Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Մարտ 7, 2019
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներ

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան Կ՛այցելէ Ազգային Ֆերահեան Վարժարան

Երկուշաբթի, 25 փետրուարին Ազգային Ֆերահեան վարժարանի տնօրէնութիւնը, աշխատակազմը եւ երկրորդական բաժնի աշակերտները վարժարանի «Աւետիսեան» սրահին մէջ ընդունեցին այցելութիւնը ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին, որ Լոս Անճելըս կը գտնուէր իբրեւ բանախօս ՀՅԴ 128-րդ տարեդարձի տօնակատարութեան:

Վարժարանի աշակերտները սրահին մուտքին Եռագոյն դրօշներով դիմաւորեցին հիւրը, որուն կ’ընկերակցէր ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Գօգօ Թոփալեանը, «Ռոստոմ» եւ «Արշաւիր Շիրակեան» կոմիտէութեանց, ինչպէս նաեւ վարժարանի խնամակալ մարմնի եւ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ներկայացուցիչները:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ 12-րդ կարգէն Լուսի Մինասեան, որմէ ետք տարբեր կարգերէն աշակերտներ կատարեցին «Յարգանք քեզ» խմբային արտասանութիւնը, մեներգ մը` «Լռեց ամպերը» խորագիրով, ինչպէս նաեւ խմբային երգ` «Աղբերս ու ես»:

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան հիւրը: Ան, նախ բարձր գնահատեց հայկական վարժարաններու տարած հայապահպանման ծանր աշխատանքը, ապա կարեւորեց անոր դերը սփիւռքի մէջ հասակ առած երիտասարդի մը ինքնութեան ճանաչման եւ հայոց լեզուի ու գրականութեան պահպանման գործընթացին մէջ:

Վերջաւորութեան, ան յորդորեց աշակերտները, մեր պատմութեան էջերը զարդարելու յաղթանակներով:

Կլենտէյլի ՀՕՄ-ի Շաբաթօրեան Հիւրընկալեց Նշանաւոր Լեռնագնաց Արա Խաչատուրեանը

16 փետրուարին ՀՕՄ-ի «Սիփան» մասնաճիւղի «Սալբի Հացպանեան» շաբաթօրեայ վարժարան այցելեց հայազգի նշանաւոր լեռնագնաց եւ վազորդ Արա Խաչատուրեանը:

Ան աշխարհի ամէնէն բարձր գագաթները նուաճած է եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Էվերեսթի վրայ պարզած է եռագոյն դրօշը եւ իբրեւ քրիստոնեայ` զետեղած է Աստուածաշունչը: Իսկ 2018-ին, Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցնելու համար, Մարսէյ քաղաքէն, 11 երկիրներ անցնելով, առաւել քան 3.5 ամիս վազելով հասած է Երեւան:

Խաչատուրեան աշակերտներուն խօսեցաւ դժուարութիւնները կամքով եւ յարատեւ աշխատանքով յաղթահարելու կարեւորութեան մասին` մանրամասնօրէն պատմելով իր լեռնագնացութիւններու արկածախնդրութիւններուն մասին` ցուցադրելով շատ հետաքրքրական երկու տեսերիզներ:

Աշակերտները մեծ խանդավառութիւն ցուցաբերեցին անոր հանդէպ եւ հանդէս եկան բազմաթիւ հարցումներով:

ՀՕՄ-ի «Սիփան» մասնաճիւղի ատենապետ Ժարմեն Միրզախանեանը վարչութեան եւ վարժարանին կողմէ անոր նուիրեց յատուկ ՀՕՄ-ի համար Մայքըլ Արամի ձեռամբ պատրաստուած յուշանուէր մը:

Սոնա Արմէնեան Լեռնագնացութեան Նոր Մրցանիշ Հաստատեց` Աքոնքակուայի Գագաթը Նուաճելով

18 յունուարին Սոնա Արմէնեանը համաշխարհային նոր մրցանիշ մը հաստատեց` հանդիսանալով 70 տարիքը բոլորած առաջին կինը, որ կը նուաճէ Հարաւային Ամերիկայի  բարձրագոյն լեռը` Աքոնքակուայի գագաթը, 16 ժամ տեւած տքնաջան եւ խիստ ցուրտ պայմաններու տակ իրականացած արշաւէ մը ետք:

22.841 ոտք բարձրութեամբ լեռը մէկն է «7 քոյրեր» անուանումին արժանացած խմբակին, որուն մաս կը կազմեն իւրաքանչիւր ցամաքամասի բարձրագոյն լեռները:

Սոնա Արմէնեան այսպիսով նուաճած է երեք «քոյրեր»` Աքոնքակուան միացնելով արդէն իսկ իր ցանկին վրայ գտնուող Ափրիկէի բարձրագոյն գագաթին` Քիլիմանճարոյին եւ Եւրոպայի բարձրագոյնին` Էլպրուսին: 2016-ին ան նաեւ հանդիսացած էր Մեքսիքայի բարձրագոյն լեռը` Օրիզապան (18.491 ոտք) նուաճած ամենատարեց կինը:

Յայտնենք, որ Սոնա Արմէնեանը Հայ լեռնագնացներու միութեան (որ լուծարուեցաւ անցեալ ամառ) հիմնադիրներէն էր եւ աւելի ուշ` «Հայկական լեռնագնացութիւն եւ աւելին» կազմակերպութեան: Շարք մը այլ լեռներու կողքին, ան իր ամուսնոյն հետ նուաճած է նաեւ Արարատի գագաթը, իսկ ամոլին զաւակը` Սարոն, իրենց ընկերացած էր Քիլիմանճարոն նուաճելու առաքելութեան ընթացքին: Ան լեռնագնացութեան սէրը փոխանցած է նաեւ իր թոռնիկներուն: Արդարեւ, Սարին եւ Շանթ Արմէնեանները, երբ յաջորդաբար 9 եւ 12 տարեկան էին, հանդիսացած էին Միացեալ Նահանգներու բարձրագոյն լեռներէն մէկը հանդիսացող Քալիֆորնիոյ Ուիթնի լերան գագաթը (14.505 ոտք) նուաճած առաջին հայ քոյր-եղբայր զոյգը:

Աւստրալիա

Ծայրագոյն Պատրիարք Եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի Այցելութիւնը Սիտնի Եւ Մելպուռն

1-11 փետրուարին Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ. այցելեց Սիտնի եւ Մելպուռն:

2 փետրուարին վեհափառ հայրապետը առաւօտուն Ս. Յարութիւն առաջնորդանիստ մայր եկեղեցի, իսկ յետմիջօրէին` Արեւմտեան Սիտնիի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցի, «Հրաշափառ»-ով եւ աղ ու հացի օրհնութեամբ մուտք գործեց եւ կատարեց եկեղեցւոյ երկրպագութեան արարողութիւն, որուն հետեւեցաւ աջահամբոյր: Վեհափառ հայրապետը փայտեայ խաչեր նուիրեց բոլոր հաւատացեալներուն: Աւարտին տեղի ունեցաւ ժողովուրդի հետ հանդիպում:

3 փետրուարին Ս. Յարութիւն մայր եկեղեցւոյ մէջ վեհափառը մատուցեց հայրապետական  պատարագ, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Նիւ Սաութ Ուէյլզի նահանգապետուհի Քլատիս Պերեճըքլեանը, որուն տարած բազմավաստակ աշխատանքին համար վեհափառը զայն պատուեց հայրապետական կոնդակով եւ շնորհեց «Սահակ Մեսրոպ» շքանշան:

Նոյն օրը վեհափառ հայրապետը կատարեց պաշտօնական բացումը նորակառոյց առաջնորդարանին: Իր խօսքին մէջ վեհափառը արքութեան տիտղոս շնորհեց Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի առաջնորդ Հայկազուն եպս. Նաճարեանին` զայն վերանուանելով «Բարձրաշնորհ Տէր Հայկազուն Արքեպիսկոպոս Նաճարեան»: Հանդիսութեան ընթացքին վեհափառ հայրապետը հայրապետական կոնդակով եւ «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» շքանշանով պատուեց առաջնորդարանի գլխաւոր բարերարներ Լորիս եւ Սոնիա Խանճեաններ ամոլը:

Երեկոյեան «Միրամար կարտընզ» պանդոկի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ` ի պատիւ վեհափառ հօր, որուն ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական բարձրորակ յայտագիր:

4 փետրուարին նահանգապետ Քլատիս Պերեճիքլեանը Նիւ Սաութ Ուէյլզի խորհրդարանին մէջ  ճաշկերոյթ տուաւ ի պատիւ վեհափառ հայրապետին: Ճաշկերոյթէն ետք վեհափառ հայրապետը իր շքախումբով ընդունուեցաւ Սիտնիի կաթոլիկ Սէյնթ Մէյրիզ տաճարի հիւրատան մէջ` լուսարարապետ Տոն Ռիչըրտսըն վարդապետին եւ օգնական եպիսկոպոս Ռիչըրտ Ամպըրզի կողմէ: Վեհափառը կատարեց շրջապտոյտ, որուն ընթացքին անոր բացատրութիւն տրուեցաւ տաճարին եւ անոր 200-ամեայ պատմութեան մասին: Վեհափառ հայրապետը նաեւ աղօթք բարձրացուց ազգային ժառանգ համարուող Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին 18 դեկտեմբեր 2018-ին տաճարի մուտքին զետեղուած հայկական խաչքարին, որուն նուիրատուներն են Ստեփան եւ Հիլտա Գրգեաշարեաններ ամոլը:

5 եւ 6 փետրուարին վեհափառը այցելեց Համազգային Արշակ եւ Սօֆի Գօլստըն Ճեմարան եւ ՀԲԸՄ Ալեքսանտր վարժարան, ուր դիմաւորուեցաւ աշակերտութեան, ուսուցչական կազմերուն եւ տնօրէններուն ու հոգաբարձու մարմիններուն կողմէ: Վեհափառ հայրապետը այցելեց նաեւ Հայ հանգստեան տուն, ուր տնօրէնութեան ճաշի հիւրը եղաւ:

Երեկոները վեհափառը առաջնորդարանին մէջ ընդունեց հայկական հոգեւոր, քաղաքական, բարեսիրական, մշակութային, կրթական եւ մարզական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները եւ ունեցաւ սրտբաց զրոյց անոնց հետ:

7 փետրուարին վեհափառը Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ հանդիպում ունեցաւ հայ երիտասարդութեան հետ եւ պատասխանեց անոնց բոլոր հարցումներուն, որոնք ունէին աստուածաբանական, վարչական եւ յարաբերական բնոյթ:

8 փետրուարին կաթողիկոսը առաջնորդարանին մէջ տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին ան լրագրողներուն բացատրութիւն տուաւ Ս. Էջմիածինի տարած աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ Աւստրալիա իր յաջող այցին մասին:

Մամլոյ ասուլիսէն անմիջապէս ետք վեհափառը առաջնորդարանի դահլիճին մէջ ընդունեց մերձաւորարեւելեան եկեղեցիներու Աւստրալիոյ եկեղեցապետները, որոնք եկած էին բարի ճանապարհ մաղթելու վեհափառ հօր եւ իրենց շնորհակալական ու երախտագիտական զգացումները յայտնելու 2018-ի յունիսին վեհափառ հօր զիրենք Ս. Էջմիածնի մէջ ամբողջ մէկ շաբաթ ընդունելուն համար:

Նոյն օրը վեհափառը մեկնեցաւ Մելպուռն` շարունակելու համար իր հովուապետական առաքելութիւնը:

9 փետրուարին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ աջահամբոյր: Նոյն օրը վեհափառը հանդիպում ունեցաւ Ակինեան եւ Մեսրոպ Մաշտոց-Մաթեւոսեան միօրեայ վարժարաններու ուսուցչական կազմերուն, հոգաբարձութեանց անդամներուն, աշակերտութեան եւ ծնողներուն հետ եւ փոքր նուէրներ յանձնեց բոլոր ներկաներուն:

Երեկոյեան վեհափառը եկեղեցւոյ կից սրահին մէջ հանդիպում ունեցաւ Մելպուռնի մէջ գործող հայկական կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներուն հետ:

10 փետրուարին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցեց հայրապետական պատարագ եւ տուաւ իր հայրապետական պատգամը: Պատարագի ընթացքին վեհափառը Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ նուիրեց արծաթեայ սկիհ եւ եկեղեցւոյ հովիւ Խաչեր քհնյ. Յարութիւնեանը պարգեւատրեց արծաթեայ լանջախաչով:

Պատարագի աւարտին վեհափառը կատարեց եկեղեցւոյ բակին մէջ զետեղուած խաչքարին բացման արարողութիւնը, որ կանգնած էր վեհափառ հօր հովուապետական այցելութեան առիթով եւ զայն օծեց սրբալոյս միւռոնով: Խաչքարը նուիրուած է հայաստանաբնակ ճարտարապետ Ռուբէն Ազատեանին կողմէ, քանդակագործն է Լուդովիկ Ղազարեանը:

Երեկոյեան տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ` ի պատիւ վեհափառ հօր, որուն ընթացքին ան տուաւ իր պատգամը եւ աղօթքով ու օրհնութեամբ հրաժեշտ տուաւ ներկաներուն:

11 փետրուարին վեհափառ հայրապետը մեկնեցաւ Մելպուռնէն:

Յովհաննէս Թումանեանի 150-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկներ

Ռուսիա

18 փետրուարին Ս. Փեթերսպուրկի Ազգային գրադարանին մէջ ցուցահանդէսով մը բացումը կատարուեցաւ Յ. Թումանեանի 150-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շարքին: Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին Թումանեանին  նուիրուած հրատարակութիւններ, լուսանկարներ, մասունքներ եւ այլն:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ազգային գրադարանի գլխաւոր տնօրէն Ալեքսանտր Վերշինի: Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Հրայր Կարապետեանը, որ անդրադարձաւ Թումանեանի գրական ժառանգութեան, անոր մարդասիրական- ազգային գործունէութեան:

Ելոյթներով հանդէս եկան նաեւ Ս. Փեթերսպուրկի Ս. Կատարինէ եկեղեցւոյ հիւսիս-արեւմտեան տարածաշրջանին մէջ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հովիւ Պօղոս աբղյ. Վարդանեանը, ռուս մտաւորականներ, գրողներ, Յ. Թումանեանի թոռը եւ այլն:

Աւարտին պարային ներկայացումով հանդէս եկաւ Ս. Փեթերսպուրկի «Նայիրի» պարային համոյթը:

Վրաստան

19 փետրուարին մեկնարկեց Ամենայն Հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի 150-ամեայ տարեդարձին տօնակատարութիւնը, Թիֆլիսի նախկին բնակարանին` ներկայիս վիրահայոց թեմի «Յովհաննէս Թումանեանի տուն» գիտամշակութային կեդրոնին մէջ, ուր տեղի ունեցաւ Թումանեանի պրոնզէ արձանին բացումը: Այնուհետեւ, ըստ տարիներու աւանդութեան, վիրահայ համայնքի անդամները, գրողներ եւ հասարակական գործիչներ, դպրոցականներ այցելեցին Թիֆլիսի հայ գրողներու եւ հասարակական գործիչներու Խոջիվանքի պանթէոն, ուր, վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեանի  նախագահութեամբ, Յովհաննէս Թումանեանի շիրմաքարին մօտ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ ծաղիկներու զետեղում: Այնուհետեւ Վրաստանի խորհրդարանի գրադարանի մեծ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ցուցահանդէս, ուր ցուցադրուած էին թիֆլիսահայ  նկարիչ Թենգիզ Միկոյանցի «Թումանեանի հետքերով» կտաւները: Ապա գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն ընթացքին Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Ռուբէն Սադոյեանը կարդաց նախագահ Արմէն Սարգսեանի շնորհաւորական ուղերձը,  իսկ Վրաստանի նախագահի վարչութեան աշխատակից Քոնսթանթինէ Նացվլիշվիլի  կարդաց Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրաբիշվիլիի շնորհաւորագիրը: Ելոյթ ունեցան նաեւ կարգ մը անձնաւորութիւններ:

Աւարտին շնորհաւորական եւ գնահատական խօսքերով ելոյթ ունեցաւ թեմի առաջնորդ Վազգէն արք. Միրզախանեան, որմէ ետք ան  յուշամետալներ յանձնեց  Հայաստանի  կրթութեան եւ գիտութեան նախարար, Թումանեանի տօնակատարութեան պետական յանձնաժողովի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանին, Վրաստանի խորհրդարանի պատգամաւոր Դաւիթ Ճիճինածէին եւ IDeA հիմնադրամի նախագահ Ռուբէն Վարդանեանի ներկայացուցչին: Առաջնորդը փոխանցեց նաեւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի օրհնութիւնը  եւ շնորհաւորութիւնները Թումանեանի 150-ամեակի ձեռնարկին առիթով:

Վենետիկ

Կոմիտասի Ծննդեան 150-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ

Նախաձեռնութեամբ Մխիթարեան միաբանութեան, 9 փետրուարին Վենետիկի Ս. Մարկոս տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած «Արեւմուտքի, Հայաստանի եւ Վենետիկի ներդաշնակութեան ուղիներով» խորագիրով համերգ կատարողութեամբ Վարեզի սենեկային երգչախումբին, ղեկավարութեամբ Կապրիէլ Կոնտի, մասնակցութեամբ տուտուկահար Արամ Իփեքճեանի եւ երգեհոնահար Ճովաննի Մացցայի:

Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան քահանայապետական պատուիրակ, Թուրքիոյ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ թեմի առաջնորդ Լեւոն արք. Զէքիեանը բարի գալուստ մաղթելէ ետք, ներկաներուն ներկայացուց համերգային ծրագիրը:

Համերգը բաղկացած էր երգչախմբային եւ երաժշտական 15 կտորներէ: Ձեռնարկին աւարտին Վենետիկի պատրիարքը երախտագիտութեան եւ ողջոյնի խօսքեր ուղղեց եւ երաժշտական իրադարձութիւնը կոչեց ոչ թէ պարզապէս համերգ, այլ` հոգեւոր բարձրութեան եւ վերափոխման պահ:

 

 

 

Նախորդը

Անցումային Արդարադատութիւն

Յաջորդը

«Գիտական Ռազմավարութիւն»-ը Եւ Դաշնակցական Երիտասարդը

RelatedPosts

«Անմոռուկ – Հայոց Ցեղասպանութեան Պատմութիւնը Եւ Մոռացութիւնը» Հատորի Շնորհահանդէսը Իտալիոյ Պատգամաւորներու Պալատի» «Փալացցօ Սան Մաչութօ» Շէնքի «Սալա Տել Ռեֆեթթորիօ» Սրահին Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

«Անմոռուկ – Հայոց Ցեղասպանութեան Պատմութիւնը Եւ Մոռացութիւնը» Հատորի Շնորհահանդէսը Իտալիոյ Պատգամաւորներու Պալատի» «Փալացցօ Սան Մաչութօ» Շէնքի «Սալա Տել Ռեֆեթթորիօ» Սրահին Մէջ

Մայիս 12, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Մայիս 8, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Մայիս 6, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?