ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Հայկազեան համալսարանի մամուլէն, հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի միջոցներով 2017-ին լոյս տեսաւ «Լիբանանի հայերը (Բ.) գիտաժողովի նիւթեր (14 – 16 մայիս 2014)» հատորը, բաղկացած` 365 էջերէ, հայերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուներով: Հատորը երկրորդ գիրքն է կեդրոնի «Հայկական սփիւռք» մատենաշարին:
«Հայ լիբանանեան դաշինքներ խաչակիրներու շրջանին» նիւթով հանդէս կու գայ Քլոտ Մութաֆեան: Ան կ՛ըսէ, որ ԺԱ. դարուն Կիլիկիոյ հայ իշխանները շփում ունեցան խաչակիրներուն հետ, որոնք Երուսաղէմը գրաւեցին 1099-ին եւ չորս պետութիւններ հիմնեցին շրջանին մէջ: Ֆրանքներու եւ հայերու միջեւ ամուսնութիւնները դարձան անխուսափելի: Բազմաթիւ հայ իշխանուհիներ ԺԲ. դարուն կարեւոր դիրքերու հասան այս ամուսնութիւններով` լատին Արեւելքի մէջ: Երուսաղէմի առաջին իսկ թագուհիները հայեր էին:
Երուսաղէմի անկումէն ետք, 1187-ին, խաչակրական երրորդ արշաւանքը յաջողեցաւ Միջերկրականի արեւելեան ափին փոքր պետութիւններ հիմնել:
Մութաֆեան կը շարունակէ ըսելով, որ ԺԳ. եւ ԺԴ. դարերուն իշխանական ամուսնութիւնները ֆրանք-կիպրական եղան. բազմաթիւ հայ իշխանուհիներ ամուսնութիւն կնքեցին Կիպրոսի երկու գլխաւոր ընտանիքներուն հետ: Հայ իշխանուհիներ-Լուսինեան արքայական գերդաստան յարաբերութիւնները ծանօթ են: Լուսինեաններ Կիլիկիոյ արքայական գահը բազմեցան իբրեւ հայոց թագաւորներ: Հայ իշխանուհիներ ամուսնութիւններ կնքեցին նաեւ Կիպրոսի Իպելիններուն հետ:
Մութաֆեան կը նշէ, որ Իպելիններուն Եաֆայի կից աւատը 1141-ին ժառանգ ինկաւ Պալեանին, որուն գերդաստանը հետագային տիրացաւ Սայտայի, Պէյրութի եւ Եաֆայի աւատներուն: Պալեանէն եւ իր զաւկէն յառաջացած երեք գերդաստանական յետնորդները բազմաթիւ ամուսնութիւններ կնքեցին Կիլիկիոյ արքայական գերդաստանին հետ:
«Հայ ուսանողներ եւ յեղափոխականներ` Սուրիական բողոքական քոլեճին մէջ 1885-1914» նիւթով հանդէս կու գայ Հրաչ Քեսթէնեան: Ան կ՛ըսէ, որ ամերիկացի միսիոնարներու կողմէ 1866-ին հիմնուած Սուրիական բողոքական քոլեճը Փոքր Ասիայէն, Կիլիկիայէն եւ Մեծն Սուրիայէն հայ ուսանողներ ունեցաւ 1880-ական տարիներէն սկսեալ: Առաջին հայ շրջանաւարտը իր պսակաւոր արուեստից վկայականը ստացաւ 1885-ին: Մինչեւ Ա. Աշխարհամարտ հայ ուսանողները համալսարանին ոչ արաբ ազգային մեծագոյն խմբաւորումն էին:
Համալսարանական ուսումնառութիւնը վճռական դեր խաղաց հայ ուսանողներու մէջ հայկական ինքնութեան սահմանումին եւ հայ քաղաքական զգօնութեան արմատականացումին մէջ, եւ 1908-ին հիմնուեցաւ հայ ուսանողական ընկերակցութիւնը:
«Լիբանանահայ եկեղեցին եւ իր միջավայրը» նիւթով հանդէս կու գայ Իրինա Փափքովա: Կը ներկայացնէ յարանուանութիւններուն հօտի, կառոյցներու, հետեւորդներու, եկեղեցիներու, դպրոցներու, կառավարող մարմիններու համապատկերը եւ դիրքը` իրարու, հայ առաքելական եկեղեցւոյ, սփիւռքին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հանդէպ:
«Լիբանանահայ մամուլին ընտելացնող դերը նորահաստատ հայ գաղթականութեան (1927-1952)» նիւթով հանդէս կու գայ Անդրանիկ Տագէսեան: Ան կը նշէ, որ ուսումնասիրութիւնը կը քննարկէ լիբանանահայ մամուլին արձագանգումը Լիբանանի Նահատակաց եւ Անկախութեան տօներուն եւ անոնց արժեւորման հոլովոյթին ընդմէջէն կը պարզէ դրսեւորումներ` «ասպնջական հողի» հանդէպ կեցուածքներու, նոր ինքնութեան ենթազգայական ձեւաւորումներու եւ գիտակից կերտումներու, ու համարկումի երեւոյթներու: Սերտողութիւնը հիմնուած է լիբանանահայ երեք օրաթերթերու` «Ազդակ»-ի, «Զարթօնք»-ի եւ «Արարատ»-ի մէջ, մինչեւ 1952 լոյս տեսած Լիբանանի Նահատակաց եւ Անկախութեան օրերուն (6 մայիս 1916 եւ 22 նոյեմբեր 1943) վերաբերող նիւթերուն համադրութեան վրայ:
Տագէսեան կ՛ըսէ, որ 1940-ական տարիներու կէսերուն լիբանանահայ մամուլին մէջ ասպնջականութեան գաղափարին կողքին յառաջանալ կը սկսի հայութիւնը իբրեւ «լիբանանեան քաղաքացի» որակումը եւ հայութեան` «իբրեւ այս երկրի բաղկացուցիչ տարր, համայնք եւ հաւաքական ազգութիւն», «հաւասարազօր հպատակներ» նկատուիլը:
«Լիբանանահայ երեսփոխանները` Լիբանանի խորհրդարանական կեանքին մէջ, թուային արժեւորում մը` ներսէն (1934-2012)» նիւթով հանդէս կու գայ Ռուբէն Աւշարեան: Ան կ՛ըսէ, որ 1934-էն ի վեր լիբանանահայ երեսուն երեսփոխաններ ներկայացուցած են լիբանանահայութիւնը` Լիբանանի քսան խորհրդարաններուն մէջ: Անոնց աշխուժ մասնակցութիւնը օրէնսդիր կեանքին` ուշագրաւ է, իսկ անոնց մեծ նպաստը Լիբանանի օրէնսդրութեան` գնահատելի:
«Մուսա լերան հայութեան բնակեցումը Լիբանան (1939-1941)» նիւթով հանդէս կու գայ Վահրամ Շեմմասեան: Ուսումնասիրութիւնը կը վերաբերի սեպտեմբեր 1939-1940-ական տարիներու սկիզբը երկարող Այնճարի հիմնադրութեան: Կը քննարկուին այլեւայլ խնդիրներ, Մուսա լեռէն Պասիթ եւ հոնկէ ալ Այնճար ճանապարհորդութիւնը, ֆրանսական հոգատար իշխանութեան կողմէ հողի գնումը, գաղթականներուն վիճակը, սկզբնական ապաստարանի եւ սնունդի հարցերը, տուներուն կառուցումը, սկզբնական ծրագիրներու փոփոխութիւնը, երկրագործական հողաշերտերու բաժանումը, կիներու, երեխաներու եւ ծերերու տեղաւորումը դրացի գիւղերուն մէջ` առաջին ձմրան սաստիկ պայմաններուն պատճառով, առողջական հարցեր եւ հաւաքական կեանքի վերսկսումը:
«Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը եւ լիբանանահայութիւնը (1943-1975)» նիւթով հանդէս կու գայ Ճէյմս Սթոքըր: Ուսումնասիրութիւնը կը վերլուծէ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան եւ լիբանանահայութեան միջեւ յարաբերութիւնները` 1943-ի անկախութեան հռչակումէն մինչեւ 1975-ի քաղաքացիական պատերազմի սկիզբը: Միացեալ Նահանգներ պաշտօնական յարաբերութիւններ չունէին լիբանանահայութեան հետ, սակայն Պէյրութի ամերիկեան դեսպանատան դիւանագէտներ եւ պաշտօնատարներ մօտէն կը հետեւէին լիբանանահայութեան կեանքին:
«Ծագումը, յաջողութիւնն ու ձախողումը լիբանահայ երրորդ ուժին` ներհամայնքային պաղ պատերազմի շրջանին (1956-1960)» նիւթով հանդէս կու գայ Եղիա Թաշճեան: 1956-էն 1960 լիբանանահայութիւնը ենթարկուեցաւ քաղաքական ալեկոծումներու: Քաղաքական սուր բաժանումի հետեւանքով լիբանանահայ քանի մը անհատներ եւ կազմակերպութիւններ ջանացին լեցնել քաղաքական պարապը, յառաջացնելով երրորդ ուղի մը:
«Հայերը Լիբանանի պետական հանրային վարչամեքենային եւ քաղաքական քլանային համակարգին մէջ» նիւթով հանդէս կու գայ Վահագն Քէշիշեան: Հայերը, իբրեւ Լիբանանի քաղաքական համակարգին բաղադրատարր, իրենց մասնաբաժինը ունին Լիբանանի վարչակառավարման համակարգին մէջ:
«Լիբանանահայ սփիւռքին դերը` հակամարտութեան լուծման մէջ (1975-1990)» նիւթով հանդէս կու գայ Յովհաննէս Կէօքճեան: Ան լուսարձակի տակ կ՛առնէ լիբանանահայ սփիւռքին քաղաքական իրական դերակատարութիւնը` Լիբանանի հասարակութեան մէջ երկխօսութեան, համագործակցութեան եւ հաշտութեան ծառայող:
«Տագնապի պահու հանրային զգացումը. լիբանանահայերու մտորոմները` Կեզի փարքի դէպքերուն մասին» նիւթով հանդէս կու գայ Արազ Գոճայեան: Ան կը վերլուծէ լիբանանահայերու ընկալումը` Իսթանպուլի Կեզի զբօսայգիի մայիս 2013-ի դէպքերուն, իսթանպուլահայերու` շարժումին ընդգրկուելու լոյսին տակ:
«Լիբանանահայ դպրոցի հայագիտական դասանիւթերու ուսուցիչը» նիւթով հանդէս կու գայ Արմէն Իւրնէշլեան: Ուսումնասիրութիւնը հարցախոյզի մը միջոցաւ ստացուած պատասխաններու հիմամբ կը ներկայացնէ Լիբանանի մէջ գործող հայկական վարժարաններու հայ ուսուցիչներու առարկայական բնութագիրը եւ անկէ մեկնելով համապատասխան վերլուծումներ ու մեկնաբանութիւններ կը կատարէ:
«Արեւմտահայերէնը այսօր Լիբանանի մէջ. իրողութիւններ եւ պատկերացումներ» նիւթով հանդէս կու գայ Անահիտ Տօնապետեան: Ան կ՛ըսէ, որ մինչեւ 1950-ական տարիներ Լիբանանի հայկական դպրոցի գլխաւոր նպատակը հայորդիները լեզուականօրէն հայացնելը եւ գրագէտ դարձնելը եղաւ: Նոր սերունդը սակայն այլ լեզուներու (անգլերէն, ֆրանսերէն, արաբերէն) սկսաւ ենթարկուիլ: Թրքերէնը արմատախիլ ընելէ ետք, լիբանանահայութիւնը ստիպուեցաւ դիմագրաւել լեզուական նոր մարտահրաւէրներ, արեւմտահայերէնը պաշտպանելու համար: Պէտք է յիշել նաեւ արեւելահայերէնի ազդեցութիւնը, աճող շփումներու բերումով:
«Սուրիահայ գաղթականները Լիբանանի մէջ (15 մարտ 2011 – մայիս 2014)» նիւթով հանդէս կու գայ Շանթ Վարդանեան: Ան կ՛ըսէ, որ սուրիահայ գաղթականներուն հիմնական հոսքը դէպի Լիբանան սկսաւ 2012-ի կիսուն, Հալէպի դէպքերէն անմիջապէս ետք: Սուրիահայ գաղթականները հաստատուեցան հայկական բնակավայրերու մէջ եւ շուրջը, յետոյ ցրուեցան Զալքա, Անթիլիաս, Ֆանար: 2012 սեպտեմբերին հիմնուեցաւ սուրիահայ օժանդակութեան մարմինը: Հայկական դպրոցները իրենց դռները բացին ընդունելու համար բոլոր սուրիահայ աշակերտները: Բնակարանի ապահովման առումով մեծ աշխատանք տարին ակումբները: Հայկական երեսփոխանական գրասենեակը ջանաց աշխատանք ապահովել սուրիահայ գաղթական աշխատունակ խաւին:
«Լիբանանի հայ համայնքը եւ մոտէլային համայնքի խնդիրը հայ իրականութեան մէջ» նիւթով հանդէս կու գայ Արման Ս. Եղիազարեան: Ան կ՛ըսէ, որ Մերձաւոր Արեւելքի հայութիւնը եւ յատկապէս Լիբանանի հայ համայնքը առաջիններէն մէկն էր, որ ընդգրկուեցաւ «սփիւռքացման» գործընթացին մէջ: Լիբանանի հայ համայնքը հայ սփիւռքի կազմակերպման կառուցուածքի խտացուած կամ տեղայնացուած` «մոտէլային» տարբերակ է: Հոն կը գործեն համահայկական հոգեւոր կառոյցներ եւ կազմակերպութիւններ: Միւս կողմէ, Լիբանանի հայ համայնքը էական դեր ունի Հայաստանի հանրապետութիւն-Լիբանան յարաբերութիւններուն մէջ: