Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

October 29, 2026
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներ

Նիւ Եորքի Մէջ Մահացած Է Աշխարհահռչակ Դաշնակահար Շահան Արծրունին

Վերջերս Նիւ Եորքի մէջ 83 տարեկան հասակին իր մահկանացուն կնքեց հայ երաժշտական արուեստի միջազգային համբաւի տէր, պոլսահայ անուանի դաշնակահար, երաժշտագէտ, գրող եւ մշակութային գործիչ Շահան Արծրունին: Ան համերգներով հանդէս եկած է աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ` արժանանալով միջազգային երաժշտական շրջանակներու գնահատանքին: Ան ելոյթներ ունեցած էր Նիւ Եորքի «Մեթրոփոլիթըն» թանգարանին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Սպիտակ տան եւ եւրոպական արքունիքներու մէջ: Տարիներ շարունակ համագործակցած էր նաեւ աշխարհահռչակ դաշնակահար եւ երգիծաբան Վիքթոր Պորկէի հետ` մասնակցելով միջազգային համերգային շրջագայութիւններու եւ հեռատեսիլի յայտագիրներու:

Սակայն Արծրունիի գործունէութեան առանձնայատուկ արժէքը այն աշխատանքն էր, զnր կը տանէր հայկական երաժշտութիւնը տարածելnւ եւ nւսnւմնասիրելnւ ուղղութեամբ: Ան մեծ նուիրումով զբաղած էր հայ յօրինողներու ստեղծագործութիւններու հետազօտութեամբ, ձայնագրութեամբ եւ միջազգային հանրութեան ներկայացումով: Կոմիտասի, Խաչատուրեանի եւ բազմաթիւ այլ հայ երաժիշտներու գործերը անոր կատարողական եւ ուսումնասիրական գործունէութեան մէջ առանցքային տեղ գրաւած էին: Արծրունի յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած էր նաեւ հայ կին յօրինողներու ստեղծագործական ժառանգութեան:

Ան սերտ կապեր պահպանած էր Հայաստանի հետ` պարբերաբար այցելելով հայրենիք, համերգներ կազմակերպելnվ եւ երիտասարդ երաժիշտներու հետ աշխատելով: 2026-ի մայիսին եւս այցելած էր Հայաստանի զանազան քաղաքներ` մասնակցելով երաժշտական կրթութեան եւ մշակութային կեանքի զարգացման ուղղուած նախաձեռնութիւններու:

Արծրունի միաժամանակ հեղինակ էր երաժշտագիտական ուսումնասիրութիւններու, յօդուածներու եւ հրապարակագրական գրութիւններու:

Իր բազմամեայ վաստակին համար Շահան Արծրունի արժանացած էր բազմաթիւ պատիւներու եւ պարգեւներու: Արուեստագէտը իր ամբողջ կեանքի ընթացքին մնաց հայկական երաժշտութեան նուիրեալ սպասարկուներէն մէկը` իր արուեստով կամուրջ հաստատելով հայրենիքի, սփիւռքի եւ միջազգային երաժշտական աշխարհին միջեւ:

Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ 60-Ամեակ

* 17 հոկտեմբերին «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 60-ամեակին նուիրուած շքեղ ճաշկերոյթը:

Ճաշկերոյթի բացման խօսքը արտասանեց Զեփիւռ Գասպարեան, որմէ ետք խօսք առաւ հոգաբարձութեան ատենապետ Մաթօ Սենեքերիմեան, իսկ եկեղեցւոյ հովիւ Արցախ քհնյ. Պատոյեան արժեւորեց եկեղեցւոյ անցած ուղին` յիշելով եկեղեցւոյ ընտանիքի բոլոր նուիրեալ անդամներն ու բարեկամները, որոնք կեանքի շարունակականութեան հիմունքով իրենց ժամանակին ստանձնեցին պատասխանատուութիւններ` իրենց նիւթական ու բարոյական ծառայութիւնը հաւատքով եւ սիրայօժար կամքով նուիրելով շրջանի հայութեան հոգեւոր ու ազգային կարիքներու բարելաւման նպատակին, ապա գնահատեց ներկայ կազմին նուիրեալ անդամները, շնորհաւորեց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը` մաղթելով յաղթական նոր վաթսունամեակներ:

Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան իր խօսքին մէջ իր ուշադրութիւնը սեւեռեց Սան Ֆրանսիսքոյի հայ համայնքի կեանքը զարգացման եւ բարելաւման մղող նիւթական եւ բարոյական նուիրուածութեան վրայ եւ գնահատանքով նշեց, որ շրջանի վերջին 60 տարուան կեանքին մէջ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին առանցքային դեր կը կատարէ տեղւոյն հայ համայնքի կազմակերպման եւ բարգաւաճման կարեւոր գործին մէջ` հիմք ունենալով ծառայողներու եւ նուիրեալներու յաջորդական փաղանգներ, որոնք  օրին հիմնեցին հայկական ծուխ ու դպրոց, որպէսզի հայ կեանքը այս ափերուն վրայ ընթանայ համայնքային կենցաղով եւ դառնայ ներկայութիւն` Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու զանազան մարզերէն ներս:

Խօսքը ուղղելով սրահը լեցուցած մեծաթիւ երիտասարդներուն, սրբազանը  համայնքի կեանքէն ներս երիտասարդութեան ներկայութիւնը համարեց կարեւոր գործօն եւ օրհնութիւն:

Երեկոյթի աւարտին, սրբազան հօր ձեռամբ գնահատանքի յատուկ յուշատախտակներ ստացան  Լիօ Տոնեան եւ Օհաննէս սրկ. Պալեան` Սան Ֆրանսիսքոյի հայութեան եկեղեցական ու ազգային կեանքին մէջ իրենց ունեցած ծառայական վաստակի եւ ցուցաբերած նուիրուածութեան համար:

Երեկոյի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր` կատարողութեամբ Ազգ. Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական վարժարանի աշակերտներուն: Ցուցադրուեցաւ նաեւ յոբելեար եկեղեցւոյ եւ համայնքի կեանքին ու գործունէութեան նուիրուած տեսերիզ մը:

* 18 հոկտեմբերին, Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ 60-ամեակին առիթով Գեղամ արք. Խաչերեան մատուցեց ս. պատարագ եւ քարոզեց` վեր առնելով Հայ եկեղեցւոյ ինքնատիպ կողմերը` հայ ժողովուրդի հոգեւոր, ազգային եւ բարոյակրթական կեանքէն ներս եւ ազդեցութիւնը` իրերայաջորդ սերունդներու գոյութենական պայքարին մէջ, դիտել տալով, որ Եկեղեցին շէնք չէ, այլ հայութեան կեանքը հունաւորող առաջնորդ` հաւատքի մէջ, յոյսի աղբիւր` յուսահատութեան պահերու եւ աստուածային սիրոյ շտեմարան:

Աւարտին սրբազան հայրը այցելեց եկեղեցւոյ համալիրին մաս կազմող այն բաժինը, որ մօտիկ անցեալին խափանարարական արարքի պատճառով հրոյ ճարակ դարձած էր, իսկ ներկայիս կը գտնուի վերանորոգման փուլի մէջ, եւ մօտէն տեղեկացաւ կատարուող աշխատանքի ընթացքին ու մանրամասնութիւններուն մասին:

Ոչ Եւս Է Վաստակաշատ Լրագրող Եւ Դաստիարակ Օշին Քէշիշեան

19 հոկտեմբերին 91 տարեկան հասակին իր մահկանացուն կնքեց վաստակաշատ լրագրող, Լոս Անճելըսի «Արմինիըն Օպզըրվըր» շաբաթաթերթի հիմնադիր Օշին Քէշիշեան:

Իր ակադեմական եւ համայնքային բազմաթիւ ձեռնարկներուն կողքին, Քէշիշեան 1969-ին հիմնադրած է «Արմինիըն Օպզըրվըր»-ը եւ եղած` անոր գլխաւոր խմբագիրը: Անգլիատառ այս շաբաթաթերթը կարեւոր դեր խաղցաւ աշխուժ հայ համայնքին կեանքէն ներս` տրամադրելով համայնքային հարցերու անհրաժեշտ լուսաբանութիւն եւ հարստացնելով հայկական լրատուական դաշտը:

Ան դասախօսած է Լոս Անճելըսի քաղաքային համալսարանին (LACC) լեզուներու բաժնին մէջ, որմէ ետք 27 տարի դասախօսած է Կլենտէյլի Համայնքային համալսարանին մէջ:

Ան անդամ էր Ամերիկայի եւ Քանատայի Թէքէեան մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան, ինչպէս նաեւ երկար տարիներ անդամակցած է Լոս Անճելըսի Թէքէեան մշակութային միութեան Արշակ Տիգրանեան վարժարանի հոգաբարձութեան:

Քէշիշեան մաս կազմած է 1968-ին Մոնթեպելլոյի մէջ կանգնեցուած Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանի յանձնախումբին: 1982-ին անոր վստահուած էր Ուիլիըմ Սարոյեանի աճիւններու տեղափոխումը Երեւան, Հայաստան:

Քէշիշեան արժանացած է «Սուրբ Սահակ-Սուրբ Մեսրոպ» շքանշանին` Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. կաթողիկոսի կողմէ:

Քանատա

«Սփիւռք Ինքնութիւն/Այլութիւն» Բ. Հատորի Ներկայացում

Կազմակերպութեամբ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, 15 հոկտեմբերին Լաւալի Հայ կեդրոնի «Պարոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Յակոբ առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ հովիւ Գառնիկ Ա. քհնյ. Գոյունեանի խմբագրած «Բան եւ գիր» մատենաշարի թիւ 12 հրատարակութեան` «Սփիւռք ինքնութիւն/այլութիւն» Բ. հատորին ներկայացումը:

Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Արազ Տունկեան, որ նշեց, թէ գիրքի այդ օրուան վաճառքին հասոյթը քահանայ հայրը պիտի նուիրէ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ: Տունկեան կարդաց նաեւ գիրքը ներկայացնող Կարպիս Մէշէֆէճեանի հակիրճ կենսագրականը:

Այնուհետեւ Մէշէֆէճեան նախ ներկայացուց քահանայ հօր ամփոփ կենսագրական գիծերը, ապա սահիկներու ցուցադրութեամբ` գիրքը:

Խօսելով գիրքին առաջին եւ երկրորդ հատորներուն մասին` Մէշէֆէճեան ըսաւ, որ առաջին հատորը կ’ամփոփէ ինքնութեան եւ սփիւռքի աւանդական հայեացքները եւ ունի հրապարակագրական բնոյթ, իսկ երկրորդ գիրքին յօդուածները կը ձգտին փնտռել ինքնապահպանման մարդկային նոր եզր մը, աւելցնելով, որ Բ. հատորը մտածողական, վերլուծական եւ գիտական է, որ կը պարփակէ իմաստասիրական/փիլիսոփայական յօդուածներ եւ հարցազրոյցներ:

Աւարտին տեղի ունեցաւ հարց-պատասխանի բաժին, ապա` գիրքերու մակագրում-վաճառք:

Անգլիա

Սուրբ Եղիշէ Եկեղեցին Նշեց Իր Օծման 25-Ամեակը Եւ Սուրբ Թարգմանչաց Տօնը

11 հոկտեմբերին Լոնտոնի Սուրբ Եղիշէ հայկական եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր սուրբ պատարագով եւ երեկոյեան հոգեւոր երգերու համերգով նշուեցաւ եկեղեցւոյ օծման 25-ամեակը եւ Սրբոց Թարգմանչաց տօնը:

10 յունիս 2001-ին օծուած Սուրբ Եղիշէ եկեղեցին քառորդ դար շարունակ ծառայած է որպէս հայ համայնքի հոգեւոր տուն` աղօթքի, հաղորդակցութեան եւ նոր սերունդներուն հաւատքն ու ազգային ժառանգութիւնը փոխանցելու սրբավայր: Եկեղեցւոյ ձեռքբերումն ու վերականգնումն իրականութիւն դարձած են Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան ամոլի նիւթական յատկացումով:

Միացեալ Թագաւորութեան եւ Իրլանտայի հայոց թեմի առաջնորդ Յովակիմ եպս. Մանուկեանի հրաւէրով հանդիսաւոր պատարագը մատուցեց Արժանթինի եւ Չիլիի հայոց թեմի առաջնորդ Առէն եպս. Շահէնեանը, որ անցեալին ծառայած է որպէս Սուրբ Եղիշէ եկեղեցւոյ հովիւ:

Իր յոբելենական խօսքին մէջ Յովակիմ եպս. Մանուկեան անդրադարձաւ Սրբոց Թարգմանչաց առաքելութեան  եւ յիշեց հայոց այբուբենի ստեղծումը` Սուրբ Սահակ Պարթեւի եւ Վռամշապուհ թագաւորի աջակցութեամբ, ինչպէս նաեւ` Սուրբ Գիրքի թարգմանութեան եւ դպրոցներու հիմնադրման գործին, շեշտելով, որ այդ թարգմանիչները հայ ժողովուրդին վստահած են թանկագին ժառանգութիւն, որուն շարունակութիւնը այսօրուան սերունդին պատասխանատուութիւնն է: Սրբազանը շեշտեց, որ այս ժառանգութիւնը պիտի փոխանցենք յաջորդ քսանհինգ տարիներուն` մեր հաւատքը ապրելով, իրարու ծառայելով եւ ուրիշներուն տեղ տալով մեր Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ:

Պատարագի ընթացքին Առէն եպս. Շահէնեան կարդաց Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի օրհնութեան եւ գնահատանքի հայրապետական կոնդակը` ուղղուած եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին:

Շնորհաւորական խօսքով հանդէս եկան նաեւ` «Անգլիոյ եկեղեցիները միասին» կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Մայք Ռոյալ եպիսկոպոսը, ռուսական եկեղեցիէն Մաքսիմ Ա. քհնյ. Նիկոլսկի, Անկլիքան եկեղեցւոյ Սաութուորքի թեմէն Ռոզմերի եպիսկոպոսը, Քենսինկթընի եւ Չելսիի քաղաքապետը, Ղպտի ուղղափառ եկեղեցիէն Անգելոս արքեպիսկոպոսը, Ուեսթմինսթըրի արքեպիսկոպոսին անունով` Ճիմ Քըրի եպիսկոպոսը, ինչպէս նաեւ` այլ եկեղեցական եւ համայնքային առաջնորդներ:

Յոբելեանին առիթով շնորհաւորական պատգամներ ուղարկած էին Չարլզ Գ. թագաւորը եւ Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոս Սառան:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ հոգեւոր երաժշտութեան յոբելենական երեկոյ, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Սուրբ Եղիշէ եկեղեցւոյ երգչախումբը` խմբավար Արիս Նատիրեանի ղեկավարութեամբ: Ծրագիրը համախմբեց հայ հոգեւոր երաժշտութեան հարուստ ժառանգութիւնը` Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի եւ Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի ստեղծագործութիւններով, ինչպէս նաեւ` Եկմալեանի, Կոմիտաս վարդապետի, Մէյխանէճեանի եւ Աթայեանի մշակումներով ու գործերով:

Ապա տեղի ունեցաւ պարգեւատրման հանդիսութիւն, որուն ընթացքին  Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» շքանշանը շնորհուեցաւ Վիգէն եւ Ծովիկ Հալաճեան ամոլին` առ ի գնահատանք իրենց տարիներու նուիրեալ ծառայութեան: Յայտնենք, որ երեկոյի ընթացքին առաջին անգամ ներկայացուեցաւ եւ շնորհուեցաւ նաեւ «Սուրբ Եղիշէ» շքանշանը` Միացեալ Թագաւորութեան եւ Իրլանտայի հայոց թեմի անդրանիկ շքանշանը, որուն արժանացան  եկեղեցւոյ, թեմի եւ համայնքի կեանքին մէջ իրենց երկարամեայ նուիրումը եւ ներդրումը ունեցող անհատներ:

Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ Յովակիմ եպս. Մանուկեան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, յատկապէս Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան ամոլին եւ ամբողջ Մանուկեան ընտանիքին` եկեղեցւոյ հիմնադրման եւ անոր կեանքին ցուցաբերած մշտական աջակցութեան համար: Ան նաեւ գնահատանքով անդրադարձաւ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքի անդամներուն, երգչախումբին ու երաժիշտներուն, ինչպէս նաեւ` բոլոր անոնց, որոնք իրենց աշխատանքով եւ ծառայութեամբ իրականութիւն դարձուցած էին տօնակատարութիւնը:

Իրան

Ազգային–Հայկական Պարերու Եւ Երգերու Նուիրուած Ձեռնարկ

Նախաձեռնութեամբ Հայ ուսանողական «Չհարմահալ» միութեան Կեդրոնական վարչութեան, 2 հոկտեմբերին «Յ. Թումանեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ազգային-հայկական պարերու եւ երգերու նուիրուած ձեռնարկ` մասնակցութեամբ «Ակունք» եւ «Կակաչ» պարային համոյթներու եւ Նոր Ջուղայէն հրաւիրուած հանրայայտ ազգային ազգագրական երգերու մեկնաբան Արթին Քէշիշեանի: Յայտնենք, որ «Ակունք» պարային համոյթի գեղարուեստական ղեկավարն ու բեմադրիչն է Կարինէ Մանուչերեան, իսկ «Կակաչ» պարային համոյթի ղեկավարն է Արուս Սարգսեանը, իսկ պարուսոյց-փորձավար եւ բեմադրիչ` Արմինէ Աւագեանը:

Ձեռնարկի հաղորդավար Մարթին Աղանեանս արտասանեց Կեդրոնական վարչութեան խօսքը, ուր անդրադարձաւ ծրագրի նպատակներուն եւ անդրադառնալով ներկայ տնտեսական պայմաններուն` կարեւոր նկատեց միութեան նիւթական կարիքները մասամբ հոգալու նպատակով կազմակերպուած ձեռնարկը:

Այնուհետեւ պարախումբերը եւ երգիչ Արթին Քէշիշեան մերթ ընդ մերթ հանդիսատեսին ներկայացուցին ազգային-հայկական պարերու եւ երգերու շարան:

Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Սերժիկ Հաքեան խօսք առնելով` գնահատեց գեղարուեստական յայտագիրը իրականացնողները` անդրադառնալով միութեան կողմէ իրականացուող շարք մը ծրագիրներուն, որոնց նպատակը ոչ միայն միութիւնը աշխուժ պահել է, այլ` միութեան համար ապահովել նիւթական դիւրութիւններ:

Այնուհետեւ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգսեանի անունով խօսք առաւ Արիստակէս քհնյ. Շահմիրեան: Ան կարեւորութեամբ ընդգծեց հայկական ոգիի սերմանումը նոր սերունդի մէջ` շեշտելով, որ քանի տակաւին հայկականութեան ու ազգային ոգին կը տրոփէ հայ ժողովուրդի եւ ի մասնաւորի նոր սերունդի սրտերուն մէջ, ոչ ոք կրնայ հայու հոգիին մէջէն ջնջել անոր ազգային արժէքները:

Իրաք

Ծանօթացման Այցելութիւններ

21 հոկտեմբերին առաջնորդարանի սրահին մէջ Իրաքի հայոց նորընտիր առաջնորդ Անդրանիկ վրդ. Գէորգեան ծանօթացաւ առաջնորդարանի պաշտօնէութեան, ինչպէս նաեւ Պաղտատի Ազգային վարժարանի եւ մանկապարտէզի ուսուցչական կազմերուն հետ: Հանդիպումին ներկայ էին` Պասրայի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւ Դերենիկ աբղ. Սահակեան, Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Կարապետ Գալուստեանը եւ վարչութեան անդամները:

Հանդիպման ընթացքին հայր սուրբը իր պատգամը յղեց ներկաներուն` շեշտելով աշխատասիրութեան, պատասխանատուութեան եւ նուիրուածութեան կարեւորութիւնը: Ան բոլորին մաղթեց յաջողութիւն, աշխատանքային բեղուն ընթացք եւ արդիւնաւէտ ծառայութիւն:

Յունաստան

Համազգայինի Պարախումբը Հմայեց Փենտելիի Փառատօնին

Կազմակերպութեամբ Փենտելիի քաղաքապետութեան եւ յունական հասարակական միութիւններու, քաղաքին մէջ ընթացող 27-րդ միջազգային բազմամշակութային փառատօնին ծիրէն ներս, Յունաստանի Համազգայինի «Նայիրի» պարախումբը տպաւորիչ ելոյթ մը ունեցաւ Փենտելիի մէջ գտնուող Փլաքենտիասի դքսուհիի պատմական ապարանքին մէջ: Շէնքը, իր իւրայատուկ գեղեցկութեամբ, պատմական եւ մշակութային արժէք ներկայացնող համալիր մըն է, ուր տեղի կ՛ունենան ուշագրաւ մշակութային ելոյթներ:

Փառատօնի յայտագիրին մէջ ընդգրկուած էին պարախումբեր եւ երգչախումբեր, որոնք կը ներկայացնէին` Յունաստանը, Հայաստանը, Մոլտովիան, Վրաստանը եւ Ուքրանիան: Այս շրջագիծէն ներս Համազգայինի պարախումբին ելոյթը յատուկ փայլ մը տուաւ երեկոյին` երանգաւորելով փառատօնին մթնոլորտը: Պարախումբը, ղեկավարութեամբ պարուսոյց Էտկար Էկեանի, ներկայացուց հայկական աւանդական երեք պարեր:

«Յունաստանը` Հայերէնով» Գիրքերու Ցուցահանդէս

Ս. Թարգմանչացի տօնին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 35-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ,  9 հոկտեմբերին Փիրէայի «Լասքարիտիս» հիմնադրամի գրադարանին մէջ Յունաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան կողմէ, գործակցութեամբ «Էքաթերինի Լասքարիտի» հիմնադրամին եւ Երեւանի Մատենադարանին, տեղի ունեցաւ «Յունաստանը` հայերէնով» խորագիրով գիրքերու ցուցահանդէսի բացում:

Ցուցահանդէսը կը ներկայացնէ յունարէն բնագիրներէ հայերէնի թարգմանուած ու հրատարակուած երկերու հարուստ ժառանգութիւնը` հին յունական դասական գրականութենէն մինչեւ մեր օրերը: Ցուցադրութեան դրուած են Մատենադարանի հաւաքածոյէն ընտրուած 38 հրատարակութիւններ, որոնք կը վկայեն աւելի քան 16 դարերու վրայ երկարող հայ-յունական գրական եւ մտաւոր կապերուն մասին: Հին յունական դասական հեղինակներու գործերէն եւ բիւզանդական գրականութենէն մինչեւ նորագոյն ու ժամանակակից յոյն հեղինակներու ստեղծագործութիւնները` ցուցահանդէսը ի յայտ կը բերէ յունական գրականութեան, փիլիսոփայութեան եւ քննական մտածողութեան ազդեցութիւնը հայ մշակոյթի զարգացման վրայ:

Երեկոյի հանդիսավարն էր Անայիս Աքսարէլեան: Խօսք առաւ «Լասքարիտիս» թանգարանի տնօրէն Քոնսթանթինոս Մազարաքիս, որ նշեց ցուցահանդէսի կազմակերպման կարեւորութիւնը` նկատի ունենալով հիմնադրամի Պատմական գրադարանին ունեցած նշանակալից դիրքը Յունաստանի հնատիպ գիրքերու հաւաքածոներուն մէջ: Ան անդրադարձաւ ցարդ հրատարակուած մատեաններուն եւ գնահատեց հայ-յունական գիտական ու մշակութային գործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ` Յունաստանի մէջ նման բնոյթի ցուցահանդէսի առաջին անգամ կազմակերպումը:

Բացման հանդիսութեան գլխաւոր խօսքը արտասանեց Յունաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Տիգրան Մկրտչեան, որ անդրադարձաւ յունական գրականութեան եւ փիլիսոփայական մտքին ունեցած նշանակութեան` հայոց հոգեւոր եւ կրթական ժառանգութեան կազմաւորման մէջ: Ան մասնաւորապէս ընդգծեց թարգմանիչներուն կատարած դերը` իբրեւ մշակոյթներու միջեւ հաղորդակցութեան եւ փոխադարձ ճանաչողութեան կամուրջ:

Մատենադարանի աւագ գիտաշխատողներ եւ թարգմանիչներ Արամ Թոփչեան եւ Գոհար Մուրատեան ներկայացուցին հին յունարէնէն հայերէնի կատարած իրենց թարգմանական աշխատանքները: Մուրատեան լուսարձակի տակ առաւ յունական նորագոյն գրականութեան թարգմանական աշխատանքը: Թեսաղոնիկէէն թարգմանիչ Շամրիկ Խաչատրեան ներկայացուց ժամանակակից յունական գրականութենէն կատարած հայերէն թարգմանութիւնները, որոնք լոյս տեսած են հայրենի հրատարակչական հաստատութիւններու կողմէ:

«Յունաստանը` հայերէնով» ցուցահանդէսը առիթ հանդիսացաւ լուսարձակի տակ առնելու հայ եւ յոյն ժողովուրդներու միջեւ դարերու ընթացքին զարգացած գրական ու մտաւոր փոխանակումները: Մատենադարանի հրատարակութիւններուն եւ պատմական ձեռագիրներուն ներկայացումը միաժամանակ ընդգծեց թարգմանական աշխատանքի շարունակական նշանակութիւնը` իբրեւ երկու ժողովուրդներու մշակութային կապերը պահպանելու եւ նոր սերունդներուն փոխանցելու միջոց: Նշենք, որ ցուցահանդէսը հանրութեան համար բաց պիտի մնայ մինչեւ 10 դեկտեմբեր:

 

 

 

 

Նախորդը

Տարածուած 8 Սխալ Պատկերացումներ Քունի Մասին

Յաջորդը

Վարդագոյն Ժապաւէնը` Կնոջ, Աղջիկներու Եւ Մօր Իրաւունքը

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

October 22, 2026
Փարիզի Մէջ Ներկայացուեցաւ Արցախին Նուիրուած «Նամակներ Դրախտից» Գիրքը
Գաղութէ Գաղութ

Փարիզի Մէջ Ներկայացուեցաւ Արցախին Նուիրուած «Նամակներ Դրախտից» Գիրքը

October 19, 2026
Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի Այցելութիւնը Լիբանանի նոր ընդհանուր հիւպատոսին
Գաղութէ Գաղութ

Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի Այցելութիւնը Լիբանանի նոր ընդհանուր հիւպատոսին

October 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.