Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներ
Իզապէլ Պայրագտարեանի Համերգը
Հովանաւորութեամբ թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, կազմակերպութեամբ «Զուարթնոց» մշակութային միութեան, 1 նոյեմբերին Պըրպենքի Սրբոց Ղեւոնդեանց մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Անցեալի երգեր, աղօթքներ եւ օրօրոցայիններ» խորագիրով համերգ` կատարողութեամբ աշխարհահռչակ սոփրանօ Իզապէլ Պայրագտարեանի, ընկերակցութեամբ Էլլի Չոութի` տաւիղ, Ռայօ Ֆուրութայի` սրինգ եւ Մհեր Մնացականեանի` տուտուկ: Համերգին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ միջազգային ճանաչում վայելող նկարիչ եւ տեսարուեստագէտ Գէորգ Մուրատ:
Համերգային յայտագիրը կ՛ընդգրկէր` միջնադարեան հոգեւոր երգեր, մանկական աղօթքներ, ժողովրդական խաղերգներ եւ օրօրոցայիններ: Ներկայացուեցան` Բաղդասար Դպիրի «Զարթի՛ր, Նազելի», Մխիթար Սեբաստացիի «Երանելի Մարիամ» ստեղծագործութիւնները, Յիսուսին նուիրուած օրօրոցայիններ, Կոմիտաս վարդապետի «Մանուկներու Հայր Մեր»-ը, «Եղնիկ», «Աղուէսի խաղը», «Հեքիաթ», «Արեւ», «Սար» եւ այլ մանկական երգերը, Բարսեղ Կանաչեանի «Պճինկօ», «Խաղաղ գիշեր է», «Քուն եղիր, բալաս» ստեղծագործութիւնները, ինչպէս նաեւ հայկական աւանդական երգեր, Միհրան Թումաճանի հաւաքագրած` Պարտիզակի, Տիգրանակերտի, Կեսարիոյ, Ակնի, Խարբերդի եւ Վանի ժողովրդական երգերը:
Աւարտին Յովնան սրք. Տէրտէրեան ուղղեց իր գնահատանքի խօսքը: Ան անդրադարձաւ Իզապէլ Պայրագտարեանի արուեստագիտական վաստակին: Սրբազանը անդրադարձաւ նաեւ ազգային արմատներուն հաւատարիմ մնալու եւ մշակութային ժառանգութիւնը պահպանելու կարեւորութեան:
Արցախի Ի Նպաստ Հաւաք, Լուռ Քայլարշաւ Եւ Մոմավառութիւն Կլենտէյլի Մէջ
8 նոյեմբերին հայ համայնքի անդամները հաւաքուեցան Կլենտէյլի մէջ` մասնակցելու «Միասնաբար` Արցախի համար» հաւաքին, լուռ քայլարշաւին եւ մոմավառութեան` վերահաստատելով իրենց յանձնառութիւնը Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ բանտարկեալներու ազատ արձակման, Արցախի բռնի տեղահանուած ժողովուրդի վերադարձի իրաւունքին եւ Արցախի հայկական ինքնութեան ու ժառանգութեան պաշտպանութեան ի նպաստ:
Կազմակերպուած Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան (ՀԵԴ) Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի վարչութեան կողմէ, հաւաքը տեղի ունեցաւ 9 նոյեմբեր 2020-ի զինադադարի եռակողմանի ստորագրութեան 6-րդ տարելիցի նախօրեակին: Ազրպէյճանական հետագայ շրջափակումը եւ 2023 սեպտեմբերին իրականացուած ռազմական յարձակումը պատճառ դարձան Արցախի հայաթափման:
Հաւաքը սկսաւ Արցախ եւ Պրոտուէյ փողոցներու խաչմերուկին վրայ, ուր մասնակիցները հաւաքուեցան լսելու հայ համայնքային, քաղաքական եւ հոգեւոր ներկայացուցիչներու խօսքերը, ապա լուռ քայլարշաւով ուղղուեցան դէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցի` մոմավառութեան համար:
