Պատճառները, Որոնք Թոյլ Չեն Տար Այլեւս Անանուն Ըլլալու
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Այսօրուան աշխուժ, գերարագ եւ լայնատարած հաղորդակցութեան աշխարհին մէջ հետզհետէ աւելի եւ աւելի դժուար կը դառնայ ոեւէ անձի համար իր մտերմիկ առանձնութիւնը պահպանելը:Արդեօ՞ք այժմ ժամանակն է ընդհանրապէս հրաժարելու այդ գաղափարէն: Երեւակայէ՛, որ կը մտնես անծանօթներով լեցուն սենեակ մը: Թերեւս ճամբորդած ես նոր քաղաք մը: Ոչ ոք կը ճանչնաս, եւ ոչ ոք քեզ կը ճանչնայ: Ազատ ես ընելու այն,...




















