Սփիւռքի Նախարարը Ընդունեց Հայաստանի Մէջ Եկեղեցիներ Վերականգնող Ճարտարապետներու Պատուիրակութիւնը
Պատրաստեց՝ ԿԱԼԻ ԱՒԱԳԵԱՆ 22 յունիսին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց Հայաստանի մէջ եկեղեցիներու վերականգնման աշխատանքներ իրականացնող ճարտարապետներու պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ էին իտալահայ Արա Զարեանը, իտալացի Քրիսթին Լամուրը եւ Ալեքսանտր Թամանեանի անուան ճարտարապետութեան Ազգային թանգարան-հիմնարկի փոխտնօրէն Աշոտ Գրիգորեանը: Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան մամլոյ եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը տեղեկացուց, որ ողջունելով հիւրերը` սփիւռքի նախարարը կարեւոր նկատեց հայկական մշակութային...




