Արցախի պատմական Դադիվանքի նախկին հովիւ Յովհաննէս քհնյ. Յովհաննիսեան աղօթքով բացաւ հաւաքը: Ներկայիս Հայաստանի Եռաբլուր զինուորական պանթէոնին մէջ ծառայող քահանայ հայրը իրեն հետ բերած էր Դադիվանքի սուրբ խաչը, որ Արցախի հայ քրիստոնէական ժառանգութեան եւ տեղահանուած ժողովուրդին ու իրենց պապենական հայրենիքի միջեւ անխզելի հոգեւոր կապին խորհրդանիշն է:
ՀԵԴ-ի անունով Սաթիկ Սերայտարեան խօսք առնելով` ընդգծեց հայ երիտասարդութեան պատասխանատուութիւնը` շարունակելու պայքարը Արցախի համար եւ ապահովելու, որ անոր ժողովուրդի ճակատագիրը չլքուի:
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին անունով, Վիգէն Սոսիկեան դատապարտեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութիւնը` Արցախի եւ անոր ժողովուրդին հանդէպ իր պատասխանատուութենէն հրաժարելուն համար: Ան ընդգծեց, որ Արցախի համար հայ ազգային պայքարը չի կրնար ստորադասուիլ որեւէ իշխանութեան քաղաքական առաջնահերթութիւններուն:
Լոս Անճելըսի Արցախի պահպանման յանձնախումբի ներկայացուցիչ Ալեոշա Պետրոսեան փոխանցեց տեղահանուած արցախահայութեան ձայնը եւ արդարութեան, ճանաչման ու իրաւունքներու վերականգնման անոնց անդուլ պայքարը:
Կլենտէյլի քաղաքապետ Արտաշէս (Արտի) Քասախեան իր զօրակցութիւնը յայտնեց Արցախի ժողովուրդին: Ան վերահաստատեց սփիւռքի հայ համայնքներուն, յատկապէս Հայաստանէն դուրս ամենամեծ հայաբնակ քաղաքներէն մէկուն` Կլենտէյլի հայութեան հետեւողական պահանջատիրութեան կարեւորութիւնը:
Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ անունով Մովսէս քհնյ. Շաննագեան Հայ եկեղեցւոյ ձայնը միացուց զօրակցութեան եւ ազգային պատասխանատուութեան պատգամին:
Հաւաքէն ետք մասնակիցները լուռ քայլարշաւով ուղղուեցան դէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցի, ուր երեկոն աւարտեցաւ մոմավառութեամբ եւ աղօթքով:
Եկեղեցւոյ բակին մէջ Յովհաննէս քհնյ. Յովհաննիսեան խօսք առնելով` հաստատեց, որ անոնք, որոնք չեն հաւատար եւ չեն պաշտպաներ Արցախի հայ ժողովուրդի իրաւունքները, չեն կրնար իրենք զիրենք հայ կոչել: Ան ընդգծեց, որ Արցախի պաշտպանութիւնը պարզապէս քաղաքական դիրքորոշում չէ, այլ` հիմնարար ազգային եւ բարոյական պատասխանատուութիւն:
Հաւաքէն առաջ, 5 նոյեմբեր թուակիր նամակ մը յղուած էր Ազրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսին` ՀԵԴ-ի եւ ՀՅԴ «Շանթ» ուսանողական միութեան կողմէ: Նամակը կը պահանջէր` ազրպէյճանական կալանքի տակ գտնուող բոլոր հայ պատանդներու եւ ձերբակալուածներու անյապաղ ազատ արձակումը, անկախ այցելութիւններու ապահովումը եւ միջազգային օրէնքին համապատասխան վերաբերմունքի երաշխիքներ:
Վկայակոչելով 9 նոյեմբեր 2020-ի զինադադարի համաձայնագրի 8-րդ կէտը, որ նախատեսուած է ռազմագերիներու, պատանդներու եւ այլ ձերբակալուած անձերու փոխանակում, կազմակերպութիւնները նաեւ իրենց բողոքը կը յայտնէին, որ համաձայնագիրէն վեց տարի ետք Ազրպէյճան բանտարկուած կը պահէ գերիները:
Հաւաքը փաստեց սփիւռքի անսասան վճռակամութիւնը` Արցախը պահելու ազգային օրակարգի առաջնահերթութիւններու շարքին` անկախ Հայաստանի կամ տարածաշրջանի քաղաքական փոփոխուող հանգամանքներէն:
Ալեքս Եւ Լինա Մկրտիչեան Ամոլը 9,6 Միլիոն Տոլարի Իշխանական Նուիրատուութիւն Կատարեցին Ազգային Առաջնորդարանին
6 նոյեմբերին Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, իր կողքին ունենալով Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեանն ու ատենադպիր Էլիզապէթ Պոյաճեանը, Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը իրաւաբան Ալեքս եւ Լինա Մկրտիչեան ամոլին, ներկայութեամբ Արեւմտեան թեմի ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինի ատենապետ Սարգիս Ուրֆալեանի եւ անդամ Էզիտա Եագուպեանի, Ազգ. Շամլեան վարժարանի տնօրէն դոկտ. Թալին Քարկոտորեանի եւ վարժարանի Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ Արթին Ղազարեանի:
Առաջնորդ սրբազան հայրը ուրախութեամբ ողջունեց այցելութիւնը երիտասարդ նուիրատու զոյգին` Ալեքս եւ Լինա Մկրտիչեան ամոլին, որոնք յայտնեցին իրենց պատրաստակամութիւնը` Կլենտէյլի մէջ առաջին ազգային երկրորդական վարժարանի հիմնադրութիւնը ստանձնելու եւ այս նպատակին համար Ազգային առաջնորդարանին կը նուիրեցին 9,6 միլիոն տոլար:
Առաջնորդ սրբազան հայրը երախտագիտութեամբ արտայայտուեցաւ այսպիսի աննախընթաց եւ առատաձեռն նուիրատուութեան, լուսարձակի տակ առաւ նուիրատու ամոլին Ազգ. Շամլեան վարժարանի մէջ ծնողք ըլլալու հանգամանքը` շեշտելով, որ իշխանական այս նուիրատուութիւնը աստուածահաճոյ արարք է եւ Ազգային Շամլեան վարժարանի աշակերտներն ու իրենց ծնողները մեծապէս ուրախացնող ծափահարելի ոստում` դէպի տասնամեակներու երազանքի իրականացում, պարզելով իր միտքը, նաեւ յանուն Ազգ. վարչութեան, ուրախութեամբ արձանագրեց, որ այսուհետեւ, Ազգ. Շամլեան վարժարանի միջնակարգը աւարտող աշակերտներ ոսկեայ առիթը պիտի ունենան իրենց երկրորդական ուսումը շարունակելու Կլենտէյլի առաջին ազգային երկրորդական վարժարանին մէջ` բացատրելով, որ նման կրթօճախի մը կարիքը թէեւ վաղուց ի վեր զգացած էին Արեւմտեան թեմի բոլոր առաջնորդները, իրերայաջորդ Ազգ. վարչութիւնները, Ազգ. Խնամակալ մարմիններն ու շրջանի հայութիւնը, սակայն միայն ներկայիս է, որ տասնամեակներու երազանքը իրականութեան վերածուեցաւ եւ շօշափելի տեսք ստացաւ` շնորհիւ նուիրատու ամոլին:
Շարունակելով խօսքը` սրբազանը նաեւ նշեց, որ Մկրտիչեան ամոլը իր մեծագումար նուիրատուութեամբ յանձնառութիւն կը վերցնէ` նշեալ գումարով Կլենտէյլի մէջ յարմարագոյն հողային տարածք մը կանխիկ գնելու եւ զայն Ազգ. առաջնորդարանի հովանիին տակ դնելու` իբրեւ շրջանի հայութեան ազգային երկրորդական նոր վարժարան, որ պիտի կրէ զոյգին անունը եւ կոչուի` Կլենտէյլի Ազգ. Ալեքս եւ Լինա Մկրտիչեան երկրորդական վարժարան, յօգուտ շրջանի զաւակներու հայեցի եւ ազգային կրթութեան ամբողջացման` որպէս Ազգային Շամլեան վարժարանի բնական շարունակութիւնը, ապա խօսքը ուղղելով վարժարանի տնօրէն դոկտ. Քարկոտորեանի եւ ատենապետ Ղազարեանի` սրբազանը դրուատանքով արտայայտուեցաւ անոնց մասնագիտական պրպտումներուն եւ հետեւողականութեան ու գործին նկատմամբ ունեցած հաւատքին:
Այս առիթով նաեւ Ազգային վարչութեան, Խնամակալ մարմինի եւ Շամլեան վարժարանի պատասխանատուներուն կողմէ հնչեցին գնահատանքի խօսքեր` Մկրտիչեան ամոլին պատմական վիթխարի այս քայլին մասին:
Հանդիպումի աւարտին սրբազան հայրը իրաւաբան Ալեքս Մկրտիչեանին իբրեւ երախտագիտութիւն անոր յանձնեց Արեւմտեան թեմի «Կիլիկեան արծիւ» զարդասեղը:
Շամլեան Ազգային վարժարանի նոր երկրորդական վարժարան մը հիմնելու ծրագիրը` Շամլեանի կրթական ուղին ընդլայնելով ութերորդ դասարանէն անդին` յայտարարուեցաւ Շամլեանի «Blue Ribbon Soiree» հաւաքոյթին ընթացքին, որ տօնախմբեց վարժարանին ստացած «National Blue Ribbon» գնահատագիրը:
«Շամլեան»-ի խնամակալութեան ատենապետ Ալեն Ղազարեան ըսաւ, որ աւելի քան չորս տասնամեակէ ի վեր երկրորդական վարժարան մը ունենալը Շամլեանի համայնքին փայփայած երազը եղած է: Ալեքս եւ Լինա Մկրտիչեաններու այս նուիրատուութիւնը իրականութեան աւելի կը մօտեցնէ այդ տեսլականը` հիմք դնելով հայեցի կրթական անխափան ուղիի մը, որ արմատաւորուած է ուսումնական գերազանցութեան, նորարարութեան, քրիստոնէական հաւատքի եւ հայկական ժառանգութեան վրայ: Մկրտիչեան ամոլին համար այս նուիրատուութիւնը յանձնառութիւն է Շամլեանի հանդէպ, ուր ներկայիս կ՛ուսանին իրենց երեք զաւակները:Ան դիտել տուաւ, որ Մկրտիչեան ամոլը այդ երազին տուաւ արմատ նետելու տեղ մը:
Ծրագրուած երկրորդական վարժարանը, որ նախատեսուած է շուրջ 400 աշակերտներու համար, պիտի զարգացնէ Շամլեանի կրթական ծրագիրը` արդիական ուսումնական միջավայրի մը մէջ: Զարգացող ուսումնական տեսլականը ի մի կը բերէ` արուեստը, գիտութիւնը, մարդկային գիտութիւնները, ձեռներէցութիւնը եւ ճարտարագիտութիւնը: Աշակերտները պիտի ներգրաւուին տարբեր մարզերու մէջ, իրենց գիտելիքները պիտի կիրարկեն իրական մարտահրաւէրներու դէմ եւ պիտի զարգացնեն դատողութիւն, վստահութիւն եւ նպատակասլացութիւն` իրենց ապագան կերտելու համար:
Վարժարանի տնօրէն դոկտ. Թալին Քարկոտորեան ըսաւ, որ իրենք կը նախատեսեն երկրորդական վարժարան մը, ուր աշակերտները կը քաջալերուին ուսումնասիրելու, թէ ո՛վ կրնան դառնալ` միաժամանակ խորապէս կապուած մնալով հայոց լեզուին եւ ժառանգութեան, քրիստոնէական հաւատքին եւ զիրենք առաջնորդող արժէքներուն:
Նոր Ջուղա
Իրանահայ Անուանի Բանաստեղծ Վարանդին Նուիրուած Մեծարանքի Երեկոյ
Նախաձեռնութեամբ Նոր Ջուղայի ՀՄՄ «Արարատ» միութեան Մշակութային միաւորի «Կռունկ» ասմունքի խումբին, 6 նոյեմբերին միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Արեւ» ճամբորդը» խորագրով մեծարանքի երեկոյ` նուիրուած իրանահայ անուանի բանաստեղծ Վարանդին (Սուքիաս Քիւրքչեան):
Օրուան հանդիսավար Կարին Տէր Մարտիրոսեան իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ բանաստեղծ Վարանդը իր գրական եւ հասարակական բազմաբեղուն գործունէութեամբ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ 20-21-րդ դարերու հայ գրականութեան պատմութեան մէջ, աւելցնելով, որ անոր ստեղծագործութիւններուն մէջ միշտ ներկայ է մեր ժողովուրդի անցեալի անմոռաց էջերը թարմ պահելու եւ արդի ու գալիք կեանքը բարւոք տեսնելու հաւատքով մտահոգուած մարդը: Ան ըսաւ, որ Վարանդի գրական ժառանգութիւնը հայրենասիրական գաղափարախօսութեան փունջ մըն է:
Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Աւարտին Նոր Ջուղայի ՀՄՄ «Արարատ» միութեան Կեդրոնական վարչութեան եւ Մշակութային միաւորի վարչութեան նախագահներ Սարօ Պօղոսեան եւ Նայիրի Այվազեան գնահատագիր յանձնեցին Վարանդին, որ իր շնորհակալութիւնը յայտնելով կազմակերպիչներուն` բարձր գնահատեց բոլոր ելոյթները եւ երեկոն իրեն համար յիշարժան անուանեց:
Ատրպատական
«Ակունք» Պարախումբի 40-Ամեակի Եւ «Տաթեւ»-ի 13-Ամեակի Միացեալ Ելոյթ
Նախագահութեամբ Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր արք. Չիֆթճեանի, 5 նոյեմբերին Ազգային առաջնորդարանի «Համազասպ Ոսկանեան» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Թեհրանի «Ակունք» պարախումբի 40-ամեակին եւ Թաւրիզի «Տաթեւ» պարախումբի 13-ամեակին նուիրուած միացեալ ելոյթը` ղեկավարութեամբ պարարուեստի վաստակաշատ գործիչ, գեղարուեստական ղեկավար-բեմադրիչ Կարինէ Մանուչերեանի:
Կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Նայիրի Դիլանեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ հայ մշակոյթի գործիչ եւ տասնամեակներու վրայ փառաւոր առաքելութիւն իրականացուցած Կարինէ Մանուչերեանի նուիրումին:
Այնուհետեւ երկու պարախումբերը երբեմն միացեալ եւ երբեմն առանձին ելոյթներով ներկայացուցին տարբեր պարեր:
Աւարտին Թեմական խորհուրդին անունով եւ առաջնորդ սրբազան հօր ձեռամբ բազմավաստակ Կարինէ Մանուչերեանի յանձնուեցաւ յուշանուէր` թաւրիզեան արծաթը գեղակերտ աշխատանքով քանդակուած առ ի գնահատանք իր քառասնամեայ ծառայութեան:
Սրբազան հայրը այս առիթով իր հրատարակած գիրքերէն յանձնեց պարուսոյցին, իսկ ՀՕՄ-ի վարչութիւնը զայն գնահատեց ոսկեայ դրամանիշներով: Պարախումբի անունով «Ակունք»-ի անուան զարդանախշը նուիրուեցաւ սրբազան հօր եւ շարք մը անձնաւորութիւններու:
Այնուհետեւ օրհնութեան խօսք ուղղեց առաջնորդ սրբազանը, որ պատմական համարեց ներկայացուած ելոյթը, որովհետեւ «Ակունք»-ի հիմնադրութեան 40-ամեակի ելոյթներու բացումը տեղի ունեցաւ Թաւրիզի մէջ, «Տաթեւ» պարախումբի հետ միասին: Ան իր բարձր գնահատանքը յայտնեց գեղարուեստական ղեկավար Կարինէ Մանուչերեանի եւ Նայիրի Դիլանեանի կատարած անշահաբեր, բայց հայ մշակոյթի գոյատեւմանը նպաստող աշխատանքի համար:



