ այսօր ու ապագային եւս:
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շրջանի հիմնադրութեան 100-ամեակի այս փառատօնին առիթով մեր մաղթանքն է, որ իւրաքանչիւր միութենական` տարազաւոր թէ մարզիկ, անդամ թէ պատասխանատու, հաւատարիմ մնանք հիմնադիրներուն երազանքին, տեսլականին, կտակին ու արդարօրէն բարձրացնենք բոլորը, որպէսզի ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շրջանը եւս հաւաքաբար ու միասնաբար բարձրանայ ու իրեն հետ բարձրացնէ ուրիշներ:
Անառարկելի իրականութիւն է, որ ազգապահպանման եւ մեր ազգային իրաւունքներու հետապնդման պայքարին մէջ անփոխարինելի դեր վերապահուած է լիբանանահայութեան, անոր դպրոցներուն, ազգային կառոյցներուն եւ միութիւններուն:
Այս դերակատարութեան մէջ իր դերը ունի նաեւ աշխարհասփիւռ հայութիւնը, որուն մէկ մասնիկն է ՀՄԸՄ-ը, որ իր ուսերուն կը կրէ սերունդները հայօրէն դաստիարակելու եւ կազմաւորելու պարտականութիւն:
ՀՄԸՄ Լիբանանի շրջանը արդէն թեւակոխեց իր 100-րդ տարեդարձը: Մէկ դարու կեանք`
– Բարոյական բարձր արժէքներով հարուստ 100 տարիներ,
– Հաւատաւոր ու անձնուէր 100 տարիներ,
– Ազգի եւ հայրենիքի նուիրումի 100 տարիներ,
– Ուխտին ու դաւանանքին հաւատարմութեան 100 տարիներ,
– Բաժակներով եւ յաղթանակով յատկանշուած 100 տարիներ,
– Անսակարկ զոհաբերութեամբ դրոշմուած 100 տարիներ,
– Փառքի ու հպարտութեան 100 տարիներ,
– Հայօրէն շնչող եւ հայկականութիւն փոխանցող 100 տարիներ,
– Իրերայաջորդ սերունդներու կազմաւորմամբ փորագրուած 100 տարիներ,
– ՀՄԸՄ-ի քայլերգին, նշանաբանին եւ նշանակին հաւատարիմ 100 տարիներ:
Գաղութս անցեալին տուած է փաստը, որ ինք գիտակից է իր առաքելութեան, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շրջանն ալ` իր մէկ դարու նուիրումով եւ գործունէութեամբ, մաս կը կազմէ այդ առաքելութեան:
Առ այդ, ՀՄԸՄ պէ՛տք է մնայ ուժեղ եւ կազմակերպ ոչ միայն իր նուիրումը շարունակելու եւ սերունդներուն ծառայելու համար, այլ` համայն սփիւռքին համար, Հայաստանին համար, Արցախին համար, համայն հայութեան գերագոյն շահերուն եւ իտէալներուն համար:
Այսօր, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի 100-ամեակի նշման կողքին, նաեւ կը նշենք հպարտութիւնը 1918 թուականին կերտուած մայիսեան հրաշք անկախութեան, որուն կարեւորութիւնն ու իմաստը կը խտանան անողոք թշնամիին դիմաց հայ ժողովուրդի մէկ մարդու նման ծառանալուն մէջ: 1915-ի ահաւոր Ցեղասպանութենէն ետք նուիրեալ հայորդիներ կրցան ուժն ու հաւատքը ունենալ` հայ ժողովուրդը հասցնելու Սարդարապատ, Բաշ Ապարան, Ղարաքիլիսէ, ստեղծելու մայիս 28: Աւերուած Հայաստանէն, սովահար, համաճարակի ենթակայ, գաղթականներու բնակավայր դարձած Հայաստանէն այս մարդիկը ստեղծեցին բանակ, հայութիւնը առաջնորդեցին դէպի յաղթանակ, դէպի Սարդարապատ եւ կերտեցին մայիս 28-ի անկախութիւնը: Անոնք ոչինչէն ստեղծեցին պետութիւն: Արդարեւ, 28 մայիսին կերտուած անկախութիւնը հայ ժողովուրդի միասնականութեան, ազգային գոյատեւման, հաւաքական կամքի միահամուռ արտայայտութեան մէջ է: Իրականութիւն է, որ այսօր տարբեր են պայմաններն ու մարտահրաւէրները, սակայն մենք պարտաւոր ենք` հաւատարիմ մնալ մայիս 28 կերտած սերունդներու սկզբունքներուն, կառչիլ անոնց կամքին ու համոզումներուն, ունենալ նոյն քաջութիւնն ու վճռակամութիւնը` նորանոր յաղթանակներ կերտելու եւ կտակելու յաջորդող սերունդներուն:
Սիրելի՛ սկաուտներ, հայոց բանակի քաջ զինուորներ,
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շրջանը 100 տարիներ շարունակ գործած է եւ այսօր կայ ու կը գործէ, որովհետեւ դուք կանգուն էք ու հաւատարիմ` միութեան սկզբունքներուն, հիմնադիրներու կտակին, եւ հաւատանք, որ միասնաբար, կողք կողքի, ուս ուսի պիտի շարունակենք մեր ուխտեալ քոյրերուն եւ եղբայրներուն երթը, որպէսզի նուաճենք նոր տարեդարձներ եւ տօնենք նոր 100-ամեակներ:
Ա՛յս է, որ կը սպասէ սփիւռքահայութիւնը:
Ա՛յս է, որ կը պահանջեն մայր Հայաստանն ու Արցախը:
Ա՛յս է, որ կը թելադրէ մեր նոր հայոց պատմութիւնը:
Կեցցե՛ն 100 տարի շարունակ ՀՄԸՄ Լիբանանի շրջանի համար իրենց կեանքը նուիրած մեզի հետ եղող կամ մեզմէ բաժնուած քոյր-եղբայրները:
Կեցցե՛ն մեր ծնողներն ու բարեկամները, որոնք մեր կողքին են ու կը վստահին մեզի:
Կեցցէ՛ք դուք, սիրելի՛ սկաուտներ, մարզիկներ ու անդամներ, որ միութեան անունը միշտ բարձր կը պահէք: Դո՛ւք էք մեր յոյսն ու հպարտութիւնը, ձեր փայլուն աչքերուն մէջ ու գետինը թնդացնող քայլերուն մէջ կը տեսնենք հայութեան փայլուն եւ հպարտալի ապագան:
Կը խոստանանք, որ «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» նշանաբանով պիտի ընթանանք միշտ յառաջ եւ դէպի աւելի բարձրերը:
Փա՛ռք ու յարգանք` ՀՄԸՄ-ական ըլլալու պատիւը մեզի շնորհած հիմնադիր տիտաններուն:
Փա՛ռք ու պատիւ` ՀՄԸՄ-ի վերելքին նպաստած ու հպարտալի պատմութիւնը կերտած բոլոր խոնարհ հերոսներուն:
Փա՛ռք ու պատիւ` ախոյեանութիւններ իրագործած եւ ՀՄԸՄ-ի անունը Լիբանանի տարածքին լսելի դարձուցած կամաւոր ու սքանչելի մարզիկ-մարզիկուհիներուն:
Պատի՛ւ` Արարատը հաւատարմօրէն իրենց գլուխներուն վրայ կրող ու զայն տեսնելու իղձով ապրող ՀՄԸՄ-ական սիրելի տարազաւորներուն:
Պատի՛ւ` հաւատքով ու զոհողութեամբ ՀՄԸՄ-ին ծառայած ու ծառայող անդամներուն եւ համակիրներուն:
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շրջանի 100-ամեակը թող առիթ ըլլայ բոլորիս, որ ներշնչուինք քրիսեաններու օրինակելի ոգիով, վարակուինք Գրիգոր Յակոբեանի եւ նմաններուն վեհ գաղափարներով, գօտեպնդուինք ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի կառոյցի հիմնադիր եղբայրներուն հաւատքով ու շարունակենք մեր երթը դէպի նոր հարիւրամեակներ:
Փա՛ռք, պատիւ եւ յարգանք ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին:
Կեցցէ՛ Լիբանանը:
Կեցցե՛ն մայր Հայաստանն ու Արցախը:
Կեցցէ՛ ՀՄԸՄ-ը:
* ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան խօսք` 26 մայիս 2024-ին, ՀՄԸՄ-ի Մայիսեան փառատօնին արտասանուած: