Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստացուած Գիրքեր. Թուրքիոյ Գեհենէն Տարագրութեան Յուշք Նամականի (Ականատես Վկայագրող` Տոքթ. Յովհաննէս Յակոբ Սրապեան)

Յուլիս 12, 2017
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Պէյրութի մէջ 2017-ին լոյս տեսաւ «Թուրքիոյ գեհենէն տարագրութիւն յուշք նամականի» գիրքը, ականատես վկայագրող` տոքթ. Յովհաննէս Յակոբ Սրապեան: Գիրքը հրատարակութեան պատրաստած է տոքթ. Հրայր Յովհաննէս Սրապեան:

Յովհաննէս Սրապեան ծնած է 1899-ին, Խարբերդի մօտակայ Հիւսենիկ գիւղին մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է գիւղի բողոքականներու դպրոցին մէջ, որմէ ետք յաճախած է Խարբերդի Եփրատ քոլեճը:

Հիւսենիկ գիւղին տարագրութիւնը սկսաւ 4 յուլիս 1915-ին: Ոստիկանները ժողովուրդին կ՛ըսեն, որ եղածը պարզ տեղահանութիւն է, պիտի փոխադրուին Ուրֆա կամ Սեւերակ: Ոստիկաններ  կ՛առաջնորդեն կարաւանը:

Կարաւանը կը հասնի Արղնի Մատէն, ուր մեծ խանի մը մէջ այր մարդիկը կը զատեն կիներէն, ձեռքերնին կապելով: Սարսափելի գիշեր մը կ՛անցընեն, կէս քիլոմեթր հեռու թուրքեր խոշոր փոսեր բացած էին եւ 3-4 հազար այր մարդիկը կապուած ձեռքերով հոն կը նետեն, առանց կապար վատնելու: Հողը վրանին կը լեցնեն այն սպառնալիքով, որ պիտի զարնեն ան որ փախչիլ փորձէ: Փոսերը առաջուընէ փորուած էին շատ հաւանաբար հայ զինուոր գործաւորներու կողմէ:

Այնուհետեւ մեծ մասամբ կիներէ եւ աղջիկներէ բաղկացած կարաւանով ճամբայ կ՛ելլեն եւ յաջորդ օր կը հասնին Տիգրանակերտի մօտերը: Անոնց կ՛ըսեն, որ ով որ դրամ ունի բոլորը պէտք է, որ ոստիկաններուն յանձնէ, որովհետեւ քիւրտեր կան, որ կը կողոպտեն այդ շրջաններուն մէջ: Բայց գաղթականները բոլոր դրամը չեն տար, այլ կէսը, կէսն ալ կը պահեն: Ոստիկանները դրամները կ՛առնեն եւ ստացագիրներ կու տան, որ իբրեւ թէ ետքը դրամները պիտի վերադարձնեն, մինչդեռ իրենք էին կողոպտողները:

Կարաւանը ճամբան դժուարաւ կը քալէր: Ի վերջոյ կը հասնին Տիգրանակերտ, հռոմէացիներու թաղին դուրսի կողմը եւ հոն կը նստին: Կը լսեն, որ քաղաքէն ներս հայերը գէշ վիճակի մէջ կը չարչարուին: Գիշերը հոն կ՛անցընեն:

Յաջորդ առաւօտուն բազմաթիւ ձիաւորներ կու գան, կը շրջին կարաւանին մէջ եւ գեղեցիկ կիներն ու աղջիկները կը խլեն կը տանին: Աղջիկները թուրքերու հետ կ՛ամուսնացնեն:

Կարաւանը քանի մը օր Տիգրանակերտ կը մնայ: Կը լսեն, որ թուրքերը քաղաքէն հայերը սոսկալի կը նեղեն, կը սպաննեն ու կը կախեն, որովհետեւ այդտեղի հայերը հարուստ էին:

Այնուհետեւ կարաւանը ճամբայ կ՛ելլէ դէպի Մարտին: Ոմանք ճամբան կ՛իյնան կը մահանան, իսկ գեղեցիկ կիներն ու աղջիկները կ՛առեւանգուին, բոլորը կը կողոպտուին: Կարգ մը աղջիկներ կը բռնաբարուին: Ոմանք անձնասպանութիւն կը փորձեն:

Մարտինէն անդին ճամբան այլեւս անապատային էր: Քսան օր քալելէ ետք, Ռաս իւլ Այնի կամուրջէն անցնելով կը մտնեն քաղաքը: Կարաւանը արդէն մեծապէս կոտորակուած էր: Ամէն տեսակ  հիւանդութիւններ տարածուած էին. ժանտատենդ, քոլերա եւ այլն:

Ռաս իւլ Այնի մէջ կային սասունցի հայ թրքախօս փռապաններ, որոնք հայերուն բաւական կ՛օգնէին, սակայն գաղթականները օրական տասնեակներով կը մեռնէին:

Գաղթականներուն մնացած մասը Տէր Զօր կը ղրկուէր: Բայց Յովհաննէս Սրապեան կը յաջողի Հալէպ փախչիլ: Կ՛երթայ Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցի, ուր տէր Միքայէլ քահանան իրեն նոր հագուստ կու տայ եւ յետոյ խարբերդցի բողոքական ընտանիքի մը կը յանձնէ: Այնուհետեւ զինք ուրիշ խարբերդցի ընտանիքի մը` Կիւլեաններուն քով կը տանին: Կիւլեանները օճառի վաճառական էին եւ մեծ տան մը մէջ կը բնակէին, ուր տասնեակ մը ընտանիքներ կային:

Յովհաննէս Սրապեան այնուհետեւ Հոթել Պարոնի տէր Օննիկ Մազլումեանի օգնութեամբ Խարբերդ պահ դրուած դրամէն կը ստանայ 12 մեճիտիէ, Պէյրութ գտնուող Սամուէլ եղբօրմէն ալ` 4 ոսկի, եւ դարձեալ Օննիկ Մազլումեանի շնորհիւ վասիքա (արտօնագիր) հանել տալով Պէյրութ կը փոխադրուի:

Պէյրութ հասնելէ ետք կը գտնէ եղբայրը եւ կը մտնէ Ամերիկեան քոլեճը:

Գիրքին երկրորդ մասը Յովհաննէս Սրապեանի կողմէ Եգիպտոս բնակող եղբօր` Յովսէփ Սրապեանի նամակներն են, ուր ան կը նկարագրէ  Խարբերդէն իրենց բռնագաղթը դէպի Ռաս իւլ Այն:

Այնուհետեւ Մարիձա Տեփոյեանի տարագիրի օրագիրն է:

Գիրքին վերջին մասը տոքթ. Յովհաննէս Սրապեանի կենսագրական է: Եղած է վիրաբուժ-ատամնաբուժ, ստորագրած է յօդուածներ` ատամնաբուժական եւ առողջապահական նիւթերով` հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով: Պարգեւատրուած է Լիբանանի մայրիներու շքանշանով:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (12 Յուլիս 1967)

Յաջորդը

Ստացուած Գիրքեր. «Բարսեղ Կանաչեան (1885-1967) Կեանքի Մը Երաժշտացումը» (Հեղինակ` Անդրանիկ Տագէսեան)

RelatedPosts

Կասպից  Ծովուն Կեդրոնը Յայտնուած Է  Անսպասելի Կղզի, Որուն Մասին Ոչ Ոք Գիտէր
Մշակութային եւ Այլազան

Կասպից Ծովուն Կեդրոնը Յայտնուած Է Անսպասելի Կղզի, Որուն Մասին Ոչ Ոք Գիտէր

Յուլիս 4, 2025
Արդեօք Երբեւէ Պէ՞տք Է Խզել Կապերը Ծնողներու Հետ
Մշակութային եւ Այլազան

Արդեօք Երբեւէ Պէ՞տք Է Խզել Կապերը Ծնողներու Հետ

Յունիս 13, 2025
Հաղորդակցութեան Նոր Արհեստագիտութիւնները Մինչեւ Ո՞ւր
Մշակութային եւ Այլազան

Հաղորդակցութեան Նոր Արհեստագիտութիւնները Մինչեւ Ո՞ւր

Յունիս 6, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?