Կիրակի, 15 Նոյեմբերին, ջերմ ու տօնական մթնոլորտի մէջ, տեղի ունեցաւ Առաջնորդարանիս Գոհաբանութեան ճաշկերոյթը Terrace on the Park-ի մէջ, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան 20-ամեակին եւ ծննդեան 75-րդ տարեդարձին առիթով։ Առաւօտեան, այս առթիւ, Սրբազան Հայրը պատարագեց ու քարոզեց Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք)։
Ձեռնարկին հանդիսավարութիւնը կատարեց մեթր Արմէն Մորեան։ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութեան գիրը կարդաց Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեան։ խօսք առին Կրօնական Ժողովի ատենապետ՝ Գերպ. Տ. Արտակ Ծ. Վրդ. Արապեան եւ Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ գնդ. Արամ Աարաֆեան։ Գլխաւոր բանախօսն էր Առաջնորդարանի դիւանապետ՝ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան։ Առաջնորդարանի «Զապէլ թագուհի« շքանշանը ստացաւ տիկ. Սիւզըն Չիթճեան-Էրիքսըն։ Տեղի ունեցաւ գեղարուեստկան յայտագիր մը եւ ցուցադրուեցաւ Սրբազան Հօր կեանքին ու գործունէութեան նուիրուած տեսերիզ մը։ Ձեռնարկը փակուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր շնորհակալական խօսքով։











