Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մխիթար Աբբահօր Ծննդեան Ժամանակաշրջանին Եկեղեցական, Քաղաքական Եւ Պատմական Միջավայրը»

Մխիթար Աբբահօր Ծննդեան 350-Ամեակին Նուիրուած Միջազգային Գիտաժողով Սուրբ Ղազարի Մայրավանքին Մէջ

November 6, 2026
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մխիթարեան միաբանութեան մայրավանքին մէջ` Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիին վրայ, 19-21 հոկտեմբեր 2026-ին տեղի ունեցաւ եռօրեայ միջազգային գիտաժողով` նուիրուած Մխիթար Աբբահօր ծննդեան 350-ամեակին:

Գիտաժողովին պաշտօնական բացումը կատարեց Մխիթարեան միաբանութեան մայրավանքի վանահայր Համազասպ վրդ. Քէշիշեան:

Գիտաժողովին մասնակցեցան Եւրոպայէն եւ Հայաստանէն ժամանած հոգեւորականներ ու մասնագէտներ, որոնք իրենց զեկոյցներով եւ գիտական ուսումնասիրութիւններով կարեւոր ներդրում ունեցան գիտաժողովի աշխատանքներուն մէջ:

«Աստուածաշունչ» մատեանի լուսատիպ հրատարակութեան շնորհահանդէս

Գիտաժողովի հանդիսաւոր բացման օրը Մխիթարեան միաբանութեան թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ հայր Արսէն Բագրատունիի Աստուածաշունչ մատեանի լուսատիպ հրատարակութեան շնորհահահանդէսը, զոր հրատարակած է Մխիթարեան միաբանութիւնը, համագործակցութեամբ դոկտ. Սարգիս Մելքոնեանի: Սոյն լուսատիպ հրատարակութիւնը լաւագոյն քննական բնագիրներէն մէկն է, որ առաջին անգամ հրատարակուած էր 1860 թուականին:

Աստուածաշունչ մատեանի տպագրութեան մեկենասն է Ռուսլան Բաղդասարեան, իսկ հրատարակութեան աջակցած է «Վերականգնման, յառաջընթացի եւ լուսաւորութեան բարեգործական հիմնադրամ»-ը: Տպագրիչն է Արմէն Հայրապետեան:

Այս ոսկեղենիկ բնագրին վերահրատարակութիւնը կը շարունակէ 2024 թուականի հոկտեմբեր 31-էն նոյեմբեր 3 Մխիթարեան կաճառին կողմէ կազմակերպուած «Աստուածաշունչ Հայկազեան» միջազգային գիտաժողովին յաջորդած գործնական աշխատանքները` նոր առիթ ընծայելով հայ աստուածաշնչական ժառանգութեան ուսումնասիրութեան եւ արժեւորման:

Գիտական զեկուցումներ եւ քննարկումներ

Զեկուցումներու լիագումար բանախօսութիւնը` Lectio Magistralis,  կատարեց Լեւոն արք. Զէքիեան: Ան ներկայացուց «Մխիթար Սեբաստացի»-ն: Գիտաժողովին զեկուցող մասնագէտներու շարքին էին`  Սերոբ վրդ. Չամուրլեան, Գէորգ վրդ. Սարգիսեան,  Պսակ վրդ. Թէփիրճեան, Արարատ քհնյ. Պօղոսեան, Քրիստիան Վինտլեր, Չեզարէ Սանթուս, Միքայէլ Մալխասեան, Ռուբէն Մելիքեան, Փաուլօ Լուքքա, Արման Մալոյեան, Լիլիթ Յարութիւնեան, Ալպերթօ Փերատոներ, Գառնիկ Ա. Յարութիւնեան, Ալեսսանտրօ Օրենկօ, Մանէ Ղեւոնդեան եւ Մայա Գրիգորեան:

Գիտաժողովի տեսական բաժնի աւարտին տեղի ունեցան գործնական քննարկումներ` ներկայացուած նիւթերուն շուրջ: Քննարկումները կեդրոնացան Մխիթար Սեբաստացիի եկեղեցական, քաղաքական, կանոնական եւ պատմական միջավայրին, ինչպէս նաեւ անոր ապրած ժամանակաշրջանին վերաբերող հարցերուն:

Գիտաժողովը կարեւոր առիթ մը հանդիսացաւ` վերարժեւորելու Մխիթար Աբբահօր ժառանգութիւնը, խորացնելու անոր գործունէութեան վերաբերեալ գիտական ուսումնասիրութիւնները եւ ամրապնդելու հայագիտական ու աստուածաշնչական հետազօտութիւններու միջազգային համագործակցութիւնը:

Գիտաժողովին վերաբերող յաւելեալ տեղեկութիւններուն եւ հրապարակումներուն կարելի է հետեւիլ Մխիթարեան մայրավանք Սուրբ Ղազար https://www.facebook.com/SanLazzaroMekhitaristIsland/videos/1185418634439856 Դիմատետրի էջին վրայ:

«Մխիթար Աբբահօր Ծննդեան Ժամանակաշրջանին Եկեղեցական, Քաղաքական Եւ Պատմական Միջավայրը»
«Մխիթար Աբբահօր Ծննդեան Ժամանակաշրջանին Եկեղեցական, Քաղաքական Եւ Պատմական Միջավայրը»
«Մխիթար Աբբահօր Ծննդեան Ժամանակաշրջանին Եկեղեցական, Քաղաքական Եւ Պատմական Միջավայրը»
«Մխիթար Աբբահօր Ծննդեան Ժամանակաշրջանին Եկեղեցական, Քաղաքական Եւ Պատմական Միջավայրը»

 

Նախորդը

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Լիագումար Նիստերը Երեւանի Մէջ

RelatedPosts

Գաղութ-Գաղութէ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութ-Գաղութէ

November 5, 2026
Հալէպի Մէջ «Ներսէս Շնորհալի» Ուսումնական Մրցանակին Բաշխումը Կատարուեցաւ
Գաղութէ Գաղութ

Հալէպի Մէջ «Ներսէս Շնորհալի» Ուսումնական Մրցանակին Բաշխումը Կատարուեցաւ

October 31, 2026
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.