Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Հալէպի Մէջ Նշուեցան Մխիթար Աբբահօր Ծննդեան 350-Ամեակը Եւ Մխիթարեան Վարժարանի 90-Ամեակը
Շաբաթ, 31 հոկտեմբերին, Հալէպի մէջ հանդիսաւորապէս նշուեցան Մխիթար Աբբահօր ծննդեան 350-ամեակը եւ Հալէպի Մխիթարեան վարժարանի հիմնադրութեան 90-ամեակը: Մխիթարեան միաբանութեան հովանաւորութեամբ տեղի ունեցած ձեռնարկին կը նախագահէր Միջին Արեւելքի Մխիթարեան առաքելութեան մեծաւոր Մեսրոպ վրդ. Սիւլահեան: Հանդիսութիւնը կազմակերպուած էր վարժարանի տնօրէն Տաթեւիկ Նաճարեան-Հալապիի կողմէ:
Ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան, վեր. դոկտ. Յարութիւն Սէլիմեան, Հայ կաթողիկէ համայնքի ներկայացուցիչ Կոմիտաս վրդ. Տատաղլեան, Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսի պարտականութիւնները կատարող Բաբգէն Պատալեան, ինչպէս նաեւ ազգային, մշակութային, մարզական եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:
Հանդիսութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ վարժարանի ինը տասնամեակներու կրթական եւ մշակութային առաքելութեան: Գեղարուեստական յայտագիրին զուգահեռ ներկայացուեցան վարժարանի պատմութենէն դրուագներ եւ յուշեր: Ձեռնարկին յաջորդեցին ցուցահանդէս եւ հիւրասիրութիւն` լարային քառեակին նուագակցութեամբ:
Սրբազան Հայրը Այցելեց Քեսապ
29 հոկտեմբերին, Մակար արք. Աշգաեան այցելեց Քեսապ, ուր դիմաւորուեցաւ Քեսապի հոգեւոր տեսուչ Վահրիճ վրդ. Ղարախանեանի եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին կողմէ: Ներկայ էր նաեւ Քեսապի Յարաբերական մարմինի անդամը:
Սրբազան հայրը եկեղեցւոյ մէջ կատարեց կանոնական աղօթք, որմէ ետք եկեղեցւոյ սրահէն ներս հանդիպում ունեցաւ Վահրիճ վրդ. Ղարախանեանի եւ նորակազմ թաղական խորհուրդին հետ:
Հայր սուրբը բարի գալուստ մաղթեց սրբազան հօր, շնորհակալութիւն յայտնեց իր խրախուսիչ այցելութեան համար եւ զեկուցեց Քեսապի մէջ տարուող աշխատանքներուն մասին` անդրադառնալով դպրաց դասի ծառայութեան, Ազգային ուսումնասիրաց ճեմարանէն ներս տարուող կրօնական դաստիարակութեան ծրագրին եւ Կիրակնօրեայ դպրոցի գործունէութեան:
Սրբազան հայրը իր հայրական յորդորները փոխանցեց թաղականութեան անդամներուն, օրհնեց եւ առաւել ուժ եւ կորով մաղթեց անոնց եւ մեծապէս գնահատեց հայր սուրբին եւ թաղականութեան եկեղեցանուէր եւ մարդօգուտ ծառայութիւնը, որ մեծապէս կը նպաստէ քեսապահայ ժողովուրդի զաւակներուն հոգեւոր աճման:
Հայ Երեք Համայնքապետներու Հերթական Հանդիպում
Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի հիւրընկալութեամբ, 1 նոյեմբերին, Բերիոյ թեմի կաթողիկէ հայոց առաջնորդ Պետրոս արք. Միրիաթեան եւ Սուրիոյ Հայ աւետարանական համայնքի պետ վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, հերթական հանդիպում ունեցան Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ «Սուրէնեան» դահլիճին մէջ:
Հանդիպումին անդրադարձ կատարուեցաւ ընդհանուր իրավիճակին, Հայ ծերանոցին, յառաջիկայ աշխատանքներուն եւ տօնական օրերուն նախատեսուած գործունէութեան:
Համայնքապետները գործակցութեան ոգիով աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած` խնդրելով, որ ան խաղաղութիւն, ապահովութիւն եւ բարօրութիւն պարգեւէ Սուրիոյ:
Միացեալ Նահանգներ
Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Նախաձեռնութիւնները
17 հոկտեմբերին Նիւ Ճըրզիի Փարամըս քաղաքին մէջ գտնուող Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ գումարուեցաւ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան 107-րդ տարեկան ժողովը, որուն բնաբանն էր «Նշելով մեր մնայուն ազդեցութիւնը սերունդներու վրայ»:
Ժողովը բացաւ Աւետարանչական ընկերակցութեան նախագահ իրաւաբան Կերի Ռ. Ֆիլիփս: Այնուհետեւ հիւրընկալ եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Ճոզէֆ Կարապետեան իր խորհրդածութեան ընթացքին անդրադարձաւ Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ 180-ամեայ ուղեւորութեան:
Ժողովի ընթացքին ներկայացուեցաւ ընկերակցութեան գործունէութեան 2025-2026 տարեշրջանի տեղեկագիրը:
Աւետարանչականի Վարչական խորհուրդին մէջ երեք տարուան պաշտօնավարութեան համար ընտրուեցան Լինտա Քէյ Ապտուլեան, Փամելա Աւետիսեան, տոքթ. Րաֆֆի Պալապանեան, վեր. դոկտ. Աւետիս Պոյներեան, Սիւզըն Ատամեան Քովօ, Ֆիլիս Տոհանեան, Տենիզ Կերթմենեան, իրաւաբան Կերի Ռ. Ֆիլիփս եւ տոքթ. Մայքըլ Ոսկեան:
Շաբաթավերջի ձեռնարկներու շարքին 16 հոկտեմբերին Նիւ Ճըրզիի Նիւ Միլֆըրտ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ ընթրիք մը, որուն ընթացքին պատուըուեցաւ ընկերակցութեան համաշխարհային դաշտի ծառայութեան տնօրէն, Քանատայի ներկայացուցիչ Յարութ Ներսէսեանը իր նուիրեալ ծառայութեան 30-ամեակին առիթով: Ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Սերժ Տ. Պուչաքճեան եւ նախագահ Կերի Ռ. Ֆիլիփս անդրադարձան անոր երկարամեայ նուիրումին եւ հաւատարիմ ծառայութեան:
Այնուհետեւ երախտագիտական խօսք արտասանեց Յարութ Ներսէսեան:
18 հոկտեմբերին, Փարամըսի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ պաշտամունք: Սուրիոյ Հայ աւետարանական համայնքի նախագահ վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան հայերէն լեզուով իր քարոզին մէջ շեշտեց, որ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը չի սահմանափակուիր նոր սերունդ մը ողջունելով, այլ` Եկեղեցին պէտք է նաեւ օգնէ անոնց` Քրիստոսի պարգեւած ազատութիւնը ապրելու, զիրենք լսելու, վստահելու եւ անոնց աճման համար անհրաժեշտ տեղը բանալու միջոցով:
Կլենտէյլի Նազովրեցի եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Սերոբ Մկրտիչեան անգլերէն լեզուով իր քարոզին մէջ մարտահրաւէր ուղղեց Եկեղեցւոյ` անցնելու իր հաստատութիւնները պարզապէս պահպանելու սահմաններէն եւ նորոգելու իր յանձնառութիւնը աւետարանչութեան, աշակերտութեան պատրաստութեան, կրթութեան եւ առաքելութեան հանդէպ` Քրիստոսի պատգամը հասցնելով Հայաստանի եւ սփիւռքի հայ համայնքներուն:
Պաշտամունքի աւարտին Հայ աւետարանական Համաշխարհային խորհուրդի գործադիր տնօրէն վեր. դոկտ. Գրիգոր Եումշաճըգեան կատարեց Ընկերակցութեան Վարչական խորհուրդի անդամներու պաշտօնակոչութեան արարողութիւնը` ապա Հայ աւետարանական Համաշխարհային խորհուրդի նախկին գործադիր տնօրէն վեր. դոկտ. Վահան Թութիկեան մատուցեց օրհնութեան աղօթքը:
Ընկերակցութեան 107-րդ տարեկան ժողովի ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ 17 հոկտեմբերին, Նիւ Ճըրզիի Թինէք քաղաքին մէջ: Երեկոն նուիրուած էր «Մեր մնայուն ազդեցութիւնը սերունդներու վրայ» նիւթին, անոր ընթացքին ընկերակցութիւնը պատուեց վեր. դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեանը եւ Աւետարանչականի Վարչական խորհուրդի նախկին անդամ եւ գանձապահ դոկտ. Նուրհան Հելվասեանը` կազմակերպութեան եւ հայ աւետարանական համայնքին մէջ իրենց ունեցած ներդրումին համար:
Երեկոյի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ կազմակերպիչ յանձնախումբի համանախագահներ Լիւսիէն Այնիլեան եւ Անիթա Պուչաքճեան, վեր. Ճոզէֆ Կարապետեան, Սերժ Տ. Պուչաքճեան, նաեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Նարեկ Մկրտչեան, որ իր գնահատանքը յայտնեց աւետարանչականի` Հայաստանի հանդէպ երկարամեայ յանձնառութեան համար:
Հայ Կրթական Հիմնարկութեան Տարեկան Ձեռնարկ
18 հոկտեմբերին, Լոս Անճելըսի «Տորըթի Չենտլըր Փըվիլիըն»-ի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ կրթական հիմնարկութեան (ՀԿՀ) «Ապագայի մշակումը» խորագրեալ 2026-ի տարեկան ձեռնարկը: Աւելի քան 75 տարիէ ի վեր, ՀԿՀ-ը առիթներ ընծայած է հայ ուսանողներուն, որպէսզի անոնք իրենց ուսումը շարունակեն եւ զօրացնեն իրենց համայնքները:
Տօնակատարութեան ընթացքին մեծարուեցան երեք զոյգեր, որոնց առատաձեռնութիւնը օգնած է ՀԿՀ-ի կրթական առաքելութիւնը յառաջ տանելու ջանքերուն. Բաբգէն եւ Յասմիկ Ամիրեան ամոլը, Րաֆֆիք եւ Հէյլի Խաչատուրեան ամոլը եւ Յակոբ եւ Սոնիա Քուճաքեան ամոլը:
Երեկոն նաեւ առիթ ընծայեց անդրադառնալու այն իրագործումներուն, որոնք կարելի դարձած են ՀԿՀ-ի աջակիցներուն շնորհիւ: 2025-ին, հիմնարկութիւնը աւելի քան 1,6 միլիոն տոլարի կրթաթոշակ յատկացուցած է աւելի քան 1100 ուսանողներու` Հայաստանի, Ջաւախքի եւ սփիւռքի տարածքին, օգնելով արժանաւոր հայ երիտասարդներուն հետապնդելու իրենց ակադեմական եւ մասնագիտական ձգտումները:
ՀԿՀ-ի 2026-ի տարեկան ձեռնարկի յանձնախումբի ատենապետ Ճինա Ֆելիքեան դիտել տուաւ, որ այս տօնակատարութիւնը տպաւորիչ յիշեցում մըն էր, թէ ինչ կրնանք ընել, երբ համախմբուինք հայ երիտասարդութեան ապագային մէջ ներդրում ընելու միասնական յանձնառութեամբ:
ՀԿՀ-ն նաեւ նեցուկ կը կանգնի Հայաստանի մէջ ճարտարագիտական կրթութեան եւ վարժողական ծրագիրներու, գործարարութեան, նորարարութեան, կրթական արհեստագիտութեան եւ մարզային դպրոցներու նորոգութեան, հայոց լեզուի եւ մշակութային նախաձեռնութիւններու, ինչպէս նաեւ գիտութեան եւ նորարարութեան ծրագիրներու` Հարաւային Քալիֆորնիոյ հայկական դպրոցներու մէջ:
Յայտնենք, որ տարեկան ձեռնարկէն գոյացած հասոյթը պիտի յատկացուի ՀԿՀ-ի կրթաթոշակի եւ կրթական ծրագիրներուն:
Շնորհահանդէս «Մեր Ժամանակակից Մեծ Երաժիշտն Ու Նուիրեալ Ազգասէրը` Համբարձում Ք. Ճապուրեան» Նորատիպ Հատորին
Հովանաւորութեամբ Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի կաթողիկէ հայոց առաջնորդ Միքայէլ եպս. Մուրատեանի, 22 հոկտեմբերին, Կլենտէյլի Հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ աթոռանիստ եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դոկտ. Մեսրոպ ծ. վրդ. Թոփալեանի հեղինակած «Մեր ժամանակակից մեծ երաժիշտն ու նուիրեալ ազգասէրը` Համբարձում Ք. Ճապուրեան» գիրքին շնորհահանդէսը:
Օրուան հանդիսավար կրթական մշակ Ռիթա Պոյաճեան ըսաւ, որ գիրքին էջերուն մէջ ամփոփուած են միտք, աշխատանք, ապրում եւ ստեղծագործական ոգի` տուտուկահար-սրնգահար Համբարձում Ճապուրեանի մասին:
Հատորի հեղինակ դոկտ. Մեսրոպ ծ. վրդ. Թոփալեանը` Մեսրոպ Հայունին, որ յատուկ այս շնորհահանդէսին առիթով մեկնած էր Լիբանանէն, ներկայացուց իր հեղինակած գիրքը, ուր կը գտնենք կենսապատմական տուեալներ եւ մէջբերումներ Համբարձում Ք. Ճապուրեանի անձնական դիւանին մէջ պահուած թուղթերէն, թռուցիկներէն, կտրօններէն, հրաւիրատոմսերէն, ծանուցումներէն, յայտագիրներէն, օրաթերթերէն եւ լրագիրներէն: Գիրքը կը բովանդակէ նաեւ Ճապուրեանի ստացած օրհնանքները 9 հոգեւորականներէ: Հատորին մէջ տեղ գտած են նաեւ Ճապուրեանի հարազատներուն ապրումները, հայ եւ օտար 31 անձնաւորութիւններու ներբողանքը, 28 յօդուածներ` ձեռնարկներու եւ հանդէսներու նկարագրականներ:
Խօսք առաւ Համբարձում Ճապուրեանի եղբայրը` Գրիգոր Ճապուրեան, որ այս նորատիպին համար շնորհահանդէսներ կազմակերպած է Քանատայի, Ֆրանսայի, Հայաստանի եւ Լիբանանի մէջ: Ան նշեց, որ յուշագիրքին մէջ կան վկայութիւններ Ճապուրեան մարդուն եւ հայուն, անոր գործին ու վաստակին մասին, ինչպէս նաեւ նկարագրութիւններ, որոնց հեղինակները մեծագոյն գնահատանքով դրուատած են Համբարձում Ք. Ճապուրեան տաղանդաւոր արուեստագէտը:
Այնուհետեւ Նժդեհ քհնյ. Քէշիշեան ընթերցեց Յովնան արք. Տէրտէրեանի սրտի խօսքը:
Հանդիսութեան ընթացքին խօսք առաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեան:
Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, ցուցադրուեցաւ նաեւ Համբարձում Ճապուրեանի կեանքի դրուագները ներկայացնող տեսերիզ մը:
Աւարտին տեղի ունեցաւ գիրքին գինեձօնը:
«Սթիւ Արթինեան» Սրահի Բացում ՀՅԴ Հոլիվուտի «Գարեգին Նժդեհ» Ակումբին Մէջ
25 հոկտեմբերին, Արեւմտեան հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան ներկայ գտնուեցաւ գաղութի ականաւոր գործիչ եւ ՀՄԸՄ-ական վաստակաւոր անդամ հանգուցեալ Սթիւ Արթինեանի յիշատակին նուիրուած հոգեճաշին, որ տեղի ունեցաւ Հոլիվուտի Հայ կեդրոնին մէջ:
Այս առիթով, Արեւմտեան թեմի բարերար Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեան ամոլը բացումը կատարեցին իրենց բարերարութեամբ յարդարուած «Սթիւ Արթինեան» սրահին` առ ի յաւերժացում ազգային գործիչին անուան ու յիշատակին:
Պաշտօնական խօսքերուն յաջորդեց սրբազան հօր եզրափակիչ խօսքը, որուն ընդմէջէն ան վեր առաւ յատկանշական քանի մը կէտ` ցոյց տալով, որ Սթիւ Արթինեան եւ իր նման նուիրեալ գործիչներ կազմաւորուած են Արեւմտեան թեմի ազգային-հայկական կեանքի մէջ եւ, հետեւաբար, լաւագոյնս կը ցոլացնեն գաղութի հայկական, ազգային դիմագիծը, որ սերունդէ սերունդ կը փոխանցուի նաեւ իր գործիչներուն ճամբով: Սրբազանը դիտել տուաւ, որ յիշատակի նման հանդիսութիւններ գաղութի շնորհաշատ վաստակները գնահատելու եւ զանոնք նոր սերունդի զաւակներուն ծանօթացնելու լաւ առիթներ են` աւելցնելով, որ բարերար Վարանդ Մելքոնեանի կողմէ սրահին «Սթիւ Արթինեան» անուանումը կը հանդիսանայ բարձրագոյն արտայայտութիւնը անոր ընկերասիրութեան: Ան շեշտեց, որ այս անուանումը մարդուն ու գործին յաւերժացումն է եւ խորհրդանիշը` ընկերասիրութեան, որոնք ինքնին արժէքներ են եւ պիտի ծառայեն նոր ու գալիք սերունդներու իբրեւ հայ-քրիստոնեայ մարդ առողջ դաստիարակութեան:
Յայտնենք, որ իր խօսքի աւարտին, սրբազան հայրը առաջարկեց Մելքոնեան ամոլին, որ սրահին մէջ Սթիւ Արթինեանի անունն ու դիմանկարը զետեղուի եւ հեղինակային խորհրդանշական խօսք, որ լաւապէս կը ծանօթացնէ հանգուցեալին ներքին էութիւնը: Սրբազանին առաջարկը ընդունուեցաւ: Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ «Պահպանիչ»-ով:
Հաճնոյ Հերոսամարտի Յիշատակի Ոգեկոչում
Այս տարի կը լրանայ Հաճնոյ ութամսեայ հերոսամարտի 106-ամեակը: Այդ առիթով կիրակի, 25 հոկտեմբերին, Պաթոն Ռուժի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ ոգեկոչուեցաւ Հաճնոյ հերոսամարտի նահատակներուն յիշատակը:
Օրուան պատգամաբերն էր Ժընեւէն հրաւիրուած Աբէլ քհնյ. Մանուկեան, որ իր պատգամին մէջ ըսաւ, թէ Հաճնոյ հերոսամարտէն անցած են 106 տարիներ, սակայն տակաւին կը շարունակենք ոգեկոչել զայն` հարց տալով, թէ ի՞նչն է, որ մեզ կը մղէ վերադառնալու այդ ողբերգական, բայց միաժամանակ հերոսական էջին, վերապրելու մեր նախնեաց ցաւն ու տառապանքը եւ խոնարհելու անոնց յիշատակին առջեւ, երբ փաստօրէն գոյութիւն չունի պատմական Հաճընը: «Արդեօ՞ք այս ոգեկոչումը պարզապէս անցեալին հանդէպ մեր յարգանքի արտայայտութիւնն է, թէ՞ անոր մէջ կը թաքնուի աւելի խոր իմաստ մը` կապ մը մեր ինքնութեան, հաւաքական յիշողութեան եւ մեր ժողովուրդի յարատեւութեան միջեւ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ պէտք է ոչ միայն ետ նայիլ դէպի անցեալ, այլեւ` ներթափանցել մեր հաւաքական յիշողութեան, ինքնութեան եւ բարոյական գիտակցութեան խորքը` հասկնալու համար, թէ ի՛նչ կը նշանակէ յիշել, ժառանգել եւ հաւատարիմ մնալ անոնց, որոնք իրենց կեանքին գնով մեզի կտակեցին գոյատեւելու եւ արժանապատիւ կեանք մը ապրելու պատգամը:
Աբէլ քհնյ. Մանուկեան հաստատեց, որ կան զոհողութիւններ, որոնց արժէքը տարիներու հաշուով չի չափուիր եւ կան հերոսներ, որոնց մահը վերջակէտ մը չէ, այլ` պատգամ մը, որ սերունդէ սերունդ կ’աւանդուի` նկատել տալով, որ Հաճընի նահատակները անուններ չեն միայն պատմութեան գիրքերուն մէջ, այլ` անոնք մեր ընտանիքներուն պատմութիւնն են` մեր ինքնութեան մասնիկը, մեր արմատներուն վկան: Մենք կը յիշենք, որովհետեւ արդարութեան պահանջը անժամանցելի է: Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յարգելը, ճշմարտութիւնը պահպանելը եւ պատմական իրողութիւնները գալիք սերունդներուն փոխանցելը մեր բարոյական պարտականութիւնն ու պարտքն են, շեշտեց Աբէլ քահանայ:
Աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն նաեւ մատաղօրհնէք, որուն յաջորդեց սիրոյ սեղան:


