Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Արամ Մանուկեանին Նուիրուած Ձեռնարկ
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղի «Մուշեղ Իշխան» գրական յանձնախումբին, 2 փետրուարին «Արամ Մանուկեան» ժողովրդային տան «Լեւոն Շանթ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արամ Մանուկեանի մահուան 100-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկը:
Օրուան հանդիսավար, Համազգայինի գրական յանձնախումբի անդամ Նանոր Նալպանտեանը հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու Սուրիոյ նահատակներուն յիշատակը:
Բացման խօսք արտասանեց յանձնախումբի անդամ Անի Դաւիթեան-Ուրիշիկեանը: Ան յայտնեց, որ 20-րդ դարը հայ ժողովուրդին տուած է հայոց ազատամարտի այնպիսի նուիրեալներ, որոնք մեր ժողովուրդի գոյամարտի օրհասական պահերուն ցուցաբերած են ազգային, քաղաքական ու պետական գործիչներու բնորոշ աներեւակայելի կազմակերպչական տաղանդ, նախաձեռնողականութիւն, երկաթեայ կամք ու վճռակամութեան բացառիկ հետեւողականութիւն եւ շրջահայեացութիւն, աւելցնելով, որ նման ազգային ու պետական մտածողութեան տէր գործիչներուն գլխաւորն էր Արամ Մանուկեան: Ան կոչ ուղղեց մեր միտքերուն մէջ վերաթարմացնելով Արամին պատկերը` միշտ վառ պահելու անոր յիշատակը մեր եւ յաջորդ սերունդներու յիշողութեան մէջ:
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ Արամ Մանուկեանի կեանքին նուիրուած տեսերիզ մը, որուն յաջորդեց Արամ Մանուկեանի մասին հանրածանօթ դէմքերու վկայութիւններու ընթերցում:
Օրուան բանախօս Քրիստափոր Հարպոյեանը ներկայացուց Արամ Մանուկեան մարտիկն ու ղեկավարը: Ան ներկայացնելէ ետք Արամի ամփոփ կենսագրութիւնը, անդրադարձաւ Վանի գործունէութեան, Արամի նկարագրային գիծերուն, 1915-ին Վանի յաղթական ինքնապաշտպանութեան շնորհիւ 70 օրուան փոքրիկ պետութեան մը ստեղծման, ապա Արամի Երեւանի գործունէութեան, մայիսեան յաղթանակին բերած իր ներդրումին եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կերտման բերած իր նպաստին:
Կարդացուեցան այս առիթով յանձնախումբին առաքուած շնորհաւորագիրները, որուն յաջորդեց գեղարուեստական յայտագիր:
Օրուան եզրափակիչ պատգամը ուղղեց սրբազան հայրը, որ բարձրօրէն գնահատելէ ետք գրական յանձնախումբը եւ յատկապէս օրուան բանախօսը, այս նախաձեռնութիւնը համարեց ժողովուրդի գիտակցութեան բարձրացման իմաստով անհրաժեշտ հանդիպում մը:
Ռուսիա
Վարդան Խաչատրեան` Ռուսիոյ Տարուան Բժիշկը
31 յունուարին Մոսկուայի մէջ երկրորդ անգամն ըլլալով տեղի ունեցաւ «Փայլուն բժշիկ-2019» ամէնամեայ մրցանակաբաշխութիւնը, որուն ընթացքին պարգեւատրուեցան Ռուսիոյ 15 լաւագոյն բժիշկները եւ առողջապահութեան ոլորտի ներկայացուցիչները:
Տարուան գլխաւոր` «Փայլուն բժշիկ-2019» անուանակարգին մէջ յաղթող ճանչցուեցաւ յայտնի բժիշկ հայազգի Վարդան Խաչատրեանը, որ յաղթեց նաեւ երկու այլ անուանակարգերու մէջ` «Տարուան վիրաբուժ»-ը եւ «Տարուան պլոքըր»-ը:
Բժիշկ Վարդան Խաչատրեանը կազմողական վիրաբուժ է (plastic surgery) եւ առաջատարներէն է գեղագիտական բժշկութեան բնագաւառին մէջ: Անոր հեղինակային նոր մեթոտները ընդունուած են Եւրոպայի եւ Ամերիկայի առաջատար փորձագէտներու կողմէ:
Ատրպատական
Ս. Ստեփանոս Նախավկայի Վանքի Նոր Կանթեղներու Օծում
3 փետրուարին Թաւրիզի Լիլաւա հայաշատ թաղամասի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանի ձեռամբ օծուեցան Ս. Ստեփանոս Նախավկայի վանքի տաճարի նոր կանթեղները, որոնք շուտով պիտի փոխարինեն հիները:
Օծման արարողութեան աւարտին սրբազանը իր քարոզին մէջ վեր առաւ Աստուծոյ խօսքին կենսական կարեւորութիւնը հաւատացեալ մարդու կեանքին մէջ` շեշտելով, որ առանց աստուածային առաջնորդութեան` զուր են մեր ջանքերը եւ մեր մշակած բոլոր ծրագիրները, աւելցնելով, որ առանց անոր առաջնորդութեան` վտանգաւոր է մեր ուղին եւ առանց անոր աջակցութեան` անկարելի է հասնիլ մեր կեանքի նպատակին: Սրբազանը բարձր գնահատեց ժողովուրդին ունեցած սէրը մեր վանքերուն եւ հոգեւոր-մշակութային կոթողներուն հանդէպ:
Թեհրան
«Հայ Մամուլի» Տարուան Առիթով «Անի» Միութեան Այցելութիւնը «Ալիք»-ի Խմբագրատուն
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի 2019 տարին «Հայ մամուլի տարի» հռչակման առիթով 26 յունուարին «Ալիք»-ի խմբագրատուն այցելեցին «Հայ կին» միութեան կից «Անի» միութեան վարչութեան կազմը եւ անդամուհիները:
Հանդիպումի ընթացքին «Ալիք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Դերենիկ Մելիքեանը անդրադարձաւ համայնք-մամուլ անքակտելի կապին եւ ողջունեց միութեան մտայղացումը` նշելով, որ «Ալիք»-ի 80-ամեակի առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներու շարքին եւս «Անի» միութիւնը առաջինն էր, որ շնորհաւորական այցելութիւն տուաւ «Ալիք»-ի խմբագրատուն: Մելիքեանը նշեց, որ նման նախաձեռնութիւնները մեծապէս կը խրախուսեն «Ալիք»-ը եւ կը հարստացնեն այն ոգին, որուն շնորհիւ 88 տարիէ հայ մամուլի կեանքին մէջ ներկայ է «Ալիք»-ը: Մելիքեանը ընդգծեց նաեւ, թէ որպէս համայնքի միակ օրաթերթը` կը փորձեն ջերմ յարաբերութիւններ հաստատել համայնքի միութիւններուն, վարժարաններուն եւ կառոյցներուն հետ, որովհետեւ օրաթերթը կը հարստանայ իր համայնքային կեանքի արտացոլմամբ եւ կը փորձէ լաւագոյնս եւ առանց վրիպումներու արտացոլել եղածը: Ան յորդորեց ներկաները, որ միութիւնները եւս իրենց ձեռնարկներու մասին իրազեկ դարձնեն օրաթերթը եւ համապատասխան թղթակցութիւնները ուղարկեն խմբագրութիւն:
Միութեան վարչութեան նախագահ Նազիկ Մանասէրեանը ընդգծեց, որ «Ալիք»-ը երկար տարիներէ մաս կը կազմէ իր ընտանիքին եւ կարեւոր նկատեց սփիւռքի մէջ 88-ամեայ վաղեմութեամբ օրաթերթին ունեցած դերակատարութիւնը:
Հանդիպումի աւարտին միութիւնը նուիրատուութիւն կատարեց օրաթերթին:
Հոլանտա
Ռոթերտամի Միջազգային Փառատօնի Ծրագիրներէն Մէկը Պիտի Նուիրուի Սերգէյ Փարաճանովին
Ռոթերտամի միջազգային 48-րդ փառատօնի առանցքային ծրագիրներէն մէկը` «Շարժապատկերի տաճարը» պիտի նուիրուի բեմադրիչ Սերգէյ Փարաճանովին, որ 1988-ին առաջին անգամ հրաւիրուեցաւ մասնակցելու Ռոթերտամի փառատօնին:
Փարաճանովին նուիրուած ծրագիրը նախաձեռնած են Ռոթերտամի փառատօնի կազմակերպիչները, Հայաստանի Շարժապատկերի ազգային կեդրոնը եւ բրիտանացի անկախ արտադրող Տենիըլ Պըրթը:
Յայտնենք, որ Ռոթերտամի փառատօնին առանձին ընդարձակ ծրագիրով մը հայկական շարժապատկերի ներկայութիւնը մեծ կարելիութիւն է միջազգային հանրութեան ներկայացնելու հայկական շարժապատկերի արուեստը եւ պատմութիւնը:
Միացեալ Նահանգներ
Քոնկրեսական Ճեքի Սփիրի Հատորի Ներկայացում
13 փետրուարին Հայ դատի «Արամեան տուն»-ին մէջ տեղի ունեցաւ գիրքի իւրայատուկ ներկայացում մը: Արդարեւ, հայկական արմատներով քոնկրեսական Ճեքի Սփիր Հայ դատի վարժողական ծրագիրներուն մասնակցողներուն համար ընթերցումներ կատարեց իր յուշագրութենէն` «Անվեհեր» գործէն:
Oրուան հանդիսավար Յովիկ Աբօ Սաղտճեանի անուան «Քեփիթըլ կէյթուէյ» ծրագիրի վարիչ Թերեզա Երիմեանը ներկայացուց քոնկրեսականը եւ հրաւիրեց զայն:
Սփիր իր օրինակը տալով` կոչ ուղղեց վարժողական ծրագիրի մասնակցողներուն, որ աննկուն կամք ցուցաբերեն իրենց լուման բերելու համար թէ՛ Միացեալ Նահանգներու եւ թէ՛ Հայաստանի բարգաւաճման ջանքերուն, նկատել տալով, որ 1978-ին Ճոնզթաունի մէջ տեղի ունեցած զինեալ միջադէպին, որուն ընթացքին սպաննուած էր քոնկրեսական Լիօ Ռայըն, եւ ինք, որ անոր օգնականներէն մէկն էր, ծանրօրէն վիրաւորուած էր:
Սփիր խօսեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ականազերծման աշխատանքներուն գումարներ ապահովելու իր ջանքերուն մասին:
Ձեռնարկին ներկայ էր «Արամեան տուն»-ի հովանաւորողներէն Սու Արամեանը, որ իր հանգուցեալ քոյրերուն` Մարթայի եւ Մարկոյի հետ տրամադրած էր վարժողական ծրագիրներու ժամանակաւոր բնակարանը հանդիսացող կեդրոնը գնելու գումարը:
Ներկայացման մասնակցեցան նաեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի դեսպան Վարուժան Ներսիսեանը եւ Արցախի ներկայացուցիչ Ռոպեր Աւետիսեանը: Դեսպան Ներսիսեանը ընդգծեց, թէ Հայաստան հպարտ է, որ Սփիրի նման հայրենակիցներ ունի Քոնկրեսին մէջ եւ դրուատեց երիտասարդ գործիչներուն նուիրումը:
Հայկական Վարժարաններու Դէմ Խափանարարութեան Արարքները Դատապարտող Միջկրօնական Հսկումի Արարողութիւն
Երեքշաբթի, 29 յունուարին, Սան Ֆեռնանտօ Հովիտի հայկական երկու դպրոցներ` Ազգ. Ֆերահեան եւ ՀԲԸՄ-ի Մարի Մանուկեան երկրորդական վարժարանները թիրախ դարձան թրքաբարոյ խափանարարութեան, որ միաձայնութեամբ դատապարտումի ենթարկուեցաւ` իբրեւ անհանդուրժողութեան եւ ատելութեան արտայայտութիւն: Արդարեւ, անծանօթ դիմակաւորներ գիշերով թրքական դրօշակներ կախած էին յիշեալ վարժարաններու ցանկապատերուն: Նոյն օրերուն շրջանի հրէական աղօթավայր մըն ալ ատելութեան նմանօրինակ դրսեւորումի մը առարկայ եղած է:
Առ այդ, կազմակերպութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման միացեալ յանձնախումբին եւ մասնակցութեամբ պետական ու ոստիկանութեան պատասխանատուներու եւ մեր համայնքի ներկայացուցիչներուն, երեքշաբթի երեկոյեան Ֆերահեան վարժարանի «Աւետիսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը:
1 փետրուարին վերոյիշեալ վարժարաններու աշակերտութիւնը Ֆերահեան վարժարան հաւաքուեցաւ` կազմակերպելով քայլարշաւ մը, որ կը խորհրդանշէր միասնականութիւն եւ հաւաքական ընդդիմութիւն:
4 փետրուարին, կազմակերպութեամբ Էնսինոյի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փոլ Քորեցի, Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ «Եղիա Սարաֆեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաք մը, որուն ընթացքին զեկուցում տրուեցաւ ծանօթ դէպքերուն շուրջ բացուած քննութեանց արդիւնքին մասին եւ հաղորդուեցաւ, որ հետապնդումները կը շարունակուին:
7 փետրուարի երեկոյեան Էնսինոյի «Աուըր Լէյտի աֆ Կրէյս» կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ միջկրօնական եւ միջհամայնքային հսկումի արարողութիւն մը, որուն նպատակն էր դատապարտել անհանդուրժողութիւն սփռող եւ ատելութիւն սերմանող հակակրօնական արարքները եւ միասնական ճիգերով դէմ դնել հատուածականութեան եւ համայնքներուն սպառնացող վտանգներուն: Ելոյթ ունեցան Րաֆֆի սրկ. Կարապետեանը, իսկ սրբազան հօր անունով` Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեանը:
Գինեձօն Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեանի «Յօդուածներ Աստուածաշնչական Գաղափարներու Եւ Ընկերային Հարցերու Մասին» Հատորին
Հովանաւորութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, 6 փետրուարին Ս. Խաչ մայր եկեղեցւոյ «Թումանեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեանի վերջերս լոյս տեսած «Յօդուածներ աստուածաշնչական գաղափարներու եւ ընկերային հարցերու մասին» հատորին գինեձօնը:
Օրուան հանդիսավար Տիգրան Տէր Սարգիսեանը բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց Միւռոն ծ. վրդ. Ազնիկեանին կենսագրական տուեալները:
Գիրքը ներկայացուեցաւ անգլերէնով: Մովսէս քհնյ. Շաննագեան ներկայացուց հատորին կրօնական նիւթեր շօշափող բաժինը, որ կ՛արծարծէ քրիստոնէական սկզբունքներով առաջնորդուելու պահանջը, ուր կը շեշտուի, որ երբ մանաւանդ կ՛ապրինք արագ զարգացող յարափոփոխ կեանք մը, պէտք է սպառազինուինք Աստուածաշունչի գիտելիքներով եւ իմաստութեամբ` կեանքի դժուարութիւնները դիմագրաւելու եւ զանոնք հաւատքով յաղթահարելու համար:
Ազգային երեսփոխան եւ Ս. Խաչ մայր եկեղեցւոյ հոգաբարձու Պերճ Պապիկեանը աստուածաշնչական մէջբերումներով անդրադարձաւ ընկերային եւ բարոյական հարցերուն, որոնցմով կը տագնապի ժամանակակից մարդկութիւնը, եւ որոնց մէկ բաժինին նկատմամբ տակաւին յստակ կեցուածք չէ ճշդած եկեղեցին:
Գեղարուեստական յայտագիրին մասնակցութիւն բերին Ազգային Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտներէն Թալիա Աւետիսեանը եւ Էվիքա Մելքոնեանը` «Տուն իմ հայրենի» երգով, Ալիք Արթինեանը ասմունքեց Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին հայկական»-ը, Լիլի Գրիգորեանը ներկայացուց մենապար մը, իսկ եկեղեցւոյ դպրաց դասի անդամ-անդամուհիները հանդէս եկան հոգեւոր երգերով ու շարականներով` խմբավարութեամբ դպրապետ Նորայր սրկ. Դերձակեանի:
Այնուհետեւ խօսք առաւ Միւռոն ծ. վրդ. Ազնիկեանը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, ինչպէս նաեւ` հատորի մեկենաս Ժիրայր Քիլեճեանին: Ան նկատել տուաւ, թէ գիրքը, որ համալսարանի նիւթերու հաւաքածոյ մըն է եւ ունի այժմէական նշանակութիւն, արդիւնք է երկար տարիներու ուսումնասիրութեանց եւ բարոյական, ընկերային, աստուածաբանական, եկեղեցական նիւթերու փունջ մըն է:
Աւարտին, առաջնորդ սրբազանը ելոյթ ունենալով, գնահատեց Միւռոն ծ. վրդ. Ազնիկեանը` շեշտելով, որ գիրքը պէտք է կարդալ իբրեւ մարտահրաւէր, որովհետեւ հոն կը գտնուին զանազան հարցերու պատասխանները, որմէ ետք դարձեալ պէտք է հաւաքուիլ միատեղ եւ կլոր սեղանի շուրջ այս նիւթերը քննել ու արծարծել: Սրբազանը ըսաւ, որ այսօր, բոլոր ժամանակներէ աւելի, պէտք ունինք վերանորոգման, եկեղեցին ու ժողովուրդը պէտք ունին ինքնանորոգման, վերանորոգ հաւատքի, նոր ուժի, կորովի ու եռանդի:
Գոռ Ադամեան Քալիֆորնիոյ Մէջ Կը Նշանակուի Ոսկրաբուժական Մարմինի Անդամ
Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի նախագահ Էնթընի Ռենտընի որոշումով, նահանգին Ոսկրաբուժական մարմինի անդամ դարձաւ Գոռ Ադամեանը, որ այդ մարմինին անդամ պիտի մնայ առնուազն մինչեւ 1 յունիս 2021:
Գոռ Ադամեանը ծնած է Երեւան եւ 10 տարեկանին Միացեալ Նահանգներ գաղթած է իր ընտանիքին հետ: Ան ներկայիս տնօրէնն է «Աւիա» խորհրդատուական ընկերութեան, որ գլխաւորաբար կը համակարգէ առողջապահութեան եւ արդի արհեստագիտութեան խաչմերուկին վրայ գործող ընկերութիւններու աշխատանքը` նպատակ ունենալով առողջապահական սպասարկութեանց սակերը նուազագոյն մակարդակի պահել` միաժամանակ բարձրացնելով անոնց որակը: