Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Պատմութիւն
Արդէն քանի մը տարի է, որ Հայաստանի մէջ այլեւս չէր կազմակերպուեր «Միս Հայաստան» գեղեցկութեան մրցումը:
«Միս Հայաստան» մրցումը առաջին անգամ տեղի ունեցած է 1996 թուականին, որմէ ետք որոշ ընդմիջումներով կազմակերպուած է մինչեւ 2012 թուական:
Կը ներկայացնենք «Միս Հայաստան» գեղեցկութեան տիտղոսը նուաճողները.
«Միս Հայաստան 2012» Աննա Առաքելեան:
Ան այժմ կ՛աշխատի տնտեսութեան նախարարութեան մէջ:
«Միս Հայաստան 2007», Մարգարիտա Սարուխանեան:
«Միս Հայաստան 2006», Մարինա Վարդանեան:
Մրցումէն տարի մը ետք ան դադրեցուցած է գործունէութիւնը նորաձեւութեան բնորդի ասպարէզին մէջ, ամուսնացած է` իր ամբողջ ժամանակը նուիրելով նորաստեղծ ընտանիքին, եւ այսօր արդէն երկու երեխայի մայր է:
«Միս Հայաստան 2003», Լուսինէ Թովմասեան:
Ան 2005 թուականին ճանչցուած է «Փոխ միս Եւրոպա-2005»:
2003 թուականին ան ընդունուած է Հայ-ռուսական սլաւոնական համալսարանը` միջազգային յարաբերութիւններու բաժինը, որ աւարտած է 2008 թուականին:
2008-2009 թուականներուն ուսանած է Լոնտոնի «Ուեսթմինիսթըր» համալսարանի միջազգային յարաբերութիւններու բաժինին մէջ` ստանալով մագիստրոսի աստիճան:
2008-ին հիմնադրած է «Նոր ռատիօ» կայանը:
2009-ին հմնադրած է «Նիւ Մակ» ամսաթերթը:
2008-2013 աշխատած է որպէս մամլոյ քարտուղար` Հայաստանի Հանրային պատկերասփիւռի ընկերութեան մէջ:
2012-էն առ այսօր կը ղեկավարէ «Ֆրեշ իվենց» հանդիսութիւններու կազմակերպութիւնը: Տակաւին կը շարունակէ իր հաղորդավարուհիի ասպարէզը: Այժմ կը վարէ «Արմենիա» պատկերասփիւռի ընկերութեան «Բարի լոյս» յայտագիրը:
Ամուսնացած է, ունի դուստր մը:
«Միս Հայաստան 2001», Իրինա Թովմասեան:
Տիտղոսը նուաճելէ ետք Իրինան իր ասպարէզը շարունակեց որպէս նորաձեւութեան բնորդ, իսկ ապա` նաեւ իբրեւ հաղորդավարուհի:
Իրինան ամուսնացած է եւ ունի երեք դուստր:
«Միս Հայաստան 2000», Քրիստինա Բաբայեան:
Ան մասնագիտութեամբ բժիշկ-գեղագէտ է: Այժմ կ՛աշխատի «Կոլծ ճիմ ինթերնեշընըլ մետիքըլ սփա» կեդրոնին մէջ` իբրեւ գլխաւոր բժիշկ եւ ղեկավար:
Ամուսնացած է, ունի երեխայ մը:
«Միս Հայաստան 1998», Գոհար Յարութիւնեան:
Գոհար Յարութիւնեանի յաջողութիւնը միայն Հայաստանի գեղեցկուհիի տիտղոսը ստանալով չէ սահմանափակուած: Ան նոյնպէս ճանչցուած է «Միս ԱՊՀ 1999», «Միս կլոպ 2009»:
Աւարտած է Քալիֆորնիոյ պետական արհեստագիտական համալսարանի միջազգային շուկայադրման բաժինը:
Ամուսնացած է, ունի երեք երեխայ:
«Միս Հայաստան 1997», Անժելինա Բաբաջանեան:
Նոյն թուականին նոյնպէս նուաճած է «Միս Անդրկովկաս» տիտղոսը:
Աւարտած է Գեղեցիկ արուեստներու Հայաստանի ազգային ակադեմիայի ձեւագիտութեան բաժանմունքը:
Անժելինան ամուսնացած է, ունի երեք երեխայ: Այժմ ոչ մէկ գործունէութիւն ունի:
«Միս Հայաստան 1996», Կարինէ Խաչատրեան:
Հայաստանի գեղարուեստական մարմնամարզութեան վարպետ: «Միս Հայաստան» մրցումէն ետք մասնակցած է «Միս Եւրոպա» մրցումին, ուր 96 մասնակիցներուն մէջ 13-րդ հանդիսացած է:
Լուսինէ Թովմասեանի
պատմութիւնը
«Ինչո՞ւ մասնակցեցայ «Միս Հայաստան»-ին եւ ինչ տուաւ ատիկա ինծի»:
«Նիւզ էյ.էմ.» կայքը ներկայացուցած է հարցազրոյցներու շարք մը` «Միս Հայաստան»-ի թագը նուաճած գեղեցկուհիներու հետ: Կը ներկայացնենք «Միս Հայաստան 2003», «փոխմիս Եւրոպա 2005» Լուսինէ Թովմասեանին հետ հարցազրոյցը.
– Ինչպէ՞ս տուիք «Միս Հայաստան» գեղեցկութեան մրցումին մասնակցելու որոշումը, ո՞րն էր մասնակցութեան նպատակը:
– Մինչեւ «Միս Հայաստան»-ը արդէն մասնակցած էի քանի մը մրցումներու եւ գրաւած` առաջին դիրքը, իսկ 2001-ին արդէն քոյրս (Իրինա Թովմասեան) դարձաւ «Միս Հայաստան»: Ես կը սպասէի 17-ամեակիս, որպէսզի ես եւս մասնակցէի:
– Ինչպէ՞ս արձագանգեցին ձեր ընտանիքի անդամներն ու մտերիմները:
– Ծնողներս միշտ մեր կողքին եղած են իւրաքանչիւր հարցի մէջ եւ միայն քաջալերած են: Միակ մտավախութիւնս այն էր, որ նոյն ընտանիքէն իրարու ետեւէ կրնան սխալ նկատել` ընտրելով «Միս Հայաստան», քանի որ 2002-ին այդ մրցումը տեղի չունեցաւ: Իսկ մտերիմներս ու ծնողներս միայն կը քաջալերէին զիս եւ կողքիս էին:
– Ձեր քոյրը արդէն նուաճած էր «Միս Հայաստան» տիտղոսը: Իր փորձառութենէն մեկնելով` ի՞նչ խորհուրդ տուաւ ձեզի:
– Քոյրս մինչեւ այսօր ալ ինծի խորհուրդներ կու տայ, իսկ մրցումին կապուած արդէն իսկ փորձառութիւն շատ ունէի: Շատ վստահօրէն ըսաւ, որ կը յաղթեմ:
– Բոլորս ականատես եղանք, որ մրցումին մասնակցութենէն ետք ձեր առջեւ նոր կարելիութիւններ բացուեցան, մասնակցեցաք «Միս Եւրոպա» գեղեցկութեան մրցումին: Կը պատմէ՞ք ձեր յաջողութիւններուն մասին:
-Պէտք է ըսեմ, որ մինչեւ «Միս Հայաստան» ճանչցուիլս` աշխատած եմ Այ.Էմ.Ճի. ձեւագիտական գործակալութեան հետ իբրեւ բնորդ` Թոքիոյի, Փարիզի եւ Միլանոյի մէջ, իսկ մրցումէն ետք նոյնպէս եղաւ «Միս Եւրոպան», ուր ճանչցուեցայ «փոխմիս»:
– Յաղթանակը սպասելի՞ էր, ինչպէ՞ս միւս մասնակիցները ընդունեցին ձեր յաղթանակը:
– Այդ տարի մասնակիցներուն թիւը քիչ էր. միայն` 16 հոգի, եւ պայքարը երեք հոգիի միջեւ էր: Բեմին վրայ կը յիշեմ միայն մասնակիցներուն ժպիտներն ու շնորհաւորանքները:
– Ի՞նչը տպաւորած է ձեզ մրցումէն: Ի՞նչ զգացումներ ունէիք:
– Ուրախութիւն, հպարտութիւն եւ միայն լաւ յիշատակներ:
– Ինչպէ՞ս այդ տարիներուն կը վերաբերէի նման մրցումին, ըստ ձեզի, այժմ վերաբերմունքը փոխուա՞ծ է:
– Կը յիշեմ, որ մրցումը ունէր բարձր հեղինակութիւն եւ յաջորդ օրը բոլորը կը խօսէին այդ իրադարձութեան մասին: Ատիկա կ՛ապացուցէր, որ դուրսը բոլորը կը շնորհաւորէին եւ կը ճանչնային:
– Հայաստանի մէջ այս տարի կրկին տեղի պիտի ունենայ «Միս Արմենիա» համահայկական գեղեցկութեան մրցումը: Արդեօ՞ք ատոր անհրաժեշտութիւն կը տեսնէք:
– Այո՛, կը տեսնեմ ատոր կարիքը եւ կը յուսամ, որ մրցումին մասնակցելու բազմաթիւ ցանկացողներ կ՛ըլլան:
– Ի՞նչ խորհուրդ կու տաք մրցումին մասնակցող աղջիկներուն:
– Իւրաքանչիւր բան ընտրելով` պէտք է հաճոյքով ընել եւ հաւատալ ուժերուն:
Համահայկական «Միս Հայաստան».
մասնակցելու կարգը, նպատակը
եւ պահանջները
15 սեպտեմբերին Հայաստանի մէջ երկար տարիներու դադարէ ետք կրկին տեղի կ՛ունենայ «Միս Հայաստան» գեղեցկութեան մրցումը` մշակոյթի նախարարութեան, սփիւռքի նախարարութեան եւ «Փիւնիկ» հիմնադրամի աջակցութեամբ: «Միս Հայաստան համահայկական հիմնադրամ»-ի նախագահ, «Միս Հայաստան 1997» Գոհար Յարութիւնեան լրագրողներուն նշած է, որ «Միս Հայաստան» գեղեցկութեան մրցումը պիտի ըլլայ համահայկական:
«Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ, մրցումը պիտի ըլլայ համահայկական. այսինքն կրնան նոյնպէս մասնակցիլ Արցախի եւ սփիւռքի մէջ բնակող 17-26 տարեկան հայուհիներ: Փափաքողները մինչեւ 15 յուլիս պէտք է արձանագրուին: Մրցումի նախընտրական փուլերը փակ պիտի ըլլան հանրութեան համար, իսկ դիմումները մատչելի պիտի ըլլան միայն կազմակերպող խորհուրդի անդամներուն: Արտերկրի մասնակիցները այդ փուլը պիտի անցնին առցանց տարբերակով: Աղջիկները ընտրելու ատեն պիտի կարեւորենք ոչ միայն գեղեցկութիւնը, այլեւ` իմացականութիւնը», տեղեկացուց Գոհար Յարութիւնեանը:
Ըստ անոր, վերջին երկու շաբաթներուն ընթացքին արտերկրէն եւ Հայաստանի զանազան շրջաններէն ժամանած աղջիկները կը բնակին պանդոկի մէջ, ուր անոնց անվտանգութիւնը ապահովուած կ՛ըլլայ: Մասնակիցներ կրնան նոյնպէս ըլլալ անապահով ընտանիքներէ, որովհետեւ դրամական բոլոր հարցերը, հագուստէն սկսեալ, պիտի հոգան կազմակերպիչները:
Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարի տեղակալ Արեւ Սամուէլեան ասուլիսի ընթացքին նշեց, որ «Միս Հայաստան» կազմակերպելու նախաձեռնութիւնը կը բերէ նոր շունչ, որպէսզի կանոնակարգուած ըլլայ միջազգային մրցումներուն մէջ Հայաստանի մասնակցութիւնը:
«Այս բոլոր տարիներուն մեր աղջիկները Հայաստանը ներկայացուցած են տարբեր միջազգային մրցումներու, սակայն բազմաթիւ պարագաներու ատոնք բարձր մակարդակի չեն եւ ոչ հեղինակաւոր: Աղջիկները իրենք ստիպուած կ՛ըլլան մրցումին մասնակցելու համար դրամական միջոցներ հայթայթել, իսկ մասնակցելէ ետք իրենց ծանօթ լրատու միջոցներուն կը հեռաձայնեն եւ կ՛ըսեն, որ յաղթած են այս կամ այն մրցումին, բայց ատիկա ոչ միշտ կը համապատասխանէ իրականութեան: Նոյնիսկ այդ մրցումները պաշտօնական կայք չունին: Մեր նպատակն է, որ Հայաստան արժանաւորապէս ներկայացուի հեղինակաւոր մրցումներուն մէջ», նշած է Գոհար Յարութիւնեանը:
Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան իր կարգին նշած է, որ եթէ նախարարութիւններ կը համակրին այս մրցումին, ուրեմն լուրջ նշանակութիւն կը տրուի ատոր:
«Այս մրցումին հեղինակութեամբ պէտք է հասնինք անոր, որ անհատական կառոյցներն իրենք գան միանալու «Միս Հայաստան» համահայկական կառոյցին եւ այդ խողովակով երթան ու մասնակցին միջազգային մրցումներու: Սփիւռքի մէջ նոյնպէս ունինք գեղեցիկ հայուհիներ, որոնք կրնան ներկայացնել հայ կնոջ արժանապատիւ գեղեցկութիւնը, արժանիքներն ու ազգային դիմագիծը: Այս «Միս Հայաստան» մրցումը նուաճողներու ուսերուն նոյնպէս կը ծանրանայ ազգային դիմագիծը ներկայացնելու պարտականութիւնը», նշած է ան:
Աւարտական փուլին մէջ պիտի ըլլան 20-25 աղջիկներ, գեղեցիկ շօ յայտագիրին մէջ հայուհիները ելոյթ պիտի ունենան հայկական տարազով, լողազգեստով, երեկոյեան զգեստով:
Գոհար Յարութիւնեանը նշած է, որ մրցումը տեղի պիտի ունենայ արդար եւ թափանցիկ, իսկ դատական կազմը պիտի չհրապարակուի մինչեւ վերջին օրը: Խօսելով մրցանակային հիմնադրամին մասին` Գոհար Յարութիւնեանը նշած է, որ բնականաբար պիտի ըլլան` գեղեցկութեան թագ, դրամական պարգեւներ, բացի ատկէ` շարք մը հովանաւորներու կողմէ նախատեսուած նուէրներ:
«Բազմաթիւ գործընկերներ արդէն հետաքրքրուած են եւ կը փափաքին իրենց կողմէ մրցանակներ սահմանել», նշած է ան:
Յաղթողը կարելիութիւն կ՛ունենայ Հայաստանը ներկայացնել միջազգային հեղինակաւոր մրցումներուն` «Միս Աշխարհ», «Միս Տիեզերք»: Բացի ատկէ` «Միս Հայաստան»-ը ամբողջ տարի մը պիտի մասնակցի բարեգործական ձեռնարկներու եւ նախաձեռնութիւններու: