Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստացուած Գիրքեր. «Նամականի Յ. Գեղարդի Հետ» (Հեղինակ` Վարդան Թաշճեան)

May 31, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Պէյրութի մէջ 2023-ին լոյս տեսաւ «Նամականի Յ. Գեղարդի հետ» հատորը: Հեղինակ` Վարդան Թաշճեան: Գիրքը բաղկացած է 296 էջերէ:

Նախաբանին հեղինակը` Շահան Գանտահարեան կը նշէ, որ նամակագրութիւնը գրականութեան մէջ յատուկ սեռ է: Անմիջականութիւնը, երբեմն մարդոց միջեւ գոյութիւն ունեցող նիւթերու հետաքրքրութեան, թեմաներու առաջնահերթութեան, նոյն ձեւով մտածելու կամ նոյնիսկ տարակարծութիւնները գրականութեամբ եւ անոր համապատասխան մակարդակով բացայայտելու հարթակ է:

Ներածականին մէջ Վարդան Թաշճեան կը գրէ, որ Յ. Գեղարդի հետ իր բարեկամութիւնը սկսած է 1976-ի ամրան: Սիրալիր, մտերմիկ եւ յարատեւ բարեկամութիւն մը` քսան եւ հինգ տարիներ տեւող շարունակական նամակագրութեամբ:

Յ. Գեղարդ, բուն անունով` Յարութիւն Գազանճեան, ծնած է Գոնիա, 1928-ին, եւ Հալէպ կարճատեւ կայքէ մը ետք ծնողքին հետ հաստատուած է ՊԷյրութ: Պէյրութի ֆրանսական բժշկական համալսարանէն 1954-ին վկայուած է իբրեւ վիրաբուժ-ատամնաբուժ: Աշխատակցած է մամուլին, եղած է սկաուտ ու մարզիկ, «Ակօս»-ի խմբագիր եւ արտօնատէր «Բագին»-ի եւ «Բժիշկ»-ի: Եղած է ազգային երեսփոխան:

Լիբանանի քաղաքացիական կռիւներուն մնացած է պատնէշի վրայ, հրաշքով փրկուած մահափորձէ եւ կորսնցուցած կալուած, գոյք ու գանձ:

Յ. Գեղարդ հեղինակ է շարք մը երկերու:

* * *

Յ. Գեղարդի եւ Վարդան Թաշճեանի միջեւ նամակագրութիւնը սկսած է 1978-ին:

4 հոկտեմբեր 1982 թուակիր նամակին մէջ Յ. Գեղարդ կ՛ըսէ, որ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի դժոխային շրջանին մնայուն կերպով ապրած է արեւմտեան Պէյրութի մէջ, մահը մօտէն տեսած եւ Գաբրիէլ հրեշտակապետին հետ քանի մը անգամ ձեռք սեղմած է:

27 յունիս 1984 թուակիր նամակին մէջ կը գրէ. «Փետրուար 6 գեհենական թուական մը եղաւ: Մէկ օրուան մէջ փոխուեցաւ աշխարհը: Կեանքը գլխիվայր շրջուեցաւ: Ինը տարիները այնքան չընկճեցին մարդիկը հոգեպէս, բարոյապէս, ֆիզիքապէս եւ տնտեսապէս, որքան այս վերջին 4-5 ամիսները»:

31 մարտ 1985 թուակիր նամակին մէջ Գեղարդ կը նշէ. «Ծանր դէպքեր պատահեցան ու տակաւին կը պատահին Լիբանանի մէջ, բայց մեզի համար ծանրագոյնը Ս. Զէյթլեանի առեւանգումը եղաւ: Բարեբոյր ազդանշան մը չէ»:

Իսկ 27 յունիս 1985 թուակիր նամակին մէջ Յ. Գեղարդ կը գրէ. «Լիբանանի վիճակը ծանր է. արեւմտեան կողմը ապրող հայերուս համար` աւելի ծանր: Առօրեայ հաճոյքներու հանգստաւէտութենէն հրաժարած ենք վաղուց»:

Յաջորդ` 9 սեպտեմբեր 1985 թուակիր նամակին մէջ ան կը նշէ. «Շատերու պէս` մենք ալ անցուցինք շատ դժնդակ օրեր եւ ժամեր: Օր չկայ, որ թաղին մէջ, տունին շուրջ ինկող հրթիռ մը, ականուած կառք մը սարսափ չստեղծէ, կապարի կտորներ չանցնին մօտիկէդ, չզարնուին տան պատերուն: Գիշեր մը մանաւանդ ողբերգական պահեր ապրեցանք… մեր շէնքը թիրախ դարձուցին: Ութ ռումբ ստացանք:… Շէնքը դղրդաց, ցնցուեցաւ հիմքէն:… Մանուկներու, կիներու լաց ու կոծ: Վիրաւորները հիւանդանոց փոխադրեցին:… Բոցերը սկսան մագլցիլ… շնչել կարելի չէր… մութին մէջ էինք»:

* * *

Յ. Գեղարդի եւ Վարդան Թաշճանի միջեւ նամակագրութիւնը շարունակուած է մինչեւ 17 փետրուար 2006: Թաշճեան կ՛ըսէ. «Հոս կը դադրի Գեղարդին գրիչը, երբ ցաւալիօրէն կը դադրի իր սրտին տրոփը… Եւ ափսո՜ս, վերջ կը գտնէ նաեւ երկարատեւ այս նամակագրութիւնը»:

Յ. Գեղարդ իր աչքերը յաւիտենականօրէն փակեց 14 մարտ 2006-ին, Փարիզի մէջ:

Այս գիրքին ճամբով կարելի է թափանցել Յ. Գեղարդի հոգիին ու մտքին մէջ, նաեւ անոր ապրած ժամանակաշրջանի, յատկապէս լիբանանեան իրադարձութիւններուն մօտէն իրազեկ դառնալ:

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (30 Մայիս 2024)

Յաջորդը

«Պարը Կեանք Է»

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.