Չորեքշաբթի, 11 նոյեմբեր 2026-ին ՀՕՄ-ի Ուաթըրթաունի Կեդրոնական գրասենեակին մուտքին կայացաւ ազգային բարերար Հրայր Սողոմոնեանի յիշատակի նշանատախտակին բացման արարողութիւնը` ներկայութեամբ հանգուցեալին հարազատներուն` տէր եւ տիկին Յարութ եւ Լենա Սողոմոնեաններու եւ իրենց զաւկին` Ալեքին, տէր եւ տիկին Ժիրայր եւ Հուրի Զաքարեաններու, եւ իրենց դստերքին` Վանիի եւ Լորիի, որոնց շարքին էր նաեւ տէր եւ տիկին Զոհրապ եւ Յասմիկ Թեճիրեաններու դուստրը` Ալիծ, նկատի ունենալով, որ ծնողները յարգելի պատճառներով չէին կրցած ներկայ գտնուիլ:
Արարողութեան ընթացքին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան խօսքը արտասանեց ատենապետ Արուսեակ Մելքոնեան, իսկ հանգուցեալին քոյրը` Հուրի Զաքարեան, արտասանեց Սողոմոնեան ընտանիքին սրտի խօսքը: Տեղին է նշել, որ Ուաթըրթաունի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ պատուակալ հովիւ Անդրանիկ քհնյ.Պալճեան օրհնեց նշանատախտակը եւ արտասանեց «Պահպանիչ»-ը: Ապա «Բաբգէն Սիւն»-ի ակումբին մէջ կայացաւ ընթրիք մը, որուն ընթացքին սրտի խօսքեր արտասանեցին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Անի Քէշիշեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Խաժակ Մկրտիչեան: Ընթրիքին ընթացքին Սողոմոնեան, Թեճիրեան եւ Զաքարեան ընտանիքները յայտարարեցին 30.000 տոլարի նուիրատուութիւն մը` ՀՕՄ-ի կալուածին նորոգութեան նպատակով:
Այս առիթով ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը իր գնահատանքն ու երախտագիտութիւնը կը յայտնէ Սողոմոնեան, Զաքարեան եւ Թեճիրեան ընտանիքներուն, որոնք իրենց մօր` հանգուցեալ ընկերուհի Մանուշակ Սողոմոնեանի հետեւողութեամբ, Հրայր Սողոմոնեանի յիշատակին կատարուած իրենց նուիրատուութիւններով սատար կը հանդիսանան Հայ օգնութեան միութեան:
ՀՕՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ




