Գաղութէ Գաղութ
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Միացեալ Նահանգներ Համազգայինի Մելանքթոն Եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանին Նուիրուած «Ուրախ Երեկոյ» Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին, 10 յուլիսին ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէութեան «Խաթուն Սարեան» բակին մէջ տեղի ունեցաւ «Ուրախ երեկոյ»` նուիրուած Լիբանանի մէջ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանին: «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի ատենապետ Պերճ Ուզունեան կատարեց բացման խօսքը` ներկայացնելով պաշտօնական հիւրերը, որմէ ետք...