Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներ
Կոմիտասի Ծննդեան 150-ամեակի Նշում
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Արեւելեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան, Նիւ Եորքի «Քոլումպիա» համալսարանի Հայկական կեդրոնին եւ Հայկական ուսումնասիրութիւններու եւ հետազօտութիւններու միութեան, վերջերս «Քոլումպիա» համալսարանին մէջ նշուեցաւ Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակը:
Օրուան հանդիսավարն էր համալսարանի դասախօս դոկտ. Խաչիկ Մուրատեանը: Երաժշտական յայտագիրով հանդէս եկան երաժիշտներ` Լուսին Մուսայէլեանը (սոփրանօ), Վաղարշակ Օհանեանը (պարիթոն) եւ Արսէն Կետիկեանը (ջութակ), որոնք մեկնաբանեցին Կոմիտասի ստեղծագործութիւններէն:
Օրուան բանախօս «Ֆրենքլըն եւ Մարշըլ» համալսարանի երաժշտական ամպիոնի վարիչ փրոֆ. Սիլվիա Ալաճաճի ներկայացուց Կոմիտասի կեանքն ու գործունէութիւնը` Պոլիսէն Էջմիածին ու Եւրոպա, անդրադառնալով Կոմիտասի ունեցած ոգեղէն ներգործութեան: Ան նշեց, որ Կոմիտասը հայութեան բոլոր հատուածները իրարու միացնող կամուրջ մը եղած է` հաւասարապէս պատկանելով արեւելահայութեան եւ արեւմտահայութեան, ինչ որ բացառիկ իրողութիւն մըն է:
Հանդիսութենէն ետք դոկտ. Խաչիկ Մուրատեանի բնակարանին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի հիմնադրութեան 90-ամեակի եզրափակման եւ արժանաւոր անձերու պարգեւատրման ձեռնարկը:
Համազգայինի Շրջանային վարչութեան կողմէ պարգեւատրուեցան համայնքէն եօթը բազմավաստակ գործիչներ, որոնք քանի մը տասնամեակ շարունակ իրենց ծառայութիւնը մատուցած են Համազգայինին կամ ընդհանրապէս հայ համայնքին. Ազատ Աբրահամեան-Գալայճեան (Նիւ Ճըրզի), Զմրուխտ Մարգարեան-Ստրաուս (Նիւ Եորք), Ճորճ Աղճայեան (Մասաչուսեց), Տիգրան Թնկրեան (Նիւ Ճըրզի), Նուպար Երեմեան (Ֆիլատելֆիա), Արմինէ Մինասեան (Նիւ Եորք) եւ դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան (Նիւ Եորք):
Արեւելեան շրջանի վարչութեան անդամ Մերի-Անն Պոնճուքլեան ելոյթ ունենալով` շնորհաւորեց Համազգայինի յոբելեանը ու բարի երթ մաղթեց միութեան ապագայ գործունէութեան:
Հայաստանի «Փիւնիկ» Միութեան 30-ամեակին Նուիրուած Դրամահաւաքին Ընթացքին Գոյացաւ 16 Հազար Տոլար
10 մարտին «Չեւի Չէյս քանթրի քլապ»-ին հիւրընկալութեամբ տեղի ունեցաւ Հայաստանի հաշմանդամներու «Փիւնիկ» հասարակական միութեան 30-ամեակին նուիրուած դրամահաւաքի ճաշկերոյթը:
Միութեան նախագահ Յակոբ Աբրահամեանը տեղեկութիւններ տուաւ ներկայ ծրագիրներուն եւ ապագայ նախաձեռնութիւններուն մասին, որոնց շարքին է Երեւանի «Փիւնիկ» կեդրոնին վերանորոգութիւնը, որպէսզի անոր 12 սենեակները կարելի ըլլայ երիտասարդ զբօսաշրջիկներու յատուկ պանդոկի մը վերածել` եկամուտի աղբիւր մը ապահովելու նպատակով:
Ճաշկերոյթին ընթացքին նուիրատուութիւններէն գոյացաւ 16 հազար տոլար գումար մը, որ մասամբ պիտի փակէ կազմակերպութեան տարեկան 60 հազար տոլարի ամավարկը, որուն շնորհիւ մօտաւորապէս 500 հաշմանդամներ օժանդակութիւն կը ստանան Երեւանի եւ Գիւմրիի մէջ:
«Փիւնիկ» հասարակական միութեան աջակցելու նպատակով, Վուտլընտ Հիլզի «Թոփենկա» շուկային մէջ գտնուող «Ալեքս եւ Անի» զարդեղէնի խանութը որոշած է 3 մայիսին, երեկոյեան ժամը 5:00-8:00-ի միջեւ վաճառքին 15 տոկոսը նուիրել անոր: «Փիւնիկ» հասարակական միութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար` այցելել www.pyunic.org կայքը:
Ազգային Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի Մեծ Պահքի Ճաշկերոյթը
Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, 13 մարտին Կլենտէյլի «Լեկըսի» ճաշասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային առաջնորդարանի Տիկնանց օժանդակ մարմինին աւանդական Մեծ պահքի ճաշկերոյթը:
Նոյն օրը առաւօտուն առաջնորդը նախագահեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ արեւագալի ժամերգութեան: Օրուան պատգամը տուաւ առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանը, որ նշեց, թէ Մեծ պահքը առիթ է ինքնաքննութենէ անցընելու անձդ եւ առաւել որակաւորելու հոգիդ` աղօթքով:
Տիկնանց օժանդակ մարմինին անունով Վարդուկ Աւետիքեանը օրինակներ տալով, մէջբերումներ կատարեց պահեցողութեան կարեւորութեան մասին` ընդգծելով, որ պահեցողութեան ընթացքին, քրիստոնեան կը փորձէ իր հոգին ու հաւատքը զօրացնել եւ ամրացնել:
Օրուան դասախօս` Մեսրոպեան վարժարանի հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցչուհի Արփի Ճիէրեանը հրաւիրեց ներկաները` Մեծ պահոց շրջանին իրենց հոգեւոր կեանքը նորոգելու պահեցողութեամբ, աղօթքով եւ բարեգործութեամբ:
Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը:
Իր օրհնութեան խօսքին մէջ առաջնորդ սրբազանը անդրադարձաւ քառասնօրեայ պահեցողութեան, որ արթնութեան հրաւէր է մեր աստուածամերձ դիրքը վերականգնելու եւ մեր ներաշխարհը վերակազմակերպելու, աւելցնելով անհրաժեշտ է բոլորիս վերանորոգուիլը: Ան յորդորեց ներկաները` իրենց գործերուն եւ ծառայութեան մէջ ըլլալ արդար, բարի, մաքուր: Սրբազանը շեշտը դրաւ առանց ձանձրանալու աղօթելու կարեւորութեան վրայ, որովհետեւ աղօթքը Աստուծոյ հետ հաղորդութեան մէջ կը դնէ մեզ, եւ անոր կարեկցութիւնն ու քաջալերանքը կը զգանք մեր տխրութեան թէ ուրախութեան օրերուն:
Արմէն Բայբուրդեանի Հանդիպումները
* 10 մարտին Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Բայբուրդեանը հանդիպում ունեցաւ Լոս Անճելըսի մարզի (10,5 միլիոն բնակչութեամբ Միացեալ Նահանգներու ամենամեծ նահանգն է) նորընտիր շերիֆ Ալեքս Վիլանուէվայի հետ եւ շնորհաւորեց զայն պատասխանատու պաշտօնը ստանձնելուն առիթով:
Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի հետ համագործակցութեան, Հարաւային Քալիֆորնիոյ եւ Լոս Անճելըսի հայահոծ կեդրոններու եւ ամերիկահայ համայնքը յուզող հարցերու մասին:
Շերիֆ Վիլանուէվա բարձր գնահատեց Քալիֆորնիոյ հայ համայնքին ներդրումը Միացեալ Նահանգներ տարբեր մարզերու մէջ եւ իր ղեկավարած գերատեսչութեան կողմէ սերտ գործակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնեց հայկական համայնքին հետ: Գլխաւոր հիւպատոսը իր կարգին գոհունակութիւն յայտնեց Լոս Անճելըսի մարզի շերիֆի բաժանմունքի հետ ստեղծուած կառուցողական յարաբերութեան համար եւ խոստացաւ աջակցութիւն ցուցաբերել` ի նպաստ հայ համայնքի իրականացուող ծրագիրներուն: Դեսպանի առաջարկով քննարկուեցան Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան եւ շերիֆի բաժանմունքի միջեւ համագործակցութեան որոշ ծրագիրներ եւ երկու կողմերը պայմանաւորուեցան համատեղ ձեռնարկներու իրականացման համար:
* 5 մարտին Արմէն Բայբուրդեանը ընդունեց Ամերիկայի Հրէական կոմիտէի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի աշխատակազմի ղեկավար Տկանիթ Ապրամոֆին եւ մասնաճիւղի տնօրէնի տեղակալ Սիամաք Քորտեստանին:
Տկանիթ Ապրամոֆ ներկայացուց Ամերիկայի Հրէական կոմիտէին գործունէութիւնը` որպէս Միացեալ Նահանգներու հնագոյն եւ կարեւորագոյն հրէական կազմակերպութիւններէն մին: Հիւրերը պատրաստակամութիւն յայտնեցին համագործակցիլ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան հետ եւ սերտացնել Քալիֆորնիոյ հայկական եւ հրէական համայնքներու միջեւ կապերը:
Արմէն Բայբուրդեան շնորհակալութիւն յայտնեց այցելութեան եւ համագործակցութեան պատրաստակամութեան համար` նշելով հայ եւ հրեայ ժողովուրդներու միջեւ գոյութիւն ունեցող պատմական ընդհանրութիւնները: Ան նաեւ ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցերուն առնչուող Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մօտեցումները, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ներկայ բանակցային փուլը` անդրադառնալով հայ-թրքական յարաբերութիւններուն: Դեսպանը նաեւ կարեւոր նկատեց Քալիֆորնիոյ հայ եւ հրեայ համայնքներու միջեւ սերտ եւ գործնական կապերու հաստատումը եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց օժանդակութիւն ցուցաբերելու այդ գործընթացին:
Լոնտոն
Ցեղասպանութեան Յուշակոթող-Խաչքար Մը` Քենթըրպըրիի Տաճարին Մէջ
2 մարտին Լոնտոնի մէջ Անկլիքան եկեղեցւոյ կեդրոնը հանդիսացող Քենթըրպըրիի տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթող-խաչքարին օրհնութեան արարողութիւնը` ներկայութեամբ Մեծն Բրիտանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան դոկտ. Արման Կիրակոսեանի, Բրիտանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Յովակիմ եպս. Մանուկեանի, Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոս Ճասթին Ուելպիի: Երկու մեթր բարձրութեամբ խաչքարը նաեւ նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն հայութեան մարդասիրական յատկանշական օժանդակութիւն ցուցաբերած Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոս Ռենտըլ Տէյվիտսընի յիշատակին եւ Համաշխարհային Ա. պատերազմի աւարտին: Խաչքարին վրայ կայ քրիստոնէութիւնը` իբրեւ Հայաստանի պետական կրօն ընդունելու թուականը (301) եւ Դանիէլ Վարուժանի «Լոյսը» բանաստեղծութենէն հայերէնով հետեւեալ տողը. «Ու ես կ՛երթամ դէպի աղբիւրը լոյսին»:
Յայտնենք, որ այս նախաձեռնութեան իրականացման իրենց աջակցութիւնը բերած են Ճան Միրտըն, Վարդան Մոսկոֆեան, Լոնտոնի ՀԲԸՄ-ը եւ շարք մը այլ անձնաւորութիւններ:
Մեծն Բրիտանիոյ Մէջ Նոր Նշանակուած Դեսպան Արման Կիրակոսեանին Հանդիպումը` Հայ Համայնքին Հետ
24 փետրուարին, Լոնտոնի Ս. Եղիշէ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած պատարագէն ետք, Մեծն Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի (Միացեալ Թագաւորութեան) թեմի առաջնորդ Յովակիմ եպս. Մանուկեան բրիտանահայ համայնքին ներկայացուց Հայաստանի նոր նշանակուած դեսպան Արման Կիրակոսեանը:
Դեսպանը իր ելոյթին մէջ նշեց, որ համայնքի հայութեան ծանօթ է արդէն 1990-էն ի վեր, երբ Լոնտոնի կեդրոնին մէջ մասնակցած էր Հայոց ցեղասպանութեան 75-րդ տարելիցին նուիրուած բազմամարդ երթին, ուր ինք հրապարակային ելոյթ ունեցած էր: Ապա, 1992-ին, իբրեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի առաջին տեղակալ` Լոնտոնի մէջ ներկայ գտնուած էր Եւրոպայի մէջ Հայաստանի առաջին դեսպանութեան բացման արարողութեան:
Դեսպանը երախտագիտութեամբ անդրադարձաւ Միացեալ Թագաւորութեան մէջ ծառայած Հայաստանի նախկին դեսպաններու ծաւալուն աշխատանքին` ընդգծելով, որ ինք նոյնպէս ջանք պիտի չխնայէ Հայաստան-Մեծն Բրիտանիա յարաբերութիւնները խորացնելու եւ ընդլայնելու համար` այդ գործընթացին մէջ շեշտը դնելով նաեւ հայ համայնքին ու հայկական տարբեր կառոյցներու դերակատարութեան վրայ: Կիրակոսեան յայտնեց, որ Հայաստանի դեսպանութիւնը բաց պիտի ըլլայ համայնքային կառոյցներուն առջեւ:
Նոյն օրը Լոնտոնի «Նաւասարդեան» կեդրոնին մէջ դեսպանը մասնակցեցաւ սումկայիթեան ջարդերու 31-րդ տարելիցին նուիրուած ոգեկոչման արարողութեան, որուն ընթացքին ցուցադրուեցաւ «Սումկայիթ. սովորական ցեղասպանութիւն» վաւերագրական ժապաւէնը:
Կիրակոսեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ ցարդ Սումկայիթի մէջ կատարուած ոճրագործութիւնը համարժէք քաղաքական գնահատականի չէ արժանացած, եւ հայութեան ջանքերը պէտք է ուղղուած ըլլան այդ ողբերգական իրադարձութիւններուն մասին ճշմարտութիւնը Միացեալ Թագաւորութեան քաղաքական եւ հասարակական լայն շրջանակներուն հասցնելու գործին: Այդ հարցին մէջ դեսպանը ընդգծեց համայնքի կառոյցներուն եւ դեսպանութեան միջեւ համագործակցութեան կարեւորութիւնը:









