Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Լեւոն Շառոյեանի «Հայ Գիրի Եւ Մշակոյթի Տարօնցի Սպասաւորներ» Գիրքին Շնորհահանդէսը
Ներկայութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի, «Արամ Մանուկեան» ժողովրդային տան «Լ. Շանթ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գրականագէտ եւ կրթական մշակ Լեւոն Շառոյեանի հեղինակած «Հայ գիրի եւ մշակոյթի տարօնցի սպասաւորներ» նորատիպ հատորին շնորհահանդէսը, հրատարակութեամբ Տարօն-Տուրուբերանի հայրենակցական միութեան:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Կարին Շառոյեան: Ապա, յանուն Տարօն-Տուրուբերանի հայրենակցական միութեան Հալէպի վարչութեան, խօսք առաւ Մակար Մակարեան: Ան ընդգծեց, որ միութիւնը այսօր լոյս կ՛ընծայէ այս արժէքաւոր գիրքը, որպէսզի նոր սերունդը ծանօթանայ մեր անցեալին ու պատմութեան, եւ հայերէն խօսքն ու շունչը երբեք չդադրին հնչելէ մեր զաւակներուն շրթներէն:
Այնուհետեւ Միացեալ Նահանգներէն եւ Լիբանանէն ողջոյնի սրտաբուխ առցանց խօսքեր ուղղեցին տարօնցիներ` Րաֆֆի Մարտիրոսեան եւ Սեւան Կարապետեան:
Օրուան բանախօս Համազգայինի Հալէպի Հայագիտական հիմնարկի շրջանաւարտ Նայիրի Ազարիկեան-Արոյեան վեր առաւ նորատիպ հատորին խորքային արժէքը` հանդիսականներուն հետ բաժնելով իր տպաւորութիւնները: Ան նշեց, որ նորատիպ հատորը ամբողջութեամբ ձօնուած է պատմական Հայաստանի Տուրուբերան նահանգին ու Տարօնի աշխարհին, ինչպէս նաեւ` այդ սուրբ հորիզոնին կառչած այն մեծերուն, որոնք իրենց կեանքով, ստեղծագործութեամբ եւ անձնուէր վաստակով անգնահատելի ծառայութիւն մատուցած են հայ մշակոյթի պահպանումին ու ծաղկումին:
Անդրադառնալով գիրքի բաժիններուն եւ Լեւոն Շառոյեանի մշակութանուէր առաքելութեան` Արոյեան հաստատեց, որ հեղինակը երկար տարիներու մանրակրկիտ հետազօտական աշխատանքով, բեկոր առ բեկոր հաւաքած է ցրուած պատառիկները` զանոնք միահիւսելով ամբողջական պատմութեան մը հետ, հաստատելով, որ հատորը կարելի է արդարօրէն նկատել Տարօնի աշխարհին նուիրուած յատուկ յուշամատեան մը:
Այս առիթով սրտի խօսքով հանդէս եկաւ գիրքի հեղինակ Լեւոն Շառոյեան, որ անդրադառնալով գիրքի ստեղծման դրդապատճառներուն` գնահատեց Ցեղասպանութենէն ետք հայրենակցական միութիւններուն կատարած վիթխարի աշխատանքը, որոնք հերթաբար հրատարակեցին իրենց գաւառներուն պատմագիրքերը, յուշամատեանները, կորուստէ փրկելով Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ պատմական ժառանգութիւնը: Հեղինակը կոչ ուղղեց վերաշխուժացնելու հայրենակցական միութիւններուն գործունէութիւնը, որովհետեւ անոնք, բարեսիրական իրենց աշխատանքին կողքին, արժէքներ պահպանելու կարեւոր դերակատարութիւն ունին:
Աւարտին սրբազան հայրը ջերմօրէն գնահատեց հրատարակող միութիւնն ու հեղինակը` հաստատելով, որ մենք հարուստ պատմութիւն ունեցող ժողովուրդի զաւակներ ենք:
Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ հատորին գինեձօնը:
Պոլիս
Հայաստանէն Մտաւորականներու Այցելութիւնը
* 12 հոկտեմբերին «Մարմարա»-ի խմբագրատուն այցելեցին` Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական համալսարանի «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի հիմնադիր տնօրէն, հայ նոր եւ նորագոյն գրականութեան ու դասաւանդութեան ամպիոնի վարիչ փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեան, Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան եւ բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու «Սփիւռք» կեդրոնի ղեկավար Քնարիկ Աբրահամեան եւ Զարեհ Խրախունիի զաւակները` Նորան ու Յարոն: Պատուիրակութիւնը Պոլիս ժամանած էր մասնակցելու Զարեհ Խրախունիի ծննդեան հարիւրամեակի հանդիսութեան:
* Նոյն օրը հիւրերը այցելեցին Սահակ Բ. պատրիարքին` ընկերակցութեամբ Յարութիւն վրդ. Տամատեանի, Յարօ Ճիւմպիւշեանի եւ Նորա Համբարձումեանի:
Անոնք պատրիարքին յանձնեցին հարիւրամեակ-գրական գեղարուեստական գիշերուան հրաւիրագիրը, ինչպէս նաեւ` Խրախունիի հարիւրամեակին առիթով Երեւանի մէջ Համազգայինի կողմէ լոյս տեսած հատորէն օրինակ մը:
Պատրիարք հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրերուն եւ յարգանքով յիշեց Զարեհ Խրախունին, որ ընդհանրապէս հայ գրականութեան եւ մասնաւորապէս պոլսահայ գրականութեան վրայ իր անջնջելի կնիքը դրած է:
* Հիւրերը այցելեցին նաեւ Մխիթարեան վարժարան եւ ծանօթացան վարժարանի ներկայ կեանքին, հանդիպեցան աշակերտութեան ներկայացուցիչներուն հետ, հարցազրոյց ունեցան «Նոր Մեղու» դպրոցական հանդէսին եւ իրենց տպաւորութիւնները արձանագրեցին պատուոյ տոմարին մէջ:
Նշուեցան Նատիա Գօչունեանի Կրկնակ Տարեդարձները
Հովանաւորութեամբ Սահակ Բ. պատրիարքին, նախաձեռնութեամբ «Ժամանակ» օրաթերթին, 27 սեպտեմբերին Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ժամանակ» օրաթերթի հրատարակութեան տնօրէն Նատիա Գօչունեանի ծննդեան 75-ամեակին եւ լրագրական գործունէութեան 45-ամեակին նուիրուած մեծարանքի հանդիսութիւն մը, որ կազմակերպուած էր Արէտ եւ Մոնիք Երկանեան ամոլին եւ Նիւ Եորքէն Հիլտա Պիոսեան-Շէշէթեանի խրախուսանքով:
Մեծարեալի Էսայեան վարժարանի դասընկերուհիներուն անունով սրտի խօսք արտասանեց Սաթենիկ Նշան: Այնուհետեւ Յովակիմ վրդ. Սերովբեան կարդաց Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի շնորհաւորականը: Ապա ցուցադրուեցաւ Տիգրան Պասկեւիչեանի կողմէ պատրաստուած «Կեանքի ժամանակ. Նատիա Գօչունեան» տեսերիզը, որուն յաջորդեց Պասկեւիչեանի ողջոյնի խօսքը: Հանդիսութեան ընթացքին պաստառի վրայ ցուցադրուեցան Նատիա Գօչունեանի կեանքէն դրուագներ:
«Ժամանակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան իր ելոյթին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք կազմակերպչական աշխատանքներուն մէջ ունեցած էին իրենց բաժինը: Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր Այլին Գօչունեան մեծարեալին յանձնեց յուշանուէր մը:
Այնուհետեւ սրտի եւ շնորհակալութեան խօսքով հանդէս եկաւ մեծարեալ Նատիա Գօչունեան:
Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան Պոլսոյ երեսփոխան տոքթ. Սեւան Սվաճըօղլու շնորհաւորեց մեծարեալը եւ յանձնեց Թուրքիոյ Ազգային Մեծ ժողովի նուէր յուշապնակը:
Աւարտին Սահակ Բ. պատրիարքը գնահատեց մեծարեալը եւ դրուատեց զայն` փոխանցելով հայրական օրհնութիւններն ու բարեմաղթանքը:
Քանատա
Օթթաուա
Սիրանուշ Սահակեան Արծարծեց Հայ Ռազմագերիներու Հարցը
Մարդու իրաւունքներու պաշտպան եւ իրաւաբան Սիրանուշ Սահակեան 7-8 հոկտեմբերին Օթթաուայի մէջ շարք մը հանդիպումներ ունեցաւ Քանատայի կառավարութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու, խորհրդարանականներու եւ արտաքին գործոց նախարարութեան պատասխանատուներու հետ` արծարծելով Պաքուի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու ճակատագիրը, անոնց իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներն ու միջազգային իրաւական գործընթացները:
Այցելութեան առանցքային հանդիպումներէն մէկը տեղի ունեցաւ Քանատայի արտաքին գործոց նախարարութեան (Global Affairs Canada) պատասխանատուներուն հետ, ուր Սահակեան ներկայացուց հայ գերիներու նկատմամբ իրականացուող իրաւախախտումները, Պաքուի մէջ ընթացող դատական գործընթացներուն վերաբերող մտահոգութիւնները եւ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին առջեւ տարուող իրաւական աշխատանքները:
Օթթաուայի մէջ Սահակեան հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Քանատայի միջազգային զարգացման պետական նախարար Ռանտիփ Սարայիի, Պահպանողական կուսակցութեան արտաքին յարաբերութիւններու հարցերու պատասխանատու երեսփոխան Էրիք Տանքընի, Քանատայի խորհրդարանի Միջազգային մարդու իրաւունքներու ենթայանձնախումբի նախագահ երեսփոխան Ֆայսալ Խուրիի եւ երեսփոխան Կառնեթ Ճենիսի հետ: Հանդիպումներուն ընթացքին յատուկ ուշադրութիւն դարձուեցաւ Ազրպէյճանի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ գերիներու ազատ արձակման անհրաժեշտութեան, անոնց նկատմամբ միջազգային իրաւունքի երաշխիքներու յարգումին, ինչպէս նաեւ գերիներու եւ անոնց ընտանիքներու իրաւունքներու պաշտպանութեան: Քննարկուեցան նաեւ միջազգային իրաւական ատեաններու մէջ ընթացող գործերը եւ այն միջոցները, որոնց ճամբով Քանատան կրնայ շարունակել իր ուշադրութեան կեդրոնին պահել այս հարցը:
Սահակեանի Օթթաուա այցելութեան ընթացքին իրեն ընկերակցեցան Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի պատասխանատուներ Յովիկ Թիւֆէնքճեան եւ Շահէն Միրաքեան, ինչպէս նաեւ` գրասենեակի հաղորդակցութեան բաժնի տնօրէն Լորիկ Քորաճեան:
Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի համագործակցութեամբ կազմակերպուած այս հանդիպումները մաս կը կազմեն հայ գերիներու հարցը քանատական քաղաքական եւ դիւանագիտական շրջանակներու օրակարգին վրայ պահելու, միջազգային իրաւական աշխատանքներուն զօրակցելու եւ Պաքուի մէջ պահուող հայորդիներու ազատ արձակման ուղղութեամբ հետեւողական աշխատանքը շարունակելու ճիգերուն:
Մոնրէալ
8 հոկտեմբերին Սիրանուշ Սահակեան Մոնրէալի Հայ կեդրոնին մէջ հանդիպեցաւ Քեպեքի հայ համայնքի անդամներուն` ներկայացնելով Պաքուի մէջ ապօրինաբար կալանաւորուած հայ գերիներու հարցը, անոնց դէմ ընթացող դատական գործընթացները եւ միջազգային իրաւական հարթակներու վրայ տարուող աշխատանքը:
Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբին եւ Հայ իրաւական կեդրոնին կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի հաղորդակցութեան տնօրէն Լորիկ Քորաճեան:
Իր զեկոյցին ընթացքին Սահակեան անդրադարձաւ Պաքուի մէջ հայ գերիներուն դէմ ընթացող քաղաքականացուած դատավարութիւններուն, արդար դատաքննութեան երաշխիքներու բացակայութեան, պաշտպանութեան իրաւունքի սահմանափակումներուն եւ կալանքի պայմաններուն:
Ան նաեւ ներկայացուց Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին առջեւ շարունակուող գործերը եւ միջազգային այլ հարթակներու վրայ տարուող աշխատանքը` հայ գերիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ Ազրպէյճանի պատասխանատուութեան արձանագրման ուղղութեամբ:
Սահակեան նաեւ մանրամասնեց գերիներու գործերուն մէջ արձանագրուած շարք մը խախտումներ` փաստաբաններու հասանելիութեան սահմանափակումներէն մինչեւ ընտանիքներու հետ կապի խոչընդոտներ եւ քաղաքացիական անձերու նկատմամբ զինուորական դատարաններու կիրարկում, նաեւ ներկայացուց, թէ այս խախտումները ինչպէ՛ս կը փաստագրուին եւ կը ներառուին միջազգային իրաւական գործընթացներու մէջ:
Ապա խօսք առաւ «Հորիզոն Մետիա»-ի գլխաւոր խմբագիր եւ Հայ իրաւական կեդրոնի վարչութեան անդամ Սեւակ Պէլեան, որ անդրադարձաւ գերիներու հարցով հետեւողական աշխատանքի անհրաժեշտութեան եւ Հայ իրաւական կեդրոնի գործունէութեան: Ան շեշտեց, որ իրաւական պայքարին կողքին, կարեւոր են փաստագրումը, միջազգային իրազեկումը եւ հարցը քաղաքական ու հանրային օրակարգին վրայ պահելու աշխատանքը:
Միացեալ Նահանգներ
Հիւսիսային Ամերիկայի Երեք Թեմերու Հոգեւորականաց Համագումար
Նախագահութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմերու առաջնորդներ` Գեղամ արք. Խաչերեանի, Անուշաւան արք. Դանիէլեանի եւ Բաբգէն արք. Թարեանի, Թարգմանչաց տօնի առթիւ 6-7 հոկտեմբերին Լոս Անճելըսի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեւորականաց միջթեմական երկօրեայ համագումար, որուն գլխաւոր թեման էր «Հոգեւոր վերանորոգում` ծառայութեան նոր շունչ», ի հետեւումն Արամ Ա. կաթողիկոսի «2026-Հոգեւոր վերանորոգման տարի» հռչակագիրին:
Ժողովականները իրենց աշխատանքներուն լոյսին տակ անդրադարձան «Տեսիլքէն դէպի առաքելութիւն» եւ «Եկեղեցին այսօրուան մարտահրաւէրներուն դիմաց» առանցքային զոյգ թեմաներուն` յատկապէս քննարկելով, թէ Եկեղեցին ինչպիսի՛ տեսլական եւ ռազմավարութիւն պէտք է որդեգրէ վերածաղկեցնելու համար հոգեւոր կեանքը, նաեւ նոր սերունդի կեանքին մէջ արհեստական բանականութեան ունեցած ազդեցութեան դիմաց` ինչպիսի՛ գործնական քայլեր պէտք է առնէ: Միաժամանակ անոնք արծարծեցին թեմերէն ներս հովուական, ծիսական եւ կարգապահական հարցեր:
Հոգեւոր հայրերը երախտագիտութեան խոր գիտակցութեամբ իրենց հաւատարմութիւնը յայտնեցին Արամ Ա. կաթողիկոսին` ներկայ տագնապալից եւ փոթորկալից աշխարհին մէջ անոր վարած իմաստուն եւ անվեհեր ղեկավարութեան համար, նաեւ իրենց ամբողջական գործակցութիւնը ցուցաբերեցին` ի խնդիր Սուրբ Աթոռի առաքելութեան յաջողութեան եւ յառաջդիմութեան:
Ժողովականները նիստերու կողքին ունեցան աղօթական եւ խորհրդածական պահեր: Համաձայն աւանդութեան, յատուկ հոգեհանգիստ տեղի ունեցաւ երեք թեմերուն մէջ ծառայած ու վախճանած հոգեւորականներու յիշատակին:
Համագումարի ընթացքին Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի աշակերտները ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր:
Անուշաւան Արք. Դանիէլեան Ներկայ Գտնուեցաւ Քասլիքի Համալսարանի Դրամահաւաքի Ձեռնարկին
24 սեպտեմբերին թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեան ներկայ գտնուեցաւ Լիբանանի Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանի շրջանաւարտից դրամահաւաքի ձեռնարկին, կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Ատիպ Քասիսի հրաւէրով: Դրամահաւաքը տեղի ունեցաւ «Նիւ Եորք աթլեթիք քլապ»-ի մէջ: Ներկայ էին` Լիբանանէն ժամանած համալսարանի նախագահը` հ. Ժոզեֆ Մուքարզել, Նիւ Եորքի Լիբանանի ընդհանուր հիւպատոսը` Թալալ Տահեր, եւ աշխարհական ու եկեղեցական բարձրաստիճան այլ հիւրեր: Առաջնորդ սրբազանը շնորհաւորեց հ. Ժոզեֆ Մուքարզելը եւ բարձրօրէն գնահատեց համալսարանի որակաւոր ընթացքը, ուր հայ ուսանողներ եւս յաջողութիւն կ՛արձանագրեն:
Կիպրոս
Նահատակ Զինուոր Բարսեղ Պիպէրեանին Նուիրուած Պուրակի Բացում
Կազմակերպութեամբ Նիկոսիոյ Ստրովոլոս քաղաքապետարանի եւ Կիպրոսի Հայ դատի յանձնախումբին, 3 հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ պուրակի մը բացումը` նուիրուած նահատակ զինուոր Բարսեղ Պիպէրեանի: Պիպէրեան զոհուած էր 16 օգոստոս 1974-ին, թրքական բանակի ներխուժման ժամանակ:
«Հաւատք Եւ Ինքնութիւն–Հայաստանի Պատմութեան Թանգարանի Մասունքներ» Ցուցահանդէսի Բացում
Հովանաւորութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան եւ Կիպրոսի հայոց առաջնորդարանին, 9 հոկտեմբերին Նիկոսիոյ Մակարիոս Գ. արքեպիսկոպոսի հիմնադրամի բիւզանդական թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Հաւատք եւ ինքնութիւն Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի մասունքներ» խորագրով ցուցահանդէսի բացում:
Ցուցահանդէսը կը ներկայացնէ Հայաստանի Պատմութեան թանգարանէն բերուած նշանակալից նմուշներ` ընդգծելով հայ ժողովուրդի հաւատքի, մշակութային ժառանգութեան եւ ազգային ինքնութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող դարաւոր կապը:
Խօսք առին` հիմնարկի ընդհանուր տնօրէնը, Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի տնօրէն դոկտ. Դաւիթ Պօղոսեան, կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան, թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Կոմիտաս արք. Օհանեան եւ Կիպրոսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Իննա Թորգոմեան:
Ցուցահանդէսը պաշտօնապէս բացուեցաւ Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահին անունով` մշակոյթի փոխնախարար դոկտ. Կլէա Հաճիստեֆանու Փափաելինայի կողմէ:
Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը հանրութեան համար բաց պիտի մնայ մինչեւ 9 ապրիլ 2027:




