Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Պոլիս
«Տատեան» Փողոցի Վերանուանում
Պաքըրգիւղի քաղաքապետական խորհուրդը, տեղւոյն բնակչութեան պահանջով եւ միաձայնութեամբ, որոշած է Տատեան վարժարանին յարող Մապեթ փողոցը վերանուանել «Տատեան» փողոց:
Առ այդ, մասնակցութեամբ Պաքըրգիւղի քաղաքապետին, 6 փետրուարին Զէյթինլիք թաղի փողոցին մէջ կատարուեցաւ Մապեթ փողոցին վերանուանումը, որ կոչուեցաւ «Տատեան» փողոց:
Քաղաքապետը փողոցի մուտքին զետեղեց համապատասխան ցուցատախտակը` յոյս յայտնելով, որ մայր քաղաքապետութիւնը կը հաստատէ Պաքըրգիւղի քաղաքապետական խորհուրդին որոշումը եւ վար չ՛առներ ցուցատախտակը:
Նշենք, որ քանի մը տարի առաջ վարժարանի դիմացի փողոցը անուանակոչուած էր Տատեան գերդաստանին ի պատիւ: Փողոցը «Տատեան» անուանելէ ետք, հակառակ անոր որ ազգայնամոլ կարգ մը շրջանակներ դժգոհութիւններ բարձրացուցած էին, քաղաքային իշխանութիւնները տեղի չէին տուած ու հաստատած էին «Տատեան» անունը: Մայր քաղաքապետութիւնը չէր հաստատած որոշումը եւ փողոցին անունը փոխած էր «Մապեթ»-ի` թնճուկի վերածելով անուան հարցը:
Պաքըրգիւղի քաղաքապետը յիշեցուց, որ Յովհաննէս Տատեանը, Օսմանեան կայսրութեան շրջանին հիմնած է` Պէյքոզի թուղթի գործարանը, Էյուպի հիւսուածեղէնի գործարանը, Հերեքէի հիւսուածեղէնի գործարանը, Զէյթինպուռնուի դարբնոցը եւ Իզմիթի հիւսուածեղէնի գործարանը:
Միացեալ Նահանգներ
Տոքթ. Թոմ Քաթենայի Այցելութիւնը Հարաւային Քալիֆորնիոյ Համալսարան
Նախաձեռնութեամբ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ գործող հայագիտութեան հիմնարկին եւ համալսարանի շարք մը այլ բաժանմունքներու, 5 փետրուարին համալսարան այցելեց 2017-ի «Աւրօրա» մրցանակի դափնեկիր տոքթ. Թոմ Քաթենան, որ Հարաւային Սուտանի Նուպա լեռներուն մէջ անձնուրաց իր աշխատանքին համար արժանացած էր նշեալ մրցանակին: Նշենք, որ ան վերջերս նշանակուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին եւ անոնց օժանդակած մարդասէրներու երախտագիտութիւն յայտնելու նպատակով հաստատուած «Աւրօրա» մարդասիրական նախաձեռնութեան նախագահ:
Համալսարանի տարբեր բաժանմունքներու գործունէութեան ծանօթանալու կողքին, տոքթ. Քաթենա մասնակցեցաւ բարեսիրական գործունէութեանց նուիրուած շարք մը խորհրդակցութիւններու` նոյն ժամանակ զրոյցներ ունենալով ուսանողներու հետ:
Քանատա
Յանձնախումբի Անդամները Քանատայի Վարչապետին Իրազեկ Պահեցին Արցախի Հիմնահարցին Մասին
Փետրուար 10-ին Վանքուվըրի մէջ կայացած Քանատայի Ազատական կուսակցութեան նախընտրական հաւաքին հրաւիրուած Քանատայի արեւմտեան շրջանի Հայ դատի յանձնախումբին անդամները առիթ ունեցան առանձնազրոյց մը ունենալու հաւաքին ներկայ Քանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտոյի հետ:
Հայ դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետին` անցեալ տարուան հոկտեմբերին Հայաստան կատարած իր այցելութեան եւ Հայաստանի հանդէպ իր ջերմ վերաբերմունքին առիթով, ինչպէս նաեւ խօսեցան Արցախի ժողովուրդի ազատ ինքնորոշման իրաւունքին մասին` շեշտելով Արցախի հիմնահարցին մէջ Քանատայի ժողովուրդի աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը:
Պատուիրակութիւնը նաեւ Հայ դատի անունով հրաւէր ուղղեց վարչապետին` այցելելու Արցախի Հանրապետութիւն:
Հայ դատի յանձնախումբին պատուիրակութեան մաս կը կազմէին` ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոական կոմիտէի անդամ Վահէ Անտոնեանը, Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբին արեւմտեան շրջանի ատենապետ Յակոբ Տէր Յակոբեանը, Բալիկ եւ Թիթառ Քէօշկերեանները:
Նախարար Ժոլիի Նպաստը` ՀՕՄ-ի «Սօսէ» Մասնաճիւղի Բարեսիրական Ծրագիրներուն Համար
22 յունուարին ՀՕՄ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին` մասնաճիւղի ատենապետ Հուրի Զաքարեանը, նախկին ատենապետուհի Լիւսի Շահինեանը եւ վարչութեան անդամ Թամար Եաղճեանը, Մոնրէալի Հայ կեդրոնին մէջ հիւրընկալեց Քանատայի զբօսաշրջութեան, պաշտօնական լեզուներու եւ Ֆրանսախօսութեան նախարար Մելանի Ժոլին: Հանդիպման ընթացքին նախարարը գնահատեց ՀՕՄ-ի բարեսիրական գործունէութիւնը` Քանատայի տարբեր քաղաքներու մէջ եւ առ ի զօրակցութիւն կազմակերպութեան աշխատանքներուն` 25 հազար տոլարի պետական նպաստի փոխանցում կատարեց, որ պիտի տրամադրուի ՀՕՄ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի «Տարեցներու կողմէ հայ մշակոյթի եւ արուեստի ուսուցում նորահաս սերունդին» ծրագրին:
Հանդիպման ընթացքին նախարար Ժոլի պատմեց նաեւ ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովին առիթով Հայաստան իր այցելութեան մասին:
Ֆրանսա
Արամ Շահպազեանի «Մոսկվիչ, Իմ Սէր» Ժապաւէնին Անդրանիկ Ցուցադրութիւնը
23 յունուարին «Սեն Անտրէ տէ զ՛ար» շարժանկարի սրահին մէջ ներկայացուեցաւ Արամ Շահպազեանի «Մոսկվիչ, իմ սէր» ժապաւէնը` ներկայութեամբ գլխաւոր դերասանուհի Հիլտա Օհանի եւ ժապաւէնի բեմագրութեան հեղինակներ Լեւոն Մինասեանի եւ Էսթեր Մաննի: Ժապաւէնին մէջ ներկայացուած է տարբեր Հայաստան մը` գիւղական, գաւառային եւ մոռցուած Հայաստանը: Հայաստանը, այնպէս` ինչպէս որ է՛, ո՛չ արեւմտականացած երեւանեան Հայաստանը, ա՛յն, ուր ժողովուրդը բոլորովին այլ պայմաններու տակ կ՛ապրի` տնտեսական, նիւթական, ընկերային եւ զարգացման ամէնէն տարրական միջավայրի մը մէջ:
Այս պատմութեան ետին կը ներկայացուին գիւղական կեանքը, գիւղացիներուն միջեւ յարաբերութիւնները, անոնց դիրքորոշումը, կեցուածքը` Ազրպէյճանէն գաղթած զոյգի մը նկատմամբ: Ժապաւէնին մէջ կը տեսնենք կաշառակերութեան երեւոյթներ, այլամերժութեան տեսարաններ:
«Մոսկվիչ, Իմ Սէր» ժապաւէնը տակաւին Հայաստանի մէջ չէ ցուցադրուած, հակառակ անոր որ մասնակցած է աշնան տեղի ունեցած «Ոսկէ ծիրան» փառատօնին եւ մրցանակ շահած է: Նկատելով Հայաստանի մէջ շարժանկարի ցուցադրութեան համակարգի չգոյութիւնը, ժապաւէնին արտադրիչը` Արա Ափրիկեան, նախքան Հայաստանի մէջ ցրւումը` նախաձեռնած է Ֆրանսայի մէջ շուկայական ցուցադրութեան:
Դանիա
Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Դասընթացք
Դանիոյ Հելսինքի համայնքի աւագ դպրոցի ուսուցիչ Մարթին Թորպէորն Քնուտսընին, աջակցութեամբ Դանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, վերջերս դպրոցի 90 աշակերտներու համար կազմակերպեց Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յատուկ դասընթացք մը, որուն մեկնարկին Մարթին Քնուտսըն աշակերտներուն ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան պատմութիւնը` շեշտելով երիտթուրքերուն կողմէ հայերու ծրագրային ոչնչացման դրդապատճառներուն եւ Ցեղասպանութեան հետեւանքներուն վրայ: Քնուտսըն անդրադարձաւ նաեւ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն` Հայոց ցեղասպանութեան հետեւողական ժխտման քաղաքականութեան եւ ցեղասպանութիւններու գիտակցման ու ընդունման կարեւորութեան` իբրեւ ապագայ սերունդներու երկխօսութեան ու համերաշխութեան երաշխիք:
Դասընթացքին, իբրեւ հիմնական դասախօսներ, հրաւիրուած էին դանիացի պատմաբան եւ համեմատական ցեղասպանագիտութեան մասնագէտ Մաթիաս Պէորնլունտը եւ Դանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Ալեքսանդր Արզումանեանը: Յայտնենք, որ Մաթիաս Պէորնլունտը հեղինակն է «Հայոց ցեղասպանութիւն. սկիզբէն մինչեւ վերջ» գիրքին, որ տպագրուած է 2013-ին, դանիերէնով եւ լայն արձագանգի արժանացած է Դանիոյ հասարակական, քաղաքական եւ գիտական շրջանակներու մէջ:
Լիթվիա
Կոմիտաս Վարդապետի 150-ամեակին Նուիրուած Համերգ
Վերջերս Վիլնիւսի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Կիւրճիեւ» համոյթին համերգը` նուիրուած Կոմիտաս վարդապետի 150-ամեակին:
Լիթվիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Մկրտչեանը իր բացման խօսքին մէջ ներկայացուց «Կիւրճիեւ» համոյթի ստեղծագործական ուղին եւ համաշխարհային երաժշտարուեստին մէջ անոր ունեցած ձեռքբերումները: Դեսպան Մկրտչեանը նշեց, որ համերգը նուիրուած է հայոց ազգային երաժշտագիտութեան հիմնադիր Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին, որ ընդգրկուած է նաեւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի հռչակաւոր մարդոց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու 2018-2019 տարեշրջանի օրացոյցին մէջ: Ան նկատել տուաւ նաեւ, որ դեսպանութիւնը ամբողջ տարուան ընթացքին պիտի կազմակերպէ Կոմիտասի 150-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներ, որուն առաջինն է սոյն ձեռնարկը:
Այնուհետեւ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Լեւոն Իսկէնեանը:
Համերգին ընթացքին հնչեցին Կոմիտասի, Կիւրճիեւի եւ այլ երաժիշտներու ստեղծագործութիւններէն կտորներ:
Ինտոնեզիա
Հայաստանի Զբօսաշրջային Գրաւչութիւններու Ներկայացում
2 փետրուարին «Անթարա» լրատուական գործակալութեան պատկերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստան. առասպելներու երկիր» խորագիրը կրող լուսանկարներու երկշաբաթեայ ցուցահանդէսին փակումը, որուն շրջագիծին մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը եւ «Անթարա» լրատուական գործակալութիւնը միասնաբար կազմակերպած էին հանդիպում-քննարկում` Ինտոնեզիայի աւելի քան 50 զբօսաշրջային ընկերութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ լուսանկարիչ լրագրողներուն հետ:
Ձեռնարկին ելոյթ ունեցաւ Ինտոնեզիոյ զբօսաշրջային միութեան Ճաքարթայի մասնաճիւղի նախագահ Ռեւալինօ Թոպինկը:
Քննարկման սկզբնաւորութեան ցուցադրուեցաւ Հայաստանի զբօսաշրջային գրաւչութիւնները ներկայացնող տեսերիզ մը, որմէ ետք Հայաստանի դեսպան Ձիւնիկ Աղաճանեանը, «Անթարա» գործակալութեան լրագրող Աթման Ահտիաթ եւ լուսանկարիչ լրագրող Հերմանիւս Փրիհաթնա անդրադարձան Հայաստանի պատմամշակութային հարուստ զբօսաշրջային ուղղութեան մասին եւ պատասխանեցին ներկաներուն հարցումներուն:
Զուիցերիա
Հայկական Հոգեւոր Եւ Մշակութային Կեդրոնի Բացում
Նախաձեռնութեամբ հայ երիտասարդներու, 10 փետրուարին Զուիցերիոյ Նէօշաթել քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեւոր եւ կրթամշակութային կեդրոնի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Կեդրոնին նպատակն է համախմբել Զուիցերիոյ հայկական համայնքի անդամները, հայապահպանում, նաեւ հոգեւոր արժէքներու, հայոց լեզուի եւ գրականութեան, հայ ժողովուրդի պատմութեան, հայ աւանդական պարերու, երգ-երաժշտութեան ուսուցման, պահպանման եւ տարածման միջոցով տեղւոյն հայ զաւակներուն հայեցի կրթութիւն ու դաստիարակութիւն ջամբել: Կը նախատեսուի նաեւ կեդրոնի սրահին կից գտնուող վարձուած եկեղեցւոյ մէջ ամսուան ընթացքին քանի մը անգամ պատարագ մատուցել:
Նոր Ջուղա
Գնահատանքի Երեկոյ
24 յունուարին Նոր Ջուղայի Հայ մշակութային «Արարատ» միութեան Շահինշահրի մասնաճիւղի կեդրոնատեղիի «Արամ Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գնահատանքի երեկոյ, որուն ընթացքին մեծարուեցան պատկան երեք միաւորներու անդամուհիները:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ մասնաճիւղի վարչութեան նախագահ Արմոնդ Հախնազարեանը, որ անդրադառնալով երէցներու, մարզական եւ մշակութային միաւորներու ունեցած կարեւոր դերակատարութեան միութեան աշխատանքներուն վերելքի եւ զարգացման մէջ` շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին իրենց անշահախնդիր գործունէութեան համար:
Երեկոն շարունակուեցաւ հրաւիրեալներու շնորհակալական խօսքերով, մաղթանքներով եւ խմբային երգերու կատարումներով: